Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անմիջական Եւ Երկարաժամկէտ

Ապրիլ 16, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

apo-oreorin1ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Կարծես մեզ պատած է ամօթխածութիւն մը, որ կը խանգարէ հանուր ազգին յայտարարել, թէ կը դիմագրաւենք ճգնաժամային կացութիւն, ինչի համար պէտք է արտակարգ միջոցներու դիմենք, իսկ եթէ չունինք այդ միջոցները, փորձե՛նք, կը ներէք, ո՛չ, աշխատի՛նք ստեղծել:

Անմիջական կարիքներու համար անմիջական հանգանակային արշաւներ կը կատարենք: Այդպէս է մեր սովորութիւնը, այդպէս եղած է միշտ, եւ եթէ մեր մտածելակերպը ու գործելաոճը չփոխենք, ապա նոյն ձեւով ալ պիտի շարունակենք աշխատիլ` առանց երկար ժամկէտի համար, հետագայ նոյնօրինակ կամ նոյնիսկ աւելի՛ ծանր սպառնալիքներ դիմագրաւելու համար ծրագիր ունենալու, մշակելու եւ անոր իրագործման ձեռնարկելու:

Անմիջական կարիքներու արշաւը սկսած է, սակայն ցարդ արդիւնքները այնքա՛ն ալ սրտապնդիչ չեն թուիր ըլլալ: Հաւանաբար տակաւին մեր կառոյցներն ու լայն հանրութիւնը ժամանակի կարիքը ունին անդրադառնալու, թէ ի՛նչ տարողութեամբ խնդիրներ կը դիմագրաւենք. անոնց շարքին`

ա.- Նահատակ եւ վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն անմիջական եւ երկարատեւ ապահովում երաշխաւորել,

բ.- Հայոց բանակի սպառազինութեան բացերը փակել:

Թէ ինչպէ՛ս դուրս պիտի գանք այս երկու անմիջական հարցերը լուծելու պարտաւորութենէն, ժամանակը ցոյց պիտի տայ: Պէտք է գիտակցինք սակայն, որ այս պարագային ձախողութիւն կամ կիսատ-պռատ արդիւնքներ ընդունելի չե՛ն, պէտք է բացառուի՛ն: Յաջողութիւն ապահովելու համար այս հանգանակային արշաւին գլուխը ամէնուր պէտք է կանգնին այդ գործին ատակ, հեղինակութիւն եւ օրինականութիւն ունեցող գործիչներ, ազգայիններ:

Երկարաժամկէտ ծրագիրները եւս հրապարակելու, անոնց գործադրութեան հիմքերը բացատրելու ամէնէն յարմար պահն է ասիկա: Կարելի է մտածել անձեռնմխելի հիմնադրամի մը մասին, որ շարունակ պէտք է մեծնայ եւ միայն ու միայն ծանրագոյն ճգնաժամի պահուն օգտագործուի: Այս հիմնադրամը պէտք է կայանայ եւ ուռճանայ հասնելու համար այնպիսի աստիճանի, որ կարենայ վճռակա՛ն բարեփոխում իրագործել վիճակին մէջ:

Այսպիսի հիմնադրամ ունենալու մասին խօսած ենք, երազած ենք, իսկ հիմա եկէք` գործադրե՛նք:

 

 

 

Նախորդը

Հանդիպում

Յաջորդը

Մենք Ունենք Իրաւունք Խորը Հիասթափութիւն Ապրելու Թէ՛ Մեր Դաշնակիցներից, Թէ՛ Միջազգային Կառոյցներից. Լիլիթ Գալստեան

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?