Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայու Ազգային Ոգին Եւ Օշականը

Յունիս 30, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

hagoposhagan_63016– Ա՛լ բան չեմ փոխեր: Մէյ մը վերանայիմ, եւ վե՛րջ,- կ՛ըսեմ ու առտուան ժամը երկուքն է արդէն, քնատ` բայց աչքերուս քուն մուն չ՛երեւար: Բաժակ մը ջուր` եւ վե՛րջ: «Ասպարէզ»-ի ապրիլ 24-ի համար պատրաստած յօդուածս պատրաստ է… վերջակէտը դրի, այս անգամ առանց ուշացումի տեղ պիտի հասնի… Շունչ մը կը քաշեմ: Այդպէս է միշտ: Գրութիւնը ղրկած վայրկեանիս թեթեւութիւն մը կ՛իջնէ վրաս, ուսերէս բեռ մը պակսածի պէս:

Կը բանամ, գրեթէ ինքնամուղ շարժումով մը, համացանցիս նամակներու բաժինը` պարզապէս տեսնելու համար, թէ նոր լուրեր կա՞ն: Հեռաձայնով ստացեր էի համացանցով տրուած ապրիլեան տխուր լուրերը: Ահա արդէն երկու օրէ ի վեր ակռաներս կը կճրտեմ անկարողութեանս ի տես… Կ՛երեւակայեմ արցախցի սահմանամերձ գիւղերու իրավիճակը, եւ կոկորդս կը սեղմուի: Թուքս իսկ չ՛իջներ անկէ վար: Այս ամէնը` մինչեւ որ իմ դանդաղած համակարգիչս բարեհաճի բանալ իր նամակատան դռները:

Եւ ահա յանկարծ պաստառին կը բացուի Վաչէ Բրուտեանի հարցազրոյցը Արցախի հեռուստատեսիլէն:

Կը խօսի… Կը պատասխանէ իրեն ուղղուած հարցումներուն, իսկ ես կ՛ուզեմ լսել, թէ ի՛նչ վիճակ կը ներկայացնէ Արցախը… անհամբեր եմ:

Կը վերլուծէ… Կացութենէն բան չի փոխուիր: Իրեն հարցուածին ու տեսածին վերլուծումն է, որ կ՛ընէ: Ազրպէյճանի տնտեսական դժուարութիւններուն, Ալիեւի` Օպամայի հետ տեսնուելուն մասին կը խօսի զսպուած ցասումով, խիստ, շատ խիստ, ձեռքէն գայ` իրենց երեսին պիտի տայ անոնց կեղծիքն ու սուտերը, մաքրէ մէջտեղերը եւ վե՛րջ…

Կը մեկնաբանէ: Ռուսիոյ անմասն մնալն ու իբր թէ` Փութինի զղջալը, թէ ան ռազմամթերք վաճառած է Ազրպէյճանին: Բայց Բրուտեանի ձայնին մէջ շատ բաներու մասին խօսելու, դեռ իր մտքի հունը խճողող խօսքերը, իրար վրայ բարձուած  միտքերը հունաւորել փորձող անհանգստութիւն մը կայ: Պահուելիք բան չէ, եւ  վայրկեան առաջ յուսատու բաներու մասին խօսողի դրուածք կը ստանայ դէմքը, երբ հաղորդավարը, որ քանի մը բառով ներկայացուց Երեւանի հրապարակին վրայ Արցախ կռուի դաշտ մեկնող կամաւորներուն հաւաքը, հազիւ խօսքն աւարտած, յանկարծ,  խորքի պաստառին վրայ Երեւանի հրապարակն է, որ կ՛եռայ ուրախ կանչերով, կարծես հարսանիք ըլլար… Աս ի՞նչ է,- կ՛ըսեմ ինքզինքիս տեսնելով ուսեր ու թեւեր իրար հանգուցող մեր քոչարին, զուռնայով ու թմբուկով հող ու գետին թնդացնող շուրջպար մը: Հանրատար մեքենաներուն մէջ լեցուած են 50 տարիքը շատոնց անց  կամաւորներ: Այնպէ՜ս թեթեւ ու նուիրուն հայեացքներով, կարծես կ՛երթան Աստուած դիմաւորելու, եւ ահա ճամբայ կ՛ելլեն դէպի Արցախ, որպէս թեւ ու թիկունք` հայ զինուորին, որպէս մատաղ` անոնց երիտասարդ բազուկին…

Քիչ անդին խումբերով կը լուսանկարուին, կ՛ողջագուրուին:  Ո՛չ լաց, ո՛չ արցունք:  Մահ իմացեալ անմահութիւն է, կ՛ըսեմ բարձրաձայն ու սիրտս կը փղձկի: Հաւատալս չի գար: Ա՞ս ենք մենք, կ՛ըսեմ ու կը նախանձիմ ճակատ գացողներուն: Աչքերս` պաստառին,  թափ թաց աչքերս կը պղտորեն ամէն բան. կը փորձեմ հետեւիլ զիրար խաչաձեւող բացատրութիւններուն, եւ պաստառէն կ՛ուզեմ փրցնել ու պեղել,  ճանչնալ սա մեր «ազգային ոգի» կոչածը… Երեւի այս որակաւոր ոստումներուն մէջ պէտք է փնտռել ժողովուրդը իրար ձուլող շաղախը,- կը պատասխանեմ մտքիս անկիւններէն դուրս ծորող հարցումներուն: Ո՞ր ժողովուրդը պատերազմի կ՛երթայ դափ ու թմբուկով, երգ ու պարով` երդուելով ծառայել հայրենիքին, ու այնպէս խրոխտ ու աննկուն «կ՛երթայ թշնամիին մարը լացնելու», կը լսեմ Վաչէին ձայնը:  Աս ի՜նչ ժողովուրդ ենք, եա՜, – բառերս թոթով-թոթով դուրս կու գան ու կ՛անդրադառնամ, որ կոկորդս լեղի մաղձ դարձած է:

Տպիչս տպած է արդէն ինձմէ լման երկու օր խլած յօդուածս ու հիմա կը նայի երեսիս, որ «վերանայիմ»: «Վստա՞հ ես,- կ՛ըսէ,- որ ես պիտի ըլլամ ղրկուելիքը, թէ`…: Ծօ՛, ղրկէ՛, որ ազատիս…»: Եւ կը սկսի հաշիւի նստիլ զիս աջ ու ձախ օրօրող «ղրկե՞մ-չղրկեմ»-ին հետ: «Ես գիտեմ արդէն, որ վաղը միտքդ մէյ մըն ալ պիտի փոխես…, քանի մը օր ունիս, յետոյ ա՛լ ուշ պիտի ըլլայ, ղրկէ՜ կ՛ըսեմ քեզի…», եւ կը սկսի ծուռ-ծուռ զիս չափել վերէն վար, առաջին անգամ զիս տեսածի պէս ու քրթմնջալէն ինքզինք կը հրէ, կը հրմշտկէ՜ ու ափերուս մէջ ծալուելով մալուելով` կը խցկուի միւս ղրկուելէ զրկուածներուն կողքին, բաց կապոյտ կողքով թղթապանակի մը մէջ:

Հաղորդումը ընդամէնը քլիքի մը գլուխն է: Յոգնած եմ, բայց կրկին ու կրկին կը դիտեմ: Քունը մոռցեր եմ արդէն: Անհուն եւ անանուն բանով մը յորդող սիրտս աղօթել կ՛ուզէ մեր բոլոր աստուածներուն, մէկիկ-մէկիկ: Ինչպէ՞ս չաղօթել ի տես այս որակական նուիրումին, Արցախը ազատագրած այս արդէն ճերմկած գլուխներով կամաւորներուն անպաճոյճ, պարզ ու մեկին տրուած որոշման, կարծես այլ ձեւի ալ չէր կրնար ըլլալ, «կ՛երթանք մեր սկսած գործը վերջացնելու», կ՛ըսեն լրագրողին… Շարականի պէս բաներ կը զարնուին ունկերուս պատերուն: Վահան Թէքէեանը կը բանամ եւ անոր էջերուն թերթատուելուն հետ Մեծարենցը կը շարուի շունչիս մէջ, տող առ տող.

«Տո՜ւր ինծի Տէր, ուրախութիւնն անանձնական.
զանգակներո՜ւ  պէս զայն կախեմ ամէն դըրան`
ու զերդ նարօտ ամէն դըրան զայն պըսակեմ»:

Որքա՜ն ըղձանք կայ սա քանի մը տողին մէջ, բոլորին, բոլորին  ուրախութիւն բաշխելու ու նարօտի պէս` անով պսակելու ամէն տուն ու բոյն: Պիտի ծագի՞ այդ օրը…

Հիմա տաք կարօտ մը կայ թեւերուս մէջ, որ կ՛երկարի՜, կ՛երկարի գրկելու համար առտուան ձիւնին ու փոթորիկին մէջ մշտարթուն պահակ հայ զինուորին գլուխը եւ համբուրելու անոր սրբազան ճակատը…

Մե՜ղք, կը մտածեմ, որ հայաստանցիները ծանօթ չեն մեր գրականութեան: Արագ արագ կը թերթեմ Թէքէեանի երկերու ժողովածուն: Կտոր մը ունէր, ըմբոստութեան մասին էր… Ժամէ մը առտու պիտի ըլլայ, եւ ես բանաստեղծութիւն կը փնտռեմ… Գտայ: Էջ` 147: Որքան հոգեհարազատ կանչ կայ հոն, գրուած` 1908-ին: Ահաւասիկ առաջին համարը:

«Ըմբոստութիւն սրբազան
                Օր մը յանկարծ վառեցար…
                Երկինքներէն հեռաւոր
                Ինկած կայծէ մը կարծես`
                Օր մը յանկարծ վառեցար
                Մեր գիւղերուն ու քայլերուն մեր մէջտեղ,
                Համայնածախ ո՛վ կրակ, Ըմբոստութիւն սրբազան…»:

Կը կարդամ: Երկար է, բայց կուռ: Արժէ իսկապէս կարդալ. անիկա մեր էութեան խտացեալ պատմութիւնն է: Եւ ահաւասիկ փնտռած համարս, վերջինը, որ այնքան համահունչ է մեր այսօրուան ոգեկան զարթնումին.

«Բայց մեզի պէ՛տք ես դուն դեռ…
                Դուն մընացի՛ր, բընակէ՛
                Մեր մտքերուն մէջ հիմա,
                Ըմբոստութիւն սրբազան.
                Զանոնք տաքցո՛ւր, բորբոքէ՛,
                Ըրէ՛ հընոց մ՛որուն մէջ
                Մեր հին ժանգերը հալին,
                Մեր մասնիկները բոլոր
                Իրար ձուլուին, ամրանան,
                Մետաղն ըլլայ կարծր ու ջինջ
                Եւ փայլփըլումն իր երգէ փա՛ռքդ յաւիտեան,
                Ըմբոստութի՛ւն սրբազան…»:  

– Կտորդ ղրկեցի՞ր,- կը լսեմ քրոջս ձայնը:  – Ծօ՛, չե՞ս քնացած, ի՞նչ է ըրածդ…

Կ՛անդրադառնամ, որ արդէն առտու է, եւ ինք կ՛անցնի խոհանոց` սուրճ պատրաստելու:

– Չէ՛, ուրիշ մը գրելու վրայ եմ, միտքս փոխեցի: Ատիկա ուրիշ առթիւ կը ղրկեմ,- կ՛ըսեմ ու ժամերո՜վ աթոռին կպած մարմինս կը ճողկտեմ, մտքիս հորիզոնին ու աչքերուս մէջ` մեր հայու հոգիով պատմուճանուած` առիւծացած մեր սահմանապահ զինուորներու սխրանքները…

– Ի՞նչ է, դո՞ւն ալ սկսեր ես «առթիւ»-ներու լեզուով խօսիլ…: Առթիւը ո՞րն է…: Գրեցիր, կը ղրկես: Դուն շատ կը քաշքշես կոր կտորներդ…

Չեմ պատասխաներ: Հիմա քոյրս սուրճին բոյրը աջ ու ձախ փռած` նստեր է համակարգիչիս առջեւ եւ նոր գիւտ մը ըրածի պէս`

– «Հէ՛յ, ծօ՛, Վաչէ Բրուտեանին յօդուածը կարդացի՞ր», եւ կը սկսի բարձրաձայն կարդալ: Յօդուածը նոր մտած էր համացանց:

«Այս ազգային միասնութենէն ու մարտունակութենէն օրինակ առնելու ու իր կարգին` համաչափ հարթութեան վրայ պատասխանատուութիւններ ստանձնելու պարտաւորութեան տակ կը դրուի նաեւ սփիւռքը: Հիմա նոր որակի Հայաստան մըն է, որ կը ստեղծուի մեր աչքերուն դիմաց ու այս իմաստով պատմական ժամանակներ կ’ապրինք: Սփիւռքը պարտաւոր է կանգնելու մեր պատմութեան ճի՛շդ ուղղութեան վրայ:

«Հայրենաբնակ հայութեան ցուցաբերած այս նոր որակը սովորական         աստիճանով կարելի չէ չափել: «Օքթաւ»-ով պէտք է չափել: Սա, ինչպէս ըսինք, այլեւս նոր տեսակի Հայաստան մըն է, ինքնամաքրուած ու բիւրեղացած: Սա՛ էր բուն Հայաստանը:

«Այս իրականութեան լոյսին տակ է, որ կ’արձանագրենք մեր ակնկալութիւնները թէ՛ երկրի ղեկավարութենէն եւ թէ՛ սփիւռքէն: Սփիւռքն ու Հայաստանի ղեկավարութիւնը պարտաւոր են արժանի ըլլալու մեր հայրենաբնակ ժողովուրդին ու վերածնած բո՛ւն Հայաստանին»:

– Կեցի՛ր, կեցի՛ր, մէյ մըն ալ կարդա՛,- կ՛ըսեմ:

Քոյրս ինծի կը նայի: «Դեռ կարդա՞մ» կ՛ըսէ:

– Երէկ գիշեր Վաչէն ասանկ բաներ չըսաւ հաղորդավարին,- կ՛ըսեմ ես ու կ՛անցնիմ համակարգիչիս առջեւ: Գիտեմ, որ տեղ մը բաներ մը նշած եմ, – կ՛ըսեմ իւրովի…

– Ի՞նչ է փնտռածդ,- կը յարէ ու կրկին կ՛անցնի խոհանոց:

– Օշականս կը փնտռեմ: Գիրքը հոս դրեր էր…

Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հիմա կը յիշեմ, որ մեր ժողովուրդի ոգեկան ուժին մասին իմ սուրբերուս մեծագոյններէն Յակոբ Օշականը տեղ մը, բայց ո՞ւր, այս վայրկեանիս չեմ յիշեր, բաւական խիտ ձեւով ներկայացուցած էր ատիկա: Քոյրս խոհանոցային պնակ, դգալ, պատառաքաղին հետ հարցեր կու տայ, իսկ ես դեռ Օշական կը փնտռեմ` փաստելու համար ի՞նչ…, որ այսօրուանը անոր տեսլականին նախերգանքն է միայն… Ան այնքան լաւ ճանչցած էր մեր ժողովուրդը, անոր ներաշխարհն ու հոգեկան ու ոգեկան ուժն ու ամէն գնով ոտքի մնալու անոր կորովը: Մեր այս անողոք քննադատը` իր ժողովուրդին ցաւերն ու մղձաւանջները մինչեւ իր ծուծը կրծել տուող մեր գրականութեան Նորին Մեծութիւնը, դեռ 40-ական թուականներուն ինչպէ՞ս կրցած է հաւատքով նայիլ հայուն ապագային:

– Օշականին հետ գործդ ի՞նչ է,- ըսաւ քոյրս կշտամբանքով,- աչքերուդ կը վնասես, ե՛լ քուն մը քաշէ, յետոյ նստէ՛ ու գրէ՛, Օշականդ հոս է, տեղ երթալիք չունի… Կը սպասէ՜…

– Դուն ինչո՞ւ տակն ու վրայ կ՛ըլլաս ինծի համար: Տէրտ մի՛ ըներ, չեմ մեռնիր,- ըսի ու երկնցայ տիւանին վրայ: Աչքերս իրաւ որ կ՛այրէին եւ բոլորովին ընդարմացած ու փակ աչքերով հասայ Հալէպի ճեմարանը, մեր ընդարձակ բակով ու ծառուղիներով ճեմարանը, ուր առաջին անգամ, հաղորդութեան պէս, սկսեր էինք Օշական կարդալ:

– Բրուտեանին յօդուածը մէկու մը ղրկեցի՞ր: Ղրկե՞մ,- կը հարցնէ քոյրս:

– Նորէն կը կարդա՞ս այդ վերի քանի մը տողը, «ինքնամաքրում, բաներ…», կ՛ըսեմ փակ աչքերով:

Ուրկէ՞ պէտք է սկսիլ, կը մտածեմ: Չէ՞ որ սփիւռքն ալ պէտք ունի ինքնամաքրման, բիւրեղացման, որ կարելի ըլլայ Հայաստանի ակնկալելի վերընձիւղման հետ նոյնանալով` վերանորոգուիլ եւ մշակոյթ ստեղծել ազգային նոյն արմատներու աւիշով սնանելով:

«Սա, ինչպէս ըսինք, այլեւս նոր տեսակի Հայաստան մըն է, ինքնամաքրուած ու բիւրեղացած: Սա՛ էր բուն Հայաստանը», կ՛ըսէր Վաչէն: Քրոջս ձայնը ա՛լ չեմ լսեր: Կրկին կարդալու վրայ է յօդուածը, մինչ ես, չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ կը փորձեմ զուգահեռ մը գտնել Բրուտեանի վերոնշեալ տողերուն եւ Օշականէն ուղեղիս մէջ տեղ գտած իր չափորոշումներուն միջեւ, որովհետեւ քիչ անգամ Օշականի  դատումները խտացած իմաստութիւններ չեն պարունակեր…

Յիշեցի: Եղաւ: Եւ կը բանամ իր  «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» Թ. հատորը: Վահան Թէքէեան բանաստեղծի մասին դասախօսութեան մը պատրաստութեան ընթացքին էր,  երբ հատորին էջերէն մէկուն լուսանցքին մէջ նշած էի տարիներ առաջ, թէ Օշականի` մեր ժողովուրդի մոխիրներէն յառնելու կարողութեան, յաւէտ ինքզինք նորոգելու խորհուրդին մասին իր տուած կարծիքը այնպիսի խոր համոզումով է տրուած, որ «երանի՜ որ այդպէս ըլլայ», ըսեր էի այն ատեն, եւ մատիտովս քովի լուսանցքին վրայ շարունակեր. «Ինչ ըսես, բանաստեղծ մարդ է, երազել ալ կարելի է, եւ ո՞վ կ՛ըսէ, թէ մեր տժգոյն այսօրը հետզհետէ աւելի պիտի տժգունի, խամրանայ ու հովուն տրուած աւազի հատիկներուն պէս անհետի»:

Եւ ահաւասիկ իմ հարցս: Ինչպէ՞ս վերականգնիլ ու վերականգնել, վերանորոգուիլ ու վերանորոգել մենք զմեզ: Ինչպէ՞ս լաւատես ըլլալ այսօր, երբ մղձաւանջ կ՛ապրիս այսքան ցնցիչ կերպով ոչ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի սահմաններուն սպառնացող վտանգներուն: Աւելի՛ն. լուր այդ ամէնուն, ինչպէ՞ս սթափիլ ու սթափեցնել ինքնամոռաց նիւթապաշտութեամբ տարուած ու տարուող, հայերէնին ու հայութեան հանդէպ անտարբերութեան ծովուն յանձնուած հայ մարդը: Փորձել չզայրանալ, չընդվզիլ, չկատղիլ… ու փորձել յամառօրէն կառչած մնալ մայրենիին, Քիփլինկի խօսքերով` «Եթէ կրնաս պահել գլուխդ առանձին, երբ խուճապի մէջ է չորսդիդ ամէն մարդ…», մանաւանդ երբ Հայաստանի պետական մարմինները խուլ ու կոյր կը ձեւանան, արդէն 25 տարիէ ի վեր,  այսքան կանչին ու արմատներուն գիտակից իր ժողովուրդէն եկած զգաստացնող կոչին` բոլոր այն բաներուն հանդէպ, որոնք մեր ազգային իրաւունքները, երաշխաւորուած նախ` լեզուով ու մշակոյթով, եւ նաեւ` վերահաստատուած ազգային արժանապատուութեամբ, մեզի կը վերադարձնեն:

Եւ սակայն, այսօրը այլ է: Այդ բոլորը մանրուք չեն, ո՛չ, բայց վերանայուելի են, վերահաստատելի են: Կարեւորը այսօրուան վերագտնուած ոգին է, որ ցարդ անթեղուած ըլլալուն` դժուարաւ լսելի կ՛ըլլար բոլորին: Հիմա կ՛անդրադառնամ, որ Օշականն է ճիշդ տեսլականը ունեցողը, եւ մենք որքա՜ն երկար ճամբայ ունինք կտրելիք` հասնելու համար անոր յստակատեսութեան…  Եւ ահաւասիկ` իր փոխանցածը մեզի. շեշտերը ի՛րն են:

«… Գիտեմ սակայն, որ ցաւէն անցած բացատրութիւնը մեր ժողովուրդին ամէնէն ազնուական մէկ փորձառութիւնը կը խտացնէ: Այսպիսով է, որ մենք լացեր ենք, բայց դիմացեր, տեսեր մեր շուրջը կործանիլը մեր ամէնէն նուիրական սրբութիւններուն, բայց… սկսեր վերակազմումը մեր քանդուած հոգիին, գրեթէ ամէն աղէտէ ետք, երբեմն նոյնիսկ աղէտին ծոցը:  Քանի մը հարիւր տարի վերջ մեր ժողովուրդը իր պատմութիւնը ո՛չ միայն պիտի ըլլայ վերագտած, այլ մանաւանդ զայն պիտի հասկնայ, բոլորովին տարբեր ԺԹ., Ի. դարու մեր բանասէրներէն: Պիտի երեւան գայ ծածկուած խորհուրդը ժողովուրդի մը,  զգաստ, խոր,  իրաւ, քամբախտ, միշտ ցաւին սլաքներուն տակ, բայց միշտ զայն վերածելու չափ իմաստուն  նորոգեալ կենսականութեան մը, ուժականութեան մը: … Այն ատեն, մեր թոռներուն թոռան որդիները պիտի զգան, թէ ի՛նչ շնորհներու կը պարտին իրենց կեանքը, ասոնք գտնելով մեր մշակոյթին մեծ միութիւններուն ծոցը, ծրարուած, բայց անմեռ»:

Պիտի կարենա՞նք տոկալ մեր ցաւերուն: Աւելի՛ն. պիտի կարենա՞նք մեր տառապանքներն ու կորուստները զսպանակելով` ստեղծել այնպիսի ազգային որակ ու հոգեկան կորով, որ ոչ միայն այս սերունդը, այլեւ գալիքները հասկնան ու վերծանեն մեր ժողովուրդին ոչ միայն վերապրելու, վերանորոգուելու խորհուրդը, այլեւ` անոր յարատեւ վերընձիւղուող կենսականութիւնն ու ուժականութիւնը, ուրկէ կը սկսի նաեւ առողջ «մէկ ազգ մէկ հայրենիք»-ի ազգակերտումը: Աւելի՛ն. պիտի կարենա՞նք արժանի ըլլալ մեր նորաստեղծ հայրենիքին…

 

 

 

Նախորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Թելադրելի Է Երեխաներուն Աշխատիլ Սորվեցնել Կանուխ Տարիքէն

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?