Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Վարժարանի Մանկապարտէզը Աւարտական Վկայական Յանձնեց 60 Ծաղիկներու

Յունիս 22, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

mes12D16-(279)

Շաբաթ, 11 յունիս 2016-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 60 ծաղիկներ տօնական հանդէսով մը նշեցին մանկապարտէզի շրջանի աւարտը, որ միեւնոյն ժամանակ կը նշէր անոնց մուտքը` դպրոցական  շրջան:

Հանդէսը արտացոլացումը եղաւ ընդհանուր այն կրթական ծրագրին, զոր ծաղիկները իւրացուցած էին անցած տարիներուն: Այնտեղ կարելի էր յստակօրէն տեսնել այն կարեւորութիւնը, որ մանկապարտէզին մէջ կը շնորհուի մանուկներու բազմակողմանի զարգացման` լեզուներու իմացութեան, ֆիզիքական դաստիարակութեան եւ հայեցի կրթութեան առումներով:

Ծաղիկներու թովիչ ձայնով Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի  քայլերգներու կատարումէն ետք, բացման խօսքեր արտասանեցին չորս փոքրիկ շրջանաւարտներ: Յաջորդած գեղարուեստական յայտագիրը եղաւ յագեցած գոյներով, բազմալեզու ձայներով եւ ֆիզիքական վարժանքներով: Ծաղիկները պարեցին, ասմունքեցին ու երգեցին երեք լեզուներով եւ ներկայացուցին իրենց ֆիզիքական զարգացումը արտայայտող կշռութաւոր շարժումներու պատկերներ: Գեղարուեստականի բաժնի հիմնական նիւթը հայ հին ու նոր արուեստի հանճարներն էին, որոնց ստեղծագործութիւններուն կատարումները շեշտեցին Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ ներկայութիւնը հայաբոյր մթնոլորտին, որ իր գագաթնակէտին հասաւ «Ղարաբաղցին» երգի երաժշտական եւ պարային կատարումով` բոլոր շրջանաւարտներու մասնակցութեամբ:

Մանկապարտէզի պատասխանատու Մարիա Պէօճէքեան շրջանաւարտներուն ուղղած իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այս բացառիկ օրուան առիթով բոլորս մեծ ուրախութեամբ կը շնորհաւորենք ձեզ ու ձեր թանկագին ծնողքը, կը մաղթենք, որ բարձրանաք մինչեւ երկրորդականի կարգերը եւ այս նոյն բեմին վրայ արժանանաք Մեսրոպեանի բարձրագոյն վկայականին` որպէս լաւագոյն նուէր, փոխադարձելով ձեր բոլոր ուսուցիչներուն եւ վարժարանի տնօրէնութեան կատարած ջանքերուն համար»:

mes12D16-(1401)

Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: Ան բարձրօրէն գնահատեց  մանկապարտէզի անձնակազմի անդամները,  Մեսրոպեան մանկապարտէզի աշակերտներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան համար իրենց կատարած բծախնդիր եւ նուիրուած աշխատանքին համար: Կ. Գալուստ ըսաւ, որ վարժարանի տնօրէնութիւնը ամէն ինչ ըրած է եւ պիտի շարունակէ ընել` աւելի բարձրացնելու համար վարժարանին ընդհանուր մակարդակը, դիտել տալով, որ այդ հեռանկարին մէջ իր առանցքային նշանակութիւնը ունեցած է եւ միշտ պիտի ունենայ դպրոցական կրթութեան հիմնաքարը` մանկապարտէզը:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (22 Յունիս 1966)

Յաջորդը

Ազգային Ե. Մանուկեան Քոլեճի Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Հանդէս

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?