Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռակըպ Զարաքօլուի Բանախօսութիւնը Պերլինի Մէջ. «Երբ Հարիւրամեակը Կը Փակուի, Թուրքիա Ի՞նչ Կորսնցուց»

Յունուար 5, 2016
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

zarakolu_010516

Թուրք ազատամիտ հրապարակագիր մտաւորական Ռակըպ Զարաքօլու, որ ներկայիս Եւրոպա կ՛ապրի, Պերլինի Շարլոթենպուրկի քաղաքապետութեան սրահին մէջ հայոց եկեղեցիի ու մշակութային կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ ու իր խօսքերուն սկսաւ` ողջունելով սա լեզուներով.

«Բարեւ ձեզ, շլոմօ, շալոմ, քալիմէրա, սեր զաւա»:

«Ձեզ կ՛ողջունեմ 1915-ի Ցեղասպանութեան զոհուած ժողովուրդներու լեզուով», ըսաւ Զարաքօլու իր բանախօսութեան սկսելէ առաջ:

Բանախօսութեան թեման հետեւեալն էր` «2015 թուականը ի՞նչ բերաւ»: Զարաքօլու ըսաւ, որ հարիւրամեակը լաւ առիթ մըն էր, որպէսզի Թուրքիա երես առ երես գար իր պատմութեան հետ, բայց մէկդի ըրէք ներողութիւն խնդրելը կամ հատուցում վճարելը, հայ ժողովուրդին նկատմամբ յարգանք իսկ չկրցան ցոյց տալ: Հայ ժողովուրդը բան մը կորսնցո՞ւց ասկէ: Ո՛չ: Դարձեալ Թուրքիան է, որ կորսնցուց:

Ըստ Զարաքօլուի, Թուրքիա, որ կը յամառի իր կեցուածքը չփոխելու, քայլեր առաւ ո՛չ թէ դէպի ժողովրդավարութիւն, այլ դէպի առաւել ամբողջատիրութիւն: Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը այս ամբողջատիրութեան մէկ գաղափարախօսութիւնը դարձաւ: Մինչդեռ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման պայմաններէն մէկը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու ներողութիւն խնդրելն է: Մինչդեռ Ցեղասպանութեան ճանաչումը այլեւս կենսական անհրաժեշտութիւն մը դարձած է ո՛չ թէ զոհուած ժողովուրդներու տեսանկիւնէն, այլ` Թուրքիոյ Հանրապետութեան գոյատեւման տեսանկիւնէն, ըսաւ Զարաքօլու: Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը նոյն սխալները յամառօրէն կը կրկնէ: Մինչդեռ անհրաժեշտ դարձած է, որ հասուննայ «Անգամ մըն ալ երբեք» ըսելու մտայնութիւնը: Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը իր այս պնդումով անուղղակիօրէն ըսել կ՛ուզէ, որ եթէ պէտք ըլլայ, դարձեալ կ՛ընենք նոյնը: Թուրքիա հարիւր տարի վերջ ոստում մը ըրած է դէպի Թալէաթ-Էնվեր Ճեմալ եռեակի արկածախնդրական քաղաքականութիւնը:

Զարաքօլու, որ իր երկար բանախօսութիւնը զարգացուց այս վերլուծումներով, ըսաւ, որ հարիւր տարի առաջ սկսած Ցեղասպանութիւնը 2015 թուականին այլեւս իր վերջնական հանգրուանին հասաւ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ վերապրող երրորդ կամ չորրորդ սերունդէ հայերու, ասորիներու եւ եզիտիներու արմատին չորցուիլովը: Հայերն ու եզիտիները հանգիստ կեանք մը կ՛ապրէին Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ, այդ ալ վերջացաւ:

Զարաքօլու ամբաստանեց արեւմտեան երկիրները, որոնք հակառակ Պերլինի համաձայնութեան, ոչինչ ըրին հայերու համար: Զարաքօլու հանգամանօրէն վերլուծեց նաեւ Թուրքիոյ այժմու քաղաքականութիւնը, զոր «ժիհատութիւն» կը կոչէր:

Զարաքօլու յիշեցուց սակայն, որ այս տարի 24 ապրիլին Էջմիածնի մէջ Ցեղասպանութեան զոհերը զոհ ըլլալէ դադրեցան ու սրբութեան տիտղոսին արժանացան: Ասիկա խորհրդանշական ձեռնարկ մըն էր, որ զոհը կը սրբացնէր: Անոնց գերեզմանները բաց չեն, անոնք թաղուած են ամբողջ ժողովուրդի մը սրտին մէջ: Իսկ Թուրքիա պիտի շարունակէ մնալ մարդկութեան դէմ գործուած ծանր յանցանքի մը տակ:

Զարաքօլու իր բանախօսութիւնը աւարտեց` ըսելով.

Շնորհակալութիւն, էֆխարիսթօ, թաւտի, թոտա, սփաս…

 

 

Նախորդը

«Պոլսահայ Համայնքը Լուրջ Մարտահրաւէրների Ու Խնդիրների Առջեւ Է Կանգնած». Լ. Լաճիկեան

Յաջորդը

«Ազրպէյճանն Ընտրել Է Իրավիճակը Պատերազմականին Մօտեցնելու Ճանապարհը»

RelatedPosts

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի
Հայ Դատ

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի

Մարտ 12, 2020
Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ.   «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»
Հայ Դատ

Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ. «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»

Յունուար 23, 2017
Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ
Հայ Դատ

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Նոյեմբեր 19, 2016

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In