Յօդուածներ

Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ (567).  «Աստուած Չընէ»

Յուշատետր. Եթէ Ծառին Ճիւղերը Չըլլային

Ռ. Հ. Նստած եմ պանդոկի սենեակիս պատշգամը: Գրեթէ միշտ նոյն սենեակն է, որ կը վարձեմ ամէն անգամ, որ արձակուրդի կ՛երթամ, ուստի լաւ գիտեմ նաեւ այս պատշգամը: Նստած եմ ու կը նայիմ դէպի պարտէզ, որ ծառախիտ է եւ կանաչութեան մէջ կ՛երկարի կ՛երթայ մինչեւ մօտաւոր ծովեզերքը: Վարը, ճիշդ իմ պատշգամին դիմացը ճիւղերը չորցած ծառ մը կայ: Մինչ քովի բոլոր ծառերը բեռնաւորուած են...

Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան (Մահուան 30-Ամեակին Առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Սիմոնեան` Վիպագիր Սիմոն Սիմոնեան իր գրական բազմաթիւ հետաքրքրութիւններուն շարքին չմոռցաւ նաեւ վէպը, վիպագրութիւնը: Մահէն մօտ տարի մը առաջ սկսած էր գրել վէպ մը` իրեն շատ մօտիկ անձերու կամ ընտանեկան հարազատներու կեանքէն: Յառաջ գացեր էր մինչեւ 50-60 էջ, յետոյ` կանգ առեր: Ասիկա վիպագրական իր առաջին փորձը չէր: 1978-ին աւարտեր ու իր սեփական տպարանին մէջ տպագրել տուեր էր արդէն աւելի...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Վանել Ամբոխային Տրամադրութիւնները

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Ներկայ ճգնաժամը թերեւս նախավերջին ազդն է հայրենիքի ճիշդ ու արդար բարեկարգման հրամայականին։ Ասիկա հաւանաբար նախավերջին զգաստութեան հրաւէրն է մեր սեփական տունը կարգի դնելու։ Կարելի չէ հերթական նոյն վերաբերմունքով մօտենալ շարունակուող հիմնական հարցերուն։ Թոյլատրելի չէ հնամաշ մտայնութեամբ ընկալել մեր առջեւ պարզուած ազգային իրականութիւնը։ Ճգնաժամի նկատմամբ հայրենի իշխանութեան ցուցաբերած զգօնութիւնը, համբերատարութիւնը եւ համեմատական զսպուածութիւնը յուսադրիչ կրնայ նկատուիլ։ Կը մնայ ակնկալել...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Կը Մերժենք «Կա՛մ… Կա՛մ»-ի Մտայնութիւնը

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Մէկ անգամէն ըսենք, եւ ընկերոջս Խոսրովին բառերը գործածելով` «առանց բառերը ծամծմելու»: Տարօրինակ եւ միաժամանակ վտանգաւոր մտայնութիւն մը սկսած է զարգանալու հայկական իրականութեան մէջ: Միտք մը, որ կը կրկնուի հա՛ կը կրկնուի, հայերէնի բառամթերքէն փոխ առնուած զանազան բառերով, այն աստիճան, որ ալ սկսաւ դդումի համ տալու: Այդ միտքը հետեւեալն է. «Ով որ ոստիկանական կեդրոնին գրաւումին դէմ է, ուրեմն վարչակարգին...

«Այնքան Ատեն Որ Մեր Նպատակը Նիւթական Շահեր Չի Հետապնդեր, Մենք Արդար Ու Մաքուր Խղճով Կ՛իրականացնենք Մեր Ծրագիրները»   «Ազդակ»-ին Ըսին Վահրամ Պարսումեան Եւ Խորէն Գուլաճեան

«Այնքան Ատեն Որ Մեր Նպատակը Նիւթական Շահեր Չի Հետապնդեր, Մենք Արդար Ու Մաքուր Խղճով Կ՛իրականացնենք Մեր Ծրագիրները» «Ազդակ»-ին Ըսին Վահրամ Պարսումեան Եւ Խորէն Գուլաճեան

Հարցազրոյցը վարեց ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ ՀՄԸՄ-ը` որպէս հայկական մարմնակրթական կազմակերպութիւն, կը նպատակադրէ ֆիզիքական առողջ դաստիարակութիւն տալ հայ անհատին` անոր միտքն ու հոգին ազնուացնելով ու լեցնելով մարզական ոգիով: Իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր ՀՄԸՄ-ը կ՛աշխատի նոր սերունդին մէջ աշխատասիրութեան եւ հայրենասիրութեան նկարագիր կերտել եւ զարգացնել անոնց մէջ պատասխանատուութեան ու փոխադարձ օգնութեան ոգին: Վերջերս «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ, ֆութպոլի դպրոցի...

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան (Մահուան 30-Ամեակին Առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Երբ Սիմոն Սիմոնեան Կը Վազէր Մեծ Ծրագիրներու Ետեւէն... Այո՛, Սիմոնեան միշտ ու միշտ վազեց մեծ ու համազգային ծրագիրներու ետեւէն` հաւատալով անոնց անհրաժեշտութեան, հաւատալով մանաւանդ զանոնք կենսագործելու կարելիութիւններուն: Բայց այնքա՜ն ընդարձակ էին իր այս ծրագիրները, որ մէկ մարդու կեանքը երբե՛ք բաւարար չէր`  գլուխ հանելու համար զանոնք: Իր մահէն երկու-երեք տարի առաջ, Լիբանանը հրդեհող պատերազմի օրերուն, Սիմոնեան բազմափուլ երկա՜ր զրոյցի...

Գրական Դեգերումներ Հալէպի Կրակների Ընդմէջէն

Գրական Դեգերումներ Հալէպի Կրակների Ընդմէջէն

ՍՈՒՐԷՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ Հալէպի «Ոսկետառ» տպարանից «Այգ» մատենաշարով լոյս տեսաւ Լեւոն Շառոյեանի «Դեգերումներ հայ գիրի եւ պատմութեան գետեզրին» աշխատութիւնը, որը զոյգ նախաբաններով լաւագոյնս արժեւորել են Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը եւ Պոլսոյ «Մարմարա»-ի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանը: Անխառն զարմանք եւ հիացում ենք ապրում. քաղաքական արիւնամած զարգացումներին կուլ գնացած այդ հինաւուրց քաղաքում, ուր թւում էր, այլեւս ազգային հետք գտնելը հրաշքի հաւասարազօր է...

Լեռնային Ղարաբաղի Միջազգային Ճանաչումը Ժամանակի Հարց Է  Կ՛ըսէ Բակօ Սահակեան

Լեռնային Ղարաբաղի Միջազգային Ճանաչումը Ժամանակի Հարց Է Կ՛ըսէ Բակօ Սահակեան

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հասնելու համար մշակուած է բազմաստիճան քաղաքականութիւն, որ կը սկսի քաղաքական ու շրջանային մակարդակներէն, որմէ ետք նպատակ կայ նաեւ անցնելու համապետական մակարդակի: Ըստ «Արմենփրես»-ին, այս մասին «Lenta.ru» կայքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը: Ան յիշեցուցած է, որ այդ հարթութեան վրայ արդէն իսկ զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է: «Այսպէս, մեր պետութեան ճանաչման...

«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Մասնակիցները Այցելեցին Ազգային Ժողով Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Մասնակիցները Այցելեցին Ազգային Ժողով Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան 11 յուլիսին խորհրդարանին մէջ հիւրընկալեց «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ողջունելով հիւրերը Ազգային ժողովին անունով` Գ. Սահակեան նշեց, որ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծրագիրին նպատակն է սփիւռքի հայրենակիցները հաղորդակից դարձնել հայոց լեզուին, հայ մշակոյթին եւ գրականութեան: Ան կարեւոր նկատելով նմանատիպ ծրագիրներու իրականացումը, համոզում յայտնեց, որ...

Ապրիլեան Պատերազմը Արցախի Շուրջ Համախմբած Է Հայ Երիտասարդութիւնը.  Ըստ Շարմազանովի

Ապրիլեան Պատերազմը Արցախի Շուրջ Համախմբած Է Հայ Երիտասարդութիւնը. Ըստ Շարմազանովի

Արցախ աշխատանքային այցելութիւն տուած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական պատուիրակութեան ղեկավար եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը, որուն կ՛ընկերակցէր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայրենիք» խմբակցութեան նախագահ Արթուր Թովմասեանը: 13 յուլիսին ան հանդիպում մը ունեցած է Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ բանակումի մասնակիցներուն հետ: Էդուարդ Շարմազանով հանդէս եկած է դասախօսութեամբ մը` հայոց ազգային գաղափարախօսութեան եւ նժդեհեան հայրենասիրական դասերուն մասին: Ան...

Երիտասարդական Խորհրդարանի Անդամները Հանդիպած Են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մշակոյթի Եւ Երիտասարդութեան Հարցերու Նախարարին Հետ

Երիտասարդական Խորհրդարանի Անդամները Հանդիպած Են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մշակոյթի Եւ Երիտասարդութեան Հարցերու Նախարարին Հետ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կից երիտասարդական խորհրդարանի անդամները 12 յուլիսին Շուշի քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած են Ղարաբաղի  մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանին հետ: Այս մասին հաղորդած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը: Ողջունելով նորընտիր երիտասարդական խորհրդարանի անդամները` մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարը ներկայացուցած է պետական երիտասարդական քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններն ու առկայ մարտահրաւէրները: Խօսելով հասարակութեան ու պետութեան զարգացման...

Նշմար.- Ծայրայեղական Չես Դուն…

Էրտողանի Դէմ Յեղաշրջական Փորձին Կարգ Մը Ուսանելի Ծալքերը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Թուրքիոյ մէջ 15-16 յուլիսին կատարուած զինուորական յեղաշրջումի փորձը  անսպառ նիւթ ստեղծեց եւ տակաւին կը շարունակէ զբաղ պահել միջազգային քաղաքական շրջանակներն ու մամուլը, մանաւանդ որ Անգարա-Ուաշինկթըն գիծին վրայ «լարուած վիճակ» մը կը յամենայ` Միացեալ Նահանգներ ապաստանած թուրք ծանօթ կրօնաւորը` Ֆեթհուլլա Կիւլենը Թուրքիոյ յանձնելու-չյանձնելու շուրջ «բանավէճ»-ին պատճառով: Յեղաշրջումի փորձին օրն ու անկէ ետք նախագահ Էրտողանի վերագրուած-ապահոված յաղթանակին մասին տրուեցան բաւական...

Հայրենիք»-ի Խմբագրական.  Սաւառնող Արծիւը

Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Սաւառնող Արծիւը

Թարմ է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ լիզպոնեան սխրանքը: Տարիները կը թաւալին, սակայն` ոչ մէկ փոփոխութիւն, մոռացում կամ լուսանցք: Ընդհակառակը, հետզհետէ աւելի կը խօսուի Լիզպոնի հինգ հերոսներուն մասին, եւ կը շեշտուի անոնց կատարած պատմական արարքին մասին: Ամէն մէկ դէպք ու իրադարձութիւն եւ ահաւասիկ Լիզպոնի տղոց օրինակն է, որ կը պատէ հայ հերոսին միտքն ու սլացքը: Դեռ վերջերս, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին...

Երկու «Քոյրերի» Իրական Հեքիաթը

Փոքրիկ Քաղաք Գետնի Տակ. Մեթրոյի Պատմութիւնը

Պատրաստեց` ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Երեւանի հէնց սրտում ստորգետնեայ այս փոքրիկ քաղաքի ստեղծումը նոր էջ բացեց սիրելի մայրաքաղաքի պատմութեան գրքում: Այն դարձաւ ամուր ողնաշարը, որին ապաւինելով` քաղաքը առաւել առողջ եւ ինքնավստահ կեցուածք ընդունեց: Այո՛, ամէն քաղաք չէ, որ կարող է հպարտանալ մեթրոփոլիթեն (մեթրօ) ունենալով, առաւել եւս` մեր մեթրոյի նման հոյակերտ կառոյցով: Իսկ թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս որոշուեց Երեւանում մեթրոփոլիթեն կառուցել, ի՞նչ խնդիրների եւ...

Բրիտանիոյ Արտասովոր Արտաքին Գործոց Նախարարը

Բրիտանիոյ Արտասովոր Արտաքին Գործոց Նախարարը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Զանազան երկիրներու մէջ պարբերաբար կը յայտնուին ոչ դասական քաղաքական գործիչներ, ղեկավարներ, որոնք դիւանագիտական արտայայտութիւններու ճկունութիւնը չեն օգտագործեր, համարձակախօս կ՛ըլլան եւ բոլորին տեսած, գիտցած, բայց չըսած իրականութիւններուն մասին առանց բառերը ծամծմելու, երբեմն նոյնիսկ սրամիտ բառախաղերով կ՛արտայայտուին: Այդ անհատականութիւններէն է Պորիս Ճոնսըն: Ան քանի մը առումներով զայրացուցած պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը` անոր մասին գրած երգիծական բանաստեղծութեան համար,...

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան (Մահուան 30-Ամեակին Առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ «Կը Խնդրուի... Խաչաձեւել» Ասիկա խորագիրն է Սիմոն Սիմոնեանի ստորագրութիւնը կրող անդրանիկ գիրքին: Եւ այս գիրքը գեղարուեստակա՛ն ստեղծագործութիւն մըն է: Թուական` 1965: Գիտենք արդէն, որ նոյն տարին պիտի հրատարակուէր նաեւ իր հաստափոր «Արեւելահայ գրականութիւն»-ը, որ բանասիրական աշխատասիրութիւն մըն էր: Այդ տարի Սիմոնեան արդէն իսկ բոլորած էր իր 51-րդ գարունը: Հետեւաբար կրնանք ըսել թերեւս, որ ան «ուշ» մնացեր էր իր...

Անկրկնելի  Հալէպը. Երբեմնի «Դպրոցներ»-ը … Ժողովրդային Գրադարանները

Լռած Ռատիոն

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Ժընեւի մեծագոյն հրապարակը` Փլենփալէն, յայտնի է իր տրապիզաձեւ հարթ եւ պարզ կառոյցով, ընդհանրապէս հոն կը հաստատուին այցելու կրկէսներ կամ լուսնապարտէզներ: Վերջերս խոշոր պաստառներ զետեղուած էին եւրոպական ֆութպոլի աւարտական խաղերը դիտող մարզասէրներուն համար: Հրապարակին շուրջ ծառապատուած լայն մայթերուն իւրաքանչիւր թիզը թուագրուած է քաղաքապետութեան կողմէ, կը յատկացուի բաց շուկայի, շաբաթական դրութեամբ, որոշ օրեր բանջարեղէնի եւ գիւղական արտադրութիւններու, այլ օրեր ճաշ...

Ակնարկ.   Փութին – Էրտողան Հանդիպում.  Պարտադրուած Մերձեցում

Ակնարկ. Փութին – Էրտողան Հանդիպում. Պարտադրուած Մերձեցում

  9 օգոստոսին Փեթերսպուրկի մէջ տեղի կ՛ունենայ Փութին- Էրտողան հանդիպումը: Այս հանդիպումը սպասելի էր գրեթէ մէկ տարի տեւած խզուած ընդհատումէ ետք: Ռուսական զինուորական օդանաւի հարուածէն  ետք ստեղծուած լարուած իրավիճակի պարունակին մէջ արձանագրուող պարանաձգութեան խաղը աւարտած է: Նախ` օդանաւը իմանալո՞վ, թէ՞ չիմանալով խփուած է, յետոյ  Թուրքիոյ օդային սահմանը  հատա՞ծ է, թէ՞ չէ հատած, ապա Էրտողանը ցաւակցութի՞ւն, թէ՞ ներողութիւն ըսած է, գրաւո՞ր...

Մտորումներ` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէի Կազմակերպած Ձեռնարկին Առիթով.  Անփոխարինելի Խորհրդանիշերու Պարծանքը Կամ Զգաստութեան «Պատ»-ը

Սիրտս Ժողովուրդիս, Միտքս Արարատին. Յո՞ Երթաս Հայաստան

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ 17 յուլիսէն ի վեր Արարատի գագաթին կուտակուած են գորշ ամպեր: Անոնք սակայն մայր բնութեան գործած եղանակային հոլովոյթին չեն պատկանիր, այլ լերան հանդիպակաց ապրող ժողովուրդի մը ստեղծած քաոսային վիճակի մը հետեւանք են: Արուեստական եւ անհեռանկար վիճակ, որուն պատճառով ազգ մը ամբողջ պիտի երգէ իր կարապի երգը, եթէ երբեք չսթափի իր խելայեղութենէն, ապիկար, ատելավառ ու անհանդուրժող տրամադրութենէն եւ անտեղի ծայրայեղութենէն:...

Երկրում Ռազմական Բռնատիրութի՞ւն Էք Հաստատելու

Երկրում Ռազմական Բռնատիրութի՞ւն Էք Հաստատելու

ԳԷՈՐԳ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ Քաղաքական եւ քաղաքացիական շարժումների հիմնական տարբերութիւնն այն է, որ եթէ քաղաքականը ենթադրում է երկարաժամկէտ ծրագրաւորում եւ ծրագրային իրագործում, ապա քաղաքացիական շարժումը միշտ տեղական բնոյթ ունի եւ ուղղուած է որոշակի իրավիճակում առաջացած որոշակի խնդրի լուծմանը: Քաղաքացիական շարժման մեթոտաբանութիւնը կարող է դառնալ քաղաքականի իրականացման մեքանիզմ: «Սասնայ ծռեր» խմբի կողմից ՊՊԾ գնդի տարածքի գրաւումը արդէն գրեթէ 10 օր շարունակ փորձ է արւում...

Page 908 of 1110 1 … 907 908 909 … 1,110

Արխիւներ