Յօդուածներ

Տեսակէտ Բարի Գալուստ Գաղթականներուն

Տեսակէտ Բարի Գալուստ Գաղթականներուն

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Իրականութիւն է այն, որ բոլորիս նախահայրերը գաղթականներ եղած են: Անոնք գաղթեցին փրկուելու համար օսմանեան կառավարութեան ցեղապաշտ քաղաքականութենէն: Գաղտնիք չէ նաեւ, որ  պատերազմի հետեւանքներն են տեղահանութիւնն ու ջարդը: Երկու պարագաներէն ալ մեր նախահայրերը անցած են եւ շատ լաւ գիտակցած են նշեալ հետեւանքներուն ծանրութեան: Այսօր Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը կը շարունակէ իր բարբարոսական ջարդերը` ընդդէմ բնիկ քաղաքացիներուն, իսկ Սուրիան...

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մանկապարտէզի 2015-2016 Տարեշրջանի Շրջանաւարտ Հունձքի Ամավերջի Հանդէսը

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մանկապարտէզի 2015-2016 Տարեշրջանի Շրջանաւարտ Հունձքի Ամավերջի Հանդէսը

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի մանկապարտէզի 2015-2016 տարեշրջանի շրջանաւարտ հունձքի ամավերջի հանդէսն էր: Բեմին վրայ յաղթական կանգնած են փոքրիկ շրջանաւարտները: Դեռ քանի մը տարի առաջ թաց աչքերով դպրոց մուտք գործած բողբոջները ծաղկած են հիմա ու պատրաստ են շարունակելու իրենց կրթական ուսումնական վերելքը ինքնավստահ ու սիրով: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորած եւ Միրէյ Խանամիրեանի նախագահած ամավերջի ու վկայականաց բաշխման...

ՀՄԸՄ-ի Ճատրակի Յանձնախումբի Ընթրիք

ՀՄԸՄ-ի Ճատրակի Յանձնախումբի Ընթրիք

Ուրբաթ, 17 յունիս 2016-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Ճատրակի յանձնախումբի ընթրիքը, «Սուլթան Պրահիմ» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներուն, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, Լիբանանի Ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Իզզաթ Քրայթեմի, Անթիլիասի եւ Նաքքաշի քաղաքապետ Էլիաս Ապու ժաուտէի, ՀՄԸՄ-ականներու եւ բարեկամներու: Ճատրակի յանձնախումբին անունով խօսք առաւ յանձնախումբի ատենապետ Թալին Լախեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք անդրադարձաւ...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Երկիմաստ Եզրերու Քաղաքականութիւնը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Արդէն յստակացած է, որ Հայաստանի և Ատրպէյճանի նախագահներու նոր գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ վաղը, Յունիսի 20ին, երբեմնի կայսերական Ռուսաստանի մայրաքաղաք՝ Սէնթ Փիթըրզպըրկի մէջ։ Նաեւ ծանուցուած է, որ երկու նախագահները առանձնաբար հանդիպումներ պիտի ունենան զիրենք հիւրընկալող Նախագահ Փութինի հետ՝ աւելի եւս հաստատելով այն իրողութիւնը, որ բանակցութիւններու ներկայ փուլին մէջ մենք գործ ունինք միայն ու միայն ռուսական իրաւարարութեան հետ։ Բոլոր...

Անդրադարձ.  Թուրքիոյ Արտաքին Քաղաքականութեան  Նոր Վարդապետութիւնը

Անդրադարձ. Թուրքիոյ Արտաքին Քաղաքականութեան Նոր Վարդապետութիւնը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիոյ նոր նշանակուած վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իր պաշտօնը ստանձնելէ քանի մը օր ետք յայտարարեց, որ Թուրքիան «կարիքը ունի աւելցնելու իր բարեկամները եւ նուազեցնելու թշնամիները»: Ան այդպիսով կը յայտարարէր «Զերօ խնդիրներ դրացիներու հետ» քաղաքականութեան ակներեւ ձախողութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ իրողութիւնը խոստովանելէ խուսափելու համար Էրտողանի գլխաւոր խորհրդական եւ բանբեր Իպրահիմ Քալընի` օգոստոս 2013-ին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառումով մը շրջանառութեան մէջ դրած...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Ս. Փեթերսպուրկ. Փութինը Լուծո՞ւմ Է Պարտադրելու

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Յունիսի 20-ին Ս. Փեթերսպուրկում Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ նախատեսուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահների հանդիպում: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմից յետոյ սա Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ երկրորդ հանդիպումն է եւ առաջինը` Փութինի նախաձեռնութեամբ: Մայիսի 16-ին Վիեննայում Սարգսեանը եւ Ալիեւը հանդիպել էին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբի համանախագահ երկրների` Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգների եւ Ֆրանսայի արտաքին գործերի նախարարների մասնակցութեամբ:...

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը

Ներկայիս Անցեալը Եւ Անցեալի Ներկան Մեր Օրերուն Մէջ

ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Արուեստագիտութեան դոկտոր Բռնագաղթի մահուան ճամբաներէն ճողոպրած, գոյատեւման մտասեւեռումով տուն ու ընտանիք կազմած գաղթական սերունդի մը պատմութիւն... Եւ այդ սերունդի ներկայացուցիչ` Սոֆիան, որը ցեղասպան թուրքի եաթաղանէն փրկուած, երկու ժողովուրդներու (հայ, յոյն) բախտակից զաւակներու ապրելու միասնական կամքի ուրախ ու տխուր պատմութիւն ունի: Այս մասին է վերջերս «Վահէ Սեթեան» հրատարակչատան կողմից հրատարակուած Սիրուն Սիսեռեան-Հաճեթեանի «Սոֆիա» գիրքը: «Սեւ ծովու ափերուն» ու «Սոֆիան...

Երախտագիտական Այցելութիւն Բարերար Բիւզանդ Գէորգեանի

Երախտագիտական Այցելութիւն Բարերար Բիւզանդ Գէորգեանի

Իննսունհինգ տարիներու պատմութիւն ունեցող «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը իր բժշկական, ընկերային եւ համայնքային ծառայութիւններու ընդմէջէն յաջողած է լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու կեանքերուն մէջ արմատական փոփոխութիւններ արձանագրել եւ հոն դրոշմել աստուածային սէրն ու ողորմածութիւնը: Սակայն մարդասիրական եւ ընկերային ծառայութիւնները առաւել եւս կը դրսեւորուին, կ՛արժեւորուին եւ ծառայութեան աշխատանքը կը դառնայ համազգային, երբ մեր ազգի մէջ գտնուող կարգ մը անհատներ, որոնք անցնելով կեանքի դաժան պայմաններու ընդմէջէն,...

Իւրօրինակ Քննութիւն

Իւրօրինակ Քննութիւն

Շաբաթ, 11 յունիս 2016-ին Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանի յարկին տակ տեղի ունեցաւ վարժարանի 17-ամեայ «Երազ» թատերախումբի ստեղծագործական եւ դերասանական կազմի անդամներուն հանդիպումը: Առիթը` 2016-ի ապրիլ 1-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ կայացած, Ռոպերթ Առաքելեանի «Կատակը ցոյց կու տայ հոգիին յատակը» թատերախաղի խտասալիկը դիտելն ու քննարկելն էր, նախաձեռնութեամբ` վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեանի: Ներկայացման դերակատարները` ուսուցիչ եւ աշակերտ, առիթ ունեցան դառնալու հանդիսատեսը...

Մեծարանքի Հանդիսութիւն` Նուիրուած  Դոկտ. Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեանի

Մեծարանքի Հանդիսութիւն` Նուիրուած Դոկտ. Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեանի

Ա. ՄԻՍԻՍԵԱՆ 12 մայիս 2016-ը անմոռանալի օր մը պիտի մնայ ամբողջ աշխարհի մելգոնեանցիներուն, բայց մասնաւորաբար Լիբանանի մելգոնեանցիներուն համար, որոնք մեծարեցին իրենց սիրելի ուսուցիչը, տնօրէնը, հմուտ պատմաբանը, իւրայատուկ մանկավարժը, բարձրարժէք հայ կինը, մէկ խօսքով ազնուական հայ մարդը` Ագապի Նասիպեան-Էքմեքճեանը: ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի սրահն ու միջանցքները ողողուած հին մելգոնեանցիներու պայծառ յիշողութիւններով: Ոմանք նոյնիսկ կանուխ հասած էին, որպէսզի աւելի շատ ժամանակ ունենային ըլլալու...

«Վարդապետի՞», Թէ՞ Մեր Լռութիւնը…

«Վարդապետի՞», Թէ՞ Մեր Լռութիւնը…

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԵՖԵԱՆ Կոմիտաս... Այս անունը ոչ միայն թանկ, այլեւ հարազատ մասնիկ է իւրաքանչիւր հայի համար, յատկապէս` իմ եւ նախորդ սերունդի: Այն շրջանառում է մեր մէջ` առանց ընդմիջման, առանց հնանալու, առանց ձանձրոյթի: Յատկապէս իմ սերունդը հասակ առաւ ու հասունացաւ հանճարեղ այս հայի ստեղծագործութիւնների ընդլայնմամբ, տարբեր գործիքաւորման դասական նոր բարձր կատարումներով, նրա կենսագրութեան ծալքերի, նրա ապրումների ու նրա անցած դժուարին...

«Եկեղեցւոյ Կեանքին Ժողովուրդին Աճող Մասնակցութիւնը Դրական Երեւոյթ Է»

«Եկեղեցւոյ Կեանքին Ժողովուրդին Աճող Մասնակցութիւնը Դրական Երեւոյթ Է»

Քաջալերական վերոյիշեալ խօսքով դիմեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Անթիլիասի մէջ հաւաքուած հարիւրէ աւելի կիներուն, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին` ամէն երեքշաբթի, մասնակից դարձան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած Հայ կանանց հոգեւոր լսարանին: Բաժանմունքի այս ծրագրին տարեշրջանի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 14 յունիս 2016-ի առաւօտուն, վեհարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ կաթողիկոսին: Իր հայրական պատգամին մէջ վեհափառը`...

ՀԿՀՄ-ի Միջդպրոցական 5-րդ Զարգացման Մրցումը

ՀԿՀՄ-ի Միջդպրոցական 5-րդ Զարգացման Մրցումը

Շաբաթ, 14 մայիս 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ) կազմակերպած միջդպրոցական զարգացման մրցումը, որ տեղի ունեցաւ յաջորդական հինգերորդ տարին ըլլալով, եւ որուն մասնակցեցան լիբանանահայ 8 երկրորդական վարժարաններ: Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի, Հայ աւետարանական քոլեճի, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան...

Արխիւային Ռազմավարութիւն

Արխիւային Ռազմավարութիւն

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ Դաշնակցութեան արխիւները բա՞ց են, թէ՞ փակ, հասանելի՞ են, թէ՞ ոչ: Ահա հարց մը, որ յաճախ օրակարգի վրայ է մանաւանդ ակադեմական շրջանակներու հաւաքներու, քննարկումներու եւ գիտաժողովներու ընթացքին: Դժբախտաբար այս վերջին մէկուկէս տասնամեակին սոյն հարցադրումը իբրեւ քաղաքական լծակ կ’օգտագործուի թրքական ժխտողական մեքենային կողմէ, երբ Պոլսոյ մէջ գտնուող օսմանեան արխիւներուն հասանելիութեան դիմաց ՀՅԴ արխիւներուն «անմատչելի» կարգավիճակը կ՛որակուի որպէս հայկական կողմի դժկամութիւնը`...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Հայ Մամուլի Նկարագիրը Եւ Դերը Անցեալին Եւ Այսօր` Ժողովրդավարական Միգամածին Մէջ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Համացանցի ընդհանրացումը արագօրէն փոխեց հայ մամուլի դերը եւ բովանդակութիւնը: Անցեալին մամուլը միայն տպագիրն էր: Ներկայիս նոյն բնորոշման ներքեւ կը գտնենք նաեւ ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը, համացանցը եւ անով արտայայտուելու, կարծիք փոխանցելու արագ եւ ազատ հնարաւորութիւնը: Կովկաս եւ Պոլիս, հայ մամուլը, հասկնալ` պարզապէս հայկականը, հպատակ հայկական զանգուածներուն համար, զիրար գտնելու եւ ճանչնալու միջոց էր: Ան ո՛չ միայն ընթացիկ տեղեկութիւն կը փոխանցէր,...

Երբ Մէկ  Օրը Համարժէք Է Մէկ  Դարին…  (Բարձրաձայն Մտորումներ Արա Նախշքարեանի «Մէկ Օրը` Հարիւր Տարի» Գիրքը Կարդալուց Յետոյ)

Երբ Մէկ Օրը Համարժէք Է Մէկ Դարին… (Բարձրաձայն Մտորումներ Արա Նախշքարեանի «Մէկ Օրը` Հարիւր Տարի» Գիրքը Կարդալուց Յետոյ)

ԱՆԱՀԻՏ ԲՈՍՏԱՆՋԵԱՆ Բանաստեղծուհի Վրաստանի գրողների միութեան հայկական մասնաճիւղի նախագահ Մտքերս այնքան էին վարար, որ որոշեցի դրանցով կիսուել հետդ, սիրելի՛ Արա... Ընդունիր դրանք որպէս անկեղծ, անպաճոյճ գրախօսական... Ասեմ, որ գիրքը մի շնչով կարդացի... Գրական-գեղարուեստական կամ վաւերագրական ոչ բոլոր գրքերին է վիճակւում, սակայն,  արժանանալ մի շնչով ընթերցումի... Գիւմրեցի հայորդի, գրող,  ազգային գործիչ, մանկավարժ, պլոկեր  Արա Նախշքարեանի այս գիրքը, որ բաւականին յաջողուած գեղարուեստա-վաւերագրական...

Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Տիկնանց Համագումար «Ծառայութիւնը` Որպէս Քրիստոնէական Հաւատքի Եւ Ազգային Կեանքի Առաքելութիւն»

Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Տիկնանց Համագումար «Ծառայութիւնը` Որպէս Քրիստոնէական Հաւատքի Եւ Ազգային Կեանքի Առաքելութիւն»

2015 տարին կը զուգադիպէր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կառուցման եւ օծման 60-ամեակին. այս իմաստով Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մարմիններուն կազմակերպած բոլոր ձեռնարկները 2015 հոկտեմբերէն մինչեւ 2016 հոկտեմբեր, ամբողջ տարուան մը վրայ երկարող, 60-ամեակի տօնակատարութեան շրջագիծին մէջ տեղադրուած են: Ս. Յակոբ հայրապետի կեանքէն քաղուած երեք նշանաբանները` ՀԱՒԱՏՔ, ԿԱՄՔ ԵՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ, եկեղեցւոյ բոլոր ձեռնարկներուն առանցքը կը կազմեն ընդհանրապէս: Ի մասնաւորի ընթացիկ տարուան` 2016-ի ձեռնարկները...

Սուրբ Հոգի Համալսարան-Քասլիք.  «Լիբանանեան Ներկայութիւնը Աշխարհի Մէջ» Նիւթով Գիտաժողով

Սուրբ Հոգի Համալսարան-Քասլիք. «Լիբանանեան Ներկայութիւնը Աշխարհի Մէջ» Նիւթով Գիտաժողով

Սուրբ Հոգի համալսարանի փիլիսոփայութեան, մարդկային եւ քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ գիտական համաժողով մը` «Լիբանանեան ներկայութիւնը աշխարհի մէջ» խորագիրով: Գիտական նիւթերը կ’ընդգրկէին մշակոյթ եւ այլազանութիւն, պատկանելիութիւն եւ ազատութիւն, ինչպէս նաեւ` խաղաղութիւն եւ մարդկային իրաւանց հարցեր, եւ այս բոլորը` լիբանանեան տեսադաշտէն: Երկու օրերու վրայ երկարած գիտաժողովին ներկայացուեցան տասնչորս թեզեր: Այլ զեկուցողներու կողքին, դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան` ընդհանուր քարտուղարը Աստուածաշունչի Արաբական Ծոցի...

Համշէնահայ Ռոք Երգիչը Հրապարակած Է «Համշէնի Եայլաներ» Նոր Ձայնասկաւառակը

Համշէնահայ Ռոք Երգիչը Հրապարակած Է «Համշէնի Եայլաներ» Նոր Ձայնասկաւառակը

Համշէնահայ ռոք երգիչ Եաշար Քուրթ, որ իր հայ ըլլալը գիտցած էր 40 տարեկանին, հրապարակած է նոր ձայնասկաւառակ մը` «Համշէնի եայլաներ» վերնագիրով: Այդ մասին հաղորդած է «Ակօս» շաբաթաթերթը: Եաշար Քուրթ իրեն հետ հարցազրոյց կատարած «Ակօս»-ի լրագրողներէն Վարդան Էսթուքեանին յայտնած է, որ 5 տարուան ընդմիջումէ ետք հրապարակուած «Համշէնի եայլաներ» ձայնասկաւառակին երգերուն մէջ կ՛արտացոլան իր արմատներուն հետքերը, սեւծովեան շրջանի մեղեդիները: Յատկապէս վերջին շրջանին...

Երկրորդ Ծնունդ

Երկրորդ Ծնունդ

ՄԱՆՈՒԷԼ ԹՈՔՄԱՔՃԵԱՆ 1. Ջնջեցիք մեզ, այո՛, բայց ահա՛ մենք եկանք, Սպաննեցիք մեզ, բայց ահա՛ մենք ծնանք: Ձերբակալեցիք մեզ, բայց շղթան կոտրեցաւ, Խեղդեցիք մեզ, բայց այդ պարանն ալ փրթեցաւ: Ոտնակոխեցիք մեզ, բայց նորէն կանգնեցանք, Խաչեցիք մեզ, բայց ահա մենք յարեանք: Անապատները ղրկեցիք, բայց նորէն ապրեցանք, Ընդդէմ ամէն ձեւի չարչարանքի, նորէն չմեռանք: 2. Ապրիլ 24-ը մեր երակներուն մէջ բորբոքած` Մեզ 1,5 միլիոնի...

Page 921 of 1110 1 … 920 921 922 … 1,110

Արխիւներ