Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Գիւղատնտեսութեան Առնչութիւնը Մեր Առօրեայ Կեանքին» Նիւթով

Ապրիլ 18, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC05981

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 13 ապրիլ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գիւղատնտեսութեան առնչութիւնը մեր առօրեայ կեանքին» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց գիւղատնտեսագէտ Լոռի Պչաքճեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ 21-րդ դարը մարտահրաւէրներով լեցուն դար մըն է, ուր աշխարհի բնակչութեան աճը եւ երկրագունդի կլիմայական ջերմացումը մարդկային կեանքին կը սպառնան` պատճառելով սով եւ մաքուր ջուրի տագնապ: Գիւղատնտեսութիւնը ըլլալով նաեւ գիտութիւն, այս հարցերուն լուծումներ կը փորձէ գտնել, ինչպէս` երկրագործական յաւելեալ բերք ստանալը` պարարտացուցիչներու եւ միջատասպան դեղերու օգտագործումով, ինչպէս նաեւ գիտական միջոցներով բոյսերու բջիջներու որակը բարեփոխելով (Genetically Modified Crops կամ GMO) աւելի լաւ սերմնացու պատրաստելու հեռանկարով:

Լոռի Պչաքճեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով, թէ որքանո՛վ գիւղատնտեսութիւնը անմիջականօրէն առնչուած է մեր ամէնօրեայ կեանքին հետ, ինչպէս` սնունդը, ջերմուժը, ջուրը, որոնք մաս կը կազմեն այն մեծ շրջագիծին:

Մանրամասնելով վերոնշեալ նիւթը եւ յատկապէս կեդրոնանալով Լիբանանի գիւղատնտեսութեան ու  բուսական, երկրագործական պատկերին վրայ` դասախօսը Լիբանանի տարածքային քարտէսի օժանդակութեամբ ներկայացուց երկրին, բուսական եւ երկրագործական (հատիկեղէնի, բանջարեղէններու, պտուղներու եւ այլն) ցանքը:

Լոռի Պչաքճեան աւանդական գիւղատնտեսութեան եւ ցանքին կողքին ներկայացուց ժամանակակից տեսակները.-

1.- Ջերմոցը (Կրինհաուս).-  Ուր փակ, ծածկուած եւ յատուկ տնակներու մէջ կ՛աճեցնեն զանազան բոյսեր, բանջարեղէններ, պտուղներ:

2.- Հայտրոփոնիքս.- Ուր գլխաւորաբար ջուրի օգտագործումով (ոչ հողի մէջ) կ՛աճեցնեն զանազան բոյսեր, բանջարեղէններ, ուր ցանքը գլխաւորաբար կ՛ըլլայ ուղղահայեաց:

Գիւղատնտեսութեան մէջ կ՛օգտագործուին զանազան միջատասպան դեղեր, որոնք սպաննելով միջատները, յաճախ կը միջամտեն սնունդի արտադրման: Միջատասպան դեղերը, որոնք անցեալին օգտագործուած են նացիներուն եւ անգլիացիներուն կողմէ պատերազմի ընթացքին, այժմ կ՛օգտագործուին սպաննելու միջատները, որոնք նաեւ բացասականօրէն կ՛ազդեն մարդ արարածի ուղեղին ինչպէս նաեւ մանուկներու մօտ ջղային համակարգի աճման վրայ:

Վերոնշեալ միջատասպան դեղերու շարունակաբար օգտագործումը կ՛ազդէ մանուկներու մօտ կեդրոնացումին վրայ,  իսկ տարեցներուն մօտ կը յառաջացնէ յիշողութեան հետ առնչուած զանազան հիւանդութիւններ:

Դասախօսը յաջորդ բաժինով ներկայացուց տարբերութիւնը աւանդական – դասական եւ օրկանիք միջոցներով աճած զանազան սննդեղէններու:

Լոռի Պչաքճեան ներկայացուց նաեւ GMO-ի` ծինային բարեփոխուած բերք ունենալու աշխատանքը: Ուսումնասիրութիւնները այս աշխատելաձեւին մասին կը ներկայացնեն զիրար հակասող փաստեր:

Զանազան երկիրներու մէջ արգիլուած է ծինային առումով բարեփոխուած բերքի օգտագործումը, բայց այլ երկիրներու մէջ անոնք կ՛օգտագործուին, ինչպէս` միսերու, հաւկիթներու, կաթնեղէններու, կորեկներու եւ այլ սննդեղէններու պատրաստութեան ընթացքին:

Վերջին բաժինով դասախօսը նշեց ձուկի եւ ձկնեղէններու պարզած պատկերը, ուր բարձր քանակութեան սնդիկ կը պարունակեն անոնք, յատկապէս մեծ ձուկերը: Ձկնեղէնի յաճախ օգտագործումը սննդարար յատկութեան կողքին ունի նաեւ վնասներ առողջութեան վրայ:

Աւարտին  Լոռի Պչաքճեան զանազան բացատրութիւններով եւ օրինակներով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

Նախորդը

«ՀՕՄ-ը Պատրաստ Է Զոհուած Ազատամարտիկներու Զաւակները Ամէն Գնով Հովանաւորելու», Կը Յայտնէ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Գարոլին Շմաւոնեան

Յաջորդը

Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումը Կը Դատապարտէ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?