Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Տարիին` Հայրենիքին Ու Աշխարհին` «Խաղաղութիւն Ամենեցուն»

Յունուար 6, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Փորձութիւնները պաշարեցին, սպառեցին անցած տարին: Ան մեկնեցաւ միանալու մեր պատմութեանն անցեալ դարձած: Մեր յօրինած ու նուիրած երազները, մաղթանքները լաւ օրերու, երջանկութեան` հետը տարաւ անցեալ տարին:

Գացած տարին հազիւ եկած ու բարեւած ժողովուրդը` ահաբեկիչ զինեալները խմբագրատունն արշաւեցին, սպաննեցին հեղինակներն ազատամիտ խինդ ծիծաղի, համայն աշխարհը ցնցեցին` ցաւով սուգովը «Շարլի»-ին:

Նախագահները սգակից երկիրներուն եկան Փարիզ, ու թեւ թեւի մտած անցան պողոտայէն լոյս քաղաքին, ու միացան անոնց, որոնք դրին իրենց անունն «Շարլի» եղան Շարլի, խորհրդանիշ` ազատ մտքի, խօսքի, գիրի, գաղափարի:

Նոյեմբերին, մարդիկն էին ոտնագնդակի մրցումի, ճաշարանը նստած էին, կ՛ուտէին ու կը խմէին, երգ ու պարի սիրահարներն համերգն իրենց կ՛ըմբոշխնէին, փամփուշտ, ռումբեր ելան մէջտեղ, սպաննեցին տասնեակ այր, կին, դրին հողին:

Հազարաւոր սգաւորներ ծաղիկ, մոմեր զետեղեցին ու վառեցին, մարդոց սիրտն ու հոգիները վիշտով ցաւով լեցուն` լացին կորուստը վաղ հարազատի, ընկերոջ ու բարեկամի, ազգակիցի, դրացիի, ու կոչուեցան` «Ես Փարիզ եմ», մարդ, ու Փարի՞զ:

Նոյն օրերուն օդանաւ մը պայթեցուցին Սինա լերան երկնքին մէջ, ուրիշ մըն ալ` Ափրիկէի երկնքին մէջ, ու` Պէյրութի, սպաննեցին. մարդիկ ինչո՞ւ չգոչեցին` «Ես Ռուսիա եմ», «Ես Պէյրութ եմ», «Ես Սուրիա եմ», «Ես Հալէպ եմ», «Մենք զոհեր ենք»:

Մարդիկ` դժբախտ ու վշտահար, անմխիթար ըրին տարին անցեալ դարձած. մարդը մարդուն կեանքը խլեց, այրեց, փշրեց գիւղ ու քաղաք, գրաւեց ու ռմբակոծեց` Իրաք, Սուրիա, Լիբանան եւ Ափրիկէ, ու` Ղարաբաղ, տուին զոհեր կրօնի ու հայրենիքի: Մտամոլոր համայն աշխարհն անդրադարձաւ, խորհրդածեց, միլիոնաւոր անտուն, անտէր, թափառական գաղթականներ ծով ու անտառներ նետուեցան, ոտքով, նաւով խեղդուեցան, ազատեցան` երկրէ երկիր, կեանք աշխատանք, տուն խնդրեցին:

Հարիւր տարի առաջ հայերը տանջուած` ջարդուեցան, վտարուեցան հայրենիքէն ու զոհուեցան, մերկ, անօթի հասան Հալէպ, շինեցին տուն, օճախ, դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, համայնք, անցեալ տարի շատեր գացին մեր հայրենիք եւ ուրիշ տեղ:

Արբանեակներն Ատլանտեանի, եւ դաշնակից` արաբ ու թուրք, կ՛ուզեն իշխել, ընդարձակել սահմանները աշխարհակալ, տիրել, իշխել, հոգ չընել` հազարաւոր մարդ կը մեռնի, որբ մանուկներ կը տառապին:

Երկու հարիւր յիսուն հազար անմեղ մանուկ, կին, ծերունիներ զոհուեցան, հայոց նման եղան անտուն, թափառական, լքեցին գիւղ, քաղաք, երկիր, Միջերկրականը մեծ գերեզման եղաւ իրենց, երեք հազար խեղդուողներու: Այս սպանդը ո՞վ եւ ինչո՞ւ կը կատարէ:

Դեկտեմբերի վերջին շաբթուն Սուրբ Ծննդեան երեկոյին չար տղաքը Քորսիքայի հրշէջներուն լուր ըրին, թէ իրենց թաղին մէջ հրդեհ կայ, պէտք է որ գան, մարեն հրդեհն: Երկու հրշէջ, մէկ ոստիկան գացին ու ինկան թակարդը. անոնց վրան քար նետեցին:

Ընդվզեցաւ ժողովուրդը Աժաքսիոյի, ելաւ ցոյցի,

– Մենք մեր տունն ենք, դուք էք օտար, հոս գործ չունիք: Մզկիթ մտան ու այրեցին աղօթագիրքեր Քուրանի: Չարագործ ու անգութ տղոց բանտ ու պատիժ պահանջեցին:

Արեւմուտքի քաղաքները Կաղանդին վախի մէջ էին, Անգարա ու Լոնտոն, Փարիզ, Մոսկուա, Մատրիտ, Պերլին, Նիւ Եորք, ապահովութեան պատճառով, վախէն ռումբի, հրավառութեան հանդէսներն կրճատեցին:

Երջանկութեան ուրախ պահեր անշուշտ տուաւ անցեալ տարին, մենք չտեսանք եւ կամ մոռցանք. լաւ բաները միշտ կը մոռնանք. ամէն տեղ կան բարի մարդիկ, փա՛ռք Աստուծոյ բարի մարդոց ներկայութեանն օրհնութեանցը մեզ բալասան կարօտ ենք միշտ:

Այսուհանդերձ, Նոր տարիին բոլոր մարդոց սիրտն ու հոգին, յոյս, հաւատքով, անհուն սիրով կը լեցնէ Արարիչը: Թող այս տարին վերջ տայ մարդոց դժբախտութեանց, ցաւոց, վիշտին ու թող տնկէ ազնիւ հունտեր` կամքի, յոյսի, սիրոյ, մտքի:

Երջանկութեան ուրախ պահեր տուաւ անշուշտ անցեալ տարին, չտեսանք կամ շուտ մը մոռցանք. լաւ բաները, այդպէս է միշտ. ամէն տեղ կան, փա՛ռք Աստուծոյ. բարի մարդոց ներկայութեանն մեզ բալասան օրհնութեանցը կարօտն ունինք:

Տարիները մէկը միւսին կը յաջորդեն ժամանակին, եւ մենք պատրաստ` կը համբուրենք զիրար գրկած մեր Նոր տարին, կը լեցնենք կարմիր գինիով բաժակները կենացներուն, մաղթանքներու, կ՛ըմպենք, որ քէնն, ոխը մեր կենաց մէջ չյաճախեն: Երախտապարտ զգացումները կ՛առաքեմ Արարիչին` հայցելով, որ սնուցանէ իր ստեղծած այս աշխարհին մարդկութիւնը ու պահպանէ ժողովուրդներն երկրագունդին անհուն սիրովն ծնեալ Փրկչին պատգամովը` «Խաղաղութիւն ամենեցուն»:

Նիս, 2, յունուար 2016

 

 

Նախորդը

Ս. Ծննդեան Տօնը` Իր Համընդհանուր Խորհուրդներով

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Դեկտեմբեր Դ. Հաշուեյարդար` Նոր Տարուան Սեմին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?