Անցեալ ապրիլին ազդանշանը տրուեցաւ Արա Ազատի «Ժամանում/ժամանում» ցուցահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Պոսթընի կեդրոնական շրջանի @artlery160 սրահին մէջ: Այս առթիւ, ցուցադրուեցան Ազատի Արա Ազատի ծրարով հասցէագրուած եւ նամակատարով առաքուած գործերը:
Այս գծով, աւելի քան քսան տարուան ընթացքին, Ազատ նամակատարով ղրկած է աւելի քան 140 գործեր, զանազան հասցէներու:
Հետաքրքրականը այն է, որ պարզ միջոցներով, առանց յաւելեալ ծրարման եւ ապահովագրական միջոցառումներու, Ազատի առաքած գործերը հասած են ճիշդ հասցէին: Միայն մէկ առաքում ցայսօր չէ հասած իր հասցէին:
Ցուցահանդէսը յատուկ հանդիսութեամբ մը աւարտեցաւ յունիս 7-ին: Արա Ազատ ծանօթ է իր իւրայատուկ մտայղացումներով եւ շարունակ դասականէն դուրս գալով: Այսպէս, ան իր գործերէն մէկը փոքր կտորներու բաժնեց եւ ամէն մէկ կտոր յանձնեց ներկայ ակնդիրներուն: Թուայնացման արդի ոճով այս գործը վերստին պիտի կազմուի:
Արա Ազատ Պարսումեան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պոսթընի Գեղարուեստի թանգարանի հիմնարկին մէջ:
Փոքր տարիքէն անոր գործերը ցուցադրուած են կարգ մը երկիրներու մէջ: Ան երկար տարիներ աշխատած է Մասաչուսեցի, Քընեթիքըթի եւ Մէյնի մէջ: