«ՀՅԴ-ն Երէկ, Այսօր Եւ Վաղը (Անցեալի Հետքերով, Ապագայի Տեսլականով)» Խորագիրով Ձեռնարկին ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամ Կարօ Յարութիւնեանի Արտասանած Խօսքը
126 տարիներ առաջ, Թիֆլիսի մէջ գումարուած ժողովի մը մասնակից փոքրաթիւ այն մտաւորական երիտասարդները, որոնք հիմը դրին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, գիտէի՞ն արդեօք, որ պիտի գար օրը, երբ իրենց ցանած վտիտ տունկը պիտի մեծնար, ուռճանար, արմատ նետէր եւ ճիւղ արձակէր, ու վերածուէր հաստաբուն ու մշտադալար կաղնիի: Կը պատկերացնէի՞ն արդեօք, թէ Թիֆլիսի մէ՛ջ իսկ իր ժողովները գաղտնի գումարելու հարկադրանքին տակ գտնուող այս կուսակցութիւնը...




















