Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. «Յաւերժի Ճամբորդ Հայը» (Հեղինակ` Յովսէփ Էսկիճեան)

Յուլիս 1, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ  

eskidjian_70116Արտայայտիչ եւ գեղատիպ կողքով, այլազան նիւթերով եւ գրական սեռերով պարփակեալ Յովսէփ Էսկիճեանի յարաբերաբար փոքրածաւալ գիրքը (125 էջ) արդէն հայ ընթերցողի սեղանին վրայ է: Քաջածանօթ ըլլալով հեղինակի հրապարակագրական աշխատանքին` հաճոյքով ընթերցեցինք հատորը:

Յովսէփ Էսկիճեանի գրականութիւնը (արձակ թէ քերթուած) խորքին մէջ հարազատ զրոյց մըն է ինքն իր անձին հետ: Ան ունկնդիր է իր ներքին ձայնին եւ խորհուրդներուն, ապրումներուն, փորձառութիւններուն եւ յոյզերուն, սակայն մէկ յստակ տարբերութեամբ, որ անոնք կը պարփակեն անանձնական, ոչ եսակեդրոն խոհեր, այլապէս անոնք ուղղուած են բոլորին, կը շնչեն հաւաքականութեան համար, կ՛ապրին շրջապատին հետ, լոյս աշխարհ կու գան ուրախութենէ, տառապանքէ եւ անգին յիշատակներու կարօտէ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի հատորին բովանդակութեան. արեւմտահայերէնն է, որ կը տողանցէ իր պսպղուն ներկայութեամբ: Բառերը ընտիր են, գերակշռողը հայաշունչ եւ մարդասէրի լեզուամտածողութիւնն է, հաւաքական իղձերու շքերթը, ազգային արժէքներու փառաբանանքը, էսկիճեանական սրամտութիւնն ու թափանցիկութիւնը, երիտասարդական խանդն ու ժպիտը, սէրն ու արցունքը, կարօտն ու յուզախառն ներաշխարհը, բնութեան ու գեղեցիկին հանդէպ անսովոր պաշտամունքը, հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ մեզ զարմացնելու չափ երկիւղածութիւնը, քննադատի անաչառութիւնը, ընտանիքի սէրն ու առանձնապէս մօր կերպարին հանդէպ ուժեղ, անկրկնելի եւ բացառիկ սիրոյ արտայայտչականութիւնը:

Յովսէփ էսկիճեանի քերթողական աշխարհը լաւագոյն ապացոյցն է անոր քնարաշունչ հոգիին, նուրբ զգայնութեան եւ պատկերաւոր ոճին: Անոր յոյզերուն, ապրումներուն եւ իղձերուն պահուածքը կարմիր գիծի նման առկայ են անոր քերթուածներուն մէջ, ըլլան անոնք գրուած երիտասարդական, միջին թէ չափահասութեան տարիքին:

Փաստօրէն, անոր պատանեկան ու երիտասարդական սիրոյ զեղումներն ու տուայտանքները, բնութենապաշտի հոգին, լաւատեսի, նորարարի, մաքրակենցաղի փիլիսոփայախառն մտորումները մեզի կը հրամցուին բառերու թռիչքով, հեզասահ մտածելակերպի եւ արուեստի որակական չափորոշիչներու ընկալչութեամբ:

Էսկիճեանի համար բոլոր մտորումներուն առանցքը առանձնապէս հոգին է, որով ան կ՛ուզէ թափանցել հայ ընթերցողին ներաշխարհը, մտերմանալու անոր հետ եւ յայտնելու իր ապրումներուն կիզակէտը:

Իբրեւ հայատրոփ սրտի տէր անձնաւորութիւն, անոր հոգեկան պրիսմակէն, ազնիւ մտքէն եւ գրական հայեացքներէն չեն վրիպած Արցախի ազգային-ազատագրական գոյամարտերուն թովչանքը, հերոս տղաներուն կատարած անվեհեր սխրանքը, Դրոյի մեծութիւնն ու վերականգնած Հայաստանի գեղեցկութիւնը:

Փաստօրէն, Էսկիճեանի գրիչին կը պատկանին այնպիսի տողեր, որոնք կը կազմեն բուրմունքը իր մտասեւեռումներուն եւ տեսիլքներուն, բայց մանաւանդ` վերանկախացած հզօր հայրենիք մը ունենալու խոր հաւատամքին:

Կարդալով «Թուրքե՜ր, ճանչցէ՛ք ձեր մտքի լուսաւորիչ` Մեսրոպ Մաշտոցը» արձակ գրութիւնը, ծանօթացանք էսկիճեանի պրպտող մտքի եւ խոհուն ուսումնասիրողի յատկութեան, երբ ան լոյսին բերած է «թուրք լեզուաբանութեան զարգացման եւ թրքերէնի բիւրեղացման մարզերուն մէջ մեծ ներդրում ունեցած` հայ ժողովուրդի զաւակներէն Յակոբ Մարթայեանի» եզակի գործունէութիւնը:

Գիրքին մէջ կ՛առանձնանան 1950-ական տարիներուն գրուած արձակ գրութիւններ, որոնք կը յատկանշուին իրենց գրական-գեղարուեստական շունչով ու որակով եւ հիմքը կը կազմեն երիտասարդական տարիքին արդէն ի յայտ եկած ստեղծագործական ու գրական տաղանդի Էսկիճեանի հակումներուն:

Ան ունի հրապարակագրական եզակի ու յանդուգն ոճ, ազգային-հաւաքական կեանքին վերաբերող նկատողութիւնները դիպուկ են. պահուածքը կառուցողական է եւ օգտակար: Իր  մտածումները կը յայտնէ առանց վիրաւորանքի, հաւատարիմ է իր գաղափարական աշխարհահայեացքին:

Յիշատակելի են գիրքի էջադրումն ու կողքերու ձեւաւորումը: Տպուած է 2016-ին, «Փոմիկրավիւր» հրատարակչատան կողմէ:

 

 

Նախորդը

«Ճարտարապետութիւնը Քարէ Համանուագ Է»

Յաջորդը

Երբ Յոյներն Ալ Կը Վկայեն Թուրքին Դէմ. Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի «Սոֆիա» Յուշագիրքը

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?