«Հայկական Փողոց»
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Ուրբաթ Օրերը Աշխատանքը Կը Դանդաղի» Պուէնոս Այրես, Արժանթին: Մայիս 2016: Իջեւանած պանդոկիս ճաշարանին մէջ մէկ կողմէ կը նախաճաշեմ, միւս կողմէ, համակարգիչին ետեւ նստած, կը փորձեմ քայլ պահել իրենց հերթը սպասող շատ մը գործերուս հետ: Այդ կացութեանս մէջ չանդրադարձայ, որ տարեց մարդ մը մօտեցաւ ինծի եւ սպաներէն հետս զրուցեց, թէեւ չհասկցայ իր ըսածը, բայց ուզեցի իր ժպտուն, բարեկամական...




















