Յօդուածներ

Ջաւախահայերի Աջակցութիւնը Զինուորների Ընտանիքներին

ՎԱՀԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Դեռ 1988 թ. Սպիտակի երկրաշարժի օրերին, այնուհետեւ արցախեան գոյապայքարի առաջին օրուանից մինչեւ զինադադար` ջաւախահայութիւնը գտնուել է աղէտի գօտուց տուժածների, Հայաստանում եւ Արցախում պայքարող իր հայրենակիցների կողքին: Բազմաթիւ ջաւախքցիների մօտ մինչ օրս, որպէս այդ օրերի թանկագին յիշողութիւն, պահպանւում են այն բոլոր կտրօնները, շնորհակալագրերն ու այլեւայլ գրութիւնները, որոնց միջոցով Հայաստանի ու արցախեան բազմաթիւ հասարակական-քաղաքական, բարեգործական եւ այլ կազմակերպութիւններ երախտիքի ջերմ տողեր...

Արժանի՞ Ենք Մեր Հերոսներին

Արժանի՞ Ենք Մեր Հերոսներին

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ Ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ եթէ փողոցում, աշխատավայրում կամ որեւէ այլ տեղ հարց տայիր մեր հայրենակիցներից ոեւիցէ մէկին, թէ ի՞նչ կանի, եթէ պատերազմը վերսկսուի Արցախում, պատասխանը, խիստ բորբոքուած ու ջղային, կը լինէր մօտաւորապէս այսպէս. «Էդ ղարաբաղցի՛ք թող գնան պաշտպանեն Արցախը», «Ես Սերժի համար ոչ մի բան էլ չեմ անի. ինքը ընչո՞վ ա ինձ օգնել որ...», «Թող իրանց` էդ շիշկեքի...

Խմբագրական.   1-5 Ապրիլ. Ներհայկական Համախմբում (Է.)

Խմբագրական. 1-5 Ապրիլ. Ներհայկական Համախմբում (Է.)

Բացի որոշ բաղաձայն հրապարակումներէն, ընդհանրապէս պատերազմական գործողութիւններու քառօրեային եւ անոր յաջորդող անմիջական ժամանակահատուածին, հայկական դաշտին մէջ երեւցան միակամութեան ինքնաբուխ գեղեցկագոյն օրինակներ: Համակողմանի հասարակական այս միաւորումը գուցէ ստիպեց նաեւ քաղաքական դաշտին, բոլոր խնդիրները երկրորդական եւ յետին գիծ մղելու եւ կեդրոնանալու օրուան հրամայականին վրայ` ամէն տեսակի աջակցութիւն ու զօրակցութիւնը գերադասելով ամէն տեսակի տարակարծութենէ: Երեւոյթը համատարած էր ամբողջ հայկական աշխարհին մէջ: Արցախի նախագահը...

Աշխարհը` Քառօրեայ Պատերազմի Մասին

Աշխարհը` Քառօրեայ Պատերազմի Մասին

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Այլեւս հաստատուած իրողութիւն է, որ ժամանակակից պատերազմները կը մղուին ռազմական զէնքերով եւ լրատու միջոցներով: Եթէ զէնքերն ու ռումբերը կեանքեր կը խլեն, քանդումներ կը պատճառեն, լրատու  եւ քարոզչական միջոցները ուղեղներ կը լուան, հոգիներ կը խաթարեն: Վարձկան զինուորներու նման, որոնք առաջին դասալիքները կ՛ըլլան, կան վարձկան լրագրողներ եւ քաղաքական «մեկնաբաններ», նոյնիսկ` գործիչներ, որոնցմէ (այս պարագային) ազրպէյճանական ձկնկիթի եւ քարիւղի հոտ...

Համակարգային Արմատական Փոփոխութեան Անհրաժեշտութիւնը

Հնգօրեայ Պատերազմ(ները) Եւ Զէնքի Վաճառականը

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Պարզ զուգադիպութեամբ Կովկասի մէջ ռազմական լայնածաւալ բախումներու երկու իրադարձութիւնները, Վրաստան-Ռուսիա` 2008 եւ ապրիլի առաջին շաբաթը` Արցախի արեւելեան ճակատի երկայնքին, որոնք իրաւամբ յատկանշուեցան որպէս «պատերազմ», տեւեցին հինգ օր եւ արդէն ծանօթ են որպէս հնգօրեայ պատերազմներ: Առաջին պարագային, սակայն, կովկասեան տարածաշրջան ռազմաքաղաքական կացութիւնը փոխուեցաւ: Վրաստանի այն ժամանակուան նախագահ Սահակաշվիլիի արկածախնդրութիւնը, որուն դրդապատճառներու յետին ծալքերը այնպէս ալ տակաւին յստակ չեն,...

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

Արցախեան Պատերազմէն Թելադրուած Միտքեր Եւ Մատներու Արանքէն Անգամ Չդիտուող «Փանթիւրքիզմ»-ը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Պատերազմ է: Գերարդիական զէնքերով: Մահերով: Ազատ եւ ժողովրդավարական երկիրներու գաղափարական-քաղաքական չափանիշներով դիտել Արցախի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները` ոչ մէկ լուծման կ’առաջնորդէ: Իրաւունք, պատմութիւն, ճշմարտութիւն եւ այդ կարգի գեղահունչ բառեր նոյն իմաստը չունին ժողովրդավարական ազատ աշխարհին եւ թուրք-ազերիին համար: Այսքանը եթէ չհասկցուի ինքնակոչ իրաւարարներու եւ հաշտութեան համար երթեւեկողներու կողմէ, ոչ մէկ հարց կը լուծուի: Բանակցելու համար արժէքներու հասարակ յայտարար...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց «Պաշտպանութիւն Քրիստոնէութեան» Համախմբումի Պատուիրակութիւնը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց «Պաշտպանութիւն Քրիստոնէութեան» Համախմբումի Պատուիրակութիւնը

  Շաբաթ, 9 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց Ուաշինկթընի «Պաշտպանութիւն քրիստոնէութեան» համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ համախմբումի նախագահ Թուֆիք Պաաքլինիի: Սեպտեմբեր 2014-ի Ուաշինկթընի մէջ համախմբումին կողմէ կազմակերպուած համաժողովէն ի վեր Թուֆիք Պաաքլինի եւ համախմբումի ներկայացուցիչները զանազան առիթներով կը հանդիպին վեհափառին հետ` ունենալու անոր կարծիքը համախմբումի գործունէութեան մասին, յատկապէս` վերջին տարիներուն ընթացքին շրջանին մէջ տիրող կացութեան...

Ճեմարանի Աշակերտները Այցելեցին Մայրավանք Եւ Հանդիպում Ունեցան Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Ճեմարանի Աշակերտները Այցելեցին Մայրավանք Եւ Հանդիպում Ունեցան Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Շաբաթ, 9 ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի (գրական բաժին) աշակերտները մայրավանք այցելեցին իրենց մատենագրութեան, գրաբարի եւ եկեղեցագիտութեան ուսուցիչ Յուսիկ ծ. վրդ. Մարտիրոսեանի հրաւէրով: Աշակերտները մայրավանքին մէջ ծանօթացան կաթողիկոսարանի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ այցելեցին մայր տաճար, Նահատակաց մատուռ, միաբանական դամբարան եւ «Կիլիկիա» թանգարան: Կաթողիկոսարանի ծանօթացումէն ետք Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց աշակերտները եւ անոնց խօսեցաւ հայեցի դաստիարակութեան ու...

Կեսարիոյ Բարեսիրական Ընկերակցութեան 90-Ամեակի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը

Կեսարիոյ Բարեսիրական Ընկերակցութեան 90-Ամեակի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը

Իր հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով Կեսարիոյ բարեսիրական ընկերակցութիւնը խթման գիշերը` 26 մարտին, կազմակերպեց ճաշկերոյթ-պարահանդէս մը, «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Ճէյն Այանեաններուն, ներկայութեամբ շուրջ 200 հայրենակիցներու եւ հիւրերու: Երեկոյթին բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Բարսեղ Գույումճեանը, որ ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ միութեան հիմնադրութեան, անոր գործունէութեան եւ հետապնդած նպատակներուն: Ապա վարչութեան փոխատենապետ Սարգիս Սեֆերեան փաուըրփոյնթի վրայ ներկաները...

Մտորումներ` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէի Կազմակերպած Ձեռնարկին Առիթով.  Անփոխարինելի Խորհրդանիշերու Պարծանքը Կամ Զգաստութեան «Պատ»-ը

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. Սուրիական Օրագրութիւն (Հեղինակ` Լալա Միսկարեան-Մինասեան)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Երբեմն դառն ճակատագիրի հեգնանքը իրեն հետ կը բերէ բարեբեր հովիկ մը, որ իր կարգին կը սփոփէ մեզ` դառնակսկիծ վիճակներէ պահ մը հեռու մնալու, ստեղծելու եւ ըստ այդմ շարունակելու մեր կեանքը: Նման յայտնութիւն մը հանդիսացաւ «Սուրիական օրագրութիւն» գիրքին հեղինակը` Լալա Միսկարեան-Մինասեան, որուն սրտամօտ եւ հոգեգրաւ գրիչին հայ ընթերցասէր հասարակութիւնը ծանօթացաւ հայ մամուլի էջերէն, երբ ան սկսաւ Սուրիոյ պատերազմի ահաւորութիւնը...

