Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմենակ Մի Ոմն Եպիսկոպոսի Դէմ

June 21, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սենի ափին արդէն յունիս է, բայց ձմեռը կը շարունակուի: Կեդրոնականցիին եւ Էլպիսին այցելութիւնները նուազած են: Հեղեղի վախ ունին:

Արմենակ հեռաձայնեց: Պիտի գայ Էլպիսին հետ: Մտածեցի, որ անպայման ընդվզում մը ունի եւ լսող ականջ կը փնտռէ: Մենք ալ տեղեակ կ’ըլլանք ազգի բաներէն:

Յամառող ձմրան այս կիրակին կանաչ թէյ հրամցուց Մակարուհին, հաց, յունական պանիր եւ Հայաստանէն նուէր եկած մեղր` իր փեթակին մէջ: Երբ Հայաստան չենք երթար, մեղրը կու գայ լաւ բաներ յիշեցնելու համար:

– Արմենա՛կ, ի՞նչ կը պատահի Պոլսոյ մէջ:

– Ճի՛շդ այդ մասին կ’ուզէի խօսիլ: Թուրքիոյ հայոց պատրիարքը հիւանդ է, եւ «բարեխնամ» կառավարութիւնը թոյլ չի տար նոր պատրիարք ընտրել: Պատրիարքները կաթողիկոս չեն, անոնց պաշտօնավարութիւնը ցկեանս չէ: Կառավարութիւնը կը մերժէ նոր պատրիարք ընտրելու դիմումները: Ինչո՞ւ, Հայաստան եւ սփիւռք, չենք բողոքեր հայ եկեղեցիի կեանքին մէջ թուրք կառավարութեան միջամտութեան դէմ:

– Եթէ բողոք ըլլայ, կը դիւրացնե՞նք, թէ՞ կը բարդացնենք Թուրքիոյ հայութեան կացութիւնը:

– Ի՞նչ է վախը: Սփիւռքի բողոքողներուն դէմ «քոմանտօ՞» պիտի ղրկեն Հրանդ Տինքեր գտնելու համար: Մակա՛ր, սփիւռքի պիղատոսեան կեցուածքը պատճառ է, որ Արամ Աթէշեան եպիսկոպոսը, պատրիարքական տեղապահի հանգամանքով, նոր սուլթան Էրտողանի գործիքը դառնայ եւ դատապարտէ Գերմանիոյ խորհրդարանը` զայն մեղադրելով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու յանցանքով: Մի ոմն եպիսկոպոս` մեծ տէրութեան մը խորհրդարանին դէմ: Ո՞վ կը քաշէ խամաճիկի թելերը:

– Բարեբախտաբար կ’իմանանք, որ ժողովուրդը չի հետեւիր: Հանգամանքի չարաշահում կայ:

– Աւելին ալ կայ, իմացած ըլլալու ես: Մարդը կալուածներ կը գնէ ծովափնեայ քաղաքներու մէջ: Ինչպէ՞ս այդ կ’ընէ եկեղեցականի իր ռոճիկով: Թէեւ առաջին եկեղեցականը չէ, որ կալուածներու տէր կ’ըլլայ: Դեռ չիմացանք եկեղեցական նուիրապետութեան եւ պատկան ժողովներու վերաբերումը: Լռութիւնը մեղսակցութիւն է, Մակա՛ր: Այդ կալուածներու գնումը ինչպէ՞ս կը հանդուրժուի ե՛ւ համայնքներուն, ե՛ւ հարկային իշխանութիւններուն կողմէ: Գայթակղութիւն է: «Ակօս» թերթը բերեմ եւ կարդա՛:

– Մի՛ յուզուիր, Արմենա՛կ: Ըսէ՛, թէ ի՛նչ կարելի է ընել:

– Օրէնք գիտցողներ կան: Ինչո՞ւ չեն դիմեր Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն վերաբերող Լոզանի դաշնագիրը ստորագրած պետութիւններուն: Տեղեակ ըլլալ եւ լուր տարածել ի՞նչ բանի կը ծառայեն, երբ ձեռնածալ կը նստինք: Ինչ որ կը պատահի, թատրոն չէ: Թաղային դպրոցի մը կամ ակումբի մը հարց չէ: Ինչո՞ւ ցոյց չենք ըներ Թուրքիոյ եւ այդ պետութիւններու ներկայացուցչութիւններուն առջեւ:

– Սիրելի՛ս, եթէ «ինչո՞ւ»-իդ պատասխանը ունենայի, ղեկավար կ’ըլլայի:

– Բայց գոնէ գրէ՛,- ըսաւ Արմենակ` որպէս եզրակացութիւն:

ՄԱԿԱՐ, ի Գաղղիա, 18 յունիս 2016

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. «Նաք Աութ»…

Յաջորդը

Դոկտ. Երուանդ Հ. Քասունիի «Մտորումներ Ժողովուրդի Մը, Հողի Մը Եւ Դատի Մը Մասին» Գիրքի Հրատարակութիւնը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.