Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիզակէտ` Յուլիս Բ. – Հալէպի Պատերազմը` Տագնապի Հանգուցալուծման Վերջին Փուլ

Յուլիս 26, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»

Սուրիական տագնապի վեցերորդ տարին թեւակոխեցինք: Գետնի վրայ պատերազմական գործողութիւններու ծաւալումէն տարիներ ետք, Հալէպի բախումները տագնապի քաղաքական լուծման նախօրէին ուժերու բաժանման վերջին սահմանումները կ՛ուրուագծեն:

Վերլուծաբաններու կարծիքով, Հալէպի մէջ պիտի եզրափակուի սուրիական տագնապն ու Հալէպի մէջ յաղթող կողմը շարժիչ ուժը պիտի հանդիսանայ միջսուրիական բանակցութիւններուն:

Հալէպի պատերազմը էական նշանակութիւն ունի սուրիական տագնապի լուծման եւ երկրի անվտանգութեան ապահովման մէջ` նկատի առած անոր աշխարհագրական դիրքն ու յատկապէս ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէպի Սուրիա հոսքը դիւրացնող Թուրքիոյ սահմանակից ըլլալու հանգամանքը: Ուստի Հալէպի ազատագրումը հակամարտող կողմերուն համար ճակատագրական պիտի դառնայ` չէզոքացնելով այնպիսի խաղաքարտեր, որոնք տարիներ շարունակ օգտագործուեցան յատկապէս Թուրքիոյ կողմէ` սուրիական այս նահանգը իր վերահսկողութեան տակ առնելու սին երազներով:

Մինչ Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ սուրիական բանակին եւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջեւ բախումները կը շարունակուին,  Հալէպի մէջ առաջին անգամ անոնք գետնի վրայ դէմ առ դէմ կը կռուին:

Սուրիական բանակին կողմէ Հալէպի ազատագրումը նոր օրէնքներ պիտի պարտադրէ ոչ միայն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն, այլեւ` զանոնք ղեկավարող երկիրներուն:

Սուրիական բանակը Հալէպի ազատագրման պատերազմի սկիզբը կը յայտարարէ ու նկատառելի յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ:

Փոխարէնը` ՏԱՀԵՇ-ի խաղաքարտի օգտագործման համար աշխարհով մէկ դատապարտուած Թուրքիան այժմ  նոր լծակներ կ՛որոնէ գէթ տարածաշրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը պահելու համար: Ու նորօսմանեան իր ծրագիրներու տապալումով, Եւրոպայէն, ՆԱԹՕ-էն եւ Միացեալ Նահանգներէն հիասթափուելով ու մանաւանդ ռուսական ճնշումին անսալով, կը թուի, թէ ան կը սկսի փոխել Սուրիոյ նկատմամբ իր քաղաքականութիւնն ու օգտագործած բառամթերքը: Միւս կողմէ, սակայն, տարածաշրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը չկորսնցնելու մտահոգութեամբ, Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ նոր դաշինք մը յառաջացնել կը փորձէ:

Այս տուեալներու լոյսին տակ, Հալէպի պատերազմին մէջ յաղթական դուրս գալու պարագային, սուրիական բանակը պիտի կարենայ ոչնչացնել զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու հիմնական որջն ու անոնց զօրակցող երկիրներուն Սուրիոյ հիւսիսային շրջան թափանցման ախորժակներ`  վերագտնելով տարածաշրջանին մէջ իր երբեմնի ազդեցիկ ներկայութիւնը:

Կը մնայ յուսալ, որ սուրիական ընկերութեան տարբեր բաղադրիչները երկրի ազգային շահերը գերադասելով` յաջողին համախմբուիլ բանակցութեան սեղանին շուրջ ու մէկդի դնելով իրենց տարակարծութիւնները` սատարեն նոր Սուրիոյ կերտումին:

 

 

Նախորդը

Հայ Մամուլը Պահելը Նաեւ Մեր Հայկական Դիմագիծը Պահել Է

Յաջորդը

Վահան Թոթովենց (1889-1937). Հայու Յուզաշխարհին Մէջ Դաշնաւորուած Մարդկայինն Ու Ազգայինը

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?