ՍԵՒԱԿ ԱՐՈՅԵԱՆ
Հայրենիքի անչափ կարօտով վառուած` պատմութեան էջերը կը թերթես ժամերով, նուիրուածութեան, զոհողութեան, չյուսահատելու, չյանձնուելու անթիւ տողեր կը տեսնես, այնքա՜ն դասեր կը քաղես ու փառք կու տաս ազգիդ մեռելներուն, փառք կու տաս ցեղիդ հերոսներուն, որոնց կը պարտիս ծնունդդ, գոյութիւնդ եւ այս բոլորին հետ` մարդկային արժէքդ ու անվերջ հպարտութիւնդ` իբրեւ հայ:
Ազգիդ հնագոյն աստուածներէն մինչեւ քրիստոնեայ հայրենիքիդ սուրբերուն կողքին, հաւասար պաշտամունքի ամենահարուստ ծէսերը մատուցելու պատրաստակամութիւն եւ անսպառ յարգանքի ներաշխարհ մը կը բանաս դէմը այն բոլորին, որոնք պարզ, սովորական մարդու բոլոր արժանիքներով օժտուած անհատներ ու հոգիներ էին եւ դարձան մեր` իրենց անծանօթին ու չհանդիպած մարդկանց հպարտութեան մէկ մասնիկը ու շատ անգամ` իրենց չտեսած հայրենիքի գոյատեւման երաշխիքը:
Դէպքերուն կրկին կը նայիս. պատմութիւնը դարձեալ կը կարդաս. հերոսներու նկարներ կը շարես ու երկա՜ր կը դիտես անոնց աչքերը. կը հասկնաս-չես հասկնար. կը խօսիս-չես խօսիր. կ՛աղօթես-չես աղօթեր եւ այսպէս… չեն մատակարարեր կամ հակառակը` կը մատակարարեն ամբողջ էութիւնդ իրենց հզօրութեամբ, կամքով ու հայրենապաշտութեան բոցերով կ՛այրեն խիղճդ, հոգիդ, մտքերդ, աչքերդ եւ ուղեղդ, որոնք հնարաւորութիւն ունին այսօր, ամբողջ կեանքիդ ընթացքին, վայելելու սրբազան խորանի երկրպագութեան տուած հանգստութիւնը ու ամենայն յարգանքով ծաղկեփունջ մը դնելու ի սէր միլիոնաւորներու աշխարհը լքած խաչեալներու շիրիմներուն վրայ:
Ողջ պատմութեան մէջ հազարամեակներով անցած հերոսներու խօսքերը ծառայած են իբրեւ հայրենասիրութեան դաս ու գործը` այդ դասերը գործադրելու ճամբայ, շա՛տ են նմանները: Ի՞նչ անուններ տաս, ո՞ր մէկը յիշես եւ ո՞ր մէկուն ներողութիւն խնդրես զինք չյիշելուդ եւ իր մասին չգրելուդ համար: Ազգին ու հայրենիքին նուիրուած իւրաքանչիւրին արեամբ եթէ ոռոգէինք մեր հողը ու սերունդներու ծարաւը յագեցնող ջուրին հետ խառնէինք անոնց ծնողներուն ու հարազատներուն արցունքը, այսօր մենք տակաւին պիտի քաղէինք, տակաւին առատ բեռք պիտի տար, տակաւին տասնեակ եւ հարիւրաւոր տարիներ պիտի վայելէինք զոհաբերութեան արմատէն ծլող ազատութիւնը` ամբողջական հայրենիքի մը ամբողջ տարածքին:
Պատմութեան անիւը շատ անգամ կանգ առած է, փնտռած է իր մէջ եւ միշտ գտած է բոլոր անոնք, որոնք իրենց արեամբ թաց պիտի պահէին դարերէ եկած ու հետզհետէ յոգնած ու չորացող անիւը, որուն դարեր գրկած շրջանակին հողին տակ հանգչելով` իրենց մարմինով վերստին պիտի ճանապարհէին զայն դէպի յաւերժութիւն: Իրաւունք չունինք այս բոլորով չհպարտանալու: Հայ ժողովուրդի ծնունդէն, պատմութենէն հասած առասպելներէն, թագաւորական փառքերէն մինչեւ վեց դարերու ստրկութեան մէջ գոյատեւելու հերոսութիւնն ու մարդկութեան պատմութեան ամէնէն ահաւոր Ցեղասպանութենէն վերապրելու իրականութիւնը չմոռնալով հանդերձ, նրբութեամբ, գուրգուրալով մէկ կողմ կը դնենք մեր պատմութիւնը ու եւրոպական Փորթուգալ քաղաքի մայրաքաղաք Լիզպոնի անունը այնքան պա՜րզ, թերեւս «հարազատ» կը հնչէ մեր ականջներուն, որ անտարբերութեամբ կ՛անցնինք ու յետդարձ ակնարկ մը չենք նետեր դէպի մեր պատմութեան ամէնէն փայլուն էջերը` մօտիկ անցեալը:
Լիզպոնը կը հնչէ ինչպէս Փարիզ մը կամ Լոնտոն մը, ինչպէս` սովորական եւրոպական մայրաքաղաքի անուն մը, անդին, այնտեղ` Լիզպոնի սրտին մէջ, Ծիծեռնակաբերդի կրակին նման հինգ սրտեր կ՛այրին ու ճրագի նման կը բոցավառին ազատ հայրենիքի ամէն մէկ թիզ հողին վրայ, անցնելով մեր սրտէն` կը հասնին բռնագրաւեալ հայրենիք ու կը դառնան շղթայուած հայրենիքի արդարութեան աստուածները:
27 յուլիս 1983, Լիզպոն, Փորթուգալ:
5 երիտասարդ, 5 հայ, 5 արդարութեան մարտիկներ, 5 ողջակէզներ:
Հաւատալ, որ Լիզպոնի մէջ կատարուած զոհողութեամբ հայոց պատմութեան անիւի երթը նոր թափ ստացաւ:
Հաւատալ, որ Լիզպոնի պայթումը փշրեց այն բոլոր պատնէշները, որոնք հայուն ձայնը բաժնած էին իր սեփական պատմութենէն:
Հաւատալ, որ Լիզպոնը մեր պատմութեան ամէնէն փառաւոր էջն է մինչ օրս:
Հաւատալ, որ Լիզպոնը փաստեց, որ «քաջութիւն» բառը իր իմաստով ունի ո՛չ միայն չափ ու քանակ, այլեւ ունի տեսակ` քաջութեան տեսակ:
Բաւարա՞ր է:
Ի՞նչ պէտք է հասկնանք կամ յիշենք Լիզպոնի մասին խօսելով, երբ ամէն անգամ վերստին կը գիտակցինք կամ կը հասկնանք «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» գաղափարը, երբ Վարդանանց պատերազմի մասին կը խօսինք:
Ի՞նչ գիտակցութիւն, ի՞նչ հասկնալ եւ ի՜նչ ներողութիւններ, Լիզպո՛ն:
Նեմեսիսեան արդար հատուցումէն եւ 1974-ին սկիզբ առած զինեալ պայքարէն ետք, 1983 թուականի յուլիսի 27-ին, Լիզպոնի տղաքը, պատմութեան ընդառաջ կանգնած, ուզեցին թուրքին յայտնել, թէ հայ երիտասարդութիւնը վախի ու սարսափի օրերը անցուցած է. արթնցած է իր տասնամեակներու խո՜ր քունէն, հաւաքած է ինքզինք, որպէսզի իր ձայնը բարձրացնէ աշխարհին դիմաց: Լիզպոնի տղաքը յայտնեցին, թէ երիտասարդութեան հանգիստ սիրտը փոթորկողը միայն հայոց պատմութեան հերոսները չեն, այլ ինքը` արդարութիւնը: Լիզպոնի տղաքը փաստեցին, թէ որքան դժուարանայ արդարութիւն տանող ճանապարհը, միեւնոյնն է. աշխարհը այնքա՜ն պէտք է զարգանայ, որ կարենայ հայ մօր չծնած զաւակին արեան բջիջները քննէ ու տեսնէ որքա՛ն սերունդներ այնտեղ ատելութիւն պիտի սնուցանեն թշնամիին հանդէպ, ու շարունակուի պայքարը` յանուն դարաւոր երազանքին:
Ձեր խօսքերը թուղթ ու մատիտով չփոխանցեցիք. դուք հպարտ նստած, ձեր աչքերը յառած ձեր դիմաց դրուած տեսախցիկին` շարական երգեցիք, դուք չխօսեցաք միայն:
Դուք ձեր շարականը երգեցիք հայերէն, դուք ձեր ձայնը, դէմքի արտայայտութիւնը, ձեր անձը, միտքը, մտային թռիչքը, հայրենիքի կարօտը, արդարութեան ծարաւը, իւրաքանչիւրիդ շունչի մէջ զգացուած, փոխանցեցինք համայն հայութեան, ձեր համեստ արհեստաւոր իրականութենէն ելլելով` դարձաք պատմագէտ, հասկցաք, որ հայրենիքի չգոյութիւնը մահ է. դարձաք լեզուաբան ու իւրաքանչիւր բառի ու տողի մէջ հայրենիք հասկացողութեան նոր իմաստ դրիք. դարձաք իրաւաբան` մէկուկէս միլիոնի դատը պաշտպանելու ու պահանջի մշտավառ փարոս դառնալով:
Դարձաք զինուոր, այնպիսի՛ն, որ ազգը չէր ունեցած ու տակաւին չունեցաւ… որմէ՞ ոգեւորուած էիք, որմէ՞ սորված, որմէ՞ նախանձելով հրաժարեցաք ձեր կեանքէն, համախմբուած, ունենալով միայն այն, ինչ որ պէտք էր աստուածանալու, կտոր մը երկինք, պատառ մը վրէժ, կամքի ու հզօրութեան լեռնաշղթաներ եւ նոյնիսկ մէկ անգամ հայրենիքը չտեսած` ձեր ամբողջութիւնը պայթեցնելու որոշում` ձեր սուրբ պսակի սրբութենէն սուրբ, առանց մատանի, առանց սիրածի Լիզպոն գացիք, առանց հերոսանալու, առանց քմծիծաղի, այլ հպարտ ու լայն ժպիտով, գացիք Լիզպոն ձեր կեանքը, ծնողքն ու շրջապատը չկարօտնալու, գացիք Լիզպոն եւ իբրեւ վերջին խօսք` ի՞նչ արտասանելով ողջակէզ եղաք աստուածանալու եւ պսակուելու Նեմեսիսներու հետ, ընկերանալու Վահագնի բազկին, որ արդարութիւնը պղծած, մարդկութիւնը անտեսած ու սրբազնագոյնը սրբապղծած Օսման հրէշին մոլուցքը վանէք մեր տիեզերքէն:
Ձեր դասը ի՞նչ է, տղա՛ք. ձեր օրինակը ի՞նչ է, ո՞ր ճանապարհէն կ՛անցնի ձեր իտէալը ու այդքան տարածութեան վրայ կը հանգչի` Արցախէն մինչեւ Նախիջեւան, Երեւանէն մինչեւ Ջաւախք ու Ջաւախքէն ամբողջ Արեւմտահայաստան…Կու գայ ամէն յուլիսի 27-ին կրկնելու, թէ մեր սրտերը կը մեռնին նիւթապաշտութեամբ եւ իրապաշտութեամբ, թէ մենք, այո՛, կը ճանչնանք մեր հերոսները, բայց չենք գործեր իրենց նման, կը կարդանք անոնց մասին, բայց չե՛նք ապրիր անոնց հոգիները հանգստացնելու համար, կը քարոզենք անոնց սէրը, սակայն չե՛նք հետեւիր անոնց, կ՛ապրինք մեր հազարամեայ փառքերով եւ ոչ մէկ անգամ շնորհակալութիւն կ՛ըսենք այդ բոլորին, կ՛անիծենք թշնամին ու միեւնոյն ատեն կը սնուցանենք զայն:
Լիզպոնը կու գայ կրկնելու, թէ վասն հաւատքի ու վասն հայրենիքի ինկած նահատակը սուրբ է, ու մենք հաւատալով անոր, հաւատալով, որ երկնքի արքայութիւնը իրաւունք է, չենք պայքարիր հասնելու հոն. հաւատալով, որ նահատակութիւնը յանուն հայրենիքի ու ազգի իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքն է, չե՛նք պատրաստուիր անոր:
Դեկտեմբեր 2015
Արաբկիր, Հայաստան