Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունիս 30, 2016
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Շքանշանի Յանձնում Տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանին

Dr-Nerces_62416

24 յունիսին Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ տեղի ունեցաւ շքանշանի տուչութեան արարողութիւն:

Հայաստանի նախագահին կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տօնին առիթով, հայրենիք-սփիւռք կապերուն զարգացման իր ունեցած նպաստին, ինչպէս նաեւ հայապահպանման գործին մէջ իր բերած ներդրումին համար տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանին շնորհուեցաւ «Մխիթար Հերացի» շքանշանը, զոր անոր յանձնեց Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան:

Տ. Գէորգեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհաւորեց տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանը` յաջողութիւն մաղթելով անոր իր հայրենանուէր եւ ազգանուէր հետագայ գործունէութեան մէջ:

Իր կարգին, տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս բարձր պարգեւին եւ ջերմ ընդունելութեան համար` նշելով, որ իրեն համար կրկնակի պատիւ է շքանշանը ստանալ Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութենէն ներս, որ պատերազմական այս ծանր պայմաններուն մէջ շարունակելով իր աշխատանքը` անգնահատելի ծառայութիւններ կը մատուցէ սուրիահայութեան, ի մասնաւորի` հալէպահայութեան:

Լոյս Տեսաւ Լեւոն Շառոյեանի Նոր Գիրքը

Levon-Sharoyan_63016

Վերջերս Հալէպի «Ոսկետառ» տպարանէն լոյս տեսաւ հալէպաբնակ Լեւոն Շառոյեանի նոր գիրքը` «Դեգերումներ հայ գիրի եւ պատմութեան գետեզրին» խորագիրը կրող:

Հատորը հրատարակուած է Բերիոյ հայոց թեմի «Այգ» մատենաշարի ծիրին մէջ` որպէս այդ շարքին 20-րդ թիւը: Գիրքը ծաւալուն ու պատկերազարդ է եւ կը բաղկանայ 320 էջերէ:

Հատորը կը բովանդակէ զոյգ նախաբաններ. Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ «Մարմարա»-ի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի կողմէ:

Այս նոր գիրքով հեղինակը անցում մը կը կատարէ տպաւորապաշտ գրականութենէն դէպի գրավերլուծական աշխարհ: Շառոյեան վարպետ գրավերլուծող մըն է, որ կը սիրէ ոգեկոչել հայ մշակոյթի մեծ ու երախտարժան դէմքեր` նորութիւններ յայտնաբերելով անոնց կեանքին ու վաստակին մէջ:

 

Պոլիս

Պոլսահայ Լիտիա Գալայճ Պարգեւատրուեցաւ
«
Պետական Պատուոյ Մետալ»-ով

Պոլսոյ մէջ Պելճիքայի  հիւպատոսարանի գլխաւոր պաշտօնեաներէն պոլսահայ Լիտիա Գալայճ վերջերս արժանացաւ Պելճիքայի Թագաւորութեան «Պետական պատուոյ մետալ»-ին` առ ի գնահատանք իր երկարատեւ ծառայութեան:

Այս առիթով հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին աւագ հիւպատոս Հենրի Վանթիկհեմ կարդաց Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ուղարկուած պատուոյ գիրը եւ յանձնեց շքանշանը:

Յայտնենք, որ Լիտիա Գալայճը արդէն դարձած է Պելճիքայի քաղաքացի:

 

Միացեալ Նահանգներ

«Փրկութեան Քարտէս» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Prgoutyan-Kardes_61016

10 յունիսին Նիւ Եորքի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ  Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Փրկութեան քարտէս» փաստավաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:

Ժապաւէնը կը ներկայացնէ Ցեղասպանութեան եւ անոր նախորդող ու յաջորդող շրջաններուն Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մարդասիրական առաքելութեամբ զբաղած տասնեակ մը եւրոպացի երիտասարդ կիներու, որոնք 1890-էն մինչեւ 1930-ական թուականները կեանքի նուիրումով մասնակցեցան մարդասիրական վսեմ գործին: Ժապաւէնին նկարահանումը տեւած է մէկ տարի: Նկարահանումները կատարուած են Նորվեկիոյ, Շուէտի, Դանիոյ, Գերմանիոյ, Էսթոնիոյ, Թուրքիոյ, Լիբանանի, Սուրիոյ, Յունաստանի, Հայաստանի ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ:

Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի Արեւելեան շրջանի գրասենեակի համայնքային զարգացման եւ հաղորդակցութեան տնօրէն Արթիւր Մարտիրոսեան իր բացման խօսքին մէջ ներկայացուց ժապաւէնին յատկութիւնները` շեշտելով անոր նշանակութիւնը թրքական ժխտողականութեան դէմ պայքարելու առումով, որովհետեւ օտար ականատեսներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող վաւերագրութիւն է: Մարտիրոսեան նաեւ կարեւոր նկատեց այն իրողութիւնը, որ ժապաւէնը կը ցուցադրուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին յաջորդող փուլին, երբ հայ ժողովուրդը սգալու եւ ողբալու կողքին, աւելի տէր կը կանգնի իր  պահանջատիրական իրաւունքներուն եւ կը պայքարի արդարութեան համար:

«Ման փիքչըրզ» ժապաւէնի ընկերութեան հիմնադիր ու տնօրէն Մանուէլ Սարիբէկեան իր կարգին խօսք առնելով` շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն կազմակերպութիւններուն, որոնց շնորհիւ Նիւ Եորքի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ ժապաւէնը, աւելցնելով, որ ժապաւէնը ցուցադրուած է հայկական երեք փառատօներու ընթացքին, եւ ներկայիս կը պատրաստուին զայն ցուցադրել նաեւ միջազգային փառատօներուն:

Աւարտին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան բարձր գնահատեց սոյն գործի արժանիքները եւ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց հեղինակներուն, ինչպէս նաեւ` ձեռնարկի կազմակերպիչներուն:

ՀՄԸՄ-ի Փրովիտընսի Մասնաճիւղի 35-Ամեակի Տօնակատարութիւն

HMEM_60416

4 յունիսին Սուանզիի «Վինըս տը մայլօ» ճաշարանին մէջ նշուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Փրովիտընսի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 35-ամեակը:

Վարչութեան անունով Սարգիս Դարբինեան արտասանեց մասնաճիւղի շնորհաւորական խօսքը` երախտագիտութիւն յայտնելով բոլոր հիմնադիրներուն, նաեւ` անցեալի եւ ներկայ նուիրեալ անդամներուն, որմէ ետք ան յատուկ յուշանուէրներով պատուեց բոլոր այն վարչականները, որոնք վարչութեան կազմին մէջ վարած են զանազան պաշտօններ` երկարատեւ տարիներու ընթացքին:

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ Կոմիտաս քհնյ. Պաղսարեան իր պատգամով գովքը հիւսեց ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներուն, անդամներուն եւ համակիրներուն, որոնց 35 տարիներու տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ այսօր Փրովիտընսի գաղութը կը վայելէ սկաուտներու գործակցութիւնը գաղութի բոլոր մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` եկեղեցւոյ խորանին վրայ:

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան անդամ Վիգէն Խաչատուրեան իր կարգին շնորհաւորեց Փրովիտընսի մասնաճիւղը, որուն անդամներու անսակարկ նուիրումին շնորհիւ 35 տարիներ առաջ հիմնադիրներու կողմէ ցանուած հունտերը արդիւնաբեր դարձան: Ապա Շրջանային վարչութեան կողմէ «Ծառայութեան շքանշան»-ով պատուեց մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներէն Ռոստոմ Ճաւահիրճեանը, Սարգիս Եփրեմեանը, Սարգիս Մինասեանը եւ Յակոբ Խաչատուրեանը:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ քալիֆորնիաբնակ ՀՄԸՄ-ի Փրովիտընսի մասնաճիւղի նախկին անդամ եւ սկաուտ Յարութ Առաքելեանի կողմէ պատրաստուած սահիկներու հաւաքածոն, ուր ներկայացուած էր անցնող 35 տարիներու մասնաճիւղին յաջողութիւնները:

Ալեք Զարիֆեան` Ամերիկայի Ճարտարապետներու Հիմնարկի Համաժողովի Անդամ

alek-zarifian_63016Միացեալ Նահանգներու կարեւորագոյն ճարտարապետական հիմնարկներէն մէկը հանդիսացող «ՍմիթԿրուփ» հաստատութեան Լոս Անճելըսի կեդրոնէն Կլենտէյլի համայնքէն ներս գործօն անդամ Ալեք Զարիֆեան վերջերս ընտրուեցաւ Ամերիկայի Ճարտարապետներու հիմնարկի ճարտարապետներու համաժողովի անդամ` հանդիսանալով այս տարի Միացեալ Նահանգներու այդ հեղինակաւոր պատիւին արժանացած 149 ճարտարապետներէն մէկը:

Ալեք Զարիֆեան ներկայիս գլխաւոր ձեւաւորողն է Հարաւային Քալիֆորնիոյ առողջապահութեան ոլորտին համար «Սմիթկրուփ» հաստատութեան կողմէ իրականացուող շարք մը ծրագիրներու, ներառեալ` Տաունիի եւ Չուլա Վիսթայի մէջ, որոնց արժէքը յաջորդաբար 228 եւ 240 միլիոն տոլար է: Ան նաեւ եղած է կրթական, գիտական եւ արհեստագիտական մարզերու համար կառուցուած շարք մը համալիրներու գլխաւոր ձեւաւորողը:

Զարիֆեան Ամերիկայի ճարտարապետներու հիմնարկի մօտիկ գործակից մը եղած է եւ 2009- 2014 երկու առիթներով հիմնարկի Քալիֆորնիոյ վարչութեան անդամ ու Փասատինա-Ֆութհիլ մասնաճիւղի նախագահ: Իսկ վերջին 15 տարիներուն, ան նաեւ շրջանի ճարտարապետական համալսարաններուն մէջ սպասարկած է իբրեւ այցելու քննադատ:

Նշուեցաւ «Մասիս» Շաբաթաթերթի 35-Ամեակը

Massis-newspaper_60416

4 յունիսին Իրանահայ միութեան սրահին մէջ նշուեցաւ «Մասիս» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան 35-ամեակը, եւ այս առթիւ պատուոյ գիրեր յանձնուեցան թերթի գոյատեւման իրենց նպաստը բերած` Յովհաննէս Հանէսեանին (յետմահու), Նազարէթ Գեւոնեանին եւ տոքթ. Արշակ Գազանճեանին:

Օրուան հանդիսավար «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան ատենապետ եւ «Մասիս»-ի խմբագրական կազմի անդամ Յարութ Տէր Դաւիթեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ թերթի 35-ամեայ ուղիին, առաքելութեան եւ ընդհանրապէս հայ մամուլի դերին ու կարեւորութեան: Ապա կատարուեցաւ պատուոյ գիրերու յանձնում:

Հայաստանի  հիւպատոս Վալերի Մկրտումեան իր կարգին շնորհաւորեց «Մասիս» շաբաթաթերթի 35-ամեակը եւ անդրադարձաւ ամբողջ հայութեան միասնական ուժերով Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման համար առաջ տարուող քաղաքականութեան:

Թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան ելոյթ ունենալով` գնահատեց հայ մամուլը եւ անոր մեծ դերը հանրութեան կեանքէն ներս: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Այս առթիւ կատարուեցան աւելի քան 40 հազար տոլարի նուիրատուութիւններ:

 

Փարիզ

Հայկական Միջնակարգ Նոր Վարժարանի Մը Բացումը

KevorkArabian-School_63016

Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան դպրոցական համալիրի խնամակալ մարմինը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան դպրոցական վերամուտին` սեպտեմբերին, բացումը պիտի կատարուի Գէորգ Արապեան միջնակարգ վարժարանին, Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան դպրոցական համալիրի շրջանակին մէջ, որ կը հանդիսանայ առաջին հայկական միջնակարգ վարժարանը 1987 թուականին տեղի ունեցած Մարսէյի Համազգայինի բացումէն ի վեր:

Սոյն նախաձեռնութիւնը սկսաւ 2011-ին` շնորհիւ Սուրբ Մեսրոպ վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտութեան ծնողաց վճռակամութեան:

Յայտնենք, որ Սուրբ Մեսրոպ վարժարանը հիմնուած է 15 սեպտեմբեր 1978-ին, Ալֆորվիլի մէջ, ուր Ցեղասպանութենէն վերապրածներու գաղթէն ի վեր հայկական հոծ համայնք մը կ՛ապրի:

 

Սպանիա

«Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակը. Մէկդարեայ Լռութիւն» Գիրքի Հրատարակութիւն

genocidio_595-IspaniaԱւելի քան երկու տարուան աշխատանքէ ետք Սպանիոյ մէջ լոյս տեսաւ «Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը. մէկդարեայ լռութիւն» գիրքը:

Արթուր Ղուկասեանի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած այս գիրքին մէջ իրենց խօսքերը ունեցած են` պատմաբաններ, լրագրողներ, իրաւաբաններ, արձակագիրներ, բանաստեղծներ, արուեստագէտներ, որոնք տարբեր երկիրներէ կու գան:

Գիրքին մէջ ստորագրութիւն ունեցող 35 հեղինակները կու գան` Հայաստանէն, Սպանիայէն, Պոլիվիայէն, Չիլիէն, Կուաթեմալայէն, Քոլոմպիայէն, Վենեզուելայէն, Փերուէն, Փուերթօ Ռիքոյէն, Հոնտուրասէն, Էքուատորէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Փանամայէն, Ուրուկուէյէն, Քուպայէն, Փարակուէյէն, Արժանթինէն եւ Տոմինիքեան Հանրապետութենէն:

Հեղինակներն են` Արթուր Ղուկասեան, Այտա Աքոսթա, Խոսէ Լուիս Ալվարես, Վելես, Նուրիա Անիօ, Վիքթոր Ուկօ Արեւալօ Խորտան, Ֆրետի Տ. Ասթորքա, Էտկարտօ Տանիէլ Պարեթա Վայելսուելա, Տորա Իզապել Պերտուկօ Իրիարտէ, Ռոնի Պոլիվար, Էնրիքէ Պուստամենտէ, Խոսէ Քարապայօ, Ամատօ Քարփոնէյ Սանթոս, Ֆրանչիսկօ Տոմենէ, Սանթոս Տոմինկես Ռամոս, Խուլիօ Ֆեռնանտօ Կուռիարարան, Տիք Լեսթեր Նունիես, Սանտրա Պէաթրիս Լուտենիա Խիմենես, Ռոտրիկօ Եանօ Իսասա, Արա Մալիքեան, Վիրխինիա Մենթոսա, Խուսան Մերելօ-Պարպերա, Ժան Մէյեր, Մարքոս Անթոնիօ Պարեխա Սոսա, Կոնզալօ Պերերա, Լուիս Մանուէլ Փերես Պոիտել, Խորխէ Ռուպիանի, Մարիանօ Սարաւիա, Եանիրա Սոունտի, Կուսթաւօ Սթերժեկ, Լուսիանօ Անտրէս Վալենսիա, Ֆեռնանտօ Խոսէ Վաքերօ Օրոքիեթա, Մաքսիմօ Վեկա եւ Կրեկորիօ Վիխիլ-Էսքալերա:

Գիրքը հնարաւոր է ձեռք ձգել նաեւ «Ամազոն»-ի միջոցով` համացանցի ընդմէջէն: (www.amazon.com)

 

Լոնտոն

Հանդիպում Սէյրանուհի Գեղամեանի Հետ

seyranian-63016

Վերջերս Քենսինկթոնի «Հայ տան» մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-երեկոյ գրող, հրապարակախօս, լրագրող, արուեստաբան Լրագրողներու եւ գրողներու միութեան անդամ, սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Սէյրանուհի Գեղամեանի հետ:

Օրուան բանախօս լրագրող Սեդա Անանեան ներկայացուց Ս. Գեղամեանի ստեղծագործական եւ բեղմնաւոր աշխատանքային ուղին, անոր ձեռքբերումները, աւելի քան 15 հրատարակած գիրքերը, թերթերու եւ ամսագիրներու մէջ անոր գրած յօդուածները, հանդիպումներն ու հարցազրոյցները մեծանուն մտաւորականներու, արուեստի ու մշակոյթի գործիչներու հետ եւ այլն:

Սէյրանուհի Գեղամեանի սփիւռքի եւ սփիւռքահայութեան հետ աշխատանքներուն մասին խօսեցաւ գրող-հրապարակախօս Մանուէլ Ադամեան, որ կարեւոր նկատեց Գեղամեանի` Սփիւռքի կոմիտէին մէջ կատարած աշխատանքը խորհրդային ժամանակներէն, անոր սերտ կապը սփիւռքի մտաւորականութեան հետ եւ ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ:

Դերասանուհի Ժենիա Ներսիսեան եւ Ս. Գեղամեանի լոնտոնաբնակ քոյրը` Թամար Մինասեան կարդացին Գեղամեանի յօդուածներէն քանի մը հատը, իսկ Լոնտոնի Թահտայեան կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէնուհի Ռուզաննա Թաթուլեան անդրադարձաւ Ս. Գեղամեանի մանկապատանեկան ստեղծագործութիւններուն:

Խօսք առին նաեւ կարգ մը անձնաւորութիւններ, եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Մոսկուա

«Մենք Ենք Արցախը» Թեմայով Ձեռնարկ

moscow_52916

29 մայիսին, Փուշքինօ շրջանի հայ համայնքին մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք ենք Արցախը» խորագիրով ձեռնարկ մը, որ նուիրուած էր արցախեան պատերազմին զոհուած հայ հերոսներուն, մայիսեան յաղթանակներուն, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան:

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցան «Արգիշտ» ժողովրդական պարային համոյթը, «Արգիշտ» հայկական միօրեայ դպրոցի ժողովրդական գործիքներու ուսուցիչ Աւետիս Մանուկեան եւ նոյն դպրոցի սաները:

Այնուհետեւ դպրոցի տնօրէն Ազնիւ Պարոնեան յանձնեց վկայականներ: Իր ելոյթին մէջ Պարոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց` ռուս ժողովուրդին, սփիւռքի նախարարութեան, ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ աշակերտներուն:

Դպրոցի սաները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին «Արգիշտ» հայ համայնքին, հայկական դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական անձնակազմին, որոնց եռանդին ու ջանքերուն շնորհիւ իրենք կրցած են օտար հողի վրայ սորվիլ հայերէն գրել, կարդալ եւ հայեցի դաստիարակութիւն ստանալ:

Ձեռնարկի աւարտին Ազնիւ Պարոնեան շնորհակալագիրներ յանձնեց դպրոցի սաներու ծնողներուն եւ համայնքի հայապահպանման գործի նուիրեալներուն:

Նախորդը

Հայու Ազգային Ոգին Եւ Օշականը

Յաջորդը

Իգտիրի Մէջ Վերցուած Են «Բարի Եկաք» Եւ «Ցտեսութիւն» Գրութիւնները

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին
Գաղութէ Գաղութ

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?