Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. 1-5 Ապրիլ. Անմիջական Հետեւութիւններ, Առաջադրանքներ (Ը.-Վերջ)

Ապրիլ 16, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Khemp_41516

Ապրիլեան պատերազմէն անպայման հետեւութիւններ ունինք բանաձեւելիք եւ այդ ուղղութեամբ նոր ռազմավարութիւն մշակելու հրամայականին առջեւ ենք ազգովին: Կան անշուշտ բացթողումներ, թերի բաժիններ, ինչպէս ռազմական, այնպէս նաեւ քաղաքական, իրաւական, տեղեկատուական եւ դիւանագիտական մակարդակներու վրայ: Այդ բոլորը քննարկման ընթացքի մէջ են համապատասխան գերատեսչութիւններու կողմէ: Սփիւռքը եւս իր քաղաքական, հոգեւոր թէ ընդհանրապէս հասարակական կառոյցներով ներհայեցողական քննարկումի անհրաժեշտութեան առջեւ է, որ պատերազմի ահազանգին դիմաց որքանո՞վ կրցաւ համախմբուիլ, գործնապէս զօրակցիլ ու սատարել եւ մեր արտաքին դիւանագիտական-քաղաքական աշխատանքներուն իրականացման համար պարարտ ենթահող ձեւաւորել:

Իրատեսական մօտեցումով մինչ այդ նկատենք նաեւ, որ Պաքուն ո՛չ առաւելագոյն եւ ո՛չ ալ նուազագոյն խնդիր յաջողեցաւ լուծել իր նախայարձակողականութեամբ իրականացուցած կայծակնային գործողութիւններով: Փաստօրէն, ի՞նչ է արդիւնքը այս բոլորին: Դիրքերու տեղաշարժ է ի վերջոյ արձանագրուածը, որ ռազմագիտական առումով որեւէ հիմնական առաւելութիւն չ՛ապահովեր պատերազմ սանձազերծողին:

Երեւոյթը ունի նաեւ տրամաբանական հետեւեալ համոզումի փոխանցումը: Անհաւասար միջոցներով յատկանշուած այս պատերազմին, եթէ որեւէ արդիւնքի չյանգեցաւ Պաքուն, ապա միջոցներու հաւասարեցման պարագային ի՞նչ տեսակ արդիւնքներու մասին կրնանք մտածել այս անգամ պաշտպանուող կողմին ձեռք  բերելիք առաւելները պատկերացնելով:

Քաղաքական մակարդակի վրայ, եթէ պահ մը նկատի ունենանք դարձեալ Պաքուի հիմնական առաջադրանքը` բանակցային գործընթացը ԵԱՀԿ-էն տեղափոխել ՄԱԿ կամ միջազգային որեւէ այլ ատեան եւ թէկուզ առանց բարձրաձայնելու փորձել իրականացնել Անգարան մասնակից կողմ դարձնելու հակամարտութեան լուծման, կը նկատենք այստեղ եւս, որ ո՛չ առաւելագոյն եւ ո՛չ ալ նուազագոյն խնդիր լուծած է Պաքուն:

Մնացեալ ոլորտներու ծալքերուն մէջ առանց մտնելու, իբրեւ անմիջական հետեւութիւն այս երկու հիմնական ուղղութիւններուն վրայ պէտք է կեդրոնանալ եւ հետեւցնել Պաքուի ձախողութեան մասին:

Ներազգային իմաստով ներքին ուղերձներ բանաձեւելու առաջնային խնդիր ունինք անշուշտ: Առանց զգացականութեան դաշտ թեւակոխելու, ընդգծենք, որ չորս օրերու ընթացքին ինկած 92 նահատակներու կշիռը այնքան ծանր զգացողութեան եւ բեռի տակ դրած է համայն հայութիւնը, որ ռազմական, բարոյահոգեբանական, քաղաքական թէ ներազգային մակարդակներու վրայ արմատական փոփոխութիւններու հրամայականը կ՛ընդգծէ:

Այո՛. առանց աղմկարարութեան, առանց քարոզչական առաւելներու մասին մտածելու, ներքին, փակ ամէնէն խորքային եւ ամէնէն առարկայական քննարկումներուն անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը կանգնած է բոլորիս դիմաց` հայոց բանակի անսահման նուիրուածութեան կենդանի օրինակներու իրականութեան առջեւ այլեւս արագօրէն փոխելու մեր համակարգը, մեր աշխատելաոճը, մեր հաւաքական կենսակերպը անգամ:

Ապրիլեան պատերազմէն առաջ քաղաքական վճռակամութեան իրաւական դրսեւորումն ու պետական տրամադրութիւնները սկսած էին ամրագրուիլ սահմանադրութեան բարեփոխումներով եւ այդ բարեփոխումները կենսաւորելու համար ամէնէն բարձր մակարդակով հնչած յայտարարութիւններով եւ գործադիր իշխանութեամբ յայտարարուած առաջադրանքները կեանքի կոչելու համար կնքուած միջկուսակցական քաղաքական համաձայնութիւններով:

Ապրիլեան պատերազմէն յառաջացած հետեւանքները այս բոլորին իրականացման անյետաձգելիութեան մասին կը յուշեն: Այլեւս համատարած համոզում է, որ ստուերի վերացումը, ապամենաշնորհացումը, ապահարստապետականացումը, գործարարութիւնն ու պետական ասպարէզի տարանջատումը, իրաւական պետութեան ստեղծումն ու չընտրակեղծելը, մարդու իրաւունքներու լիարժէք յարգումը, ժողովրդավար կարգերու ըստ էութեան զարգացումը նոյնքան առնչուած են հայրենիքի անվտանգութեան կայացման հետ, որքան սահմաններու պաշտպանութիւնը: Բոլոր ոլորտներուն համար սահմանադրութեան բարեփոխումներն ու զանոնք կենսագործելու ուղղութեամբ առնուած տակաւին յայտարարողական մեթոտներու կեանքի կոչուիլը ուղղակի անմիջական հրամայական են:

Ապրիլեան պատերազմը համակարգային փոփոխութիւնը նպատակաուղղուածութեամբ ամրագրելու գործընթացը արագացուցած գործօն է եւ իբրեւ այդպիսին մեր արատները մաքրելու, բացթողումները սրբագրելու, վերահաշուարկները ճիշդ հունով առաջնորդելու եւ հակառակորդի նոր ոտնձգութիւններուն ճակատագրական հակահարուած հասցնելու նախապատրաստութեան առիթ:

Այս նախադրեալները ամբողջացնելով`  նաեւ միաժամանակ արժանապատիւ խաղաղութեան պատրաստուելու  առիթ. թէ՛ ռազմական, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ դիւանագիտական, թէ՛ տեղեկատուական եւ թ՛է համազգային համախմբուածութեան առումներով:

Նախորդը

Լաւրով Եւ Քերրի Քննարկած Են Իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ

Յաջորդը

Ողիմպիական Խաղեր-2016. Ֆութպոլի Մրցաշարքին Վիճակաձգութիւնը Տեղի Ունեցաւ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի  Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?