Աբրահամ Գասպարեանի «Ներքաղաքական
Գործընթացներուն Իրողութիւնները
Մերձաւոր Արեւելքի Մէջ Է» Աշխատութիւնը
Յանձնուեցաւ Ընթերցողին Դատին
Հրատարակուեցաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան Առաջին լրատուականի ծառայութեան աւագ մեկնաբան, հեռուստալրագրող, քաղաքական գիտութիւններու թեկնածու, Երեւանի պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի դոցենտ Աբրահամ Գասպարեանի «Ներքաղաքական գործընթացներու իրողութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ է» ժողովածուն: Այս մասին տեղեկացանք մամուլէն: Աշխատութիւնը կը ներառէ թեմաթիք դասախօսութիւններ Մերձաւոր Արեւելքի պետութիւններու ներքաղաքական գործընթացներու, տարածաշրջանի վրայ միջազգային դերակատարներու ազդեցութեան, քաղաքական հովանաւորութեան, իսլամութեան քաղաքականացման մասին: Այն կ՛ընդգրկէ Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական պատմութիւնը յետգաղութային շրջանէն մինչեւ 21¬րդ դարու առաջին տասնամեակը:
Ժողովածուի հեղինակը սահմանափակուած է այս ժամանակահատուածով, որովհետեւ 2011¬էն ետք տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ զարգացումներուն մասին դրական գնահատական տալու համար փաստական եւ գիտական նիւթի պակաս կայ: Աբրահամ Գասպարեանի խօսքով, 8 գլուխէ բաղկացած աշխատութիւնը այնպէս մը շարադրուած է, որ 8-րդ գլուխը անհնար է հասկնալը` առանց առաջինը կարդալու: «Մինչեւ 2011 թուականը այս նիւթը, այսպէս ըսուած, այնպէս մը կ՛եփէի մէջս` մօտաւորապէս մէկ ու կէս տասնամեակ անընդհատ հետեւողական կերպով: Ընդամէնը պէտք էր մէկ կայծ, որ, պայմանականօրէն կոչենք, «Արաբական գարունն է, որմէ ետք այդ ամէնը պէտք էր յանձնուէր թուղթին», նշեց հեղինակը:
Ըստ «Արմենփրէս»-ի լրատուական գործակալութեան տնօրէնին, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արամ Անանեանի, տարածաշրջանը, որուն անդրադարձած է հեղինակը, այսօր համաշխարհային իրադարձութիւններու կիզակէտին է: Իրադարձութիւններ, որոնք չէին կրնար իրենց ազդեցութիւնը չունենալ նաեւ մեր վրայ: «Մերձաւոր Արեւելքը այն տարածաշրջանն է, ուր հոծ հայ բնակչութիւն կայ, Ցեղասպանութիւնը վարապրողներն են, մեր աւանդական համայնքները: Ի հարկէ, բոլոր քաղաքական զարգացումները եւ վերիվայրումները անմիջական ազդեցութիւն կ՛ունենան թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ հայ ժողովուրդին վրայ», նշած է ան: Արեւելագիտութեան դպրոցը Հայաստանի մէջ միշտ ալ զարգացած եղած է, սակայն յետխորհրդային շրջանին մէջ սերունդներուն փոփոխութիւնը լուրջ հարցեր յառաջացուց: Քաղաքագէտ Սերգէյ Մինասեանը կը կարծէ, որ Աբրահամ Գասպարեանի այս աշխատութիւնը այդ բացը կը լրացնէ:
«Արի Տուն» Ծրագիրը Անգամ Մը Եւս
Միախմբեց Սփիւռքահայ Պատանիները
Սփիւռքի երիտասարդներու «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագրի առաջին հանգրուանին Հայաստանի մէջ միախմբուած են 63 պատանիներ, որոնցմէ շատեր Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայեր են, իսկ միւսները եկած են`՛ Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Պիելոռուսիայէն եւ Թուրքմենիստանէն:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այս առիթով լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ այս տարի ծրագիրը առանձնայատուկ է անով, որ նուիրուած է Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին:
«Ուրախ եմ, որ այս ծրագիրը այսքան լայն տարածում գտաւ սփիւռքի մէջ, ճամբարը իւրօրինակ ջերմութիւն եւ ուժ կու տայ փոքրիկներուն, այնտեղ կրնանք տարբեր երկիրներէ եկած փոքրիկներու համար ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ, որ անոնք կապուին իրարու հետ: Այս տարուան ծրագիրը նախորդ ծրագիրներէն տարբեր էր անով, որ օգոստոսին Հայաստան պիտի գան նախորդ տարիներու մեր մասնակիցները, որոնք արդէն չափահաս դարձած են. տեսնենք` անոնք ի՞նչ պիտի յիշեն, ի՞նչ պիտի առաջարկեն, որքանո՞վ այս ծրագիրը ազդեցութիւն գործած է իրենց հայ մնալուն վրայ: Իսկ յաջորդ առանձնայատկութիւնը այն է, որ այս տարի զօրամասային ծրագիրը աւելի խորքային եւ երկարատեւ պիտի ըլլայ», նշած է նախարարը:
Ռուսիոյ Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքէն այս ծրագրին մասնակցող 14-ամեայ Արշամ Թամազեան առաջին անգամը չէ, որ Հայաստան կ՛այցելէ: «Ես այստեղ ապրած եմ, հետագային տեղափոխուած ենք Ռուսիա: Եկած եմ, որ հայրենիքս տեսնեմ, կարեւորը` չմոռնամ զայն, նոր ընկերներ ունենամ: Կը մտածեմ` գոնէ ամէն ամառ այցելեմ Հայաստան, որ չմոռնամ երկիրս, լեզուս, հակառակ անոր որ դպրոցին մէջ աշակերտներուն 40 առ հարիւրը հայեր են եւ անոնց հետ հայերէն կը խօսիմ, տունն ալ», լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է Արշամ:
Ճորճ Մէյխանաճեան, որ Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած է, հաստատած է, որ հայրենիքը ամէն պարագայի նախընտրելի է: «Այո՛, մեր տունը քանդուեցաւ, բայց ոչինչ, այստեղ աւելի լաւ է, մեր շրջապատը շատ լաւ է: Առաջին անգամն է, որ Հայաստան կ՛այցելեմ, եւ շատ ուրախ եմ, կ՛ուզէի նոյնիսկ աւելի կանուխ եկած ըլլալ: Հայաստանի մէջ մարդիկ շատ լաւ են, աւելի լաւ, քան` Սուրիոյ մէջ: Հոս բոլորը քրիստոնեայ են, սակայն կայ մէկ տարբերութիւն, որ Սուրիոյ մեր գաղութի զաւակներուն հաւատքը աւելի ամուր է», յայտնած է պատանին:
Յովհաննէս Հինդլեանի Նուիրուած
Միջազգային Երկօրեայ Գիտաժողով
Մայիս 26-ին, սկսաւ Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին նախաձեռնած միջազգային երկօրեայ գիտաժողովը` նուիրուած մեծագոյն մանկավարժ Յովհաննէս Հինդլեանի ծննդեան 150-ամեակին: Ձեռնարկը կազմակերպած էին համալսարանի «Սփիւռք» գիտական-ուսումնական կեդրոնը, հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան, մասնագիտական կրթութեան եւ կիրառական մանկավարժութեան ամպիոնները:
Գիտաժողովը հովանաւորած են համալսարանը եւ Նիւ Եորքի Պոլսահայ օգնութեան միութիւնը:
Սփիւռքէն ներկայ էին բազմաթիւ հիւրեր, ուսուցիչներ, կրթական գործի կազմակերպիչներ: Արտասահմանեան մասնակիցները նախ ընդունուեցան համալսարանի նախագահ Ռուբէն Միրզախանեանին կողմէ, որ ներկայացուց մանկավարժական համալսարանի կրթական ուղղութիւնները, ժամանակակից նորարար մօտեցումները:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարի անունով գիտաժողովին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուսի Զաքարեանը: Ան մաղթեց արդիւնաւոր աշխատանք եւ ընդգծեց մանկավարժական հաւատքի համահայկական իւրայատկութիւնը, որ քիչ կը պատահի մեզի: Եւ իրաւունք ունէր. միայն սփիւռքէն մասնակցած էին Կարապետ Տաքէսեանը` Ֆրանսա, Սիլվա Գույումճեանը եւ Արտաշէս Մարկոսեանը` Թուրքիա, Ռոզիթա Եուսեֆեանը` Արժանթին, Արմէն Քիւրքճեան` Քանատա, Հրայր Ճէպէճեանը` Կիպրոս, Գաբրիէլ Սուլթանեանը` Անգլիա, Այտա Մինասեանը, Թորոս Թորանեանը` Սուրիա եւ ուրիշներ:
Բացման իր հանգամանալից խօսքին մէջ համալսարանի ուսումնագիտական հարցերու գծով փոխնախագահ Սրբուհի Գէորգեանը ծանրացաւ Յ. Հինդլեանի մանկավարժական հսկայական վաստակին եւ մատնացոյց ըրաւ այն ուղղութիւնները, որոնք որդեգրած է նաեւ մանկավարժական համալսարանը: Իրենց զեկուցումներուն մէջ ելոյթներու եւ քննարկումներու ժամանակ մասնակիցները բացայայտեցին Յովհաննէս Հինդլեանի մեծութիւնը ո՛չ միայն իր ժամանակին մէջ այլեւ` ժամանակէն դուրս, հաստատեցին անոր տիրական ներկայութեանը, անոր մանկավարժական հայեացքներուն կենսունակութիւնը նոյնիսկ մեր օրերուն, ինչը թերեւս այս գիտաժողովի գլխաւոր առանձնայատկութիւնն էր:
Զեկուցումներուն զգալի մէկ մասը նուիրուած էր ժամանակակից կրթական մեթոտաբանութեան ընկալման ակունքներուն եւ նորովի ճանաչողութեան, որոնք ներկայացուցին` Կարապետ Տաքէսեանը, Այտա Թոփուզեանը, Ճուլիէթա Գիւլամիրեանը, բոլորն ալ` Հայաստանէն:
Յ. Հինդլեան արուեստագէտ-մանկավարժի եւ գիտնականի էութիւնը առանձնացուցին Սուրէն Դանիէլեանը եւ Աշոտ Գալստեանը, իսկ մանկավարժի տիպարի համակողմանի վերլուծութեամբ հանդէս եկաւ Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէն Սիլվա Գույումճեանը, որուն խօսքին մէջ մասնաւորաբար տողանցեցին ինչպէս Հինդլեանի հիմնադրած «Նոր դպրոց»-ի, այնպէս ալ ցայսօր Կեդրոնական վարժարանի գիտամեթոտական հարուստ աւանդոյթը, որուն իրականացման մէջ մեծ է իր` տնօրէնի երեսուն տարիներու հսկայական աւանդն ու դերակատարութիւնը:
Առանձնակի համ ու հոտ հաղորդեց գիտաժողովին Թորոնթոյէն եկած հինդլեանցի Արմէն Քիւրքճեանը, որուն յուշերուն կծիկը վերականգնեց Յ. Հինդլեանի օրերու մթնոլորտն ու շունչը:
Յ. Հինդլեանի կրթական գործունէութեան մոտելի, համայնագէտ-մանկավարժի, անոր հայեացքներուն իւրայատկութիւններուն մասին ծանրացան զեկուցաբերներ Գայեանէ Խալաթեանը, Լաուրա Ասատրեանը, Նայիրա Տողանեանը:
Քրիստոնէական աստուածաբանութեան ժամանակակից խորքային համեմատականներով աչքի ինկաւ Հրայր Ճէպէճեանը, որ նոր լուսարձակ բացաւ Յ. Հինդլեանի մանկավարժութեան եւ քրիստոնէական արժէքներու հին եւ նոր գնահատումներուն մէջ:
Արեւմտահայ մեծ մանկավարժի հայաստանեան ներկայութիւնը դարձաւ Տաւուշի մարզի Կայան աւանին մէջ հիմնուած Յ. Հինդլեան գիտամեթոտական կեդրոն-վարժարանը, որուն մասին հանգամանալից կերպով պատմեց Հայաստանի մէջ «Հինդլեան դպրոց» ծրագիրի համակարգող Լեւոն Լաճիկեանը:
Մայիս 27-ին գիտաժողովի մասնակիցները մեկնեցան Կայան աւանի Յովհաննէս Հինդլեանի անունը կրող դպրոց: Զինուորական համազգեստով աղջիկներուն պարը մէկ անգամէն զգաստացուց. այստեղէն կը սկսի հայրենիքը, այստեղ բոլորը սահմանապահ են, այս փոքրիկները ամէն օր կը լսեն կրակոցի ձայները եւ կը յաղթահարեն իրենց ապրած մարդկային տագնապը:
Տնօրէնին ողջոյնի խօսքէն եւ գիտաժողովի կազմակերպիչ Սուրէն Դանիէլեանի` մասնակիցներուն ներկայացնելէն ետք սկսաւ երրորդ եւ վերջին նիստը, որ կը վարէր Կիպրոսէն Հրայր Ճէպէճեանը: Ան նախ իր յուզումն ու հիացումը արտայայտեց այս դպրոցին մէջ գիտաժողով իրականացնելու գաղափարին համար, գնահատեց նախորդ օրուան ելոյթները, ապա հրաւիրեց զեկուցաբերները, որոնք թիւով վեց էին:
Գայեանէ Աղուզումցեանի խօսքին մէջ շեշտուած էին Հինդլեանի մանկավարժական նպատակներէն երջանկութեան սկզբունքները, որոնք տարաւ ու հասցուց եւրոպական մտածողութեան ձեւաւորման շրջան: Քնարիկ Աբրահամեան իր զեկոյցը կառուցեց Հինդլեանի ուսուցչապետի եւ մարդու` գրամշակութային գնահատութիւններու համակարգին նոր ձեւաւորման անհրաժեշտութեան պահանջին շուրջ:
Արմինէ Դալլաքեանը յարմար գտաւ ուշադրութիւն դարձնել «Նոր դպրոց»-ի ժամանակակից մեկնաբանութիւններուն, իսկ Արմէն Յարութիւնեանը աշակերտներուն գեղագիտական դաստիարակութեան մէջ փորձեց տեսնել Հինդլեանի առաքելութիւնը` կենցաղէն, մաքրասիրութենէն մինչեւ գեղագիտական ընկալում: Զարուհի Ասատրեանի եւ Ելենա Գրիգորեանի համահեղինակութեամբ զեկոյցը կը շօշափէր դպրոցի եւ ընտանիքի համակցուած գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, որ Հինդեանի համար կրթական կենսական նշանակութիւն ունէր: Նոյն բարոյագիտական դաստիարակութեան ծիրին մէջ կը քննէր Հինդլեանի մանկավարժական իւրայատկութիւնները Սուսան Սիսեանը:
Քննարկումներէն ետք իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Սուրէն Դանիէլեան բարձր գնահատեց այս միջազգային գիտաժողովը, նշեց զեկուցումներուն գիտամեթոտական ընդունելի մակարդակը եւ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին:
Սփիւռքահայ Կամաւորներ Այցելած Են
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի Գլխաւոր Կեդրոնը
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան գլխաւոր կեդրոնին մէջ հիւրընկալուեցան արտերկրէն եկած 20-30 տարեկան հայ երիտասարդ կամաւորներ, որոնք պատրաստ են մասնագիտական իրենց հմտութիւնները Հայաստանի մարզերուն մէջ կիրարկելու: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան կամաւորներուն ծանօթացուցած է ընկերութեան գործունէութեան գլխաւոր գործառոյթներուն, հիմնարար արժէքներուն, ինչպէս նաեւ` ընկերային պատասխանատուութեան քաղաքականութեան:
2004 թուականէն ի վեր, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի աջակցութեամբ, «Դէպի Հայք» հիմնադրամը կազմակերպած է 32 երկրէ Հայաստան եկած հայ մասնագէտներու կամաւոր աշխատանքը` Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ: Հայաստանի մէջ յաջողելու Ռալֆ Երիկեանի օրինակը այն գործօններէն է, որոնք հետաքրքրութիւն կ՛առաջացնեն սփիւռքահայ երիտասարդներու մօտ` Հայաստան գալու եւ տարբեր նախագիծներու մասնակցելու հարցին մէջ:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի մէջ չափազանց կը շեշտեն եւ կը քաջալերեն սփիւռքահայ երիտասարդներու` հայրենիքը բացայայտելու ցանկութիւնը: Այստեղ, սակայն, առաւելապէս շեշտուած է այն մօտեցումը, որ Հայաստանը լաւագոյնս ճանչնալու համար պէտք է երկիրը դիտել ո՛չ թէ զբօսաշրջիկի աչքերով, այլ` հայրենիք այցելել աւելի կարեւոր նպատակով. Հայաստանը ընկալել իբրեւ վայր մը, ուր կարելի է ծաւալել մասնագիտական գործունէութիւն կամ ընկերային տարբեր թիրախային խումբերու ուղղուած ծրագիրներուն կամաւորագրուելով` սեփական աւանդ ունենալ երկրի զարգացման հարցին մէջ: Բացայայտել Հայաստանը` կը նշանակէ անոր մասնիկը դառնալ, զգալ երկրի ոգին, անմիջական շփման միջոցով ծանօթանալ անոր բնակիչներուն, ճանչնալ անոնց ապրելակերպն ու առօրեան: Կարեւոր է նաեւ լաւ յարաբերութիւններ հաստատել տարեկիցներու հետ եւ ստեղծել անձնական եւ գործնական ամուր կապեր:
«Ողջունելի եւ խոստմնալից է այն, որ տուած էք այս որոշումը եւ այցելած էք հայրենիք: Ո՛ւր ալ ապրին հայերը, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, անոնք պէտք է հոգ տանին երկրին տնտեսական առաջընթացին եւ բարօրութեան: Մենք բոլորս պէտք է ըլլանք հաստատակամ, հետեւողական եւ աշխատասէր: Յաջողութեան կը հասնին անոնք, որոնք կը ձգտին ստանալ շօշափելի արդիւնք: Մենք կրնանք յաջողիլ, եթէ առաջնորդուինք լաւատեսութեամբ եւ մեր երկրի հանդէպ անձնական եւ գործակցական պատասխանատուութեան զգացումով», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:
Աւարտին կամաւորները կիսուած են Հայաստանի մէջ ստացած իրենց տպաւորութիւններով: Ռալֆ Երիկեանի հետ հանդիպումը ընդգրկած է տարբեր նիւթեր: Կազմակերպուած քննարկումը օգնած է երիտասարդներուն` առաւել սպառիչ պատկերացում կազմել առեւտուրի կառավարման եւ ղեկավարման սկզբունքներուն մասին:
«Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»-ը Հայաստանը
Ներառած Է Զբօսաշրջիկներուն Համար
Ամէնէն Փափաքելի Վայրերուն Ցանկին Մէջ
«Նեշընըլ Ճիոկրեֆիք»-ը զբօսաշրջիկներու այցելութեան համար առանձնացուցած է 10 երկիրներ, որոնց ցանկը կը գլխաւորէ Հայաստանը:
Խորհրդային Միութեան անկումէն ետք Հայաստանը` կովկասեան այս փոքր երկիրը, յաճախ կը կամրջուի հակամարտութիւններու հետ: Հակառակ ղարաբաղեան սահմանին վրայ ժամանակ առ ժամանակ արձանագրուող փոխհրաձգութիւններուն, Հայաստան այսօր ապահով է, զբօսաշրջութիւնը կը բարգաւաճի: Քիչեր գիտեն, որ Հայաստան առաջին երկիրն է, որ ընդունած է քրիստոնէութիւնը` իբրեւ պետական կրօն: Քրիստոնէական եկեղեցիները զարդարուած են որմնանկարներով, որոնցմէ շատեր ոչնչացուած են, Գեղարդի վանքի փորագրուած քարէ առիւծները եւ Սանահինի խաչքարերը աշխարհի հնագոյն երկիրներէն մէկուն ստեղծարար ուժին ապացոյցն են: Բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ հիմնականին մէջ կը կեդրոնանան մայրաքաղաք Երեւանի վրայ, մինչդեռ երկրի առաւել տպաւորիչ վայրերէն մէկը ժայռերու մէջ տեղակայուած Գորիսն է:
«Նեշընըլ Ճիոկրեֆիք»-ի ցանկին միւս երկիրներն են` Նիքարակուան, Նեփալը, Իրանը, Ուզպեքիստանը, Ալպանիան, Արեւելեան Թիմորը, Վրաստանը եւ Թունուզը: