126 տարիներ առաջ, Թիֆլիսի մէջ գումարուած ժողովի մը մասնակից փոքրաթիւ այն մտաւորական երիտասարդները, որոնք հիմը դրին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, գիտէի՞ն արդեօք, որ պիտի գար օրը, երբ իրենց ցանած վտիտ տունկը պիտի մեծնար, ուռճանար, արմատ նետէր եւ ճիւղ արձակէր, ու վերածուէր հաստաբուն ու մշտադալար կաղնիի: Կը պատկերացնէի՞ն արդեօք, թէ Թիֆլիսի մէ՛ջ իսկ իր ժողովները գաղտնի գումարելու հարկադրանքին տակ գտնուող այս կուսակցութիւնը շուտով պիտի աճէր, տարածուէր եւ իր բացայայտ ու ազգանուէր գործունէութիւնը պիտի ծաւալէր աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն վրայ սփռուած 34 երկիրներու մէջ: Կը սպասէի՞ն արդեօք, որ օր մը շքեղ ու իր բարձր ճակատը վատին առջեւ խոնարհիլ չգիտցող այս կուսակցութիւնը իր ժողովուրդին սիրոյն եւ անոր գոյութիւնն ու պատիւը պաշտպանելու համար անհաւասար կռուի ելլէր ցարերու, սուլթաններու, խաներու եւ բոլոր տեսակի բռնակալներու դէմ: Ու վերջապէս, կ՛ակնկալէի՞ն արդեօք, որ Դաշնակցութիւնը պիտի ըլլար ա՛յն կուսակցութիւնը, որ հայութեան օրհասական եւ ճակատագրական մէկ պահուն իր շուրջ պիտի կարենար համախմբել ո՛ղջ հայութիւնը, դէպի ճակատ մղէր յուսալքուած, քայքայուած, բզիկ-բզիկ եղած ժողովուրդի բոլոր հատուածները, եւ հոն` պատերազմի դաշտին վրայ ճակատէ՛ն զարնէր թշնամին, դուրս շպրտէր զայն մեր հողերէն, բռնագրաւուած տարածք ազատագրէր եւ ազատ ու անկախ հայրենիք եւ պետականութիւն ստեղծէր:
Ո՞վ գիտէ: Ո՞վ գիտէ, թէ որքա՞ն բան կ՛ակնկալուէր այս կուսակցութենէն, իր հիմնադրութեան առաջին օրերուն: Փաստը ա՛յն է սակայն, որ հակառակ տարբեր ուղղութիւններով փչող բոլոր փոթորիկներուն` Դաշնակցութիւնը կայ, ողջ է եւ առողջ, հաստատ կը մնայ իր պաշտելի ժողովուրդին ծառայութեան պատուանդանին վրայ ու «կենդանի եմ, նորէն եկուր» կը գոռայ հայութեան եւ հայ ժողովուրդի բոլոր թշնամիներուն, իւրաքանչիւր հարուածէ ետք:
Ո՞ւր է այս կուսակցութեան ուժին եւ իր ունեցած հմայքին գաղտնիքը: Ինչպէ՞ս կարելի է գտնել զինք ամբողջ 126 տարի երիտասարդ ու կենսունակ պահող թալիսմանը: Այս հարցումներուն պատասխանը պէտք է փնտռել`
1.- Դաշնակցութեան կազմակերպուածութեան եւ տասնամեակներու ընթացքին բիւրեղացած անոր կանոնագրին տրամադրութիւններուն անշեղ գործադրման մէջ:
2.- Ինչպէս նաեւ` Դաշնակցութեան համաժողովրդային կուսակցութիւն ըլլալուն եւ մնայուն կերպով ժողովուրդի կամքին հարազատ արտայայտիչը հանդիսանալու իրողութեանց մէջ:
Այսպէս է, որ հայ ժողովուրդն ու Դաշնակցութիւնը կանգնած են կողք-կողքի, ամբողջ տասնամեակներ շարունակ եւ չեն լքած զիրար երբեք, լաւ թէ վատ օրերուն ու նոյնիսկ` պարտութիւններու ժամանակ:
Այսպէս է, որ հայութիւնը հարուածող իւրաքանչիւր փորձանքի ատեն բոլորին նայուածքը ուղղուած է Դաշնակցութեան, որ երբեք յուսախաբ ըրած չէ իր ժողովուրդը:
Որովհետեւ Դաշնակցութիւնը ետեւ նայող եւ իր անցեալի փառքերով յղփացողը չէ եղած:
Որովհետեւ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ գիտցած է լաւ դիտել դէպքերը, ճիշդ կշռել կացութիւնները եւ ունենալ համապատասխան դիրքորոշում` ըստ պայմաններուն եւ դէպքերու ընթացքին:
Որովհետեւ Դաշնակցութիւնը երբեք չէ վարանած զոհելու իր լաւագոյն տղաքը` հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան ի խնդիր:
Իսկ հայ ժողովուրդին դէմ ցցուած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները եղած են ու տակաւին կը մնան այնքան այլազան ու բազմակողմանի, որոնց դէմ յանդիման նոյնիսկ նիւթական եւ կազմակերպական լայն կարելիութիւններ ունեցող կառավարութիւններ անճրկած պիտի մնային հաւանաբար:
Սփիւռքի մեր իրականութեան մէջ Դաշնակցութիւնը, իր ուղեկից միութիւններուն հետ գործակցաբար, ամէն բանէ առաջ ունի հայը հայ պահելու խնդիր: Հայ աշակերտը դէպի հայկական դպրոց ուղղելու ու անոր առողջ եւ հայեցի դաստիարակութիւն ապահովելու հարց: Ասոր համար ալ, սակայն, անհրաժեշտ է սփիւռքի մէջ գործող հայկական մեր վարժարաններուն տալ նոր հմայք եւ քաշողական ուժ` իրաւամբ փաստելու համար, որ ճիշդ չեն իրենց զաւակներուն կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը օտար վարժարաններու վստահած ծնողներուն բոլոր վարկածներն ու պատճառաբանութիւնները:
Հայ ժողովուրդին հայկական դիմագիծի պահպանման առաջնահերթ անհրաժեշտութեան գծով Դաշնակցութեան ունեցած տեսակէտը աւելի պարզաբանելու նպատակով կ՛ուզեմ հոս յիշել դրուագ մը, որ 1980-էն մինչեւ այսօր ամուր կառչած կը մնայ յիշողութեանս մէջ:
Հանգուցեալ տոքթ. Բաբգէն Փափազեանը հրաւիրուած էր ԼԵՄ-ի «Փոթորիկ» մասնաճիւղի ընկերական մէկ ժողովին` ներկայացնելու համար «Թուրքիոյ աշխարհագրական դիրքին ռազմավարական կարեւորութիւնն ու թրքական բանակի զինական ուժը» խիստ հետաքրքրական նիւթը:
Մեր աւագ ընկերը իր իւրայատուկ ոճով բացատրեց, թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ աշխարհագրական դիրքը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիա լաւ գիտակցելով այդ դիրքի կարեւորութեան` գիտէ ինքզինք պարտադրել իր դաշնակիցներուն եւ բոլորին, իր տարածքներն ու օդակայանները օգտագործելու ՕԹԱՆ-ի ուժերուն արտօնութիւն տալով, տարեկան որքա՞ն զէնք ու զինամթերք կը ստանայ անոնցմէ, եւ թէ` ինչպէ՞ս իր այս խաղաքարտը շատ լաւ կը գործածէ զինակոչ զինուորականի կողքին, նաեւ քաղաքական հսկայ ձեռքբերումներ ապահովելու համար:
Միւս կողմէ, ընկերը ներկայացուց թրքական բանակի զինապահեստի հսկայ տարողութիւնը, եւ թիւերով յայտնեց, որ թրքական բանակը այսօր ունի այսքան գերարդիական օդանաւ, այսքան զրահաւոր պատերազմական նաւ, այսքան սուզանաւ եւ հրասայլեր ու թնդանօթներ, հեռահար հրթիռներ, ու զէնք, ու զինամթերք, զէնքի արդիական ճարտարարուեստ, ու այս բոլորին վրայ անհաշուելի թիւով բանակ, որ շրջանին մէջ հզօրագոյններէն մէկն է, եթէ ոչ` հզօրագոյնը:
Ընկերոջ բերնէն կախուած, անճրկած մտիկ կ՛ընէինք զինք: Կ՛ենթադրէինք, որ իր խօսքին մէջ պիտի կեդրոնանար Թուրքիոյ եւ անոր բանակին խոցելի կէտերուն վրայ: Այդպէս չըրաւ սակայն: Յուսալքուած, խորտակուած էինք բոլորս: Գաղափար չունէինք անշուշտ մեր զինապահեստի տարողութեան մասին, բայց զինուորական մասնագէտ ըլլալու ալ հարկ չկար ըմբռնելու համար, թէ մենք այդ ուժին հետ չէինք կրնար չափուիլ: Եւ երբ մեր ընկերը իր խօսքը աւարտելով «հարցումներ կա՞ն» ըսաւ, հարցում հարցնելու ո՛չ կարիք կար, ո՛չ ալ տրամադրութիւն:
Յանկարծ համեմատաբար աւելի յանդուգն մեր ընկերներէն մէկը ձայն ուզեց եւ հետեւեալը հարցուց.
– Ընկե՛ր Փափազեան, առանց կռիւ- պատերազմի մարդ-մարդու հող չի տար: Եթէ անոնց բանակը այսքան հզօր է, մենք ի՞նչպէս պիտի ճակատինք ասոնց դէմ:
Հոս Փափազեան ժպիտը դէմքին ըսաւ.
– Ես ուզեցի ձեզի այս նիւթը ներկայացնել, որպէսզի դուք ալ ճի՛շդ այս հարցումը ուղղէք:
Եւ ընկերը բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս մարդկութեան պատմութեան մէջ ուժերը յարափոփոխ են մնայուն կերպով, թէ ինչպէ՛ս պատմութեան մէջ այդ օրերու Թուրքիայէն շատ աւելի հզօր կայսրութիւններ փլած ու անհետ կորած են, թէ ինչպէ՛ս իր ժամանակին ամբողջ աշխարհը ցնցուեցաւ Ասորական կայսրութենէն ոչինչ մնացած է այսօր, ինչպէ՛ս անցած գացած են յունական, հռոմէական, սասանեան կայսրութիւնները իրենց տեղը թողնելով փոքր երկիրներ միայն: Թէ ինչպէ՛ս նոյն տրամաբանութեամբ եւ ժամանակի բնական ընթացքով այսօրուան գերպետութիւններն ալ դատապարտուած են նոյն ճակատագրին: Թուրքիան ալ պիտի իյնայ օր մը անկասկած, ըսաւ ընկերը: Կարեւորը, սակայն, մինչեւ այդ օրուան գալը հայը հայ ու Հայ դատը կենդանի պահելն է, եզրակացուց ընկերը:
Այս դասախօսութենէն 11 տարիներ հազիւ անցած` 1991-ին ամբողջ աշխարհը զարմանքով լսեց Խորհրդային Միութեան փլուզման լուրը: Աշխարհը զարմացաւ, բայց չզարմացան անոնք, որոնք Փափազեանի դասախօսութիւնը լսելու բախտը ունեցած էին ժամանակին:
Ճիշդ այս պատճառով ալ հայրենի հողէն դուրս ապրող հայութիւնը ամէնուրեք հայապահպանման, հայը օտարամոլութենէ, օտարացումէ եւ ձուլումէ զերծ պահելու, երիտասարդութիւնը հայկական եկեղեցիին, հայ դպրոցին եւ հայկական մեր միութիւններուն ամուր կառչած պահելու հրամայականը իր առօրեայ հիմնահարցերէն մէկը կը նկատէ Դաշնակցութիւնը: Եւ գիտնալով հանդերձ, թէ որքան դժուար է յաղթահարել սփիւռքեան դաժան պայմանները, ոչ մէկ ճիգ կը խնայուի այդ ուղղութեամբ:
Դէմ չենք եղած երբեք, եւ այսօր ալ դէմ չենք արդիականացման, ժամանակակից եւ արդի արհեստագիտութեան ընձեռած բոլոր բարիքներէն օգտուելու գաղափարին, այնքան ատեն որ այս բոլորը կը ծառայեն որպէս միջոց` մեր հաւաքական նպատակներուն հասնելու, մեր խօսքը աւելի լայն շրջանակի մէջ լսելի դարձնելու եւ մեր Դատին ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու համար: Անհրաժեշտ է սակայն, որ հայ երիտասարդը ունենայ քաղաքական հասուն ձիրք եւ առողջ ըմբռնում` զատորոշելու համար ճիշդը սխալէն, ըսուելիքը չըսուելիքէն եւ օգտակարը վնասակարէն:
Սփիւռքի մեր կառոյցները ընդհանրապէս եւ Լիբանանի մեր գաղութը մասնաւորաբար առաւել եւս ամրացնելու նպատակով հարկ է զարկ տալ մարդուժի պատրաստութեան գործին: Պէտք է գիտնանք ուղղել մեր երիտասարդութիւնը` մասնագիտանալու այնպիսի ասպարէզներու մէջ, որոնց անհրաժեշտութիւնը կը զգանք եւ պակասը ունինք: Կարելի չէ պատկերացնել, որ լիբանանեան մեր կառոյցը, որ տասնամեակներ շարունակ աշխարհով մէկ սփռուած սփիւռքի մեր գրեթէ բոլոր գաղութներուն տրամադրած է տնօրէն, ուսուցիչ, խմբագիր, կուսակցական գործիչ, այսօր ինք կը տառապի մասնագիտացած եւ արհեստավարժ մարդուժի պակասէ` կարգ մը մարզերու մէջ:
Ճիշդ է, որ սփիւռքը ինքնանպատակ չէ, սակայն մեզի համար հզօր սփիւռք մը նաեւ հզօր Հայաստան եւ հզօր Արցախ կը նշանակէ:
Անհրաժեշտ է, որ Դաշնակցութիւնը հո՛ս նաեւ հիմնական դերակատարութիւն ունենայ` ոչ միայն յստակացնելու մեզի համար կենսական նկատուող մասնագիտական ճիւղերը, այլ նաեւ հարկ եղած դիւրութիւնները ընծայելու մեր երիտասարդութեան` համալսարանական վկայականներով զինուելու, իրենց արդար եւ արժանի դիրքերը գրաւելու պետական թէ անձնական հաստատութիւններու մէջ, եւ այսպիսով ալ սատար հանդիսանալու թէ՛ Լիբանանի եւ սփիւռքի մեր կառոյցներուն ամրապնդման աշխատանքներուն եւ թէ՛ Լիբանանի, Հայաստանի ու Արցախի բարգաւաճման գործընթացներուն:
Այլ ուղղութեամբ, այս օրերուն տեղի ունեցող թուրք մտաւորականութեան մէկ մասին զգուշաւոր զարթնումով եւ Թուրքիոյ հայկական գաղութին հետզհետէ աւելի բարձր հնչող պահանջատիրական ելոյթներով, Թուրքիոյ մէջ գործունէութեան նոր կարելիութիւններ կ՛ուրուագծուին Դաշնակցութեան համար: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումները, Հռոմի Ֆրանչիսկոս Ա. պապին Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սիսի կաթողիկոսական կալուածներուն իրենց իրաւատիրոջ` հայ ժողովուրդին վերադարձուելու գծով բացած դատը աննախընթաց երեւոյթներ եղան մեր իրականութեան մէջ: Անհրաժեշտ է պահանջատիրական նոյն թափով ալ շարունակել մեր պայքարը յառաջիկայ տարիներուն: Միւս կողմէ, սակայն, Թուրքիոյ հայկական գաղութին եւ անոր ներկայացուցիչներուն հետ գործակցութեան որեւէ աշխատանքէ առաջ անհրաժեշտ է լաւ ճանչնալ գաղութը, խորապէս քննել ընձեռնուած կարելիութիւններն ու հաւանական անպատեհութիւնները, ծրագրուած աշխատանքին Հայ դատին բերելիք շահն ու վնասը, ինչպէս նաեւ` Թուրքիոյ մեր գաղութին եւ անոր ներկայացուցիչներուն ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը, եւ ապա միայն գիտական առողջ վերլուծումով որոշել մեր ընելիքը:
Գալով Հայաստանին, ծանօթ է բոլորին, որ 1988-ի օգոստոսին գումարուած ՀՅԴ-եան 24-րդ Ընդհանուր ժողովը որոշում կայացուցած էր արցախեան պայքարին ամբողջութեամբ նուիրուելու եւ յայտնած` Դաշնակցութեան վճռակամութիւնը այս գծով: Նոյն ժողովը, հանգուցեալ Հրայր Մարուխեանի բերնով, «Դէպի Երկիր» կոչը կ՛ուղղէր Դաշնակցութեան շարքերուն: Դաշնակցութիւնը որոշած էր իր գործունէութիւնը հունաւորել այդ ուղղութեամբ եւ իր ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դնել հայրենիքի բարգաւաճման եւ զարգացման սրբազան գործի յաջողութեան: Օրին, հակառակ Դաշնակցութեան անկեղծ տրամադրութիւններուն եւ Հրայր Մարուխեանի բազմաթիւ առիթներով գործակցութեան ձեռք երկարելուն հայրենի իշխանութիւններուն, անոնք մերժեցին գործակցիլ Դաշնակցութեան հետ:
Այսօր 28 տարիներ անցած են այդ սեւ օրերէն, եւ ուրախութեամբ կ՛արձանագրենք, որ շատ բան փոխուած է Հայաստանի պետական գործելաոճին եւ քաղաքական մտքի զարգացման զոյգ ոլորտներուն մէջ: Դաշնակցութիւնը 1998-էն ի վեր արդէն վերադարձած է Հայաստան եւ մեծ թափով ան դարձեալ լծուած է իր մասնակցութիւնը բերելու հայրենակերտման գործին` վայելելով մեծ յարգանք եւ վստահութիւն:
Վերջերս ժողովրդային հանրաքուէով վաւերացուած սահմանադրական փոփոխութիւնները կու գան փաստելու, որ ճիշդ էին Դաշնակցութեան տեսակէտներն եւ Հայաստանը աւելի բարգաւաճ ու յառաջադէմ երկրի մը վերածելու մասին Դաշնակցութեան ունեցած պատկերացումները:
Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան միջեւ ստորագրուած քաղաքական համագործակցութեան համաձայնագիրն ալ կու գայ աշխատանքի նոր էջ մը բանալու մեզի համար:
Վերջերս, անդրադառնալով Արցախի մէջ բռնկած անցեալ շաբթուան պատերազմին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան իրաւամբ կը յայտարարէր, թէ` «Ուժը հրասայլերու թիւին մէջ չէ, այլ` այն հաւատքին, որ կայ հայ ժողովուրդին մէջ»: Նոյն տրամաբանութեամբ ալ Դաշնակցութեան համար ուժը ո՛չ Հայաստանի Ազգային ժողովի մէջ դաշնակցական պատգամաւորներու թիւին եւ ոչ ալ կառավարութեան մէջ դաշնակցական նախարարներու թիւին մէջ է: Այդպէս չէր երէկ, այդպէս ալ չէ այսօր ու պիտի չըլլայ երբեք: Դաշնակցութեան ուժը իր առաջադրած գաղափարներու վեհութեան մէջ է, ու իր հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ տածած անսահման սէրն ու անոնց պաշտպանութեան ի խնդիր իր գերագոյնը զոհաբերելու պատրաստակամութիւնը:
Ճիշդ է, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու եւ Դաշնակցութեան առաջարկներու որդեգրումով Հայաստանը կը բռնէ իսկապէս ժողովրդավար, արդիական եւ յառաջադէմ երկրի մը վերածուելու ճիշդ ուղին: Կը մնայ, որ միասնական ճիգերով կտրուի արտագաղթի թափը, վերացուին շուկայական առանձնայատկութիւնները եւ ի սպառ ջնջուին ախտավարակ բոլոր երեւոյթները, որոնք անցեալ տարիներուն բոյն դրած էին մեր երիտասարդութեան մէջ:
Եւ վերջապէս, հասնելով Արցախ, Դաշնակցութիւնը ինչպէս արցախեան ազատագրական պայքարի առաջին օրերուն, եւ ինչպէս միշտ, պատրաստ է անվարան կանգնելու Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ բանակին կողքին` անոնց տրամադրելով այն ամէն ինչ, որուն պէտքը կը զգացուի:
Ինչպէս երէկ` արցախեան ազատագրական պայքարի առաջին օրերուն, Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեանի իսկ վկայութեամբ, Դաշնակցութիւնը առաջին հասնողը եղաւ Արցախ, այնպէս ալ այսօր Դաշնակցութիւնը ընդհանրապէս եւ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը մասնաւորաբար, ապրիլ 1-ի գիշերուան Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումին առաջին իսկ ժամերուն կապ կը հաստատէր Արցախի հետ` իր ամբողջ կարողականութիւնը դնելով Արցախի կառավարութեան եւ բանակին տրամադրութեան տակ: Մեզմէ զէնք ու զինամթերք չուզուեցաւ, «Շատ ունինք», ըսին: Մեզմէ ուզուածը դիւանագիտական եւ լրատուական լայն արշաւի մը դիմելն էր` սրբագրելու համար Ազրպէյճանի կատարած ապաքարոզչութիւնը եւ զոհը որպէս դահիճ ներկայացնելու անոր ծրագրուած աշխատանքները հանրային կարծիքին մօտ: Անմիջապէս լիբանանեան պատկերասփիւռի 3 կայաններէ պատուիրակութիւններ ղրկուեցան Արցախ` ներկայացնելու համար մեր տեսակէտը եւ Ազրպէյճանի իսկական դիմագիծը: Հաղորդագրութիւններ յղուեցան լիբանանեան մամուլին` ճշգրիտ տեղեկատուութիւն տրամադրելու եւ հարցին բուն էութիւնը բացատրելու համար: Ձեռնարկուեցաւ նաեւ օտար դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն այցելութեանց շարքի մը, որ տակաւ ընթացքի մէջ է:
Գիտենք, որ այսքանը բաւարար չէ, եւ ասով ալ հարցը փակուած կարելի չէ նկատել: Դժբախտաբար զինադուլը շատ խախուտ է, իսկ մեր թշնամին ալ` մեզի լաւ ծանօթ. նոր չէ, որ պիտի ճանչնանք զինք:
Ուստի կը հաւատանք, որ լիբանանահայութիւնը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ պէտք է պահէ ինքզինք` յաջորդող օրերուն Արցախ հասցնելու նիւթական թէ բարոյական ամէն տեսակի նուիրաբերում: Կոտրուած է թշնամիին կամքը, բայց վերաշինութեան հսկայ աշխատանքի կարիք կայ մեր առջեւ, որուն դէմ յանդիման անտարբեր չէինք կրնար մնալ մենք:
Ու այսպէս, սիրելինե՛ր,
Եթէ ճակատագրի խաղով ստիպուած եղած ենք դարեր ամբողջ, մեր երկիրը պաշտպանել մեր արեամբ, պէտք է ընդունինք նաեւ, որ մենք ալ դիւրութեամբ այդ ճակատագրի քմահաճոյքներուն յանձնուողը չենք եղած:
Բնական է, որ պահ մը տարուինք մտածելու, թէ Դաշնակցութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ այսքան ծանր բեռը վերցնել իր ուսերուն, եւ կրնա՞յ արդեօք այսքան բան իրագործել դժուարին այս օրերուն: