ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Նախավերջին օրս է: Պայուսակները պատրաստ են: Յաջորդ առաւօտ կանուխ կը վերադառնանք «Հրէշ»տակ-ներու քաղաքը:
Վերջին անգամ ըլլալով կ’այցելեմ «Շաղզոյեան» կեդրոն` այնքան յուզիչ «Մնաք բարով»-ի մը: Վստահ չեմ` անգամ մըն ալ ե՞րբ առիթը պիտի ունենամ այցելելու այդ սքանչելի հայկականութիւն բուրող կեդրոնը:
«Ազդակ»-ի խմբագիր-տնօրէն Շահան Գանտահարեանին գրասենեակն եմ: Ժամանակս կարճ է, սակայն մեկնիլ առանց «Մնաք բարով»-ի` կարելի՞ բան է:
Երկուստեք` բարեմաղթութիւններ, իրարու դարձեալ հանդիպելու մաղթանքներ, մինչ այդ ընկեր Շահան կը փորձէ հեռաձայնել անձի մը եւ քանի մը երկվայրկեան ետք ընկալուչը կ’երկարէ ինծի: Տիկին Գանտահարեանն է, ընկեր Շահանին ազնուափայլ մայրը, «Ամէնուն ուսուցիչ» Գէորգ Գանտահարեանի կողակիցը: Քանի մը օրեր առաջ «Յիշատակներ… անցած օրեր» հատորէս օրինակ մը տատամսելով մակագրած ու նուիրած էի տիկին Մարի Գանտահարեանին: Այո՛, տատամսած էի, զինք պիտի հետաքրքրէ՞ մեր «խենթ» տարիներու երաժշտութեան մասին գրութիւն մը, եւ անակնկալօրէն, ընկեր Շահանէն կը լսեմ, թէ իր սիրասուն մայրը ուզած է անպայման խօսիլ հետս:
«Ես ամուսինիս միջոցով ցարդ ծանօթ էի դասական երաժշտութեան ծառայողներուն: Կարդացի գիրքդ եւ զարմացայ, միեւնոյն ժամանակ հիացայ, թէ պատանի հասակնուդ ի՜նչ նուաճումներ կատարած էք եւ տարածած էք հայ էսդրատային երգը, որ նոյնքան կարեւոր է, որքան դասականը: Վարձքերնիդ կատար»: Խիստ յուզուած` «Շնորհակալութիւն տիկին Գանտահարեան»: Դողդոջուն ձայնով, միակ նախադասութիւնը, որ կ’ելլէ շրթներէս…
Կ’ուղղուիմ խմբագիրներու սրահը: Վերջին «Մնաք բարով» մը` հայ մամուլի ծառայողներուն, եւ Նորա Բարսեղեանի առաջնորդութեամբ կը մտնեմ Համազգայինի գրախանութի պատասխանատու տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի գրասենեակը: Ընկեր Յակոբ կը դիմաւորէ ու քանի մը վայրկեան ետք իր իւրայատուկ ժպիտով կ’երկարէ բաւական մեծ ու ծանր ծրար մը` որպէս նուէր: Նոր հրատարակուած գիրքեր են, լոյս տեսած` Համազգայինի հրատարակչատունէն: Գրականասէր անձ մը, գիտէ, թէ ի՛նչ պիտի նուիրէ գրականութիւն սիրող բարեկամին:
Ողջագուրում եւ «Մնաք բարով»: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար անուանել` «Ցտեսութիւն»…
Փողոցն եմ, եւ ծանր ծրարը հաճոյքով շալկած` կ’ուղղուիմ անկիւնի կանգառը:
Վերջին նայուածք մը դէպի «Շաղզոյեան» կեդրոն… ու կը հեռանամ:
* * *
Արդէն վերադարձած եմ Լոս Անճելըս: Այս տողերը գրած պահուս կը վերապրիմ Լիբանանի մէջ անցուցած օրերս:
Վերադարձէս քանի մը շաբաթ ետք Լիբանան գտնուող բարեկամներէս մէկը հետեւեալը կը գրէ:
«Ամէն բան նոյնն է այս երկրին մէջ, նոյնիսկ աղբերը եկան ու չեն ուզեր երթալ, Լիբանանը կը կապէ բոլորը, թէեւ բոլորն ալ չեն ուզեր հոս մնալ»:
Բարեկամիս կէս կատակ, կէս լուրջ այս քանի մը տողին մէջ ամբողջութեամբ Լիբանանն է, որ կ’արտացոլայ:
Մասամբ նոյնը մնացեր է, սակայն նաեւ շատ բան փոխուած է: Տասնամեակներ Լիբանանէն դուրս ապրողին համար շատ աւելի ակներեւ են այդ փոփոխութիւնները:
Այո՛, «Ամէն բան նոյնն է այս երկրին մէջ», մանաւանդ` Լիբանանի խորհրդարանին մէջ:
Պետական մարդիկ, երբ տարիքի բերումով հեռանան իրենց քաղաքական գործունէութենէն, տեսակ մը անգիր օրէնք դարձուցած են` զիրենք փոխարինողը պէտք է ըլլայ իր ընտանիքի անդամներէն մէկը: Այդ անձին կարողութիւն ունենալը երկրորդական է: Կարեւորը իր մականունին ներկայութիւնն է Լիբանանի խորհրդարանէն ներս: Ժոմպլաթին պէտք է փոխարինէ ուրիշ Ժոմպլաթ մը. Ժեմայէլին (կամ Ժեմայէլներուն) աւելի երիտասարդ Ժեմայէլ մը, եւ շարքը երկար է Ֆրանժիէներու, Սալամներու, Հարիրիներու եւ տակաւին շատ մը ուրիշ քաղաքական մարդոց (ի բացառեալ հայերէն):
Միացեալ Նահանգները սկսած են «կապկել» Միջին Արեւելքի երկիրները: Պուշին կը յաջորդէ աՊուշ մը (անդրանիկ զաւակը): Քլինթընին կը փորձէ յաջորդել թրքասէր Քլինթըն(ուհի) մը:
Քաղաքականութիւնը երբե՛ք չեմ սիրած, ոչ ալ` հասկցած: Այսքանը միջանկեալ, պարզապէս` որպէս նմուշ:
«Ամէն բան նոյնն է այս երկրին մէջ», սակայն արտաքնապէս դարձած է բոլորովին տարբեր երկիր մը:
Պէյրութի հեղձուցիչ տաք ու խոնաւ օդէն հեռու, գիշերները հանգիստ քնանալու միտումով, ամէն գիշեր կը բարձրանայինք Աժալթուն եւ յաջորդ օր կ’իջնէինք քաղաք:
Ո՛չ մէկ նմանութիւն` պատանեկութեանս տարիներու մեր գիտցած Աժալթունէն: Ներկայիս իսկական քաղաքի վերածուած է իր դրամատուներով, գեղեցիկ վաճառատուներով եւ զբօսավայրերով: Լոկ ամառուան գիւղագնացութեան վայր մը չէ այլեւս Աժալթուն: Բնակիչները հոն կը բնակին տարուան չորս եղանակներուն:
Մեր մէկ ամսուան կեցութեան մեր ամէնօրեայ նախաճաշն էր Moulin D’or-ի ձէթով հացը, Լիբանանի նշանաւոր «մէնէյիշ»-ը: Նստած պատշգամը, վայելելով դիմացի գեղեցիկ համայնապատկերն ու մեղմ զեփիւռը` անզգալաբար կ’երկրորդէինք այդ համեղ հացերը: Այդ պահուն ո՞վ կը մտածէր կշիռքի սլաքի աջ թեքուելուն կամ տաբատներու դժուարութեամբ կոճկուելուն մասին:
Աժալթունի մաքուր օդը ախորժաբեր դեղահատ մը ըլլար կարծես:
Ամէն օր նոյն ճանապարհը կտրելով` ճամբու եզերքին զետեղուած ծանուցումներուն կարդալը մեզ մոռցնել կու տար ճամբու խճողումը: Հետաքրքրական եւ տարօրինակ պաստառներ էին: Կողք կողքի, կը հանդիպէինք զիրար հակասող յայտարարութիւններու:
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նուիրուած` «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ», իսկ ճիշդ կողքին, գրեթէ փակած, կարծես նոյն ծանուցումին շարունակութիւնը ըլլար` «Այցելեցէք դրախտային Թուրքիա». «Turkish Airways»:
Շատ բան փոխուած է Լիբանանի մէջ: Չեմ յիշեր, որ ժամանակին թրքական յայտարարութեան կամ ծանուցումի հանդիպած ըլլամ:
Մեր մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն թրքերէն երգ կամ խօսակցութիւն, երբ ականջնիս հասնէր, գիտէինք, թէ հայերու հանդիպած ենք: Այսօր հայերու մօտ թրքախօսութիւնը վերցուած է, թրքերէն երգերը փոխարինուած են հայերէն երգերով, սակայն թրքերէն կը լսենք… թուրքերու բերնէն: Այսօր դժբախտաբար թրքական լոպին մուտք գործած է նաեւ Լիբանան եւ դրամի ուժով կրցած է սիրաշահիլ բաւական մեծ թիւով թրքասէր լիբանանցիներ:
Շատ բան փոխուած է Լիբանանի մէջ:
Մեր օրերուն ծովափներու լողաւազաններէն շատերը սուրբերու անուններ կը կրէին: Ի՞նչ տրամաբանութեանբ: Ո՛չ ուխտատեղիներ էին, ո՛չ ալ կրօնական սրբատեղիներ: Հաճոյքի լողաւազաններ… եւ կը կրէին սուրբերու անուններ`
«Սեն Միշէլ», «Սեն Սիմոն», «Սեն Ժիլ» եւ այլն:
Վճարովի էին եւ օժտուած էին նաեւ սրճարանով մը, ուր կարելի էր զովացուցիչ մը կամ նոյնիսկ ուտելիք ապսպրել: Կային նաեւ անվճար ծովափներ, որոնց ժողովրդական լեզուով տրուած էր «Սեն Պելեշ» անունը:
Այսօրուան ծովափները, տեղեակ չեմ, սուրբերու անուն կը կրե՞ն, թէ՞ ոչ, միայն մէկ բան յստակ է: Բաւականին սուղ են եւ նիւթապէս համեստ ժողովուրդին համար ոչ մատչելի:
«Սեն Պելեշ»… գոյութիւն չունի: Ոեւէ «Պելեշ» բան գոյութիւն չունի: Նոյնիսկ Պուրճ Համուտի մէջ ինքնաշարժը շարելը «պելեշ» չէ: Փողոցներուն ծայրը, կապոյտ «տուփիկ»-ներու մէջ ստիպուած ես քանի մը հազար լիբանանեան թղթոսկի զետեղել, որպէսզի կարենաս ինքնաշարժդ կանգնեցնել քանի մը ժամ ու երթալ գործիդ:
Լիբանանահայութեան կենցաղը նոյնպէս փոխուած է:
Պէյրութի արեւմտեան շրջանը գրեթէ հայութենէ դատարկուած է: Արեւելեան կողմ փոխադրուած է հայ մամուլը, «Ազդակ»-ը, «Բագին»-ը, Համազգայինի գրախանութն ու «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակը, առաջնորդարանը, Ճեմարանն ու Խանամիրեան քոլեճը:
ՀՄԸՄ-ը տակաւին ունի իր քաղաքի մասնաճիւղը, սակայն կարելի չէ բաղդատել նախապատերազմեան օրերուն: Ներկայիս ամէնէն եռանդուն շրջանը Անթիլիասի «Աղբալեան» ակումբն է:
Հասկնալի, միեւնոյն ժամանակ ցաւալի պատճառներով այսօր լիբանանահայութիւնը փակած է շատ մը կրթական օճախներու դռները: Դժբախտաբար երկար է շարքը. կարելի է յիշել` Չաթալպաշեան, Արամեան, Կիլիկեան, Էհրամճեան, Թորգոմեան, Սահակեան եւ Մխիթարեան վարժարաններուն անունները:
Արեւմտեան Պէյրութի մէջ «Արա Երեւանեան» ժողովրդային տան շէնքը ծախուած է: Նոյն ճակատագիրին ենթարկուած է ՀԲԸՄ-ի «Ալեք Մանուկեան» համալիրը: Քանի՞ հայ մնացած է այդ շրջանին մէջ: Որո՞ւ համար պիտի պահեն այդ հիանալի կեդրոնները: Բարեբախտաբար ՀԲԸՄ-ը նոր կեդրոն մը կառուցած է արեւելեան Պէյրութի մէջ, որ բարերարներուն անունով կը կոչուի «Տեմիրճեան կեդրոն»:
Շատ բան փոխուած է նաեւ Պուրճ Համուտի մէջ: Մեր ժամանակներուն, երբ քալէիր Պուրճ Համուտի փողոցներէն, հայերէն լեզուն է, որ կը հասնէր ականջիդ (դժբախտաբար` երբեմն ալ թրքերէն): Այսօր Պուրճ Համուտի որոշ շրջանի մը մէջ մեծ է թիւը քիւրտերու: Պուրճ Համուտի հայ բնակիչներէն շա՜տ շատեր հեռացած են եւ կը նախընտրեն բնակիլ աւելի «արդիական» վայրերու մէջ, ինչպէս` Անթիլիաս կամ Ռապիէ:
Բարեբախտաբար տակաւին Պուրճ Համուտի մէջ են մեր գրականութեան եւ արուեստի, «Շաղզոյեան» եւ «Լեւոն Շանթ» կեդրոնները:
Շնորհիւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ իր հայ քաղաքապետին` այսօր ան դարձած է տիպար արուարձան մը, ուր օրէնքը իր տեղը ունի: «Մաքրուած է» իր «զայիմ»-ներէն եւ ամէն բան կարգին է:
Պուրճ Համուտ, մանաւանդ Նոր Մարաշ թաղամասը նշանաւոր էր իր հայ արհեստաւորներով (մեծամասնութեամբ` կօշկակարներ) եւ «Արաքս» փողոցի հայ վաճառատուներով:
Այսօր Պուրճ Համուտի մէջ հայ արհեստաւորներու շատ չենք հանդիպիր: Երիտասարդ սերունդը կը նախընտրէ բարձրագոյն ուսում ստանալ. նոյնիսկ արհեստի հետեւողները կը յաճախեն արհեստից վարժարան եւ կը դառնան վկայեալ արհեստաւորներ:
Հայ վաճառատուները տակաւին Պուրճ Համուտի մէջ կը գոյատեւեն, եւ մեծ թիւով գնորդներ Պուրճ Համուտ կ’այցելեն Լիբանանի տարբեր վայրերէ, մինչեւ իսկ` դրացի երկիրներէ:
«Ֆելեֆիլ Արաքս»-ը տակաւին հոն է եւ հին օրերու նման` համով, սակայն 25 լիբանանեան դահեկանի փոխարէն` այսօրուան արժէքն է… 3000 լիբանանեան ոսկի:
Անբացատրելիօրէն արժեզրկուած է լիբանանեան դրամանիշը: Մեր ժամանակներուն 100 լիբանանեան թղթոսկին մեծագոյնն էր. այսօր ամէնէն փոքր նկատուող թղթոսկին 1000 լիբանանեան է, որով գրեթէ ոչինչ կարելի է գնել:
Հրաշքի համազօր է, որ պատերազմ տեսած, աներեւակայելի դժուար օրեր անցուցած գաղութ մը տակաւին կանգուն է: Ոչ միայն կանգուն, այլ դիմագրաւելով բոլոր դժուարութիւնները` բեղուն է մշակութային կեանքը:
Երբ այսքան յուզումնալից պահեր ապրեցայ այցելելով ծննդավայրս, կրնամ երեւակայել` ի՜նչ խոր յուզումի պահեր պիտի ապրէին մեր ծնողները, եթէ տակաւին ողջ ըլլային եւ առիթը ունենային այցելելու Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա:
Դիզուած աղբերու կոյտերը, գարշահոտութիւնը, խճողուած ճամբաները, շարժավարներուն անօրէն քշելը, սոսկալի խոնաւ ու տաք կլիման, հաւատացէ՛ք, նեղութիւն չպատճառեցին:
Ի՞նչ կարեւորութիւն ունի աղբերու կոյտերը, երբ լիբանանցիին հոգին մաքուր է: Ի՞նչ կարեւորութիւն ունին խճողուած փողոցները, երբ լիբանանցիին տան դուռը միշտ բաց է:
«Ես իմ տաքուկ Լիբանանի նեղ ու նուազ հողն եմ սիրում»:
Ո՞ր թուականին գրուած է այս երգիծական ոտանաւորը: Հաւանաբար երբ այս տողերը գրողը տակաւին աշխարհ չէր եկած:
Հայրս օրաթերթերու մէջ իր նախընտրած գրութիւնները կտրելու եւ պահելու սովորութիւն ունէր: Երբ աչքիս առջեւ կը տեսնեմ այդ դեղնած թուղթի կտորը, որ դժուարութեամբ կը կարդացուի, կու գամ այն եզրակացութեան, թէ շատ բան փոխուելով հանդերձ, մէկ բան մնացած է նոյնը:
Սէրը` հանդէպ իմ ծննդավայրիս, որ կը կոչուի ԼԻԲԱՆԱՆ:
«Ես իմ տաքուկ Լիբանանի նեղ ու նուազ հողն եմ սիրում,
Իր լեռների ծմակների կարճ ու գաճաճ ծառն եմ սիրում,
Մալարիայի իր դաշտերում անհոտ վարդի գոյնն եմ սիրում,
Հազարամեայ իր գիւղերի չոր ակերի ջուրն եմ սիրում»:
Լոս Անճելըս, 2015
(Շար. 9 եւ վերջ)