Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքապետական Ընտրութիւնները Մեր Ետին

June 22, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ

IMG-20160620-WA0003

Ընտրական պայքարներէ եւ զանազան արշաւներէ ետք, քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները վերջ գտան, եւ ներկայիս պատասխանատու բոլոր մարդիկ պարտաւոր են աշխատելու եւ իրագործելու իրենց խոստումները:

Առաջին հերթին կը շնորհաւորենք ներքին գործոց նախարարութիւնը եւ իր վարչամեքենան, որ հեզասահ աշխատանքով աւարտեց այս գործը, որուն պիտի յաջորդեն երեսփոխանական ընտրութիւնները: Հետեւաբար այս աշխատանքին յաջող ընթացքը պիտի օժանդակէ երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպման:

Կը շնորհաւորենք քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն յաջողած բոլոր թեկնածուները, յատկապէս` լիբանանահայ թեկնածուներն ու Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետները, քաղաքապետական խորհուրդներն ու թաղապետները, որոնք վստահաբար պիտի աշխատին իրենց շրջանները աշխուժացնելու եւ բարգաւաճեցնելու նպատակով:

Իբրեւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի պատասխանատու անդամ` անհրաժեշտ կը նկատեմ այս ընտրութիւններուն իգական սեռին մասնակցութեան եւ յաջողութեան համեմատութիւններուն ակնարկել:

Այս տարուան քաղաքապետական եւ թաղապետական  ընտրութիւններուն յաջողած լիբանանցի կիներուն թիւը հասած է 599-ի, ինչ որ 15 առ հարիւրով բարձրացած կը նկատուի, եթէ զայն բաղդատելու ըլլանք 2010-ի ընտրութիւններուն հետ, երբ յաջողած էին 520 կիներ:

Պատկերը հետեւեալն է.

2016
2010

Ընդհանուր յաջողութիւն 599 կիներ 520 կիներ
Ընդհանուր մասնակցութիւն 1342 կիներ 1080 կիներ

ՊԷՅՐՈՒԹ

2016 – Յաջողած են 3 կիներ, մասնակցողներու թիւ` 21
2010 – Յաջողած են 3 կիներ, մասնակցողներու թիւ` 10

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆ

2016 – Յաջողած են 227 կիներ, մասնակցողներու թիւ` 478
2010 – Յաջողած են 164 կիներ, մասնակցողներու թիւ` 367

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ

2016 – Յաջողած են 138 կիներ, մասնակցողներու թիւ` 279
2010 – Յաջողած են 229 կիներ, մասնակցողներու թիւ` 449

ՊԵՔԱԱ

2016 – Յաջողած են 49 կիներ, մասնակցողներու թիւ` 124
2010 – Յաջողած են 45 կիներ, մասնակցողներու թիւ` 92

ՆԱՊԱԹԻԷ

2016 – Յաջողած են 29 կիներ, մասնակցողներու թիւ` 87
2010 – Յաջողած են 20 կիներ, մասնակցողներու թիւ` 61

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ

2016 – Յաջողած են 80 կիներ, մասնակցողներու թիւ` 185
2010 – Յաջողած են 59 կիներ, մասնակցողներու թիւ` 101

ԱՔՔԱՐ

2016 – Յաջողած են 73 կիներ, մասնակցողներու թիւ` 168

Այս թիւերը տեսնելով` կ՛արժէ հարց տալ, թէ արդեօք կիներուն ներկայութիւնը քաղաքապետական գործունէութեան մէջ բաւարա՞ր է, թէ՞ ոչ:

Բնական է, որ մեր պատասխանը ըլլայ «ոչ», որովհետեւ կան զանազան տուեալներ, որոնք բացայայտօրէն ցոյց կու տան այս ժխտական արդիւնքներուն դրդապատճառները:

Պէտք է յիշենք, որ քաղաքապետական աշխատանքին մէջ շրջանները զարգացնելու, բարգաւաճեցնելու, ինչպէս նաեւ կենսոլորտը առողջ միջավայրի մը վերածելու իմաստով կիները մեծ դերակատարութիւն կրնան ունենալ` իրենց շինիչ գաղափարներով եւ վճռական որոշումներով, յատկապէս` ներկայիս տիրող քաղաքական տագնապալից օրերուն, երբ աղբերու լուծումը իր վերջնական լուծման տակաւին չէ հասած: Կիները կրնան քաղաքապետարանները վերածել իրենց երկրորդ տան եւ հոն մեծ աշխատանք տանիլ:

Ուրեմն թուենք այն պատճառները, որոնց համաձայն, ընտրութեան մասնակցած մեծ թիւով իգական սեռի ներկայացուցիչներուն յաջողութեան տոկոսը քիչ եղած է:

– Հաւանաբար, որովհետեւ տակաւին կայ այն մտայնութիւնը, որ կինը ստորադաս կը նկատուի, իսկ այր մարդիկ` գերադաս, ինչպէս նաեւ` այն իրականութիւնը, որ պատասխանատու դիրքերը պէտք է այր մարդու տրամադրուին:

– Ընտրութիւններուն շատ մը քաղաքացիներ թերացան իրենց քաղաքացիական պարտականութեան մէջ եւ, հետեւաբար, չմասնակցեցան ընտրութեան:

Ի՛նչ ալ ըլլան պատճառները, սակայն, այս բոլորը դրական երեւոյթներ չեն կնոջ համար, որովհետեւ լիբանանեան սահմանադրութեան համաձայն, բոլոր մարզերուն մէջ այր եւ կին հաւասար իրաւունքներ ունին: Աւելի՛ն. այս առումով Լիբանան յանձնառու է ՄԱԿ-ի ուխտին եւ Մարդկային իրաւունքներու յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ` ՍԻՏԱՈՒ-ի ուխտի գործադրութեան:

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը ասկէ ետք պիտի աշխատի իր նոր ծրագիրներու գործադրութեան ի խնդիր: Նոր ծրագիրներուն մաս կը կազմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մխայպերի կողմէ խորհրդարան ներկայացուած օրինագիծը, որուն համաձայն, լիբանանցի կնոջ իրաւունք կը տրուի նոյնիսկ ամուսնութենէ ետք, ըստ անձնաթուղթի, չսահմանափակուիլ միայն իր ամուսնոյն պատկանած շրջանին մէջ գործելու կարելիութեամբ, այլ իրաւունքը ունենալու` իր թեկնածութիւնը առաջադրելու իր ծննդավայրի քաղաքապետական աշխատանքներուն մէջ:

Մարտահրաւէրները շատ են, սակայն պէտք չէ տատամսիլ եւ յուսահատիլ: Յարատեւօրէն շարունակենք մեր աշխատանքը, պայքարինք կնոջ դէմ բանեցուող խտրականութեան դէմ, որովհետեւ ժամանակը հասած է, որ կինը հզօրանայ եւ համարձակութիւնը ունենայ մասնակցելու բոլոր ընտրութիւններուն:

Նաեւ ժամանակն է, որ հանրային կեանքին եւ ընկերային շրջանակներուն մէջ կինը այր մարդուն հետ հաւասարապէս ունենայ իր ամբողջական իրաւունքները, եւ քաղաքական կեանքին մէջ կինը ըլլայ պատասխանատու դիրքերու վրայ:

 

 

Նախորդը

Լերան Երկու Կողմերը (*)

Յաջորդը

Թուրքիան Օրինակ Մըն Է Եւ Ոչ` Օրինակելի Տիպար Մը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.