Մահախօսական.  Մեծ Ընկերներէս` Վարդան Փայասլեանի Յիշատակին

Օրինակ Առնենք…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Երկու տասնամեակներէ ի վեր «Լոս Անճելըս Թայմզ» լայնատարած օրաթերթը ամէն ապրիլի սկիզբ կը կազմակերպէ գիրքերու ցուցահանդէս մը` «Եու.Էս.Սի.» համալսարանին մէջ: Շաբաթավերջի մը, երկու օրերու վրայ երկարող եւ մուտքը ազատ այս ձեռնարկին միշտ կ՛ակնկալուի աւելի քան երկու հարիւր հազար այցելու: Այս տարի նման ցուցահանդէս մը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ եւ կիրակի, 9 եւ 10 ապրիլին, որուն ընթացքին մշակութասէր, ընթերցասէր...

Դէպի Ո՞ւր Կ՛երթայ Թուրքիան Ներկայիս

Դէպի Ո՞ւր Կ՛երթայ Թուրքիան Ներկայիս

 ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ  ԱՂՊԱՇԵԱՆ Կը թուի, թէ Թուրքիան ներկայիս, առանց որեւէ ուղղութեամբ, կը քալէ իր քաղաքականութեան փշոտ ճանապարհներուն մէջ: Օսմանեան կայսրութիւնը գոյատեւեց հարիւրաւոր տարիներ, երբ օսմանեան կայսրը (խալիֆան) կայսրութեան քաղաքական եւ կրօնական պետն էր. իբրեւ իսլամներու խալիֆայի` ոեւէ մահմետական չէր կրնար չհետեւիլ անոր: Կայսրութեան փլուզումէն ետք Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրք հիմնեց Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը` 1923-ին, եւ Թուրքիան աշխարհիկ պետութեան վերածեց. սակայն անոր կատարած բոլոր...

Խմբագրական.  1-5 Ապրիլ. Արտաքին Քաղաքական  Հաւանական Հետեւանքներ (Զ.)

Խմբագրական. 1-5 Ապրիլ. Արտաքին Քաղաքական Հաւանական Հետեւանքներ (Զ.)

Հետզհետէ համակողմանի համոզում դարձաւ, որ Ազրպէյճանի կողմէ կայծակնային յարձակումի գործողութիւններու կասեցման մէջ հիմնական էր ռուսական գործօնը: Քաղաքական վերլուծաբանութիւնը կշռեց դէպի ռուսական կողմին ցուցաբերած քանի մը օրուան կրաւորականութեան իրականութեան վրայ: Անգարայի եւ Պաքուի շահերու մէկտեղումին, սուրիական ճակատին վրայ երեւցած Անգարա-Պաքու հակասութեան եւ աւագ եղբօր ներշնչանքներուն մասին անդրադարձած էինք արդէն խմբագրաշարքի առաջին թիւով: Ռուսիոյ նախագահին Ուաշինկթընի հիւլէական անվտանգութեան համաժողովին չմասնակցիլը, անոր դիմաց...

Ակնարկ.  Քուէարկողը Կը Վճարէ՞…

Յաղթանակի Համը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Մենք խաղաղ էինք մեր լեռների պէս, ...Դուք հողմերի պէս կը կորչէք վայրագ: Ապրիլի առաջին օրերուն Մարտակերտի եւ Մարտունիի սահմաններուն վրայ ազերիական յարձակումը սխրանքի նոր էջեր արձանագրեց հայրենի հողին պաշտպաններուն ու աշխարհատարած հայութեան համար, անգամ մը եւս մեր քիմքերուն բերելով յաղթանակի համը, զոր զգացած էինք շուրջ 25 տարի առաջ, Հայաստանի անկախութեան վերահաստատման ու Արցախի ազատագրութեան օրերուն: Ռազմաճակատին վրայ, անակնկալ...

Աճիւններ Եւ Օրօրոցներ

Աճիւններ Եւ Օրօրոցներ

ՅՈՎԻԿ ԱՖԵԱՆ Դուն կրնա՞ս սեւ թուղթ տալ: Չե՛ս կրնայ, ես էլ չեմ կրնայ… Դուք կարո՞ղ էք գնալ այն 36 տները, որտեղ զոհ ունեն ու ինչ-որ բան ասել, չէք կարող, ես էլ չեմ կարող: Զոհուածի ընտանիքին ի՞նչ ասես, ի՞նչ հարցնես, մօր աչքերին նայես ու ի՞նչ ասես, ինչպէ՞ս ասես, թէ իր որդու ձին որտե՞ղ թողեց իր բալին: Դուք գիտէ՞ք, թէ որտեղ թողեց...

Ցաւ Եւ Հպարտութիւն.  Ապրիլ 2-13 Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Արձանագրուած Կորուստները

Ցաւ Եւ Հպարտութիւն. Ապրիլ 2-13 Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Արձանագրուած Կորուստները

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուցած է այն կորուստները, որոնք արձանագրուած են 2-5 ապրիլին, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող հանգրուանին` մինչեւ 13 ապրիլ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «2-5 ապրիլի ժամանակաշրջանին հակառակորդին հետ անմիջական շփման գիծին մէջ տեղի ունեցած մարտական գործողութիւններուն ընթացքին զոհուած են 64 զինուորներ եւ 13 աշխարհազօրայիններ ու պահեստազօրայիններ` 15 սպաներ, 15 պայմանագրային զինուորներ, 34 ժամկէտային...

Նամականի

Անդրադարձ. Մեր Հերոս Ազգին Քաջարի Զինուորները

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Քանաքեռի կարի գործարանը զինուորական համազգեստի պակաս չունի եւ արդէն իսկ կ՛արտադրէ մեծ չափի մինչեւ թիւ 64 տարազներ, հազարաւոր կամաւոր ազատամարտիկներուն համար (տես https://youtu.be/uHmHLh9WUPs): Մեծ չափի համազգեստ կը պատրաստուի Քանաքեռի զինուորական համազգեստի գործարանը 3 Ապրիլ 2016-ին, հանգիստի ժամուն, լսելով զինակիցներուն ահազանգը եւ տեսնելով բլուրի ետեւէն բարձրացող թշնամիին ուղղաթիռը` շուրջ 40-50 մեթր հեռաւորութեան վրայ Նարեկ Մալխասեան նռնականերով վար կ՛առնէ զայն...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան Հայ Նահատակ Գրողներու Նուիրուած Երեկոյ Կազմակերպութեամբ Յունաստանի Համազգայինի Ատտիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղին, 2 ապրիլին Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան¬Սարաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 1915-ի ապրիլեան հայ նահատակ գրողներու նուիրուած երեկոյ «Կարմիր կիրակի» խորհրդանշական ընդհանուր խորագիրին տակ: Վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Ասատուր Եզեկիէլեան, որ բացատրեց օրուան ձեռնարկին նպատակը: Օրուան գեղարուեստական յայտագրին ընդմէջէն, մեղմ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, Սիմոն Ասիպեան եւ...

«Զօրակցինք Արցախին»

«Զօրակցինք Արցախին»

Պուլկարիա Նախաձեռնութեամբ`  Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, 8 ապրիլին Սոֆիայի «Երեւանեան» այգիին մէջ գտնուող խաչքարի մօտ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ ծաղիկներու զետեղում` ի յիշատակ Արցախի պաշտպանութեան համար վերջերս զոհուած մարտիկներուն: Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Նելլի Մաթեւոսեան յայտնեց, որ պուլկարահայ բոլոր կազմակերպութիւնները համատեղ յայտարարութիւններ ուղարկած են երկրի իշխանութիւններուն` պահանջելով դատապարտել Ազրպէյճանի ընթացքը: Աւստրալիա Ապրիլ 6-ին աւելի քան 400 հայորդիներ ներկայ գտնուեցան...

Խմբագրական.  1-5 Ապրիլ. Տեղեկատուական (Ե.)

Խմբագրական. 1-5 Ապրիլ. Տեղեկատուական (Ե.)

Արցախեան հակամարտութեան առաջին օրէն տեղեկատուական պատերազմը անդադար շարունակուած է. բնականաբար կայծակնային նախայարձակողականութեան առընթեր ծաւալ ստացաւ նաեւ այս ոլորտը: Առարկայական մօտեցումի համար ճիշդ պիտի չըլլար բաւարարուիլ հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն միջեւ ընթացող տեղեկատուական հակամարտութեան մասին խօսելով միայն: Առնչակից կողմեր կան այստեղ եւ յատկապէս միջազգային լրահոսը, որ լուրեր թողարկելու, զանոնք մեկնաբանելու, շրջագայութեան մէջ դնելու եւ ուղղակի-անուղղակի եղանակներով հանրային կարծիք ձեւաւորելու բազմաբնոյթ առաքելութիւններով...

Page 941 of 1110 1 … 940 941 942 … 1,110

Արխիւներ