Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՕՄ-ը Պատրաստ Է Զոհուած Ազատամարտիկներու Զաւակները Ամէն Գնով Հովանաւորելու», Կը Յայտնէ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Գարոլին Շմաւոնեան

April 18, 2016
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Caroline_41816Ստորեւ լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը` կատարուած ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ի խմբագրութեան կողմէ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գարոլին Շմաւոնեանի հետ: Բնականաբար կիզակէտը` Արցախի վերջին անցուդարձերն են եւ ՀՕՄ-ի կատարած եւ կատարելիք աշխատանքները.

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Արցախի վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ կարելի՞ է մանրամասնօրէն տեղեկացնել ՀՕՄ-ի գործունէութեան մասին:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Առաջին օրէն իսկ Հայաստանի մեր միաւորը կարողացած է հաւաքել մեծ քանակութեամբ հարկ եղած հագուստեղէն, գուլպաներ, բուրդէ ծածկոցներ եւ այլ պիտոյքներ, որոնք 210 ծրարներով ուղարկուած են զինուորական հիւանդանոցներ. յաջորդիւ, միատեղուած են դեղորայք եւ ուտեստեղէններ, որոնք նոյնպէս ուղարկուած են բանակին` բաժնելու համար ուր որ կարիքը կայ:

Բազմաթիւ ընտանիքներ վտանգուած շրջաններէ փոխադրուած ըլլալով ապահով վայրեր` ՀՕՄ-ի ընկերուհիներու անձնական ջանքերով, ստացած են թէ՛ դրամական, թէ՛ հարկ եղած ուտեստեղէնի, հանդերձանքի, առողջապահական եւ այլ անմիջական կարիքները գոհացնող օգնութիւնը:

Մեր ընկերուհիները կը շարունակեն այցելել զինուորական հիւանդանոցները` ապահովելով հոն բժշկական խնամքի տակ եղող վիրաւորներուն այլազան կարիքները, ըստ պահանջի, նոյն ատեն ցուցաբերելով իրենց քրոջական ու մայրական գթառատ սէրն ու գուրգուրանքը:

Հ.- Ընկերային ծառայութեան գծով ալ, ստեղծուած է բարդ կացութիւն: Ի՞նչ են դժուարութիւնները:

Պ.- Առաջին հերթին թշնամի հրթիռներու թիրախ դարձած ու աւերուած աւաններու անտուն մնացած ընտանիքներու առժամեայ տեղաւորման եւ, ընկերային պետական ծառայութիւններուն կողքին, բարեգործական ու մարդասիրական կազմակերպութիւններու ջանքերով, անոնց ֆիզիքական թէ հոգեկան կարիքներուն հասնելու հարցն է: Այս մարզէն ներս ՀՕՄ-ի 106-ամեայ Փորձառութիւնը դեր ունի կատարելիք, եւ ամէն մէկ ՀՕՄ-ուհի կը գիտակցի այդ իրողութեան ու, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, պատրաստ է իր վրայ դրուած պարտականութիւններուն տէր կանգնելու:

Այս ուղղութեամբ արդէն աշխատանք կը տարուի սփիւռքի մեր կառոյցներուն կողմէ` գաղութներու ներուժը ի սպաս դնելու հայրենի վնասուած շրջաններու վերակառուցման եւ վերաշխուժացման` միշտ գործակցելով եւ մնալով հայրենի իշխանութիւններու տրամադրութեան տակ:

Հ.- Արցախի եւ Հայաստանի ՀՕՄ-ի մարմինները միասնաբար կը գործեն եւ վստահաբար կարիքը ունին սփիւռքի օժանդակութեան: Այս գծով առաջնահերթութիւններ կա՞ն, որոնց լուծման համար պէտք է որ շտապ գործի լծուիլ:

Պ.- Հայ օգնութեան միութիւնը 26 երկիրներու իր համահայկական միջազգային կառոյցով կը գործէ որպէս միակամ միութիւն, սփիւռքեան եւ հայրենի իր բոլո՛ր միաւորներով: Նշեցի արդէն առաջնահերթ այն հարցերը, որոնց շտապ լուծումները կը կարօտին Արցախի եւ Հայաստանի մեր կառոյցներուն հետ համադրեալ աշխատանքի, որ արդէն իսկ առաջին օրէն կը գործադրուի ըստ երկու հանրապետութիւններու իշխանութիւններուն ցուցմունքներուն:

Նշենք, որ Արցախի մեր հայրենակիցները, իրենց զինեալ ուժերով, ներկայ մեր աշխատանքներու բերմամբ, աւելի ամուր եւ ապահով կը զգան ի տես այն իրողութեան, թէ իրենց կողքին կանգնած է ամբո՛ղջ մէկ ազգ, միացեա՛լ կամքով եւ ուժով: Հայրենի մեր միաւորները կ՛այցելեն հիւանդանոցներ, ուր կը խնամուին վիրաւոր զինուորներ, որոնց կը մատուցեն հարկ եղած առողջապահական, սննդային եւ այլ պիտոյքներ` ըստ կարիքի: ՀՕՄ-ուհիները, իրենց նախաձեռնութեամբ ու սեփական միջոցներով’, ապրիլ 3-ին սննդամթերք ու հագուստ հասցուցած են Թալիշի, Մադաղիսի եւ Մարտակերտի բնակիչներու`մօտ 20 ընտանիք, շուրջ 100 անձերէ բաղկացած, որոնք ժամանակաւորապէս բնակութիւն են հաստատած Ստեփանակերտի եւ մօտակայ համայնքներու մէջ: Ապրիլի 6-ին Հայաստանի ՀՕՄ-ի միաւորի հաւաքած ներքնաշորեր ու գուլպաներ բաժնուած են հանրապետական հիւանդանոցի 210 վիրաւոր զինուորներու:

Ցայսօր, Արցախի շտապ օգնութեան համար կարելի եղած է հաւաքել 53,633 տոլար: Կարելի է նուիրատուութիւններ կատարել շրջաններու ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերուն, կամ այցելել.- http://ars1910.org:

Հոս տեղին է նշել թէ, «Սօսէ» մանկապարտէզի հանգանակութեան աշխատանքները կը շարունակուին, եւ բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2017-ին:

Հ.- Սահմանամերձ գիւղերու վերանորոգման առնչութեամբ աշխատանքներ կը կատարուի՞ն:

Պ.- Սահմանամերձ գիւղերու վերանորոգման հարցը, որ ներկայիս կ՛առնչուի զինադադարի անընդմէջ հաստատման հետ, նկատի առնելով ազերի ուժերու կողմէ պարբերաբար ի գործ դրուած խախտումները, կախեալ է հայրենի իշխանութիւններու ցուցմունքներէն: Հետեւաբար ամէն հաւանականութիւններու առջեւ պատրաստ գտնուելու համար ներկայիս կը բազմապատկենք ՀՕՄ-ի դրամահաւաքի աշխատանքները բոլո՛ր շրջաններէ ներս:

Հ.- Կը նշուի դիակներու փոխանակման մասին: Այս գծով, գործակցաբար Միջազգային կարմիր խաչին հետ, աշխատանքներ կը կատարուի՞ն եւ ու՞ր հասած է գործընթացը:

Պ.- Դիակներու փոխանակումը կը կատարուի երկու հակառակորդ կողմերու անձնակազմերու կողմէ, Միջազգային կարմիր խաչի եւ Կարմիր մահիկի հսկողութեան ներքեւ. միջազգային ընկալեալ օրինադրութեամբ, Հայ օգնութեան միութիւնը դուրս կը մնայ այդ շրջագիծէն: Ներկայիս, իր կանոնագրային իրաւասութիւններուն վրայ հիմնուած, ՀՕՄ-ը լծուած է իր մարդասիրական  աշխատանքներուն` հասցնելով իր օգնութիւնը հայրենի վնասուած շրջաններու բնակչութեան:

Այս նպատակով, շարունակելով սկսուած աշխատանքը, ՀՕՄ-ը, վերջերս, բանակայիններուն ուղարկեր է 60 ծածկոց, 150 ներքնաշոր եւ 150 զոյգ գուլպայ: Ապրիլ 7-ին, ՀՕՄ-ուհիներ այցելած են մանկաբուժարան` Մարտունիի շրջանէն երկու վիրաւոր մանուկներու, որոնց նուիրած են դրամական օգնութիւն ու զանազան նուէրներ: Յաջորդ օրը` ՀՕՄ-ի Հայաստանի միաւորէն ստացուած սննդամթերք, պահածոներ, քաղցրեղէններ եւ հագուստներ բաժնուած են Մարտակերտի շրջանի սահմանամերձ գիւղերու, ներկայիս` Ստեփանակերտ ապաստանած, շուրջ 290 բնակիչներուն: Նոյն երեկոյեան ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը 40 քիլոկրամ շաքարաւազ, 40 քիլոկրամ բրինձ, 20 քիլոկրամ հնդկաձաւար եւ 40 քիլոկրամ մաքարոն բաժնած է հետզհետէ բազմացող տարահանուած ընտանիքներու:

Հայաստանի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան կարգադրութեամբ, Ստեփանակերտ, Մարտակերտ եւ Մեխակաւան ուղարկուած են մեծ քանակութեամբ դեղորայք, սննդեղէն, հագուստեղէն, ծխախոտ, մոմ, լուսարձակներ ու տաք ծածկոցներ: ՀՕՄ-ուհիներ այցելեր են Գորիսի, Սիսիանի հիւանդանոցներուն մէջ բուժուող, նաեւ Երեւանի Մուրացանի անուան զինուորական հիւանդանոց տեղափոխուած վիրաւորներուն: Այս եւ նման աշխատանքներով կը շարունակուի, ու պիտի՛ շարունակուի, ՀՕՄ-ի բարեսիրական ազգանուէր գործունէութիւնը, մինչեւ որ հերոսական Արցախի այս վերջին մարտնչումներուն պատճառած վէրքերն ու ցաւերը հեռաւոր յուշ դառնան:

Հուսկ, ՀՕՄ-ը պատրաստ է զոհուած ազատամարտիկներու զաւակները ամէն գնով հովանաւորելու:

8b2b619e-17e1-4a56-a6a2-d710d31efdd5

 

 

 

 

 

 

 

38137488-7c09-4b9b-9a85-b34c89ae0cf5

8bdebc2d-c73a-48cb-a91c-aeefdf906c65

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Թեման Գերմանիայի Թուրք Գրողների Ստեղծագործութիւններում

Յաջորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Գիւղատնտեսութեան Առնչութիւնը Մեր Առօրեայ Կեանքին» Նիւթով

RelatedPosts

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»
Հարցազրոյց

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

January 12, 2026
«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հարցազրոյց

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 10, 2026
Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.