Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունուար 6, 2016
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Հայ Եկեղեցւոյ Բոլոր Տաճարներուն Մէջ
Նոր Տարուան Գիշերը Կատարուեցաւ
Գոհաբանական Մաղթանք Եւ Նռնօրհնէք

nrorhnek-2015-420x372

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Ամանորի գիշերը, ժամը 24:00-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Հայ եկեղեցւոյ բոլոր տաճարներուն մէջ կատարուեցաւ գոհաբանական մաղթանք եւ նռնօրհնէք:

Նշենք, որ նռնօրհնէքի համար նախատեսուած նուռը այս տարի մայր տաճարին ընծայած են Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները:

ՀՕՄ-ականներ Այցելած Են Սահմանամերձ
Թալիշ Եւ Մատաղիս Շրջաններ

1229arsartsakh

Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորը «Ապահով մանկութիւն սահմանամերձ գիւղերում» խորագիրին ծիրին մէջ կրող ծրագիրով 26 դեկտեմբերին այցելած է Մարտակերտի շրջանի Մատաղիս եւ Թալիշ սահմանամերձ համայնքներ:

Անոնք այցելած են տուեալ շրջաններու դպրոցներն ու մանկապարտէզները եւ այս նպատակով յատակացուած գումարով նուէրներ բաժնած են աշակերտներուն: Նուէրները սովորաբար ելեկտրական էին` պատկերասփիւռ, երաժշտական գործիք, «տի.վի.տի», ինչպէս նաեւ` գորգ եւ Արցախի մէջ արտադրուող, կենսոլորտային իմաստով սերտուած Woodpeckers մակնիշը կրող փայտեայ խաղալիքներ:

Անհատական նուէրներ ստացած են նաեւ Թալիշի եւ Մատաղիսի 1-4դասարանի աշակերտները` տրամադրուած ամերիկահայ 17-ամեայ Առնիէ Մաճարեանի կողմէ, որ այս ամրան առաջին անգամն ըլլալով այցելելով Արցախ` մեծապէս տպաւորուած է արցախցի երեխաներով եւ տուն վերադառնալով` քանի մը արկղ նուէր պատրաստած ու ղրկած է Արցախ:

ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը, հետեւելով կառոյցի «Ժողովրդիս հետ, ժողովրդիս համար» կարգախօսին` անհրաժեշտութիւն կը նկատէ սահմանամերձ գիւղերուն աջակցելու ծրագիրը:

ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեան նշած է. «Սահմանամերձ գիւղերը մեր երկրի պետական սահմանը պահող գիւղերն են եւ պէտք է մեր ուշադրութեան ներքոյ ըլլան: Սահմանամերձ գիւղի բնակիչը ոչ մէկ ձեւով պէտք է ետ մնայ միւս գիւղերու բնակիչներէն, աւելի՛ն, սահմանը պահող գիւղը պէտք է ունենայ առաւելութիւններ: Սահմանային գիւղերուն հզօրացումը մեր պետութեան եւ մեր բոլորիս գերխնդիրը պիտի ըլլայ: Պէտք է հզօրացնենք եւ շէնցնենք այս գիւղերը` այդպիսով նաեւ ամրացնելով մեր պետութեան սահմանները»:

Թալիշի դպրոցի տնօրէն Տանեա Միժունց ըսած է, որ վերջին երեք օրերուն սահմանային վիճակը համեմատաբար խաղաղ է, կրակոցներ չեն լսուիր գրեթէ:

«Քանի սահմանը հանգիստ է` կ՛աշխատինք արագօրէն փակել աշակերտներուն քառորդները», կէս-կատակ, կէս-լուրջ ըսած է տնօրէնը` աւելցնելով. «Ուսուցչական անձնակազմի, աշակերտներուն եւ ծնողներուն կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ՀՕՄ-ին` այսպիսի նախաձեռնութեան համար: Մենք շնորհակալ ենք մեզի թիկունք կանգնելնուն համար»:

Մատաղիսի տնօրէն Գեղամ Աղաջանեան կը դասաւանդէ հայոց լեզու եւ գրականութիւն: Ան հաստատած է, որ կրակոցները չեն խոչընդոտեր դպրոցի աշխատանքներուն, իրենք կը շարունակեն իրենց ծրագիրը` գիտակցելով, որ հերոսական գործ կ՛ընեն:

«Սխալ կ՛ըլլայ ըսել, թէ այս իրավիճակը չ՛ազդեր մեր վրայ: Իւրաքանչիւր պայթումէն աշակերտին  ուշադրութիւնը կը շեղի, նաեւ` ուսուցիչներուն», յայտնած է Գ. Աղաջանեան:

ՀՕՄ-ականները այցելած են նաեւ երկու գիւղերուն մանկապարտէզները եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացած` անոնց ունեցած հարցերուն, ինչպէս նաեւ մասնակցած են Մատաղիսի դպրոցի Նոր տարուան հանդէսին:

Արմինէ Յարութիւնեանի համաձայն, ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ: Ան նշած է, որ հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կայացած է Հայ օգնութեան միութեան Համահայկական 71-րդ ժողովը, որուն մասնակցած է ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը եւ ներկայացուցած սահմանամերձ գիւղերու աջակցութեան եւ օժանդակութեան իր ծրագիրը` «Ապահով մանկութիւն սահմանամերձ գիւղերում» խորագիրով: Ծրագիրը ժողովականներուն կողմէ ընդունուած է մեծ ոգեւորութեամբ:

Նուէրներ` Սահմանամերձ Ոսկեպարի,
Բաղանիսի Եւ Ոսկեւանի Փոքրիկներուն

nver_010616

Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Ոսկեպար, Բաղանիս եւ Ոսկեւան գիւղերու մօտաւորապէս 250 նամակագիր փոքրիկներ ստացան այն նուէրները, որոնք խնդրած էին Կաղանդ պապային գրած իրենց նամակներուն մէջ:

27-28 դեկտեմբերին «Բարի Ձմեռ պապ» բարեսիրական ծրագրի ծիրին մէջ կազմակերպուած է Կաղանդ պապայի այցելութիւն նշեալ գիւղեր:

Մանուկները մեծ ոգեւորութիւն եւ հրճուանք ապրած են, որովհետեւ նախաձեռնութիւնը իրականացնող հասարակական կազմակերպութիւնը կրցած է բազմաթիւ բարեգործ անհատներու եւ կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ նուէրներ պատրաստել նամակագիր բոլոր փոքրիկներուն համար` ըստ անոնց փափաքին: Բացի տարբեր ընկերութիւններէ, հիմնադրամներէ, պետական հաստատութիւններէ, ծրագրին աջակցած են նաեւ հարիւրաւոր անհատ բարեգործներ` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն:

«Այս նուիրատուութիւն չէր, այլ այնպիսի ձեռնարկ որուն շրջանակներուն մէջ իրականացան բազմաթիւ փոքրիկներու երազները, եւ համոզուած ենք, որ շատերուն մօտ մնացին անջնջելի տպաւորութիւններ», յայտնած է «Համաչափ զարգացում» համայնքային զարգացման կազմակերպութեան նախագահ Մակար Եղիազարեան:

«Նամակագիրներուն եւ նուիրատուներուն միջեւ կամուրջ հանդիսանալով` մենք նամակագիր փոքրիկներու երախտագիտութիւնը կը փոխանցենք բոլոր այն բարի մարդոց, որոնք չեն զլանար մտածելու եւ հոգալու այն փոքրիկներուն մասին, որոնց համար ուշադրութիւնը եւ ջերմութիւնը ունին առանձնայատուկ նշանակութիւն: Չէ՞ որ անոնք, հրավառութիւններու փոխարէն կը լսեն միայն իրական կրակոցներու ձայներ, եւ նոյնիսկ նուիրատուութիւն իրականացնելու պահուն անոնց ուղղութեամբ կը կրակէին: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր մեր ընկերներուն եւ աջակիցներուն, որոնք նախատօնական ծանր օրերուն, իրենց առօրեայ հոգերը մոռնալով, անձնուիրաբար կ՛աշխատին ծրագրին համար», ըսած է ան:

Բացուած Է Թամանեանի Ձեռագիրներու
Ցուցահանդէսը

tamanian_010616

Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութեան Ա. Թամանեանի անուան թանգարան-հիմնարկին մէջ բացուած է «Ալեքսանդր Թամանեանի նամականին» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը, որուն նպատակն է հանրութեան ներկայացնել հայ նոր ճարտարապետութեան հիմնադիր ճարտարապետին անձնական արխիւին մէջ պահպանուած նամակներն ու բացիկները:

Ներկայացուած բացառիկ ցուցանմուշները կը բացայայտեն մեծանուն ճարտարապետը` իբրեւ ճարտարապետ, ընտանիքի հայր եւ ընկեր:

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մէկ ամիս եւ այցելուներուն կարելիութիւն պիտի ընձեռէ մօտէն ծանօթանալու 20-րդ դարասկիզբին ապրած մեծ հայուն` Ալեքսանդր Թամանեանին:

Թարգմանիչ Արամ Թոփչեան Ծրագրած Է Թարգմանել
Շէյքսփիրի Գլուխ Գործոցները

aram_010616

Բանաստեղծ, թարգմանիչ Յակոբ Մովսէսի Թոփչեան նախաձեռնած է իր բնորոշումով «մեծ ու ռիսքով» գործի մը` Շէյքսփիրի գլուխ գործոցներու թարգմանութեան:

Յովհաննէս Թումանեան 1894 թուականին գրած է. «Շէյքսփիրը դարձած է չափանիշ` ազգերու զարգացման աստիճանը որոշելու: Եթէ ժողովուրդ մը չթարգմանէ զայն, կը նշանակէ տգէտ է, եթէ ժողովուրդ մը չհասկնայ զայն, կը նշանակէ տհաս է, եթէ լեզու մը անոր թարգմանը չհանդիսանայ, կը նշանակէ տկար է»:

Ամենայն հայոց բանաստեղծը այս տողերը գրած է Թիֆլիսի մէջ 1892-ին` Յովհաննէս Մասեհեանի թարգմանութեամբ «Համլեթ»-ին լոյս ընծայումէն ետք: Այս մէկը թերեւս նաեւ սկիզբ էր հայկական շէյքսփիրագրութեան հարուստ պատմութեան, ուր Մասեհեանի կողքին իրենց տեղը նուաճեցին` Խաչիկ Դաշտենցը, Հենրիկ Սեւանը, Սամուէլ Մկրտչեանը:

Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, Մատենադարանի աւագ գիտական աշխատող, բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններու եւ թարգմանութիւններու հեղինակ Արամ Թոփչեան հրատարակած է «Համլեթ»-ի եւ «Լիր արքայ»-ի թարգմանութիւնները` գիտական մանրազնին մեկնաբանութիւններով եւ ուսումնասիրութեամբ:

«Շէյքսփիր այն հեղինակներէն է, որոնք այս կամ այն օտար լեզուով կը թարգմանուին պարբերաբար: Ռուսերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն եւ այլն` կան տասնեակ մը թարգմանութիւններ: Այդպիսի հեղինակներէն եղած են` Հոմերոսը, Վերգիլիոսը, Տանթէն, Սերվանթեսը, Կէօթէն եւ ուրիշներ: Անոնք այն մեծերն են, որոնք միշտ պէտք է ներկայ ըլլան այս կամ այն մշակոյթի մէջ: Եւ ամէն մէկ նոր թարգմանութիւն ո՛չ միայն երկը կը բացայայտէ նոր տեսանկիւնէ եւ կը ստեղծէ մշակութային բազմազանութիւն եւ հարստութիւն, այլեւ այս հրաշալի միջոց է տուեալ երկերը նորէն շրջանառութեան մէջ դնելու համար», ըսած է ան:

Արամ Թոփչեանի թարգմանութեամբ «Համլեթ»-ը հրատարակած է Սարգիս Խաչենց հրատարակչութիւնը, իսկ «Լիր արքայ»-ն` «Զանգակ»-ը:

Յատկապէս շատ կարեւոր են եւ ուշագրաւ` շէյքսփիրեան այս ողբերգութիւններուն թարգմանիչին գիտական ընդգրկուն մեկնաբանութիւններն ու վերլուծութիւնները:

«Ազատութիւն»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Թոփչեան ըսած է, որ կը ծրագրէ թարգմանել նաեւ «Օթելլօ»-ն եւ շարունակած է. «Կը նախատեսեմ 5-6 գործ գոնէ թարգմանել: Բոլորը չեմ հասցներ, որովհետեւ շատ են, բայց լաւագոյն գլուխ գործոցները յոյս ունիմ իրագործելու»:

Յաւելեալ 107 Միլիոն Դրամ`
Երեւանի Մեթրոյին

metro_010616

Դեկտեմբեր 24-ի նիստին Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է «Կարէն Դեմիրճեանի անուան Երեւանի մեթրոպոլիտեն» փակ բաժնետիրական ընկերութեան 107 միլիոն դրամ տրամադրել` նիւթական բացը փակելու համար:

Հայաստանի ելեւմուտքի փոխնախարար Պաւել Սաֆարեանի համաձայն, ամէն տարի գործադիրը մեթրոպոլիտենին աւելի քան 2 միլիառ դրամ կը յատկացնէ, որուն 184 միլիոն դրամը «Կարէն Դեմիրճեանի անուան Երեւանի մեթրոպոլիտեն»-ի նիւթական բացի փակման կը յատկացուի, իսկ 585 միլիոն դրամը` Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան եւ Եւրոպական ներդրումային դրամատուներուն տրամադրած վարկերու գծով ստեղծուած պարտաւորութիւններու կատարման:

