Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Սուրբ Ծնունդ Եւ Ուրիշ Բաներ

Յունուար 6, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Կրկին Սուրբ Ծնունդ է: Յիսուսի Ծնունդը: Աւելի ճիշդ` 6 յունուար եւ հայկական Սուրբ Ծնունդ: Հազիւ հին տարին թանգարան յանձնած եւ նորին հաշուոյն միայն քանի մը օրեր ապրած, ահա այս անգամ, իբրեւ հայ քրիստոնեաներ, կրկին հաւաքուած ենք խթման աւանդական սեղանին շուրջ` դիմաւորելու համար մեր Փրկիչին ծնունդը:

Նոր տարուան շեմին, բոլորին նման, արդէն սրտանց մաղթած էինք, որ նոր հասած տարին ըլլայ տարբեր իր նախկինէն եւ կամ նախկիններէն եւ իրեն հետ բերէ լաւն ու բարին, խաղաղութիւնն ու առողջութիւնը:

Ու հիմա, իբրեւ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգի զաւակներ, մեր դարաւոր պատմութենէն հաստատապէս սորված ըլլալով տառապանքի լեզուն, անգամ մը եւս, Քրիստոսի ծննդեան առթիւ, մեր սրտերէն բխող աղօթքներուն կը խառնենք նաեւ մեր բարի մաղթանքները:

Ու նոյն երեկոյեան, չես գիտեր` ինչպէ՛ս, օրուան հեւքին հետ, Ծննդեան խորհուրդէն թելադրուած, տանս մէջ անկիւն մը նստած ու կերպով մը քաշուած, երբ կը փորձէի քննութեան տակ առնել հաւատքս, ձեւով մը դատել ես զիս, միաժամանակ վերլուծելով ապրած երկիրս ու անոր ժողովուրդը, հայրենիքս, հեռաւոր ծննդավայրս եւ տակաւին շատ ուրիշ բաներ, ի տես այս մեծ տօնին ու իրեն ընկերացող խորհրդաւոր գաղափարներուն, յանկարծ բառերս ինքնածին կ՛ուռին, նախադասութիւններս կը լայնան եւ լեզուս կարծես անաղմուկ կը  պայթի:

Ինչո՞ւ քրիստոնեայ եմ ե՛ւ ոչ` ուրիշ կրօնի հետեւորդ մը. առաջին իսկ հերթին հարց կու տամ ես ինծի:

Արդեօք, եթէ ես այս կրօնը ընդունած չըլլայի, կամ իմ պապերս չընդունէին, այսօր ուրիշ ի՞նչ կրօնի պիտի հաւատայի:

Այս նոր եւ անծանօթ իրավիճակովս ի՞նչ պիտի կոչուէի…

Ո՞ր ազգին հետ կրօնակից պիտի ըլլայի եւ կամ որո՞ւ պիտի պատկանէի….

Խորքին մէջ, շատ հաւանաբար, եթէ ծնողներս ողջ ըլլային, այս հարցումներուն համար իրենց կողմէ կրնայի դասուիլ իբրեւ հեթանոս մտածող մը, եւ թերեւս ալ շատերու համար ըլլայի կասկածելի ու վտանգաւոր «անաստուած» մը, որ քրիստոնէութեան դէմ կը խօսի կամ կը փորձէ հարցականի տակ դնել պապերու իր կրօնը եւ այդ ձեւով կրնայի ըլլալ նաեւ մեծ կասկածելի մը… Թերեւս ալ` ուրիշ ածական: Ո՞վ գիտէ:

Ու անկեղծօրէն այս գաղափարներուս դիմաց կ՛ուզէի միեւնոյն ատեն մտքի ազատագրում մըն ալ ունենալ, անկաշկանդ եւ ազատ: Վերջապէս, ազատ երկրի մէջ կ՛ապրէի եւ խօսքի ազատութիւնը յստակ իրաւունքն է իւրաքանչիւր քաղաքացիի:

Այլ խօսքով, խորհրդաւոր այս օրուան առթիւ կ՛ուզէի առանձնապէս հաւատքիս փնտռտուքը կատարել, կամ` ձեւով մը զայն նախաձեռնել:

Ինծի համար հարց էր, թէ ես որքանով քրիստոնեայ եմ, կամ` հաւատացեալ… որպէսզի երազներս, երեւակայութիւնս եւ անոնց հետ առնչուող ամէնօրեայ մտածումներս, որոնք զանազան առիթներով յաճախ սեւով ճերմակի տողերուն կը յանձնեմ, այլեւս իրենց յարատեւ տագնապի երգը չերգէին:

Ու այդ վայրկեանին զիս համոզող բառերս կարծես կորսուած ըլլալով` չէին կրնար ինծի տալիք յստակ պատասխան մը գտնել: Յստակ էր, թէ ցարդ իբրեւ Քրիստոսի խօսքերուն բարի եւ հաւատարիմ հետեւորդներէն մէկը, ես` զիս ու հաւատքս, ծանր հարցականի մը տակ դրած էի անզգալաբար: Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ: Հաստատ պատասխան մը չունէի: Համոզիչ կամ գոհացուցիչ: Ուստի, ինքնաբերաբար սկսած էի մտքիս թափառումները այլ ուղղութեամբ շարունակել:

Այսպէս, գիտէի, որ հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին ամէն օր ամէն վայրկեան մեր դիմաց ճակատագրական խաչմերուկներ կը բացուէին. ուզէինք կամ ոչ: Բոլորս ալ ականատես ենք, թէ ամէն տեղ ինչե՜ր կը պատահին եւ կամ մինչեւ հիմա ինչե՜ր պատահած են: Վատն ու բարին: Մարդկայինն ու անասնականը:

Եւ նոյն այս կրօնն է,  որ մեզի սորվեցուցած է, թէ միայն սեւ տեսնելը լաւ նշան չէ: Աշխարհի ամէն մէկ անկիւն եւ տեղ ճերմակէն աւելի սեւ կայ:

Թէեւ մեր ազգային ճակատագրին բերումով շատ յաճախ մենք նետուած ենք ծանր  յուսահատութեան գիրկը եւ, ինչո՞ւ չէ, ասոր պատճառով երբեմն ալ բարձրաձայն մեղանչած, բողոքած եւ բարկացած` մեր արարիչին դէմ եւ հասցէին, սակայն հակառակ այս իրականութեան` կրկին անգամ փարած մնացած ենք մեր նոյն այս կրօնին ու մեր հաւատքին ու Քրիստոսին եւ կրկին անգամ իբրեւ փիւնիկ` վերապրած ենք:

Անշուշտ, որ մեր այս վերապրումը բաժակաճառերով չէր եղած, ոչ ալ` պարզ մաղթանքներով, այլ` ազգին արեան գինով ու կեանքով: Եւ պատճառով մեզի սահմանուած աշխարհին մէջ ապրած ենք կեանքի պատմութեան թագնուած տառապանքն ու հրաշքը, հաւասարապէս:

Մեծով ու պզտիկով հաւատացած ենք հրաշքին եւ անով ապրած:

Մեր հաւատքին կողքին, այդ հրաշքներէն մէկը եղած էր նաեւ մեր հայրենի հողը ու միւսը` մեր մայրենի լեզուն, որոնք մեզ առաջնորդած են դէպի դարերու յաւերժութիւն:

***

Ըսի` 6 յունուար եւ հայկական Սուրբ Ծնունդ է: Իբրեւ հայ քահանայի թոռնիկ` արդէն ինքզինքս դուրս բերած եմ նախկին հարցումներուս աքցանէն: Արդեօք քաջութիւնը ունեցա՞յ համարձակ արտայայտուելու: Արդեօք կրցա՞յ ես զիս դիտել եւ ինքնութիւնս վերարժեւորել: Չեմ գիտեր: Միայն այն գիտեմ, որ վերջապէս ունեցայ այն հաստատ ինքնագոհութիւնն ու արիութիւնը, որ որոշ ձեւով մը կրցայ բացայայտել հաւատքիս ծալքերը: Իրապէս որ մեր ապրած կեանքը այդքան ալ պարզ չէ: Երբեմն կը վերաբերինք թեթեւամտօրէն: Անոր համար ալ չարն ու բարին իրարու կը խառնենք: Մտքի այս թափառումներէս եզրակացնելով հանդերձ, որ կրօնը մտքի հարց չէ, այլ զգացումի, կը գիտակցիմ, որ մարդիկ առանց կրօնի ու հաւատքի անպայմանօրէն կը կորսնցնեն իրենց կեանքի կշռոյթը:

Միայն լաւութիւն ընելով եւ բարութեամբ ապրելով է, որ աւելի կը մարդանանք, ըսած են մեր մեծերը եւ այդպէս ալ` պատգամած:

Բայց, ինչ որ ալ ըլլան իմ մասին ունեցած ձեր կարծիքները, իմ եւ ձեր հաւատքն ու անոնց չափանիշները, անկիւնադարձային եղող այս օրուան առթիւ, եկէ՛ք, միասնաբար վերանորոգենք մեր յոյսերն ու երազները, մեր կարգախօսներն ու բաղձանքները:

Ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս` Քրիստոս Ծնաւ եւ յայտնեցաւ:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Ծնաւ Նոր Արքայ»

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?