Շաբաթ, 18 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը` ներկայութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Աշոտ Վարդանեանի, Զմմառու վանքի նորընծայարանի ընդհանուր տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանի, ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, շրջանաւարտ աշակերտները մուտք գործեցին սրահ: Անոնք մանկական արտայայտութիւններով հրաժեշտ տուին մանկապարտէզին` շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց ուսուցչուհիներուն: «Եա օսաս» եւ «Վերջին զանգ» երգերուն կատարումէն ետք անոնք բեմ հրաւիրեցին վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը:
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը գեղարուեստական ձեւով կը ներկայացնէ ուսուցչուհիներուն ամբողջ տարուան ցանքին արգասիքը: Շնորհակալութիւն յայտնելով ծնողներուն` դպրոցին հանդէպ իրենց ունեցած վստահութեան համար, Պոյաճեան հաւաստիացուց, որ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը պիտի շարունակէ մնալ այն կրթօճախը, ուր մանուկը կ՛արժանանայ յատուկ գուրգուրանքի, կ՛աճի լաւ միջավայրի մէջ, կը ստանայ հայեցի դաստիարակութիւն եւ կ՛ամբարէ իր զարգացման համար անհրաժեշտ բոլոր գիտելիքները: Ան նաեւ շեշտեց, որ ոչ մէկ օտար վարժարան կրնայ հայ աշակերտին ապահովել այն, ինչ որ կը տրամադրէ հայկական վարժարանը` հայկական ինքնութիւն եւ ազգային գիտակցութիւն: Ան նաեւ հաստատեց, որ հայ դպրոցը ոչ մէկ բանով կը զիջի օտար վարժարաններուն, ինչ կը վերաբերի անոր կրթութեան եւ ուսման մակարդակին:
Պոյաճեան շնորհաւորեց Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեանը, որ վերջերս նշանակուեցաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ, մաղթելով, որ եկեղեցի-դպրոց մնայուն համագործակցութեամբ արձանագրուին նորանոր նուաճումներ` ծառայելով լիբանանահայ գաղութի զաւակներուն: Այնուհետեւ ան բեմ հրաւիրեց գերապայծառ Ասատուրեանը եւ մանկապարտիզպան Լենա Տէրտէրեանը` կատարելու համար Ծաղիկ դասարանի 27 աշակերտներու վկայականներու բաշխումը:
Գերապայծառ Ասատուրեան խօսք առնելով` ըսաւ. «Ծնողները կեանք կու տան իրենց զաւակներուն, իսկ դպրոցը լոյս կու տայ անոնց, եւ կեանքը առանց լոյսի ոչ մէկ իմաստ ունի, հետեւաբար մեր զաւակներուն համար մենք պէտք ունինք հայ դպրոցի լոյսին ու դաստիարակութեան»: Ան իր խօսքը փակելով` մաղթեց, որ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը շարունակէ ծաղկիլ:
Յայտագիրի երկրորդ բաժինով Կոկոն դասարանը արաբերէն «Ալեֆ, Պէ, Պուպէյէ» երգով ներկայացուց դասարանի պատկերը, որուն յաջորդեց Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն բեմականացումը` Յովհաննէս Թումանեանի «Անխելք մարդը» գործին: Կոկոն, Բողբոջ եւ Ծիլ դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուցած պարերէն ու երգերէն ետք յայտագիրը իր լրումին հասաւ «Հայեր, միացէ՛ք» երգով, որ զօրակցութեան արտայայտութիւն էր Արցախին` «մենք Արցախն ենք, մենք մեծ սփիւռքն ենք, մենք միասին կը կոչուինք Հայաստան» կարգախօսով:
Աւարտին, տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան բեմ բարձրանալով շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի ամբողջ անձնակազմին, ի մասնաւորի` մանկապարտիզպան Լենա Տէրտէրեանին, որուն պարգեւատրման համար բեմ հրաւիրեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը: Տէրտէրեանի կողքին պարգեւատրուեցաւ նաեւ վարժարանի վարորդներու պատասխանատու Ժոզեֆ Մեսճեանը` իր ծառայութեան արծաթեայ յոբելեանին առիթով:
Նշենք նաեւ, որ ուրբաթ, 17 յունիսի երեկոյեան, դպրոցի 4-րդ յարկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանին մէջ երկու տարիէ ի վեր գործող ուսման յատուկ կարիքներ ունեցողներու բաժանմունքի մանկապարտէզի աշակերտներուն հանդէսը` ներկայութեամբ ծնողներուն եւ հարազատներուն: Հանդէսին ընթացքին աշակերտները, իրենց կարողութեան համաձայն, ներկայացուցին երգերու եւ պարերու գեղարուեստական յայտագիր մը, որմէ ետք չորս աշակերտներ ստացան իրենց վկայականները: