ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կան թուականներ, որոնք չեն մոռցուիր, նոյնիսկ երբ անոնք սրբագրուին կամ նիւթաբարոյական համապատասխան հատուցում ստացած ըլլան:
24 ապրիլ 1915-ը այդ թուականներէն մէկն է: Թուական մը, երբ թուրքը օգտուելով Ա. Համաշխարհային պատերազմի նպաստաւոր պայմաններէն, երբ ամբողջ աշխարհը զբաղած էր իր անձնական խնդիրներով, կանխամտածուած եւ նախածրագրուած ձեւով, պետական մակարդակի վրայ եւ ամենայն վայրագութեամբ ձեռնարկեց հայ ժողովուրդի բնաջնջման: Ժողովուրդ մը ամբողջ` իր մեծով ու փոքրով, տեղահան եղաւ իր դարաւոր հայրենիքէն եւ քշուեցաւ դէպի անապատ:
Պատմական զարմանալի զուգադիպութիւն: Կը յիշէք 1915-ի 100-ամեակի ոգեկոչումներէն տարի ու մէկ ամիս առաջ մարտի վերջերը, ապրիլի սկիզբը այդ միեւնոյն սեւ թուականներէն մէկն էր հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, երբ միջազգային թէ շրջանային խառնաշփոթ կացութեան մէջ, սուրիական բախումներու թոհուբոհին պայմաններէն օգտուելով, Թուրքիա ուղղակի մեղսակից է հայկական Քեսապի ռմբակոծումներուն եւ իրադարձութիւններուն:
Թուրքիան ուղղակի խրախուսեց վայրագ ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ զինեալներուն մուտքը հայկական Քեսապ` տեղահանութիւն պատճառելով ամբողջ անմեղ բնակչութիւն մը:
Այսօր դարձեալ պատմութեան զարմանալի զուգադիպութեամբ, ապրիլ 24-ի ոգեկոչումներէն մօտաւորապէս ամիս մը առաջ արցախեան ռազմաճակատներուն վրայ թուրք ազրպէյճանական վայրագ ահաբեկչական խմբաւորումներու եւ ռազմատենչ բանակին կողմէ կատարուած լայնածաւալ յարձակումները հայութեան յիշողութեան մէջ դարձեալ արթնցուցին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ հայութեան դառն փորձառութիւնը: Այո՛, թուական մը, որ դարձեալ պիտի չմոռցուի: Միջազգային հանրութիւնը ականատեսը եղաւ կանխամտածուած եւ նախածրագրուած ազրպէյճանական պետական ահաբեկչական եւ օտար վարձկաններու գործողութիւններու շարքի մը, որոնք բազմաթիւ անմեղ քաղաքացիներու կեանքը խլեցին` ոտնահարելով պատերազմական բոլոր միջազգային նորմերը, բազմաթիւ գիւղաքաղաքներ, դպրոցներ, հրապարակներ ռմբակոծեցին. տուեալ փաստերուն եւ լուսանկարներուն առջեւ ո՞ւր է միջազգային հանրութիւնը, ո՞ւր է քաղաքակիրթ աշխարհը, ո՞ւր է Եւրոմիութեան մարդկային իրաւանց բարձրագոյն ատեանը, ո՞ւր են հեղինակաւոր միջազգային լրատուամիջոցները, ինչո՞ւ լուռ են ի տես այս ահաբեկչական խմբաւորումներու եւ անկարգապահ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ կատարուած բարբարոսութիւններուն եւ վայրագութիւններուն կապակցաբար:
Եթէ Փարիզի եւ Պրիւքսէլի մէջ կատարուած ոճրագործութիւնները դատապարտելի էին, հապա Թալիշի մէջ եղած վայրագութիւնները ի՞նչ են, պարոնա՛յք: Ո՞ւր է աշխարհը, ո՞ւր է արդարութեան ձայնը, բարեբախտաբար` «Մենք ենք մեր սարերը»: Որովհետեւ առաջին անգամը չէ, որ մենք առանձին ենք եւ միջազգային հանրութիւնը լուռ է, լուռ էր Սումկայիթի եւ Կիրովապատի (Գանձակ, Ա.) վայրագութիւններու օրերուն, աւելի ճիշդը` շահագրգռուած էր Ազրպէյճանի նաւթա-տոլարներով, քան թէ ուրիշ բանով:
Թէեւ միջազգային հանրութենէն անգամուան մը համար եւս կը պահանջենք ամէնէն խիստ ոճով դատապարտել Ազրպէյճանը եւ համապատասխան պատժամիջոցներ տնօրինել, սակայն իրականութեան մէջ շատ մեծ գրաւ պէտք չէ դնել միջազգային ընտանիքի ամչկոտ փորձերուն, գաղջ կեցուածքներուն եւ անողնայար յայտարարութիւններուն վրայ: Այսօր հարկաւոր է մեզի, բոլոր ժամանակներէն աւելի, անզիջող կեցուածք ցուցաբերել, որովհետեւ մենք բազմիցս ապացուցեցինք, որ գիտենք նահատակուիլ մեր սրբազան հողերուն համար, գիտենք զոհուիլ մեր հայրենիքին համար, եւ բնաւ պիտի չարտօնենք, որ մեր հերոս զինծառայողներուն արիւնը բանակցութիւններու ընթացքին սակարկութեանց առարկայ դառնայ: Ազգովին կոչ կ՛ուղղենք մեր ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստանին եւ հայ ժողովուրդի դարերու բարեկամ ռուս ժողովուրդին, որպէսզի դադրեցնեն զէնքի վաճառքը թուրք ազրպէյճանական անկարգապահ բանակին, որոնք իրենց արկածախնդրութիւններով ամբողջ տարածաշրջանի անդորրը խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն:
Ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղենք ԵԱՀԿ-ի կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն, որպէսզի իրենք իրենց կազմէն դուրս շպրտեն կողմնակալ եւ անկանխատեսելի Թուրքիան:
Սակայն, եթէ նոյնիսկ հակառակը պատահի եւ միջազգային հանրութիւնը չարձագանգէ, միեւնոյնն է` «Մենք ենք մեր սարերը» եւ մերն է Ղարաբաղը. մեր զինուած ուժերու մարտունակութիւնը եւ անգերազանցելիութիւնը բնաւ պայմանաւորուած չէ այս կամ այն երկրի կողմէ Ազրպէյճանին տրամադրուած զէնքերէն:
Ճիշդ է` մենք ունեցանք թանկագին կորուստներ, զոհեր, որոնց յիշատակին առջեւ պէտք է ազգովին խոնարհիլ, որովհետեւ անոնք անհաւասար մարտերու ընթացքին ետ շպրտեցին գերարդիական զէնքերով օժտուած ահաբեկչական խմբաւորումները եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը` յանուն հայրենեաց երկրի, յանուն ազգի, ընտանիքի, ժողովուրդի արժանապատուութեան եւ անվտանգութեան:
Համայն հայութեան թիւ մէկ պարտաւորութիւնն է այսօր ամբողջական կերպով սատար հանդիսանալու Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեանց կառավարութիւններուն բոլոր իմաստներով` նիւթական, բարոյական, ֆիզիքական եւ քաղաքական: Աշխարհով մէկ պէտք է զօրաշարժի ենթարկենք մեր ազգի ամբողջ ներուժը` ամբողջկան կերպով թիկունք կանգնելու մեր բոլոր զինուած ուժերուն, մեր հրամանատարութեան, Արցախի առաջին գիծի վրայ կանգնող ազատամարտիկ զին ծառայողներուն, որոնք կեանքի գնով կը պահեն ու կը պաշտպանեն Արցախի անառիկութիւնը:
Համայն հայութեան պարտաւորութիւնն է հայկական զինուած ուժերու հրամանատարութեան առաջնորդութեամբ Ապրիլի առաջին օրերուն պատահած համազգային այդ ողբերգութիւնը վերածել ազգային անվտանգութեան արդի ռազմավարութեան: Մեր զոհուած ազատամարտիկներու թափած արեան իւրաքանչիւր կաթիլը, մեր զոհուած զինծառայողներու ծնողներու թափած իւրաքանչիւր արցունքի կաթիլը, ոչ թէ միայն պէտք է իմաստաւորուի, այլեւ պէտք է հիմնական հենքը, խարիսխը դառնայ նոր նուաճումներու, արցախեան պատերազմի ընթացքին կիսատ մնացած գործը իր արդար աւարտին հասցնելու ուժին, կամքին:
Արդարեւ, 1915-ի Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը անցեալ տարի յատկանշուեցաւ զանազան շատ կարեւոր հանգամանքներով.
– Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիրով,
– Հայոց ցեղասպանութեան զոհ մեծ եղեռնի մէկուկէս միլիոն նահատակներու սրբադասմամբ,
– Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսքոս Պապի` մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին կատարած աննախընթաց հոգեհանգստեան արարողութեամբ,
– 2015 ապրիլ 24-ին ամէնէն բարձր մակարդակի` նախագահներու եւ այլ ներկայացուցիչներու Ծիծեռնակաբերդ ներկայութիւնը եւ զանազան նոր երկիրներու ճանաչումները 1915 իրողութեան, նոր թափ տուին Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին,
– Մէկ խօսքով, վերահաստատեցինք ազգովին մեր իրաւունքներուն պահանջատիրութեան անժամանցելիութիւնը:
– Ինչպէս որ համահայկական հռչակագիրին մէջ ամրագրուած է, վերահաստատեցինք Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի յանձնառութիւնը` շարունակելու միջազգային պայքարը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու իրաւունքներու վերականգնման եւ պատմական արդարութեան հաստատման համար:
Իսկ ի՞նչ պէտք է ընել:
100-ամեակի յաջողութիւններէն եւ նախաձեռնութիւններէն ետք յաւելեալ թափով եւ կազմակերպուածութեամբ, յաւելեալ մասնագիտութեամբ եւ պատրաստուածութեամբ, յաւելեալ յանձնառութեամբ եւ նուիրումով պիտի շարունակենք պայքարը, հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը Թուրքիոյ այլամերժ իշխանութիւններուն դէմ, որովհետեւ Թուրքիոյ դէմ մեր պայքարը նախ եւ առաջ գերազանցապէս լինելութեան պայքար է:
Այս տրամաբանութեան հիմքը ո՛չ ամբոխավարութիւն է, ո՛չ երիտասարդական խանդավառութիւն, ո՛չ ալ ենթակայական մղումներ, այլ` զուտ ազգային հաւաքական կամքի, կուսակցական, քաղաքական յանձնարարութեան դրսեւորում` ի տես շրջանային եւ միջազգային աշխարհաքաղաքական արագընթաց ռազմավարական զարգացումներուն, որոնք կը թելադրեն հայկական քաղաքական գործօնի հզօրացումն եւ կիրարկումը:
Հարկ կա՞յ վերյիշեցնելու, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կը մնան հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի թէ Արցախի թիւ 1 թշնամիները:
Հարկ կա՞յ վերյիշեցնելու, որ Թուրքիա բռնագրաւուած կը պահէ Արեւմտահայաստանը, շրջափակումի ենթարկած է Հայաստանը, կը շարունակէ ժխտողական քաղաքականութիւնը 1915-ի Ցեղասպանութեան կապակցաբար: Կը ծաւալէ բոլոր ճակատներու վրայ անխնայ հակահայ լայնածաւալ քարոզչութիւն, կ՛օժանդակէ եւ կը հրահրէ ազրպէյճանական ռազմատենչ քաղաքականութիւնը:
Խորապէս համոզուած ենք, որ Թուրքիա ուշ կամ կանուխ պիտի փլուզուի, պիտի հասկնայ աւելի կանուխ քան ուշ, որ այնքան ատեն որ տակաւին կը շարունակէ ոտնահարել իրաւազուրկ ժողովուրդներու կենսական արդար իրաւունքները եւ չի սրբագրեր իր արիւնոտ անցեալը, աշխարհաքաղաքական ներկայ գործընթացներով Թուրքիոյ խորտակումը պիտի դառնայ անխուսափելի եւ ինք լաւ գիտէ այդ, բայց հիմնականը թէ մե՛նք ի՞նչ պատրաստուածութեամբ, կազմակերպուածութեամբ եւ յանձնառութեամբ պատրաստ պիտի ըլլանք իբրեւ երիտասարդութիւն վերցնելու այդ մարտահրաւէրը. մեր ուզածը ոչ ոք սխալ չհասկնայ, անպայման Թուրքիոյ խորտակումը չէ, այլ` անվարան մեր իրաւունքներուն ձեռքբերումը, որովհետեւ արդի ժամանակներու իրաւազուրկ ժողովուրդներու ասկէ ետք ընձեռած կարելիութիւնները` լրատուական, տեղեկատուական, արհեստագիտական, յարաբերական եւ քաղաքական, որոնք կրնան ծունկի բերել հզօր կայսրութիւն մը, որոնք մէկ օրէն միւսը նոր կացութիւն մը կրնան ստեղծել: Այսօրուան արդի աշխարհին մէջ ուժերու յարաբերակցութիւնը կրնայ մէկ օրէն միւսը շրջուիլ: Թուրքիոյ մէջ այսօր արդէն անհակակշռելի դարձած են ներքին խլրտումներուն օղակը, անհակակշռելի կրնան դառնալ ազգային արդար պահանջները` հայերու, քիւրտերու, ալեւիներու եւ ուրիշներու, պիտի բազմապատկուին (CAMP ARMEN-ի) կամ (ZARTONK-ի) նման շարժումներու տեսակը, ըլլա՛ն անոնք քաղաքական, ընկերային թէ հասարակական շարժումներ, որոնք ուղղակի պիտի բախին Անգարայի նոր սուլթանի իշխանութիւններուն հետ:
Թուրքիա, եթէ իր քաղաքականութիւնը վերատեսութեան չենթարկէ, այո՛ մինչեւ իսկ իր
շինծու եւ այլ ժողովուրդներու արիւնով գծուած սահմանները կրնան խնդրոյ առարկայ դառնալ:
Թուրքիա, առաջին հերթին, պէտք է հրաժարի ծայրայեղականներուն եւ յանցագործ վայրագ ահաբեկչական խմբաւորումներուն, որոնց վերջին հետքերը Թալիշի մէջ առկայ են, անոնց ապահով ապաստան եւ թիկունքային լայն հնարաւորութիւն տրամադրելու քաղաքականութենէն, զանոնք օգտագործելու համար հետագային, պէտք է հրաժարի ծաւալապաշտական նկրտումներէն շրջանի այլ երկիրներու, որոնք բուն պատճառը դարձան այսօր շրջանի մէկէ աւելի երկիրներու արիւնահոսութեան եւ պատերազմական վիճակներու: Թուրքիոյ վարչապետը երբ արտաքին գործոց նախարար էր յայտարարած էր, հարեւաններուն հետ զերօ խնդիր ունենալու քաղաքականութիւնը: Սակայն այսօր իր հարեւաններուն հետ զերօ խնդիր ունենալու փոխարէն` ան ունի բազմաթիւ խնդիրներ` Չինաստանի, Իրանի, Հայաստանի, Կիպրոսի, Յունաստանի, Սուրիոյ եւ յատկապէս այսօր` Ռուսիոյ հետ:
Այսուամենայնիւ, մենք բնաւ չենք ժխտած հայ-թրքական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, սակայն հայ-թրքական տագնապը պէտք է լուծել ըստ էութեան, այսինքն` Սեւրի դաշնագրի տրամաբանութեան վրայ, ինչ որ կ՛ենթադրէ ամբողջութեամբ ընդունիլ զայն լուծելու պատասխանատուութիւնը եւ վճռակամութեամբ ստանձնել անոր քաղաքական եւ իրաւական հետեւանքները:
Քաղաքական այս կեցուածքներուն գինը ինչ կ՛ուզէ` թող ըլլայ, հայ պահանջատէր քաղաքական միտքը բնաւ պիտի չզիջի Արցախի անկախութենէն` ազատագրուած տարածքներով, Արեւմտահայաստանի հողային պահանջատիրութենէն, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացէն:
Միջազգային հանրութիւնը ինչ կ՛ուզէ` թող ըսէ կամ ընէ, «Մենք ենք մեր սարերը», մենք մեր բազուկներով պիտի պաշտպանենք մեր ինքնութիւնը, մեր սահմանները, մեր արժանապատուութիւնը եւ ի հարկէ` մեր անկախութիւնը:
Հետեւաբար հայութեան համար հողային պահանջատիրութիւնը, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ իրաւաքաղաքական եւ նիւթաբարոյական հատուցումը, Սեւրի դաշնագրի վերականգնումը կը մնան առաջնահերթութիններուն առաջնահերթութիւնը:
Ոչ ոք թող չտատամսի կամ ինքնիրեն հարց տայ, թէ պահանջատիրութիւն, նիւթաբարոյական հատուցում, հողերու վերականգնում կամ Արեւմտահայաստանի վերատիրացում որո՞ւ համար է եւ ինչո՞ւ համար է, մանաւանդ երբ տակաւին Հայաստանի մէջ չենք կասեցուցած արտագաղթը, երբ տակաւին պատկառելի չափով չենք կարողացած վերաբնակեցնել Արցախը եւ նոյն տրամաբանութեամբ եթէ ըսողներ կան, որ լաւ պայմաններու մէջ ապրող եւ սպառողական շռայլ ընկերութեան բարիքներուն վարժուողները կը ձգե՞ն օր մը ու կ՛երթա՞ն խոպան հողերու վրայ նոր կեանք կը սկսին: Կապ չունի:
1915-ի Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումներուն առիթով վերստին հաստատենք վերահաստատուածը, որ բռնագրաւուած հողերը նախ կը պահանջուին պարզապէս անոր համար, որ անոնք մեր սեփական հողերն են, եւ մեր արդար իրաւունքն է զայն պահանջել: Երկրորդ` այդ հողերը կը պահանջուին հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի անվտանգութեան, արժանապատուութեան, անկաշկանդ գոյատեւման, ինքնուրոյն նկարագրի կերտման ու մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին համար: Եւ ոչ ոք ապագայ սերունդներու հաշուոյն կրնայ կամ իրաւունքը ունի տկարանալու կամ մէկ թիզ հող իսկ զիջելու, բացարձակապէ՛ս:
Այսօր հայկական իրականութեան մէջ իւրայատուկ տեղ ունի թրքահայութեան կազմակերպական եւ մշակութային զարթօնքը, ինչպէս նաեւ` համշէնահայութեան, Թուրքիոյ եւ Արեւմտահայաստանի ամբողջ տարածքին ապրող բռնի ուժով իսլամացուած հայերու պարագան, որոնց թիւը կ՛ըսուի, թէ շուրջ 4 միլիոն է, սա կը նշանակէ, որ մեր պապենական հողերուն վրայ տակաւին ունինք մեծ թիւով հայրենակիցներ, ինչ որ առիթ կու տայ գործունէութեան նոր դաշտի, ինչ որ կը սարսափեցնէ թուրք այլամերժ սուլթանները:
Իսկ վերադառնալով Արցախին, տրուած ըլլալով, որ համայն հայութեան ուշադրութիւնը դարձեալ կեդրոնացած է Արցախ-Ազրպէյճանսահմանագօտիին վրայ Պաքուի կողմէ շղթայազերծուած քառօրեայ պատերազմի հետեւանքներուն մասին:
Թուրք ազրպէյճանական Թալիշի, Մարտակերտի, Մատաղիսի շրջաններուն մէջ կիրարկած պետական ահաբեկչական գործողութիւններուն, ոճրագործութիւններուն դէմ, եւ ընդհանրապէս Արցախի եւ Հայաստանի դէմ շղթայազերծուած լայնածաւալ յարձակումներուն դիմակայելու համար հարկաւոր է համազգային զօրաշարժ, համահայկական ճիգերու գերլարում եւ համայն հայութեան յանձնառու մասնակցութիւնը` ի խնդիր Արցախի անկախութեան ապահովման:
Հայութեան անպարտելիութիւնը իր համախմբուածութեան մէջ է իրօք: Մեր բոլոր զինուած ուժերուն անգերազանցելիութիւնը հայութեան միասնականութեան մէջ է եւ ոչ թէ` Եւրոմիութեան կամ ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն մէջ:
Այսօր ամէն ինչ դէպի Արցախ կարգախօսի տակ կատարուող նիւթական, բարոյական, ֆիզիքական համընդհանուր աջակցութեանց զուգահեռ, անյետաձգելի նախադրեալ է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միջեւ ռազմավարական դաշինքի մը ստորագրութիւնը` իբրեւ առաջին քայլ դէպի անկախութիւն եւ զոյգ Հանրապետութեանց անվտանգութեան հիմնական երաշխիք:
Այսօր անյետաձգելի եւ անխուսափելի է Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն` հարցի կարգաւորման բանակցային գործընթացին ուղղակի մասնակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի շրջագիծէն ներս: Ուրիշ խօսքով, համընդհանուր ուժերու լարումով արտաքին ճակատի վրայ հնարաւոր բոլոր միջոցներով պէտք է ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը: Ոչ մէկ զիջում, ոչ ալ` այլ տարբերակներ, ըլլան անոնք Մատրիտեան, Քիուեսթեան կամ ընդհանուր պետութիւն հասկացողութիւնները, որոնք ի տես ապրիլեան պատերազմին` փաստօրէն չեն երաշխաւորեր արցախահայութեան անվտանգութիւնը:
Արցախի ազատամարտիկ բանակայինները, քաջարի երիտասարդ զինծառայողները կը պաշտպանեն մեր Արցախի անառիկ լեռները, մեր սրբազան դիրքերը խրամատներուն մէջ, անոնք կը պաշտպանեն նաեւ Հայաստանի գոյութիւնը, որովհետեւ առանց Արցախի անառիկ լեռներուն` Հայաստանը դիւրաբեկ է: Անոնք կը պաշտպանեն մեր հպարտութիւնը, արժանապատուութիւնը, անվտանգութիւնը, այո՛ մեր ազգը:
Մենք վճռած ենք ապրիլ ամէն գնով:
Որոշած ենք բարի եւ կառուցողական յարաբերութիւն ունենալ մեր բոլոր հարեւան երկիրներուն հետ.
Բայց նաեւ վճռած ենք աշխարհով մէկ տէր կանգնիլ մեր անժամանցելի, իրաւունքներուն, հնաւանդ մեր ամբողջական հայրենիքին` Արցախին, Ջաւախքին ու Արեւմտահայաստանին, մեր արժանապատուութեա՛ն:
Վճռած ենք տէր կանգնիլ Արցախի ռազմաճակատներուն վրայ նահատակուած տղոց անմար յիշատակին եւ մեր մէկուկէս միլիոնի անմեռ կտակին: