Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 28, 2016
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Ատրպատական

Ս. Թադէի Եռօրեայ Ուխտագնացութիւնը

S-Tate1_71416

S-Tate_71416Նախաձեռնութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան, 62-րդ տարին ըլլալով, 14-16 յուլիսին տեղի ունեցաւ տարեկան եռօրեայ ուխտագնացութիւնը դէպի Արտազի Ս. Թադէոս առաքեալի վանքը` հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի:

14 յուլիսի երեկոյեան Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան ժամանեց վանք, ուր արժանացաւ ժողովրդային դիմաւորութեան` օրհնելով հացն ու աղը: Իսկ տաճարին մէջ ան իր առաջին պատգամը յղեց ուխտաւոր բազմութեան: Ապա տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն:

15 յուլիսի Ս. Թադէի վանքի արեւմտեան շրջափակին մէջ, կազմակերպութեամբ Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան վարչութեան, տեղի ունեցաւ երիտասարդական խանդավառ յայտագիր` երգերու, նուագներու եւ ասմունքներու կատարումով:

16 յուլիսին Ս. Թադէի տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն ընթացքին կարդացուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը` ուղղուած համայն իրանահայութեան, յատկապէս` Ատրպատականի հայոց թեմի ժողովուրդին եւ ուխտաւոր հաւատացեալներուն: Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ խաղաղութիւն խնդրեց Աստուծմէ` հաստատելով, որ աշխարհի մէջ խաղաղութեան վերահաստատման միակ աղբիւրը Քրիստոսն է:

Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց բոլոր այն անհատները, որոնք տարեկան ուխտագնացութեան կազմակերպման աշխատանքներուն իրենց նպաստը կը բերեն: Անդրադառնալով Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2016 տարին «Ծառայութեան տարի» հռչակուած ըլլալուն եւ հետեւելով վեհափառ հայրապետին թելադրութեան` գնահատելու թեմի կեանքէն ներս երկար վաստակ ունեցող ծառայողները, առանձնացուց Վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբէն 6 անձեր, որոնք անցնող 25 տարիներուն ընթացքին իրենց նպաստը բերած էին ուխտագնացութիւններու կազմակերպման աշխատանքին, վեր առնելով անոնց երկար տարիներու նուիրեալ աշխատանքը:

Ատրպատականի Առաջնորդը Գնահատեց Սրբանկարներ Վերանորոգող Անայիս Խալաֆեանը

anais_70516

Ատրպատականի հայոց թեմի թանկարժէք հնութիւններու եւ կիրառական արուեստի հաւաքածոյին մաս կը կազմեն նաեւ զանազան դարերէ ժառանգուած սրբանկարներ` փայտի վրայ նկարուած, որոնք անցած տարիներուն վնասուած են եւ վերանորոգութեան կարիք ունէին:

Այս արժէքաւոր յիշատակներու պահպանման նպատակով Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանը հերթաբար վերանորոգութեան կը յանձնէ զանոնք` համալրելու համար թեմի «Մելիք-Թանգեան» թանգարանի հարուստ հաւաքածոն:

Երեքշաբթի, 5 յուլիսին, առաջնորդ սրբազան հայրը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց սրբանկարներ վերանորոգող արուեստագէտ Անայիս Խալաֆեանը, որ կամաւորաբար անոնցմէ մէկը շատ յաջող ու մասնագիտական վերանորոգութեան ենթարկած է: Նոյն առիթով, Անայիս Խալաֆեանը կուժերու վրայ իր նկարած սրբապատկերները նուիրեց սրբազան հօր: Անոնք եւս հայկական մանրանկարչութեան գեղեցիկ օրինակներ էին:

Թեմակալ առաջնորդը գնահատեց Անայիս Խալաֆեանը, որ իր արուեստին միջոցով նուիրումով կը կատարէր վերանորոգութեան դժուարին աշխատանքը` վերականգնելով դարեր առաջ մանրանկարուած սրբանկարներ ներկայացուցած նրբագեղ պատկերները:

 

Միացեալ Նահանգներ

Լիզպոնի 5-ին Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ

Lizbon1_7171617 յուլիսին Պոսթընի Ուաթըրթաուն շրջանի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Լիզպոնի տղոց յիշատակը, որոնք 33 տարիներ առաջ նահատակուեցան Հայ դատի եւ արդարութեան ու պահանջատիրութեան ճամբուն վրայ:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ճաշ Թեվեքելեան, որ հրաւիրեց օրուան պատգամաբեր «Հայրենիք»-ի եւ անոր անգլերէն բաժինի` «Արմինիըն Ուիքլի»-ի յօդուածագիր Ռուբէն Ճանպազեանը:

Ճանպազեան նկատել տուաւ, որ 33 տարիներ ետք Լիզպոնի հինգին պատգամը տակաւին վառ կը մնայ բոլորին միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ,  հաստատելով, որ անոնց յիշատակին կազմակերպուած այս հաւաքը առիթ մըն է վերանորոգուելու անոնցմէ մեզի հասած կտակով եւ վերահաստատելու, որ նոր սերունդները եւս պիտի շարունակեն պահանջատիրական ուղին:

lizbon_71716

Ձեռնարկի աւարտին եկեղեցւոյ հովիւ Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեան խօսք առնելով` յայտնեց, որ այս հինգ հերոսներուն կատարածը անարդարութեան դէմ յուսախաբ մարդու արդար ցասումն էր, որ նոր ուժ տուաւ հայ ժողովուրդին եւ նոր հորիզոններ բացաւ Հայ դատի երկար ճամբուն վրայ:

Պոհչալեանն Ու Զանոյեանը Միացան «Մեր Տուն» Հասարակական Կազմակերպութեան Խորհուրդին

mer-doun-2_72816

«Մեր տուն» հասարակական կազմակերպութեան 10-ամեակին առիթով Քրիս Պոհչալեան եւ Վահան Զանոյեան միացան վերջերս ձեւաւորուած վարչական խորհուրդին, որուն անդամներու դերակատարութինն է հանդէս գալ նոր խորհուրդներով եւ ոչ ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերել կազմակերպութեան:

«Մեր տուն» հասարակական կազմակերպութեան վարչութեան նախագահ Սթիվըն Աշէկեան պատիւ համարեց Քրիս Պոհչալեանի եւ Վահան Զանոյեանի ներկայութիւնը խորհուրդէն ներս, աւելցնելով, որ սոյն մեծ աշխատանքին լաւ մարդոց աջակցութիւնը անպայման յաղթանակ է:

Յայտնենք, որ  զանազան կազմակերպութիւններ եւ անհատներ իրենց աջակցութիւնը կը բերեն «Մեր տուն»-ին, որ ջերմ օճախ մըն է 18- 24 տարեկան ծնողազուրկ եւ անապահով երիտասարդուհիներու համար:

«Մեր տուն»-ը կը գտնուի  Էջմիածինի մէջ: Գրանցուած, ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւն է Միացեալ Նահանգներու Քնեքթիքեթ նահանգին մէջ եւ հասարակական կազմակերպութիւն է Հայաստանի մէջ: «Մեր տուն»-ը չունի քաղաքական կամ կրօնական պատկանելիութիւն:

Արեւելեան Ամերիկայի Եւ Քանատայի Առաջնորդներու Այցելութիւնը

arachnort_71516

15 յուլիսին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի եւ Քանատայի թեմի նորընտիր առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, որոնք հիւրաբար կը գտնուին Արեւմտեան թեմ:

Առաջնորդ սրբազանը անգամ մը եւս շնորհաւորեց Բաբգէն արք. Չարեանը Քանատայի թեմի առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր եկեղեցաշէն ու ժողովրդանուէր առաքելութեան:

Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու երեք թեմերը յուզող հարցերուն եւ ծրագիրներուն մասին: Քննարկուեցան միացեալ հրատարակութիւններու, ինչպէս նաեւ` Արամ Ա. կաթողիկոսի յառաջիկայ այցելութեան վերաբերող ծրագիրները:

Արամ Ա. վեհափառը, իր ընտրութեան եւ օծման 20-րդ տարեդարձին առիթով, յառաջիկայ աշնան պիտի այցելէ նշեալ երեք թեմերը: Ան 30 սեպտեմբերէն 4 հոկտեմբեր պիտի գտնուի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի հաւատացեալներուն ու ժողովականութեան հետ, ապա պիտի այցելէ Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմերը:

Սիրուն Երէցեանի «Չորս Եղանակներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսի Բացում

siroun_71416

14 յուլիսին «Ռոսլին արթ կալըրի»-ին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Սիրուն Երէցեանի «Չորս եղանակներ» գեղանկարներու ցուցահանդէսին բացումը:

Սիրուն Երէցեանի զաւակը` Արնօ Երէցեան խօսեցաւ «Չորս եղանակներ»-ու ստեղծագործութիւններուն մասին` մտաբերելով իր մօր խանդավառութիւնը եւ համբերութիւնը իւրաքանչիւր պատկերի ստեղծման ժամանակ: Ան նկատել տուաւ, որ «Չորս եղանակներ» գեղանկարներու հաւաքածոն բաղկացած է չորս (4×4) իւղանկարներէ` «Գարուն», «Ամառ», «Աշուն» եւ «Ձմեռ», որոնք պատրաստուած էին 2003-2005:

Արնօ Երէցեան նկարագրեց Սիրուն Երէցեանի ներշնչումները` այս պատկերները ստեղծագործելու ընթացքին, բացատրելով, որ ան ոգեւորուած էր այն նմուշներով, զարդերով եւ օրինակներով, որոնք յայտնի են հայ միջնադարեան մանրանկարներուն եւ ճարտարապետութեան մէջ:

Սիրուն Երէցեանի մտերիմ գործակից Հերի Մեսրոպեան ջերմ խօսքեր արտասանեց Սիրուն Երէցեանի տաղանդին մասին եւ արտայայտեց Սիրունին կողմէ գրուած կարգ մը միտքեր:

Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ մինչեւ 26 յուլիս: Նոյն օրը, երեկոյեան տեղի ունեցաւ փակման ընդունելութիւն, ուր «Վերտիկօ քուարթեթ» նուագախումբը մեկնաբանեց Վիվալտիի «Չորս եղանակներ» գործը:

Երեխաներու Համար Մասնագիտացուած Առաջին Թատրոնի Բացում

Armina LaManna_72816Վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ մանուկներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած թատրոն:

Արուեստի այս կեդրոնը, որ Լոս Անճելըսի մէջ առաջինն է եւ Քալիֆորնիոյ մէջ` երկրորդը, պիտի ներառէ տիկնիկային ու խամաճիկներու թատրոն:

Նախագիծի համահեղինակ Արմինա Լա Մաննան նշեց, որ մէկ տարի ուսումնասիրելէ ետք մեծ պատասխանատուութեամբ մօտեցած է աշխատանքին: Ան նկատել տուաւ, որ արուեստի ներկայութիւնը անհրաժեշտութիւն է մարդու կեանքէն ներս` մանուկ հասակէն սկսեալ, աւելցնելով, որ  թատրոնը եւ զայն ներկայացողները` բեմադրիչը, դերասանները շատ մեծ ազդեցութիւն կրնան ունենալ մանուկին աշխարհահայեացքի կերտման վրայ, եւ հարկ է բծախնդիր մօտեցում ունենալ այս հարցին:

ՀՕՄ-ի Արեւելեան Ամերիկայի 96-րդ Պատգամաւորական Ժողովը

Հայ օգնութեան միութեան Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի 96-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 15-17 յուլիս, Նիւ Ճըրզիի «Մարիոթ փարք ռիճ» պանդոկին մէջ, հովանաւորութեամբ շրջանի «Ակնունի», «Սպիտակ», «Շաքէ» եւ «Պերկըն քաունթի»-ի մասնաճիւղերուն:

Ժողովը քննեց տարուած աշխատանքը, եւ կատարուեցան առաջարկներ յառաջիկայ տարեշրջանին համար: Զանազան շրջաններ ներկայացնող պատգամաւորներուն կողքին ներկայ էին նաեւ հրաւիրեալներ:

Աւարտին կատարուեցաւ Շրջանային վարչութեան ընտրութիւն: Նորընտիր կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն` Թալին Տաղլեան (Նիւ Ճըրզի), Սանտրա Վարդանեան (Նիւ Եորք), Մարկըրեթ Պապիկեան-Մետինա (Նիւ Ճըրզի), Մարի Անն Պոնճուքլեան (Նիւ Ճըրզի), Սոնիա Պզտիկեան (Նիւ Եորք), Սիլվա Սաղրեան (Տիթրոյիթ), Ճոաննա Չիլինկիրեան (Մասաչուսեց):

 

Քանատա

ՀՅԴ ՔԵՄ-ի Վանաձորի Ճամբարի Վարիչները Երեւանի Մէջ

canada_71316

13 յուլիսին ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան Վանաձորի ճամբարի վարիչներու խումբը այցելեց Երեւանի ՀՅԴ Երիտասարդական կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդականի Վարիչ մարմինի ներկայացուցիչներու հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ ՀՅԴ Վանաձորի պատանեկան միութիւնը աշխուժացնելու հարցը: Նոյն օրը անոնք հանդիպեցաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ  Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի հետ:

14 յուլիսին ՔԵՄ-ի վարիչները մեկնեցան Արցախ, ուր այցելեցին ՀԵԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի ընկերներուն կազմակերպած ճամբարը:

Յայտնենք, որ ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան այս տարուան վարիչներու խումբին մաս կը կազմեն Քանատայէն, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկաներէն, Երուսաղեմէն եւ Եգիպտոսէն վարիչներ:

 

Լոնտոն

Հայկական Բացօթեայ Փառատօն

london_71716

Նախաձեռնութեամբ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմին, 17 յուլիսին Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ, 6-րդ տարին ըլլալով, տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած հայկական բացօթեայ փառատօնը, որ համահայկական ամէնէն մեծ իրադարձութիւնն է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ, որուն մասնակցելու համար կը ժամանեն հայեր երկրի տարբեր վայրերէն:

Ելոյթ ունեցան Քենսինկթընի եւ Չելսիի արքայական շրջանի ղեկավար Էլիզապէթ Ռըտերֆորտ, Յովակիմ եպս. Մանուկեան, Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի համայնքներու պալատի անդամ Սթիվըն Փաունտ, Հայաստանին դեսպանատան հիւպատոսական հարցերով կցորդ Հայարփի Տրմէեան եւ ուրիշներ:

Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեան յայտնեց, որ իրենց գլխաւոր նպատակն է բրիտանահայ համայնքը համախմբել մեր մշակոյթի, պատմութեան, մեր հոգեւոր ժառանգութեան շուրջ:

Փառատօնին ընթացքին ելոյթ ունեցան հանրածանօթ ջութակահար Լեւոն Չիլինգիրեան, «Կոմիտաս» երգչախումբը, «Աղթամար» ժողովրդական պարախումբը եւ ուրիշներ: Այս տարուան հիւրերն էին Հայաստանէն տուտուկահար Գէորգ Կարապետեան եւ երգչուհի Իվեթա Մուկուչեան:

 

Ախալքալաք

Վերականգնելու Սկսած Են Ախալքալաքի Կումպուրտօ Գիւղի Եկեղեցին

Gumbourdo_72816Երկու շաբաթէն աւելի է, որ սկսած են Կումպուրտօ գիւղի Ս. Համբարձման եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները: Այժմ եկեղեցւոյ տարածքը կը մաքրուի, հողային աշխատանքներու ժամանակ մարդկային ոսկորներ դուրս կու գան: Այս մասին գրած է «Ջաւախք նիուզ»-ը:

Ախալքալաքի Կումպուրտօ (վրաց. Քումուրտօ) գիւղի Ս. Համբարձման եկեղեցին կառուցուած է 10-րդ դարուն: Այսօր եկեղեցին կիսաւեր վիճակի մէջ կը գտնուի:

Յուլիս 5-էն սկսեալ եկեղեցւոյ տարածքին կ՛ընթանան հողային մաքրման, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ տարածքի տապանաքարերու, խաչքարերու, հիմնաքարերու դասակարգման աշխատանքներ:

«Հիմա մաքրման աշխատանքներ կ՛իրականացուին, քարերը արդէն դասաւորած ենք, հողը պէտք է հաւասարեցնել: Այս աշխատանքներէն ետք հնագիտական պեղումներ կ՛իրականացուին, որմէ ետք պիտի սկսին վերականգնման աշխատանքները», ըսած է հնագէտ, վերականգնող Բեսիկ Կոլբայեանը:

Յայտնենք, որ Կումպուրտոյի 10-րդ դարու տաճարի վերականգնման ծրագիրը կ՛իրականացնէ Վրաստանի մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործակալութիւնը: Եկեղեցւոյ հիմնովին վերականգնումը պիտի տեւէ 3 տարի: Եկեղեցւոյ քարերը յատուկ պիտի բերուին Աբուլ գիւղի քարհանքէն: Յատուկ ուսումնասիրութիւն կայացուած եւ յստակացած է, որ եկեղեցին կառուցուած է նոյն քարերով:

Անցեալ տարի Վրաստանի Մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործակալութիւնը որոշակի պեղումներ կատարած էր, որուն պատճառով գիւղացիները կը դժգոհէին: Եկեղեցւոյ հիւսիսային մասին մէջ հողային շերտի հեռացման աշխատանքներու  ժամանակ աշխատակիցները արկղներով մարդկային ոսկորներ հաւաքած են:

Հաղորդենք, որ Կումպուրտոյի եկեղեցին Վրաստանի մէջ հայկական վիճայարոյց եկեղեցիներու ցանկին մաս կը կազմէ:

 

Նախորդը

Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան (Մահուան 30-Ամեակին Առիթով)

Յաջորդը

Երկրում Ռազմական Բռնատիրութի՞ւն Էք Հաստատելու

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?