Հինգշաբթի, 9 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Թորոսեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր` միասնաբար ըմբոշխնելու մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն ու Ծաղիկ դասարանի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը: Վարժարանը այս տարի կը նշէր իր հիմնադրութեան 65-ամեակը: Հանդէսին ներկայ էին պատուելի Սեւակ Թրաշեան, Նշան վրդ. Լախոյեան, դպրոցի եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, վարժարանի ծնողական յանձնախումբի անդամներ, ծնողներ եւ հիւրեր:
Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք աշակերտները հայերէնով, անգլերէնով եւ արաբերէնով Աստուածաշունչէն համարներ կարդալով եւ երգերու գեղեցիկ փունջով մը օրհնեցին ու փառաբանեցին զԱստուած, ապա բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն անցան յայտագիրի գործադրութեան:
Մանկապարտէզի զանազան դասարաններուն աշակերտները ներկայացուցին պարեր` իրենց մարմիններու հեզաճկուն շարժումներով ճոխացնելով մթնոլորտը: Հաճելի էր դիտել զանոնք շքեղօրէն զարդարուած բեմին վրայ, ուր իւրաքանչիւրը կը փորձէր ուրախացնել իր ծնողներն ու ներկաները: Յայտագիրը մերթ ընդ մերթ կ՛ընդհատուէր փոքր զաւեշտներով` արաբերէնով եւ հայերէնով:
Ներկաները դիտեցին «Հայկական է` պատուական է» տեսերիզը, ուր փոքրերը կը յորդորեն երէցները քաջալերել հայկական ապրանքներու վաճառքը` մերժելով թրքական արտադրութիւնները:
Հանդէսի աւարտին ներկայացան 13 փոքրիկ շրջանաւարտները, որոնք իւրայատուկ ոճով հրաժեշտ տուին մանկապարտէզին, ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում` ձեռամբ վարժարանի տնօրէնուհի Սեդա Գարակէօզեանի, պատուելի Սեւակ Թրաշեանի եւ Ծաղիկ դասարանի պատասխանատու Լենա Ճորճեանի: Տնօրէնը իր խօսքին մէջ նշեց, թէ այս փուլը առաջինն է այն երկար ուղիին, որ մեր փոքրերը պիտի դիմագրաւեն` անցնելով տարբեր ուսումնական փուլերէ եւ զարգացնելով իրենց ձիրքերը, ծառայելով հայ ազգին:
Հանդէսը կազմակերպելու եւ իրագործելու համար Սեդա Գարակէօզեան շնորհակալութիւն յայտնեց բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանին, ինչպէս նաեւ` մանկապարտէզի բոլոր ուսուցչուհիներուն: Հանդէսը վերջ գտաւ պատուելի Սեւակ Թրաշեանի աղօթքով, ապա ներկաները շնորհաւորեցին վկայական ստացած փոքրիկները:
Ուրբաթ, 17 յունիս 2016-ի երեկոյեան, ժամը 8:00-ին, վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը: Հանդիսութեան ներկայ էին հոգեւոր հովիւներ, եկեղեցւոյ ժողովականներ, դպրոցի հոգաբարձութեան եւ ծնողական խորհուրդի անդամներ, ծնողներ եւ հիւրեր:
Հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա Հայ աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցւոյ հովիւ պատուելի Սեւակ Թրաշեանի Աստուածաշունչի ընթերցումէն ու աղօթքէն ետք, վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեան բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս Աննա Արթին Ղանթուսը: Բանախօսը շրջանաւարտներուն ուղղուած իր խորհուրդները աւարտեց մաղթանքներով, որոնք յաւիտեանս պիտի ուղեկցին կեանքի նոր հանգրուանի շեմին գտնուող պարման-պարմանուհիներուն:
Վարժարանի երգչախումբը, խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի, հանդէս եկաւ «Ամենապերճ Յիսուս», «Գովք Հայաստանի» եւ «Ախպերս ու ես» երգերով, ապա ղեկավարութեամբ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի, 9-րդ եւ 6-րդ կարգերու աշակերտները ներկայացուցին «Վերածնունդ» եւ «Իմ ուսուցիչ» թատերական պատկերները:
Ներկաները պաստառի վրայ դիտեցին 2015-2016 տարեշրջանի գործունէութեան վերաբերող հարուստ խճանկար մը:
Իններորդ կարգէն երեք աշակերտներ` Ճորճ Սահիլի (հայերէն), Նանար Մինասեան (արաբերէն) եւ Շաղիկ Իշխանեան (անգլերէն) կարդացին իրենց պատրաստած ուղերձները, որոնց ընդմէջէն իրենց դասընկերներուն եւ իրենց անունով շնորհակալութիւն յայտնեցին վարժարանին, տնօրէնութեան եւ ուսուցչակազմին:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վեցերորդ եւ իններորդ կարգերու աշակերտներուն վկայականաց բաշխումը: Վարժարանի վեցերորդ կարգէն վկայական ստացան 10 աշակերտներ, իսկ իններորդ կարգէն` 19: Վկայականներու կողքին, յանձնուեցան յատուկ մրցանակներ: Վեցերորդ կարգէն բարձրագոյն միջինի մրցանակը ստացաւ Սեսիլիա Պագգալեան, ապա տիպար աշակերտի մրցանակը ստացան երկու աշակերտներ` Մեղրի-Նենսի Պապիկեան եւ Սէրլի Մանուկեան: Հայ աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցւոյ Աստուածաշունչի մրցանակը ստացան դարձեալ երկու աշակերտներ` Մեղրի-Նենսի Պապիկեան եւ Սեսիլիա Պագգալեան: Իններորդ կարգէն տիպար աշակերտի, բարձրագոյն միջինի, «Ալեքս Գէորգ Սվաճեան» հայերէնի, «Աւետիս Սահակեան» հայոց պատմութեան եւ Հայ աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցւոյ Աստուածաշունչի, «Նարօտ» անգլերէնի, «Մելքոն եւ Ովսաննա Մելքոնեան» կենսաբանութեան եւ «Անանիա Շիրակացի» ուսողութեան մրցանակները բացառաբար այս տարի ստացաւ մէկ աշակերտ` Ճորճ Սահիլի:
Վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեան իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ, որ 6-րդ դասարանի աշակերտները երեք տարի ետք պիտի տեսնենք սրահին միւս կողմը, ուր այժմ իններորդ դասարանը նստած է: Սակայն ասիկա կը կարօտի յարատեւ աշխատանքի:
Գարակէօզեան իններորդ կարգի շրջանաւարտներուն թելադրեց իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնել հետեւեալ կէտերուն վրայ.
1) Նպատակդ յստակ թող ըլլայ, ծրագիր մը գծէ եւ անոր հետեւէ:
2) Լաւը լաւագոյնին թշնամին է, միջակը լաւագոյնը մեռցնող սուրն է, միջակէն հեռու կեցիր, քանի որ քու կարողութիւններդ հոն չեն զարգանար, ձգտէ միշտ լաւագոյնին:
3) Յարատեւութիւնն է, որ կ՛աշխատցնէ եւ կը զարգացնէ կարողութիւններդ, ամէն ջանք թափէ, որ հասնիս նպատակիդ եւ հնձես արդիւնքը:
4) Ի՛նչ վիճակի մէջ ալ ըլլաս` յաջող թէ ձախող, մի՛ մոռնար, որ առանձին չես, Աստուած քեզի հետ է, դիմէ Անոր:
«Մաղթանքս է, որ ձեր ուրախութիւնը ամբողջանայ պետական քննութիւններուն յաջողութեամբ», ըսաւ Գարակէօզեան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդէսի գեղարուեստական ղեկավար Ռոպերթ Առաքելեանին, ձայնի պատասխանատու Մարիա Շէնզեանին, ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան, հոգաբարձութեան, եկեղեցւոյ ժողովականներուն, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, անհատ բարերարներուն, կազմակերպութիւններուն, եւ հայրենակցական միութիւններուն:
Ապա զոյգ դասարաններու շրջանաւարտները իրենց երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելով իրենց ծնողներուն` յատկանշական նուէրներ յանձնեցին:
Հանդէսի աւարտին յատուկ յուշանուէրով մը պարգեւատրուեցաւ վարժարանի հոգաբարձուներէն Մէյպլ Մամիկոնեան, որ աւարտեց իր ծառայութեան շրջանը իբրեւ հոգաբարձութեան անդամ:
Ապա պատուելի Սեւակ Թրաշեան հանդէսը փակեց աղօթքով: