
Հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Կրթական յանձնախումբին, ՀԲԸՄ-ի միութեան վարժարաններու «Շուշի» թատերախումբը ներկայացաւ «Իմ անուշ հայրենիք» թատերախաղով` երկու ելոյթներով, ուրբաթ, 8 եւ շաբաթ, 9 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Թատրոնին հեղինակն է Շիրազ Ճէրէճեան, իսկ բեմադրիչը` Վազգէն Մուղալեան:
Այս առիթով ներկաներուն բաժնուած գրքոյկին մէջ հեղինակը անդրադարձած է «Իմ անուշ հայրենիք» գաղափարին` դիտել տալով, որ այս թատրոնով, որ չի փորձեր Հայաստանը ներկայացնել որպէս իտէալական դրախտ` խուսափելով ծանօթ-անծանօթ թերութիւններէ, այլ պատանի դերակատարներուն յարմար երգիծանքով կը փորձէ լուսարձակները սեւեռել թէ՛ հպարտալի եւ ցնծալի երեւոյթներուն, եւ թէ ալ ցաւալի եւ ժխտական կէտերուն վրայ` զանոնք բարեկարգելու փափաքով: Այնուհետեւ, բեմադրիչը իր պատկերազարդ աշխատանքով շեշտը կը դնէ հիմնական գաղափարի մը վրայ` վերադառնալ հայրենիք, վերաշինել եւ ծաղկեցնել զայն, ինչպէս նշած է իր խօսքին մէջ:

Կատակերգութիւնը ունէր հարուստ պատկերներ, որոնց մէջ «Գնա՛ կռունկ»-ը մեներգեց Քրիսթէլ Եսայեան, պարախումբը հանդէս եկաւ հայկական պարերով, մարմնաւորուեցաւ որբանոցի մէջ տիրող վիճակը, ինչպէս նաեւ հրամցուեցան մշակութային հարուստ ներկայացումներ:
Թատերախաղին նիւթ լիբանանահայ ընտանիքի մը ապրած բացասական եւ դրական զգացումներուն վրայ հիմնուած է, ներկայացուած` կատակերգութեան ձեւով, քննադատելով ապրելակերպի զանազան վիճակները եւ տարբերակները Երեւանի եւ Լիբանանի մէջ, հայ լիբանանեան պարզ խաւի պատկանող ընտանիքի մը դիտանկիւնէ: Բացասական կողմը ներկայացուած է ընդհանրապէս մօր պարագային` քննադատական բաժինով, մինչ դրականը մեծ հօր ունեցած ծարաւով եւ երազանքով, որ կը յաղթահարէ ամէն ակնկալութիւն, ամբողջ ընտանիքը վերածնունդի ենթարկելով վերստին կը զինէ հայեցի ոգիով, մանաւանդ պարտականութեան բարձր զգացումի հանդէպ, Ղարաբաղի պաշտպանութեան հարցով, երբ ամբողջ ընտանիքը ամէն բան մոռնալով ականջ կու տայ պարտականութեան ձայնին:
Դերակատարներն էին` Յարութ Կիւլիւզեան, Էմմա Քէշիշեան, Մանուկեան, Փոլ Բարսեղեան, Արաքս Էլմայեան, Սէրլի Թափունճեան, Բարտի Գոզանեան, Ռաֆֆի Ճրճրեան, Տեսիլ Մսրլեան, Անի Սաճեան, Իզապէլ Նիկոլեան, Յակոբ Ճուլֆայեան, Զոհրապ Աբրահամեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ երգչախումբի եւ պարախումբի պատանիները:
Աւարտին ամբողջ կազմը ներկայացաւ հայրենասիրական պար:


