Յօդուածներ

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ատրպատական Ս. Թադէի Եռօրեայ Ուխտագնացութիւնը Նախաձեռնութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան, 62-րդ տարին ըլլալով, 14-16 յուլիսին տեղի ունեցաւ տարեկան եռօրեայ ուխտագնացութիւնը դէպի Արտազի Ս. Թադէոս առաքեալի վանքը` հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի: 14 յուլիսի երեկոյեան Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան ժամանեց վանք, ուր արժանացաւ ժողովրդային դիմաւորութեան` օրհնելով հացն...

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան (Մահուան 30-Ամեակին Առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» Շաբաթաթերթը Սեփական հրատարակչատուն մը հիմնելէ ու զայն առողջ հիմերու վրայ կանգնեցնելէ ետք, Սիմոն Սիմոնեանի յաջորդ մտասեւեռումը դարձաւ սեփական մամուլ մը ունենալու երազը, վաղեմի՜ երազը: Ա՛լ թերթ մը հրատարակելու բոլոր կարելիութիւնները ունէր` տպարան, հրատարակչական փորձառութիւն, աշխատակիցներու եւ բարեկամ գրողներու լայն շրջանակ, մանաւանդ` հայագիտական պաշար, վարժ գրիչ եւ տոկո՛ւն հայերէն: Եւ ահա այսպէս, 4 ապրիլ 1958-ին «Սեւան»...

Լիզպոնի պայթիւնը որ լռութեան պատը քանդեց

Լիզպոնի պայթիւնը որ լռութեան պատը քանդեց

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Երբ կը յիշենք Լիզպոնի հինգ հայորդիներու նահատակութիւնը, պէտք է կրկին անգամ մտաբերենք անոնց զոհաբերումին նպատակը։ Միայն այդ ձեւով կրնանք հայօրէն արժեւորել այս հինգ սքանչելի տղոց թէ՛ կեանքը, թէ՛ նահատակութիւնը եւ թէ առաքելութիւնը։ Ի դէմ ճշմարտութեան՝ օտարին լռութիւնը ինչպէ՞ս կարելի է քանդել։ Ի տես արդարութեան՝ այլոց անտարբերութիւնը ինչպէ՞ս կարելի է խախտել։ Ի լուր իրաւազրկման՝ մարդոց գիտակցութիւնը ինչպէ՞ս կարելի է...

Խմբագրական.   Լիզպոնի Անհամեմատելիութիւնը

Խմբագրական. Լիզպոնի Անհամեմատելիութիւնը

Ժամանակակից հասարակական բաց համակարգը ամէն ինչ քննարկելի դարձնելու ոչ միայն հակամէտութիւնը ունի, այլ նաեւ լիարժէք կը տրամադրէ գործնական միջոցները: Մարդիկ իրենց մտքով անցածը, երեւակայածը կամ ցանկալի մտածողութիւնը կայծակնային արագութեամբ կը հրապարակայնացնեն եւ նոյն արագութեամբ ալ կը ստանան արձագանգումներ` իրենց տեսակէտէն աւելի հեռու գացողներ կամ սուր կերպով հակադրուողներ: Եւ «քննարկում»-ը կը շարունակուի այս ձեւով: Խումբ մը մարդոց խօսակցութիւնն է, որ ըստ...

Բարի Լոյս 26.  Կը Նայինք Արարատէն Անդին  (Լիզպոնի Գործողութեան 33-Ամեակին Առիթով)

Բարի Լոյս 26. Կը Նայինք Արարատէն Անդին (Լիզպոնի Գործողութեան 33-Ամեակին Առիթով)

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Սիրելի՛ ընկերներ, Ձեր հերոսական սխրանքէն ու հերոսացումէն 33 տարի ետք, ահաւասիկ պահանջատէր երիտասարդութիւնը կու գայ դարձեալ խոնարհելու ձեր անզուգական գործին, գիտակից զոհողութեան եւ հայութիւնն ու Հայաստանը ամէն բանէ վեր նկատող ձեր նուաճած ու ամրակայած գաղափարական ճշմարտութեան դիմաց, որուն նուիրագործման համար չխնայեցիք ձեր կեանքն ու արիւնը: Միջազգային ու ներազգային մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց կանգնած, այսօր Պուրճ Համուտի ձեր պանթէոնէն դարձեալ...

Տեսակէտ.  Սպասելով Անախորժ Կացութեան  Խաղաղ Կարգաւորման

Տեսակէտ. Սպասելով Անախորժ Կացութեան Խաղաղ Կարգաւորման

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին գրաւումով ստեղծուած ճգնաժամը մուտք գործեց իր 10-րդ օրը: Գունդի տարածքը գրաւած զինեալ խմբաւորումն ու անոր աջակիցները կը պահանջեն իրենց ղեկավարին` Ժիրայր Սեֆիլեանի ազատ արձակումն ու նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը: Այդ երկու պահանջները ոչ միայն անիրատեսական են ու անհեռանկարային, այլեւ անոնց բաւարարումը խիստ վնասակար է ու մերժելի, որովհետեւ միայն առերեւոյթ կը վերաբերին...

Անսակարկ Զոհաբերում` Ազգի Յաւերժացման Բագինին Առջեւ

Անսակարկ Զոհաբերում` Ազգի Յաւերժացման Բագինին Առջեւ

ԺԱԳ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ Ամէն տարի, 27 յուլիսին, հայ յանձնառու երիտասարդութիւնը աշխարհի բոլոր ծագերուն կու գայ նշելու Լիզպոնի գերագոյն զոհաբերութեան աքթին յիշատակը. յիշատակը` այն բացառիկ իրադարձութեան, որ տակաւին կ՛ալեկոծէ սրտերը, որ` հայ երիտասարդութիւնը կը մղէ շարունակել հաւատալու Հայ դատի վախճանական նպատակներուն` Թուրքիայէն բռնագրաւուած հայկական հողերու ազատագրութեան եւ միացեալ Հայաստանի ստեղծման տեսլականին. այն Հայաստանը, որ իր մէջ պիտի համախմբէ աշխարհացրիւ հայ ազգին...

Պիտի Շարունակե՛նք Խոնարհիլ Հոգիներ Կամրջող Հինգ Լուսաւոր Դէմքերուն Առջեւ (27 Յուլիս 1983)

Պիտի Շարունակե՛նք Խոնարհիլ Հոգիներ Կամրջող Հինգ Լուսաւոր Դէմքերուն Առջեւ (27 Յուլիս 1983)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Տարիները կը հրմշտկեն իրարու: Ժամանակը կ՛ուզէ հուժկու թեւերով իր մոռացութեան պարեգօտը տարածել հասարակական ամէն մէկ երեւոյթի, արարքի թէ ստեղծագործ աշխատանքի վրայ: Կ՛ըսեն նաեւ, որ ժամանակը դաժան է եւ կը խնայէ ոչ ոքի, այնքան ատեն որ սովորական մահկանացուներ չեն դիմադրեր եւ կամ չեն պարտադրեր իրենք զիրենք յանուն գոյութենական պայքարի, մարդկայնական արժէքներու պահպանման, վեհ գաղափարներու սնուցման եւ տիեզերահունչ մտածումներու ամրապնդման:...

Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն

Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն

ՍԵՒԱԿ ԱՐՈՅԵԱՆ Հայրենիքի անչափ կարօտով վառուած` պատմութեան էջերը կը թերթես ժամերով, նուիրուածութեան, զոհողութեան, չյուսահատելու, չյանձնուելու անթիւ տողեր կը տեսնես, այնքա՜ն դասեր կը քաղես ու փառք կու տաս ազգիդ մեռելներուն, փառք կու տաս ցեղիդ հերոսներուն, որոնց կը պարտիս ծնունդդ, գոյութիւնդ եւ այս բոլորին հետ` մարդկային արժէքդ ու անվերջ հպարտութիւնդ` իբրեւ հայ: Ազգիդ հնագոյն աստուածներէն մինչեւ քրիստոնեայ հայրենիքիդ սուրբերուն կողքին, հաւասար պաշտամունքի...

«Մենք Գիտենք, Թէ Ի՛նչ Կ՛ընենք Եւ Գիտենք Նաեւ, Թէ Ի՛նչ Պէտք Է Ընել Ապագային»

«Մենք Գիտենք, Թէ Ի՛նչ Կ՛ընենք Եւ Գիտենք Նաեւ, Թէ Ի՛նչ Պէտք Է Ընել Ապագային»

ԲԻՒԶԱՆԴ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Ո՛չ սիրելիներ, դուք սխալած էք երեւի, այն բաժինով, թէ ի՛նչ պիտի ընեն ապագային, որովհետեւ արդէն իսկ կ՛ապրինք վիճակի մը մէջ, որ ձեր կարծածէն եւ գիտցածէն բաւական հեռու ենք: Այս օրերը փոխուած են, զէնքի օրեր չեն այլեւս, աշխարհը ահաբեկիչներու աշխարհ է եւ ոչ` ազատամարտիկներու, պետական շահերը ամէն ինչէ վեր են սիրելիներ` Սիմոն, Վաչէ, Սագօ, Արա, Սեդրակ: Մեր Դատը ուրիշներու...

«Նուէրը Նուէր Չի Տրուիր»

«Նուէրը Նուէր Չի Տրուիր»

ՀՅԴ արխիւներու սենեակին մէջ, Պոսթըն, 2010 ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ «Յիշատակներ... անցած օրեր» հատորիս գինեձօնի հանդիսութեան Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբը փափաքած էր, որ Վաչէ Բրուտեան, իբրեւ գիրքին խմբագիրը, նաեւ` ինծի մօտէն ծանօթ, հեղինակը ներկայացնէ: 3 տարի անցած է այդ թուականէն, երբ յանկարծ յիշեցի ինծի համար պատմական այդ օրը: Ուզեցի վերապրիլ այդ յիշատակելի երեկոն` դարձեալ դիտելով այդ օրուան հանդիսութեան տեսերիզը: Դիտած...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Դեռ Շատ Ընելիք Ունէր». Արմէն Ռուստամեան` Վարուժան Գունտաքճեանի Մասին 21 յուլիսին Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ  հոգեհանգստի կարգ` ազգային, հասարակական գործիչ, բարերար Վարուժան Գունտաքճեանի հոգիի խաղաղութեան համար: Ներկայ էին քաղաքական, հասարակական եւ մշակոյթի բազմաթիւ գործիչներ, արուեստագէտներ: Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան  խօսելով  Վարուժան Գունտաքճեանի մասին` նշած է, որ ան մեծ կորուստ է զինք...

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան (Մահուան 30-Ամեակին Առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Երբ Գարեգին Կաթողիկոս Անթիլիաս Կը Հրաւիրէր Սիմոնեանը... Խօսքը կը վերաբերի Յովսէփեանց Գարեգին Ա. կաթողիկոսին (1943-1952): Գիտնական հայրապետ մըն էր ան, հմուտ ձեռագրագէտ ու արուեստաբան, բնիկ ղարաբաղցի, որ Բ. Աշխարհամարտի վաղորդայնին հազիւ գահ բարձրացած` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի նստավայրը պիտի վերածէր մշակոյթի կեդրոնի մը: Գարեգին կաթողիկոսին առաջին գործերէն մին եղաւ Հալէպէն Անթիլիաս հրաւիրել դպրեվանքի նախկին շրջանաւարտ Սիմոն Սիմոնեանը (այն օրերուն`...

Ներքին Օգտագործման Զէնքը Եւ Արիւնը Անհամատեղելի Են

Ներքին Օգտագործման Զէնքը Եւ Արիւնը Անհամատեղելի Են

«ժողովուրդ» օրաթերթ Յուլիսի 17-ին «Սասնայ ծռեր» խմբաւորման կողմից ՀՀ ոստիկանութեան պարեկապահակային գնդի տարածքի գրաւման եւ յետագայ զարգացումների շուրջ «ժողովուրդ» ը զրուցել է ԱԺ նախկին պատգամաւոր, հասարակական քաղաքական գործիչ Լիլիթ Գալստեանի հետ: -Տիկի՛ն Գալստեան, մէկ շաբաթից աւել է` ՀՀ ոստիկանութեան ՊՊԾ գնդի տարածքը գտնւում է «Սասնայ ծռեր» զինուած խմբի հսկողութեան տակ: Սրան զուգահեռ քաղաքացիների շրջանում շարունակւում են բողոքի ակցիաներ կազմակերպուել: Դուք...

Հայաստանեան Պատկերներ

Իշխանութիւններին Վերացնելու Գայթակղութիւնը

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ Նորանկախ Հայաստանի գոյութեան առաջին իսկ տարիներից առկայ է եղել դժգոհութիւն գործող իշխանութիւնների հանդէպ: Եղել են նաեւ մարդիկ, որ ամէն քաղաքական կամ քաղաքականամերձ խօսակցութիւն եզրափակել են նրանով որ «դրանց խփել է պէտք է», կամ թէ «զինուած յեղափոխութիւն պէտք է անել»: Նոյնիսկ մարդիկ կային, որ յանդիմանում էին դաշնակցականներին, թէ մոռացել էք զինեալ պայքարի ձեր կուսակցութեան փառաւոր աւանդոյթները` ուրիշ էք դարձել:...

Արա Պապեանի վտանգաւոր ֆրազները

Արա Պապեանի վտանգաւոր ֆրազները

ԷԴԻԿ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ Խորենացի փողոցում քաղաքական վերլուծաբան եւ նախկին դիւանագէտ ներկայացած Արա Պապեանին թեթեւակի յիշեցնեմ, որ նախկին դիւանագէտ չի լինում: Դիւանագէտները ժամանակի հետ թողնում են այդ գործը, բայց չեն դադարում դիւանագիտօրէն մտածել եւ այնպիսի միտք արտայայտել, որ յետոյ նաեւ կարողանան արդարանալ ու բացատրել, թէ որտեղի՛ց է իրենց գլխում ծագել տուեալ միտքը: Այո՛, միշտ չէ, որ դիւանագէտների գլխում լաւ մտքեր են ծագում:...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը  Յատուկ Կարեւորութիւն Կու Տայ Ներկայ Արհեստագիտութեան Ընձեռած Միջոցներուն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Յատուկ Կարեւորութիւն Կու Տայ Ներկայ Արհեստագիտութեան Ընձեռած Միջոցներուն

Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Լսատեսողական ու Երիտասարդական բաժանմունքներուն, շաբաթ, 16 յուլիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ երիտասարդական համագումար` «Ընկերային ցանցերը եւ հայ երիտասարդութիւնը» խորագիրով: Համագումարին ներկայ էին կաթողիկոսութեան թեմերէն ժամանած ներկայացուցիչներ եւ լիբանանահայ գաղութին մէջ գործող երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներ: Համագումարի սկիզբը Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս...

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

Վահան Թոթովենց (1889-1937). Հայու Յուզաշխարհին Մէջ Դաշնաւորուած Մարդկայինն Ու Ազգայինը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Հայ արդի գրականութեան արձակ բանաստեղծութեանց ոսկեմատեանին մէջ իր անմահ տեղը ունի «Ստուերները» խորագրով խռովիչ էջ մը, որ կը պատգամէ հայոց սերունդներուն. «Գեղեցկութիւնները ծածկուած են ստուերներով. ստուեր կայ կեանքի ամէն երեւոյթի վրայ: «Արշալոյսները ստուերներու ծոցէն կը պատռին, ինչպէս` շուշանները` կոկոններէն: «Սրտերը կծկուած են թանձր ստուերներու տակ, ինչպէս` երազող աչքերը, որոնք գոցուած են, բայց կը տեսնեն: «Կեանքը շատ տափակ եւ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա.  Հայրենիքի Վերանկախացման 25-Ամեակը Դիմաւորենք Նորանոր Ծրագիրներով

Կիզակէտ` Յուլիս Բ. – Հալէպի Պատերազմը` Տագնապի Հանգուցալուծման Վերջին Փուլ

  «ԳԱՆՁԱՍԱՐ» Սուրիական տագնապի վեցերորդ տարին թեւակոխեցինք: Գետնի վրայ պատերազմական գործողութիւններու ծաւալումէն տարիներ ետք, Հալէպի բախումները տագնապի քաղաքական լուծման նախօրէին ուժերու բաժանման վերջին սահմանումները կ՛ուրուագծեն: Վերլուծաբաններու կարծիքով, Հալէպի մէջ պիտի եզրափակուի սուրիական տագնապն ու Հալէպի մէջ յաղթող կողմը շարժիչ ուժը պիտի հանդիսանայ միջսուրիական բանակցութիւններուն: Հալէպի պատերազմը էական նշանակութիւն ունի սուրիական տագնապի լուծման եւ երկրի անվտանգութեան ապահովման մէջ` նկատի առած անոր...

Հայ Մամուլը Պահելը Նաեւ Մեր Հայկական Դիմագիծը Պահել Է

Հայ Մամուլը Պահելը Նաեւ Մեր Հայկական Դիմագիծը Պահել Է

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Լիբանանի մէջ վտանգուած տպագիր մամուլի հարցը դարձեալ լուսարձակի տակ էր երէկ: Լիբանանեան տպագիր մամուլի աշխատակից շատ մը պաշտօնակիցներ, որոնք պաշտօնէ արձակուած են տուեալ մամուլին նիւթական նեղութեան պատճառով, գանգատ ներկայացուցին Լրագրողներու սենտիքային, թէ նկատի ունենալով իրենց դժուար կացութիւնը, մամուլի տէրերը շահագործելով ընկերային դառն վիճակը` սկսած են իրենց գործ առաջարկել շատ ցած աշխատավարձով, որով անկարելի է արժանապատւութեամբ ապրիլ: Ահաւասիկ Լիբանանի...

Page 909 of 1110 1 … 908 909 910 … 1,110

Արխիւներ