Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Յունիս Գ.- Մենք Մեր Գլուխը Բարձր Կը Պահենք

June 21, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական տագնապի առաջին օրերէն Հալէպի նուիրեալ հայ տղաքը հայկական մեր թաղերու պաշտպանութիւնը ստանձնեցին: Անոնք նախընտրեցին մաքառումներով առլցուն հերոսապատում կերտողներու դժուար ճամբան եւ մեծ դեր ունեցան ու կը շարունակեն ունենալ ոչ միայն մեր  ընտանիքներու, մեր աշակերտներու, բարեսիրական գործի նուիրուած մեր քոյրերու եւ եղբայրներու, մեր եկեղեցականներու պաշտպանութեան մէջ, այլեւ իրենց յանդուգն յանձնառութեամբ պատերազմական վայրագ գործողութիւններուն ու ահաբեկչական արարքներուն դիմաց հայ համայնքին գոյերթը երաշխաւորող վահաններ դարձան:

Հայկական թաղերու պաշտպանութիւն հասկացողութիւնը պէտք չէ ընկալել որպէս սոսկ կառոյցներու պաշտպանութեան կամ հայ բնակչութեան ապահովութեան ի խնդիր տարուած աշխատանք: Հայկական թաղերու պաշտպանութեան կոչուած հայ տղաքը, իրականութեան մէջ, մեր արժանապատուութիւնը, մեր դիմագիծը, մեր գոյութեան իրաւունքն է, որ կ՛ամրապնդեն, մեր սրբութիւններն ու աւանդոյթներն է, որ կը պահպանեն եւ մեր  պայքարելու ունակութիւնն ու կամքը կը մարմնաւորեն: Այլ խօսքով, սուրիահայ համայնքի ու սուրիական հայրենիքի արժէքներն ու շահերն է, որ կը պաշտպանեն` յարգանք պարտադրելով բոլորին: Անոնց ազնիւ հոգիին, կարգապահութեան ու մարտունակութեան դիմաց կը խոնարհին բարձրաստիճան զինուորականներն անգամ:

Մեր ներշնչման աղբիւրն են անոնք, որովհետեւ յուսալքման առաջնորդող պատերազմական յորձանուտին մէջ չյուսալքուեցան,  հեռանալու տարաբնոյթ կոչերը արհամարհեցին ու չհեռացան: Հարկ եղած պահուն իրենց կեանքն անգամ չխնայեցին, նահատակուեցան, որպէսզի նորահաս մեր սերունդները իրենց գլուխը բարձր պահեն ու չընկրկին: Որպէսզի անոնք հպարտ զգան հայու ինքնութեամբ, քաջարի մեր տղոց օրինակին հետեւելով` տէր կանգնին մեր սկզբունքներուն, մեր դարարմատ համայնքին:

Մարտիրոսացած մեր տղաքը պայքարի իրենց ոգիով անջնջելի հետք ձգեցին մեր կեանքին մէջ: Անոնք համոզուած էին, որ դժուարութիւններուն դիմաց պէտք չէ նահանջել, պէտք չէ ընկրկիլ ու անճրկիլ, որովհետեւ դժուարութիւններ կրնան յառաջանալ ամէն ժամանակներու մէջ եւ ամէն տեղ: Էականը այդ դժուարութիւններու յաղթահարման կամքով օժտուիլն է, մեր հաւաքական շահերուն պահպանման ի խնդիր վճռական ըլլալն ու մեր ուժերուն հաւատք ընծայելն է:

Գաղափարի այս զինուորներուն թափած արեան շիթերը դիմադրութեան խթան հանդիսացան մեզմէ իւրաքանչիւրին համար: Անոնք իրենց վարքով ու օրինակով կերտեցին մարտունակ սերունդներու փաղանգ մը, ու մէկը դարձաւ տասը ու հարիւր, եւ սուրիահայ քաջերուն շարքերը համալրուեցան գաղափարապաշտ նոր նուիրեալներով:

Դաշնակցականի իրենց տիպարով անոնք մեզ պատգամեցին տէր կանգնիլ հայատրոփ մեր համայնքին` զայն կրկին տեսնելու առոյգ, կենսունակ ու խաղաղ:

Այս պատգամը մեզի փոխանցող նահատակներու յիշատակին ընդառաջ, տխրելով հանդերձ, իրաւունք չունինք յուսահատելու եւ նահանջելու մեր գոյերթին մէջ: Մեր ժողովուրդի պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն մղած ենք կենաց մահու կռիւներ, դէմ դրած ենք ահաբեկչական հորդաներու, ունեցած ենք կորուստներ, բայց կանգուն մնացած ենք, մեր գլուխը բարձր պահած  եւ անկոտրում մեր կամքին շնորհիւ` վերագտած մեր կենսունակութիւնն ու ծաղկուն կեանքը:

Սգալով կորուստը մեր նահատակներուն` վերանորոգենք մեր յանձնառութիւնը ու քաջ գիտակցինք, որ դաւադիր հրասանդներ թէկուզ փլեն մեր տունը, չեն յաջողիր խախտել անոր հիմը, թէկուզ խլեն մեր լաւագոյն տղոց կեանքը, չեն յաջողիր խափանել անոնց սկսած սրբազան գործն ու սերունդէ սերունդ փոխանցուող ուխտը:

 

Նախորդը

Ինչո՞Ւ Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը Ձախողուեց

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. «Նաք Աութ»…

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.