Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ծնաւ Նոր Արքայ»

January 6, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Merry_christmas_jesus-4

Մինչեւ ոսկորները թափանցող ու իր ներկայութիւնը տիրականօրէն զգացնող ցուրտին ընկերակցութեամբ եւ մաղուող թեթեւ, սակայն ձիւնախառն անձրեւին օրհնութեամբ կը քալենք արդէն իսկ քունին յանձնուած եւ խաղաղութեամբ ննջող փողոցներէն` թանձր լռութիւնը խզելով մեր ցած, սակայն արձագանգող կարճ խօսակցութիւններով:

Մեծ է խումբը, պատասխանատուները կը քալեն առջեւէն` առաջնորդելով զայն, ետեւ կը մնան դանդաղաշարժները, որոնց շտապելու ցուցմունք կու տան աւելի երէցները: Յանկարծ պատրաստուելու հրաւէրը կը տրուի, բոլորս քով-քովի կը կանգնինք կէս կլոր կազմած` շրջապատելով երգեհոն ու ձեռնադաշնակ նուագողները: Չեմ գիտեր քանի՞երորդ անգամն ըլլալով կրկին կը սկսինք աւետել.

«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի
Որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ…
Ծնաւ նոր արքայ ի Բեթղեհէմ քաղաքի.
Որդիք մարդկան օրհնեցէք, զի վասն մեր մարմնացաւ»:

Հակառակ քանի մը տասնեակ անգամներ նոյն շարականները կրկնելնուս, իւրաքանչիւր անգամ նոյն եռանդով, նոյն խանդավառութեամբ ու բծախնդրութեամբ կ’երգենք` փորձելով ճեղքել շէնքերուն պատերը, թափանցել ապակիներէն ներս եւ զարթնումի հրաւիրել քնացողները, անքուն, թիկնաթոռներուն վրայ մրափող ու մեզ սպասողները կանչել դուրս` իրենց ձայնը միացնելու մեզի ու միասնաբար աւետելու Քրիստոսի ծնունդը: Եւ արձագանգները չեն ուշանար, երգած պահուն բարձր շէնքերուն ուղղուած մեր աչքերը կը պլպլան իւրաքանչիւր բնակարանէ փայլող լոյսին ի տես, կը հրճուինք, որովհետեւ աւետման լուրը տալու մեր առաքելութեան յաջողութեան նշոյլները կը սկսին քիչ-քիչ երեւիլ, հետզհետէ բազմանալ, եւ հայերով ու օտարներով բնակուած շէնքերուն գրեթէ բոլոր պատշգամներէն գիշերանոցներուն վրայէն ժաքեթներ հագած տարբեր սեռի ու տարիքի անձեր կ’ողջունեն մեզ, կ’ուրախանան ու կը յուզուին, շարականին քաջատեղեակները իրենց ձայները կը բարձրացնեն` տարածուող ալիքին միանալով ու այդ վայրկեաններուն աւելի մեծ խորհրդաւորութիւն պարգեւելով:

Հրաշալի է պահը, ցուրտն ու անձրեւը արդէն աննշմարելի դարձած են, տիրական է հոգեկան խոր գոհունակութիւնը, զգալի է Քրիստոսի ծննդեան խորհուրդով պարուրուած հրճուանքն ու ակնածանքը, չեմ գիտեր քանի հարիւրերորդ անգամն ըլլալով կրկին կը փշաքաղինք առաջին անգամուան նման` նկատելով, որ ցնծութեան եւ խոր հաւատքի արցունքներ կան իրենց պատշգամները ձգած ու մեր կողքին հասածներուն աչքերուն մէջ, ոմանք տուրմ եւ շաքար կը սահեցնեն մեր բաճկոններուն գրպաններուն մէջ, երբեմն մեր այտերը կը համբուրեն, ուրիշներ պարզապէս չեն կրնար որոշել, թէ ի՜նչ պէտք է ընեն, շնորհակալութիւն կը յայտնեն, որովհետեւ Ս. Ծննդեան ամբողջ էութիւնը աւելի քան երբեք տիրական դարձուցած ենք, յոյս ու լոյս սփռած ննջող փողոցին մէջ եւ բոլորին սրտերուն խորերը:

Տօն չէ ասիկա, այլ խորհուրդ է ու պատգամ, վերանորոգուող հաւատք ու քրիստոնէութեան մէջ անսասան մնալու բարձրագոռ կոչ: Ծնած է արքան, թող իմանայ ամբողջ մարդկութիւնը, թող բոլորը աւետիս տան իրարու, ապրին ցնծութիւնը Յիսուս մանուկի ծննդեան…

Ու մենք տարիներ անընդմէջ ապրեցանք այդ աւետիս տուողները ըլլալու ցնծութիւնը, ապրեցանք ներկայութիւնը Քրիստոսի` մեր շարականներուն եւ նիւթեղէն ամէն ինչ գլող-անցնող, շօշափելիէն անդին բարձրանալով երկինք հասնող մեր ձայներուն իբրեւ արձագանգ ամպերը ճեղքելով շողացող աստղերուն ճամբով, տեսանք ժպիտն ու արցունքը` մեր ճամբով Յիսուսի ծնունդով ցնծացող հայորդիներուն, ականատես եղանք փոքրիկներուն զարմանքին, ծերունիներուն գոհունակութեան` ստանալով անոնց օրհնութիւնը:

Ու մինչեւ առաւօտ կը շարունակենք մեր աւետումը, կը շարունակենք տարածել խորհուրդը, տարածել ցնծութիւնն ու ապրիլ, վերապրիլ ու կրկին զգալ պատգամը, որ մեր ճամբով կը փոխանցուի բոլորին, նաեւ խոր գոհունակութիւն պատճառելով մեզի: Տարիներ շարունակ պահուած աւանդութիւնը ամէն տարի նոր հնչեղութեամբ եւ իմաստով ընկերացաւ մեր կեանքին, եղաւ անբաժան մէկ մասնիկը մեր Ս. Ծննդեան տօնակատարութեան, իմաստաւորեց Խթման գիշերը, տուաւ յուսալու եւ լուսաւորելու բազում պատճառներ:

Այսօր ալ տօնն է Ս. Ծննդեան, առիթ է ցնծութեան եւ փառաբանութեան, նաեւ առիթ ո՛չ միայն մաղթանքներ ընելու, այլ նաեւ խոստումներ տալու` ապրիլ աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու վճռակամութեամբ ու հաւատքով:

 

 

 

Նախորդը

Հայկական Սուրբ Ծնունդ Եւ Ուրիշ Բաներ

Յաջորդը

Ս. Ծննդեան Տօնը` Իր Համընդհանուր Խորհուրդներով

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.