«Մայքրոսոֆթ»-ը Պիտի Մասնակցի
Տեղեկատուական Արհեստագիտական
Ոլորտի Կրթական Ծրագիրներուն

1229microsoftliana

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան 28 դեկտեմբերին ընդունած է «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Լիանա Կորկոտեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են կրթական համակարգին մէջ բարձր արհեստագիտութիւններու խթանման նպաստող կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ծրագիրները: Շեշտելով, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտը Հայաստանի կառավարութեան կողմէ կը դիտարկուի իբրեւ գերակայ ուղղութիւն, նախարարը կարեւոր նկատած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան համագործակցութիւնը ոլորտի առաջատար ընկերութիւններուն հետ:

Մասնաւորապէս որոշ աւագ դպրոցներուն մէջ նախարարութիւնը «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.», «Սինոփսիս Արմէնիա», «Եունիքոմփ» ընկերութիւններուն հետ համագործակցաբար սկսած է մայքրոելեկտրոնային զարգացման միջազգային ծրագիրի մը, որուն ծիրին մէջ դպրոցներուն մէջ կ՛ուսուցուին «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններ», «Հեռահաղորդակցութեան հիմունքներ» եւ «Միքրոելեկտրոնիկա» նիւթերը:

Յառաջիկայ տարի կը նախատեսուի ընդարձակել ծրագիրը, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը ծրագիրը պիտի ներկայացնէ յունուարին Լոնտոնի մէջ կայանալիք Համաշխարհային կրթական ֆորումին: «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան ներկայացուցիչները հանդիպման ընթացքին առաջարկած են մասնակից ըլլալ առաջին դասարանցիները համակարգիչներով ապահովելու պետական ծրագրին:

Նախարարը տեղեկացուցած է, որ Վանաձորի մարզին մէջ արդէն ընթացք առած է պետութեան նախաձեռնած «Մէկ աշակերտին` մէկ համակարգիչ» ծրագիրը: «Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը շահագրգռուած է, որպէսզի իրականացուին քանի մը առաջարկներ, եւ մենք կարելիութիւն ունենանք մրցակցութեան պարագային կատարել աւելի լաւ ընտրութիւն», ըսած է Ա. Աշոտեան:

Համաձայնութիւն գոյացած է յառաջիկային «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան կողմէ ամբողջական առաջարկ ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ` փորձառական ծրագրին մէջ ընդգրկուող դպրոցներու ցանկը ճշդելու մասին: Մինչ այդ ընկերութիւնը, համագործակցելով կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Կրթական արհեստագիտութեան ազգային կեդրոնին հետ, աշխատանք պիտի տանի համակարգիչներու թեքնիք եզրերն ու կրթական բովանդակութիւնը հայացնելու ուղղութեամբ:

2016-ի Սկիզբը Կը Նախատեսուի
«
Քաթար Էյրուէյզ»-ի Մուտքը Հայաստանեան Շուկայ

airway_010616

Այս տարի կը նախատեսուի միջազգային մեծ օդանաւային ընկերութիւններու մուտքը հայաստանեան շուկայ: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան քաղաքացիական օդային քաղաքականութեան եւ տնտեսական կարգաւորման վարչութեան նախագահ Աննա Չոբանեանը:

Ըստ Ա. Չոբանեանի, այս տարի բանակցութիւններ վարած են մօտաւորապէս 30 օդանաւորդութեան ընկերութիւններու հետ, արդիւնքները արդէն ակնյայտ են: «Հայկական շուկայ վերադարձած են երկու մեծ օդանաւային ընկերութիւններ` չեխական «Չեխ էյրլայնզ»-ը եւ լեհական «Էլ.Օ.Թի.»-ը: Անոնցմէ բացի, բանակցութիւններ կը վարուին «Քաթար էյրուէյզ» մեծ օդանաւային ընկերութեան հետ, որուն մուտքը հայաստանեան շուկայ կը նախատեսուի 2016-ի սկիզբը», ըսած է Աննա Չոբանեանը:

Քանի մը օդանաւային ընկերութիւններու հետ ալ բանակցութիւնները կը շարունակուին: Այս տարի բանակցութիւններ վարած են 26 պետութեան իշխանութիւններուն հետ` միջկառավարական համաձայնագիրներու վերանայման ուղղութեամբ: Աննա Չոբանեանի խօսքով, 14 պետութեան հետ քաղաքացիական օդանաւորդութեան ոլորտի մէջ իրաւական դաշտը ազատականացուած է:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (6 Յունուար 1966)

Յաջորդը

Հայկական Սուրբ Ծնունդ Եւ Ուրիշ Բաներ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?