Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերժին Կիւլպէնկեան Մայրանոցին Ապագային Մասին

January 5, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Verjine-Gulbenkian-Maternity-Hospital

Աւելի քան 80 տարիներու ազգանուէր ծառայութեամբ Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոցը ընդհանրապէս սուրիահայութեան եւ ի մասնաւորի հալէպահայութեան համար եղաւ բարիք մը, մանաւա՛նդ` գաղթական հայութեան բեկորներուն համար, որոնք Ցեղասպանութեան դառն ճակատագիրը ճաշակելով` կազմեցին իրենց բոյնը ասպնջական սուրիական հայրենիքին մէջ:

Մայրանոցը ծննդեան տուն եղաւ ու հասաւ բոլորի՛ն անխտիր` առանց յարանուանական, հատուածական ու քաղաքական գոյն տալու այս ազգօգուտ հիմնարկին: Մայրանոցին մէջ ծնան յաջորդական սերունդներ եւ այսօր անոնք ակնածանքով կը յիշեն այդ կառոյցին կատարած բարեսիրական մեծ գործը:

Դժբախտաբար, սուրիական պատերազմին պատճառով, Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոցն ալ, ի շարս ազգային այլ հաստատութիւններուն, ստիպուած եղաւ ժամանակաւորապէս փակել իր դռները: Վերջին քանի մը տարիներուն Կիւլլապի Կիւլպէնկեան հաստատութեան մայրանոցը, իր աշխարհագրական դիրքով աւելի հանդարտ վայր մը ըլլալով, հայաշատ թաղամասին մէջ, ժամանակաւորապէս դարձաւ ապահով երդիք մը հայ ծերանոցի տարեցներուն համար, քանի որ պատերազմի պատճառով ծերանոցի շէնքը ռմբակոծուած եւ վնասուած էր:

Կիւլլապի Կիւլպէնկեան հաստատութեան տնօրէն- խորհուրդը 25 դեկտեմբեր 2015-ին յայտարարած է համայն հալէպահայութեան, որ Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոցը` բարեսիրական հիմնարկ մը, դարձեալ կը վերադառնայ իր աւանդական առաքելութեան` վերահաստատելով շէնքին առաջին յարկը իբրեւ հիւանդանոց: Նաեւ, Կիւլլապի Կիւլպէնկեան հաստատութեան տնօրէն-խորհուրդի որոշումով, ժամանակաւորապէս իր համալիրին մէջ ապաստան տալով հանդերձ, պիտի շարունակէ իր դռները բաց պահել մեր տարեցներուն առջեւ` մինչեւ բարի աւարտը տխուր պատերազմին եւ անոնց վերադարձը դէպի հայ ծերանոցի շէնքը:

Հալէպի մէջ հաստատութեան եւ համալիրին լիազօր ներկայացուցիչ Օհաննէս Օհաննէսեան շուտով պիտի ձեռնարկէ վերաբացումին նախնական աշխատանքներուն, որպէսզի մայրանոցը վերագտնէ իր անցեալի հմայքը եւ վերընդունի մայրերը իր հիւանդանոցին մէջ:

Կիւլպէնկեան մայրանոցի վերաբացումը յոյս, անվտանգութիւն, կայունութիւն եւ աշխատավայր կը հայթայթէ Հալէպի բնակիչներուն:

Շուտով հալէպահայութեան ուշադրութեան պիտի յանձնուին նոր զարգացումները` Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոցին հետ կապուած: Մինչ այդ Կիւլլապի Կիւլպէնկեան հաստատութիւնը շնորհաւոր Նոր տարի եւ մնայուն խաղաղութիւն կը մաղթէ Սուրիական Հանրապետութեան եւ հալէպահայութեան:

ԿԻՒԼԼԱՊԻ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ
ՏՆՕՐԷՆ-ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Նիւ Եորք

Նախորդը

Հարիւր Տարի, Հարիւր Երգ, Հարիւր Աշակերտ…

Յաջորդը

Կրկին Հայաստանի Եւ Արցախի Տիրութեան Եւ Բնակեցման Մասին

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.