Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լերան Երկու Կողմերը (*)

Յունիս 22, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԻԿ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Հեղինակը՝ Արարատի լանջին
Հեղինակը՝ Արարատի լանջին

Արարատի գեղանկարները  կախուած են բազմաթիւ հայերու տուներուն մէջ, եւ Արարատին առջեւ նկարուիլը հայրենիք այցելողներուն համար սովորական երեւոյթ է:

Յաճախ անդրադարձած եմ անոր` սերունդէ սերունդ փոխանցուող եւ յարատեւող անմաշ մագնիսականութեան: Հազարաւոր գեղանկարներէ, գրութիւններէ եւ երգերէ ետք, այս պաշտելի քարակոյտին հետ մեր ուղեւորութիւնը կը շարունակէ նորանոր որոնումներու եւ մտորումներու տուն տալ:

Քանի մը տարի առաջ, երեկոյ մը, երբ լերան ստորոտին նստած` կը խօսէինք, յանկարծ պարզ ու մեկին պատկեր մը ծագեցաւ մտքիս մէջ: Երբ հայերը Երեւանէն Արարատը կը դիտեն, անոնք ո՛չ միայն լերան կը նային, այլ նաեւ անկէ անդին, աւելի հեռուն Արեւմտահայաստանի՛ն է, որ կը նային:

Բայց եւ այնպէս Թուրքիոյ կողմէն, այսինքն` հայրենիքի խորքէն երեւցող լերան պատկերը, նուազ խորհրդանշական չէ:

Կանգնելով այստեղ, որ այսօր Թուրքիա կը կոչուի, մեր դարաւոր ժառանգութեան փլատակներուն մէջ, եւ նայելով Արարատին, հայեացքս ո՛չ միայն լերան է, որ կը սեւեռէի, այլ նաեւ` Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն:

Կը դիտէի հայրենիքիս այն մասը, ուր մեր օճախները, դպրոցներն ու եկեղեցիները փլատակ ՉԵ՛Ն, ուր ազգը ուռճացած է, ուր մենք աւելին ենք, քան` լոկ զբօսաշրջիկներ:

Եւ պատգամը ճիշդ հո՛ս է, ազդու եւ ուժգին, ինչպէս Արարատը պայծառ օրուան մը ընթացքին: Առանց լերան արեւելեան կողմը գտնուող հայրենիքին նեցուկ  կանգնելու` լերան արեւմտեան կողմը երբեք պիտի չկարենանք արդարութիւն ձեռք ձգել:

Առանց հզօր, բարգաւաճ եւ ժողովրդավար Հայաստանի եւ Արցախի` շատ քիչ բան կրնանք ակնկալել լերան  թէ՛ այս  եւ թէ՛ այն կողմը գտնուող լանջերէն:

Եթէ լեռը կարենար խօսիլ, ահա ա՛յս պատգամը պիտի փսփսար մեր ականջներուն, ամէն անգամ որ մեր ետին կանգնէր լուսանկարուելու համար:

Թարգմանեց` ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆ

28 մայիս 2016
Նիւ Ճըրզի

*Խաչիկ Մուրատեանի գրիչին պատկանող այս գրութիւնը` «The Two  Sides of the Mountain», լոյս տեսաւ «Հայրենիք»-ի անգլերէն բաժինի «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթի  27 մայիս 2016-ի թիւին մէջ: Յօդուածագիրը «Արմինիըն Ուիքլի»-ի  նախկին խմբագիրն է:
Նախորդը

«Մա՛Նչս, Հիմա Նոր Հայրենիքդ Պիտի Երթաս…»

Յաջորդը

Քաղաքապետական Ընտրութիւնները Մեր Ետին

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?