Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նուէրը Նուէր Չի Տրուիր»

Յուլիս 27, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
ARF Archives_725716
ՀՅԴ արխիւներու սենեակին մէջ, Պոսթըն, 2010

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

«Յիշատակներ… անցած օրեր» հատորիս գինեձօնի հանդիսութեան Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբը փափաքած էր, որ Վաչէ Բրուտեան, իբրեւ գիրքին խմբագիրը, նաեւ` ինծի մօտէն ծանօթ, հեղինակը ներկայացնէ:

3 տարի անցած է այդ թուականէն, երբ յանկարծ յիշեցի ինծի համար պատմական այդ օրը: Ուզեցի վերապրիլ այդ յիշատակելի երեկոն` դարձեալ դիտելով այդ օրուան հանդիսութեան տեսերիզը:

Դիտած ժամանակս նկատեցի, որ Վաչէին` անձիս հանդէպ այնքան շռայլ գովասանական խօսքերը շատ աւելի իրեն կը պատշաճին, քան` ինծի:

Հայկական առածը կ’ըսէ. «Ստացուած նուէր մը նոյն անձին չեն նուիրեր»:

Վաչէին գովասանական խօսքերը ինծի տրուած լաւագոյն նուէրն էին այդ երեկոյ, սակայն 3 տարի քովս պահելէ ետք ուզեցի վերադարձնել իր տիրոջ` Վաչէին, որուն այնքան արժանի է, սակայն իր համեստութեան ծանօթ ըլլալով` երկմտանքի մէջ էի:

– Գրութեամբ մը, քու մասիդ պիտի անդրադառնամ: Արգելք մը ունի՞ս:

– Մենք չենք ուզեր ազատ կամքի բռնութիւն:

Կանաչ լոյս ստանալէս ետք իրմէ ստացած նուէրս այժմ կը վերադարձնեմ համեստ ընկերոջս:

«Քանի մը տասնամեակներու բարեկամութիւն մը կայ Վաչէ Բրուտեանին ու իմ միջեւ: Իրարու ծանօթացած ենք արուեստի ու մշակոյթի, մասնայատուկ կերպով` թատրոնի միջավայրի մէջ: Վաչէ` «Փորձառական թատրոն»-ի վարչական պատասխանատու էր», իսկ ինծի վստահուած էր երաժշտական բաժինը:

«Վաչէին հետ իմ ծանօթութիւնս շատ հեռու կ’երթայ: Որոշ ժամանակաշրջան մը մենք իրարմէ կտրուեցանք, որովհետեւ ես համեմատաբար աւելի կանուխ Ամերիկա եկայ: Ինք` շատ աւելի վերջ:

Վաչէն եւ ես հոգեհարազատ բան մը ունինք, որովհետեւ երկուքս ալ մեր կեանքի կարեւոր հատուածը Էշրեֆիէ անցուցած ենք, մանաւանդ` «Ազատամարտ» ակումբին մէջ:

Առաջին անգամ զիս գրաւած են իր համեստութիւնն ու անկեղծութիւնը:

Վատ կամ ժխտական արտայայտութիւն Վաչէին բերնէն չեմ լսած, հակառակ անոր որ մեզմէ ամէն մէկս այդ մթնոլորտի մէջ եղած է, ու ստիպուած ենք ժխտական կամ վատ արտայայտութիւն մը ըսել:

Ես Վաչէէն նման բան չեմ լսած:

Ոեւէ անձ կ’ունենայ կեանքի դժուար շրջաններ: Վաչէն եւս համտեսած է այդ դաժան օրերը եւ համբերութեամբ դիմագրաւած է այդ դժուարութիւնները, եւ այդ ալ իր նկարագիրին տարրերէն է:

Հիմքը աղուոր է Վաչէին: Կան մարդիկ, որոնք ճշմարիտ կ’ըլլան:

Վաչէն չի փորձեր ձեւացնել: Չի ձեւացներ: Ինչպէս որ է, այդպէս է»:

* * *

1981 մայիս 26-ի երեկոյեան քանի մը մտերիմ ընկերներ եկած են մեր տունը` «Երթաս բարով»-ի: Յաջորդ առաւօտ կանուխ ճամբայ պիտի ելլեմ դէպի Լոս Անճելըս:

Կը վերադառնա՞մ, թէ՞ ոչ, մարդ չի գիտեր, նոյնիսկ ես:

Մօրս եւ քոյրերուս տխուր վիճակէն դուրս հանելու միտումով կը կատակէինք, երբ յանկարծ ծանր ռմբակոծում մը սկսաւ:

Ընկերներէս խնդրեցի, որ ժամ առաջ երթան իրենց տուները:

Ողջագուրուեցանք եւ ամէն մէկը գնաց իր տունը, բացի… Վաչէէն, որ ամիսներով տան երես չէր տեսած: Իր տունը դարձած էր «Ազատամարտ» ակումբը: Կէս ժամ հազիւ անցած` հեռաձայն մը ստացայ: Վաչէն էր: «Փոփոխութեան պէտք ունիս, կը հասկնամ: Գնա՛, բայց կը փափաքիմ, որ վերադառնաս»:

Տարիներ ետք պայմանները այնպէս դասաւորուեցան, որ Վաչէն եւս հաստատուեցաւ Միացեալ Նահանգներ:

Ամբողջ կեանքի ընթացքին եղած է գիրի ու գրականութեան հաւատարիմ անձ:

Երկար տարիներ «Բագին»-ի աշխատակից, «Վանայ ձայն»-ի առաջին տնօրէն, ՀՅԴ մամլոյ դիւանի անդամ, ապա` Միացեալ Նահանգներ, «Հայրենիք»-ի եւ «Ասպարէզ»-ի խմբագիր: Աւելի ուշ վարած է Պոսթընի ՀՅԴ արխիւներուն պատասխանատու տնօրէնի պաշտօնը:

Խմբագիր, յօդուածագիր, լրագրող եւ քաղաքական վերլուծող: Այս բոլորը համախմբուած միջահասակ, (չըսելու համար ինծի նման կարճահասակ) անձի մը մէջ, որ կը գործէ անձայն, առանց փողի ու թմբուկի:

Հակառակ անոր որ նոյն քաղաքին մէջ կը բնակինք, Լիբանանի հին օրերու նման` զիրար շատ չենք տեսներ: Լոս Անճելըսի հեւ ու հեւ վազքը նման պերճանքի առիթ չի տար:

«Կը բաւարարուինք» իրարու հեռաձայնելով, երբեմն ալ տեսնուելով:

Վաչէն մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը կը կարդայ, կը գրէ, լրատուական զանազան աղբիւրներէ լուրեր կը քաղէ եւ արեւածագի մօտ կը մտնէ անկողին եւ բնականաբար ուշ կ’արթննայ:

Կը տեսնուինք կամ հեռաձայնով կը խօսինք կէսօրէ ետքերը կամ երեկոյեան:

Մասնաւոր ըսելիք մը չունենալով հանդերձ, այդ օր կէսօրը շատոնց անցած էր, երբ հեռաձայնեցի: Չպատասխանեց: Պատգամ մը ձգեցի:

«Եթէ առիթ ունենաս, ձայն մը տուր»:

Յաջորդ առաւօտ, շաբաթավերջ ըլլալուն, ես ալ նմանապէս տակաւին անկողինն էի, երբ հեռաձայնիս պատասխանեց:

Վաչէին առաւօտեան այդ ժամերուն հեռաձայնելը զարմանալի երեւոյթ էր:

– Կ’երեւայ հրաշքի դարը չէ անցած: Ժամէն լուր ունի՞ս,- կատակեցի:

– Ժամէն շատ լաւ լուր ունիմ: Երեկոյեան ժամը ութն է: Կը գտնուիմ Արցախ:

Վաչէին քով զարմանալի ոչինչ կայ:

Արցախի այս դժնդակ օրերուն ո՞վ կը համարձակի երթալ «հոն»: Վաչէին նման ազգայնամոլ «խենթ»-երը միայն:

– Գացիր ազատամարտիկնե՞րը խանդավառելու:

– Իրենք զիս խանդավառեցին,- եղաւ անոր անկեղծ պատասխանը:

Չորսօրեայ պատերազմէն շատ չէր անցած: Տակաւին պայթուցիկ վիճակ էր եւ որեւէ ժամանակ կացութիւնը կրնար բռնկիլ, սակայն Վաչէն ե՞րբ վախի զգացում ունեցած է, որ ներկայիս մտածէ այդ մասին:

Ազատամարտիկներէն մին մտահոգ է արտասահմանէն ժամանած ընկերոջմով:

– Ընկե՛ր Վաչէ, ի հարկին, «աւտոմատ» (գնդացիր) գործածել գիտե՞ս:

–  Անհոգ եղիր, ընկե՛ր ճան,- եղած է պատասխանը: Կարճ կտրուկ: Վաչէն չի սիրեր ո՛չ անցեալին, ոչ ալ ներկայի կատարած իր «քաջագործութիւններուն» մասին խօսիլ:

Վաչէն գրական մարդ ըլլալու կողքին, երկար տարիներ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դաժան տարիներուն, ամիսներով «Գիրի ու գրականութեան փոխան, զէնք էր գրկել»: Խումբ մը նուիրեալ տղոց հետ պաշտպանած են «Ազատամարտ»-ն ու կողքի հայկական թաղամասերը:

«Եարիս փոխան զէնք եմ գրկել»-ը մեր աննման ֆետայիներուն նշանաբանն է:

Վաչէն մեր օրերու գրականութեան ֆետային է, գիրի ու գրականութեան, մինչեւ իսկ զէնք «գրկելու» կողքին, նաեւ կը սիրէ վայելքը, ընկերներով կերուխումը, եւ այդ պատճառով ալ իր ներկայութիւնը միշտ փնտռուած է:

Բոլորս համակարծիք ենք, որ` «Քաջութիւնը ղարաբաղցիին կը վայելէ»:

Արտասահմանցիներու մէջ նմանապէս կը գտնուին մարդիկ, որոնց «քաջութիւնը կը վայելէ»:

Վաչէն հասած է մինչեւ սահման: Քանի մը հարիւր մեթր անդին ազերիներու հրետանին է, որ որեւէ ժամանակ կրնայ գործի լծուիլ:

Վաչէին ըրածը պարզ զբօսաշրջային պտոյտ մը չէ: Տեսարժան վայրերը նկարելու, ճաշարաններու մէջ հայկական խորովածը վայելելու չէ գացած:

Գացած է ապրելու ազատամարտիկի հոգեվիճակը: Իր կեանքը վտանգելով` մօտէն ճանչնալու արցախցին եւ իր յօդուածաշարքերով մեզի մօտէն ծանօթացնելու այդ աննման հերոսները:

Շնորհիւ իր յօդուածաշարքին` ծանօթացանք ղարաբաղցիին, նաեւ` երեւանցիին:

«Ո՞վ կրնար ակնկալել, որ յաճախորդէն երկու հարիւր դրամ աւելի կորզելու համար շառլաթանութեան դիմող թաքսիի վարորդներ այսօր իրենց ինքնաշարժին մէջ փակցնեն այդ կարճ ու սրտապնդող ազդը` «Հայ զինուորին սպասարկում ենք անվճար»: Ո՞վ կրնար ակնկալել, որ ճակատին համար գնումներ կատարող ՀՕՄ-ի ընկերուհիներէն շուկայի նոյն այդ փերեզակները 20-ի դիմաց միայն 10 պիտի գանձէին, յաւելեալ սնտուկներ ալ` «ի՛մ կողմից» ըսելով, ինչպէս անձամբ կը վկայէր ՀՕՄ-ական ընկերուհի Համեստը»:

Veni, Vidi, Vici.

Գնաց, աչքերովը տեսաւ եւ մեզ բաժնեկից դարձուց յետչորսօրեայ Արցախի պատերազմի վիճակը:

Իր գրութիւններու միջոցով իմացանք անհաւատալի իրականութիւններ:

«Ամբողջական միասնութեան անտեսանելի աշխարհ մը կար այդ պահուն ու ճիշդ ատո՛ր հաշիւն էր, որ վրիպած էր Էրտողանի եւ Ալիեւի տեսադաշտէն: Վստահած միայն իրենց արդիական զէնքերուն` անոնք հաշիւը չէին ըրած Թալիշէն մինչեւ Երեւանի շուկաները, մինչեւ հայկական աշխարհի հեռաւոր անկիւններուն մէջ ստեղծուած այս միասնութեան»:

Իր գրութիւնները լոկ յօդուածներ չեն: Պատգամ մը ունին փոխանցելիք սփիւռքի հայութեան:

«Սփիւռքի հաշիւն ալ չէին ըրած Էրտողանն ու Ալիեւը»:

«Հայե՛ր միացէք, միացէ՛ք հայեր, Արցախն է մեզ կանչում, օգնութեան հասէք»…

Վաչէ Բրուտեան նաեւ շատ լաւ ուսումնասիրած է հայկական բանակին մարտավարութիւնը:

«Իր յարձակողականը շղթայազերծելով հիւսիսի եւ հարաւի ուղղութիւններով` Ազրպէյճան կը յուսար, որ ճակատի կեդրոնական մասի (Աղտամ) հայկական պաշտպանական ուժերը պիտի փութային հիւսիսի եւ հարաւի ուղղութեամբ, եւ ասիկա թշնամիին պիտի տար առիթը` իր հիմնական եւ բուն հարուածը հասցնելու կեդրոնէն ու փորձէր հասնիլ Ստեփանակերտ: Մէկ խօսքով, խորտակել ոչ միայն Արցախը, այլ` ամբողջ Հայաստանը, հայոց աշխարհը: Ազրպէյճանական ճիշդ այս մարտավարութիւնն էր, որ հայկական բանակը յաջողեցաւ խորտակել եւ հո՛ս կը կայանայ հայկական զինուժին բուն յաջողութիւնը»:

Վաչէին գրիչը, հաղորդական ու հաճելի ըլլալու կողքին, նաեւ յանդուգն է:

«Մեր բանակը խորտակած է Հայաստանը խորտակել փորձող թշնամիին յարձակողականը, կը կարծէ՞ք, որ հիմա նոյն այդ զինուորներուն ընտանիքները պիտի վախնան նոյնինքն այդ «թաղային հեղինակութիւններէն» ու անոնց «վերեւներէն»: Չկասկածի՛ք. այդ կասկածելի տարրերը փայտերով պիտի վռնտուին, իսկ «վերեւները»` նահատակներու եւ հերոսներու արեամբ շահուած արդար քուէներով»:

* * *

Արցախի չորսօրեայ պատերազմէն վերադառնանք Լիբանանի այն տարիները, երբ տակաւին գաղափար չունէինք, թէ ի՛նչ ըսել է «պատերազմ»:

Խումբ մը անկեղծ ընկերներ էինք, բոլորս` տակաւին ամուրի:

Մեր երիտասարդութեան «խենթ» տարիներն էին: Գրեթէ ամէն օր բոլորս միասին դուրս կ’ելլէինք, եւ օրուան թուականը փոխուելէն ետք է, որ կը մտնէինք տուն:

Հաւատացեալ չէինք, սակայն Զատկուան Մեծ պահքը բոլորս ալ կը յարգէինք` 7 շաբաթ հրաժարելով ծխախոտէ:

Ի՞նչ նպատակով կը գործադրուի Մեծ պահքը: Կրօնի միջոցով կը ջանան մարդիկը համոզել, որ պահքի շրջանին մսեղէն չուտեն` որպէս առողջութեան հոգ տանելու միջոցի, իսկ մենք` նմանապէս մեր առողջութեամբ «մտահոգ», ծխախոտէն կը հրաժարէինք այդ շրջանին, քիչ մը մեր թոքերը «մաքրելու»:

Խթման երեկոյեան, բոլորս միասին ճաշարանի մը մէջ, փառաւոր կեր ու խումով կը սկսէր մեր երեկոն, իսկ ժամը 12:00-ին իւրաքանչիւրս կը բանայինք մեր ծխախոտի տուփերը եւ այնքան ախորժակով ու կարօտով կը վայելէինք ծխախոտը:

Ներկայիս գրեթէ բոլորս վերջնականապէս հրաժարած ենք ծխախոտի գործածութենէն, բացի Վաչէէն, որ «հաւատարիմ» մնացած է իր սիրելի «բարեկամին»` ծխախոտին: Չ՛ուզեր նեղացնել իր տարիներու «բարեկամը»:

Վաչէն տակաւին Սալբիին հետ ընտանիք չէր կազմած: Հայր չէր դարձած: Նոյնպէս եւ մենք: Կին ու զաւակ չունէինք եւ մենք մեզ կը նմանցնէինք ազատ թռչուններու: Ընտանիք կազմելու հաճոյքէն գաղափար չունենալ կը ձեւացնէինք: Այդ հոգը ձգած էինք մեր հայրերու ուսերուն եւ «կը վայելէինք» կեանքը: Գաղափար չունէինք, թէ իսկական վայելքը ընտանիք կազմելու մէջ կը կայանայ:

Անբացատրելի անկեղծութիւն մը կայ մեր միջեւ:

Եղբօրս, ապա քանի մը ամիս ետք, հօրս մահուան ամենատխուր եւ անտրամադիր ժամերուս Վաչէն կողքիս էր:

Պարզ բարեկամութիւն չէ մեր երկուքին միջեւ: Ընկերներ ենք: Բարեկամը` պարզապէս բարիք կամեցող անձ մը, սակայն ընկերը սրտակից է, վշտակից է, ուրախութեան եւ տրտմութեան պահերուն բաժնեկից մը:

Վաչէն այդ անձն է:

Կեղծիք, քծնանք եւ շողոքորթութիւն բառերը շա՜տ հեռու են պարկեշտ ընկերոջմէս, եւ վստահաբար այդ է պատճառը, որ զիրար շատ լաւ հասկցած ենք: Երբե՛ք իրարու հետ տարակարծութիւններ չենք ունեցած:

Վաչէն եւ ես իրարու ծանօթացած ենք թատրոնի միջավայրէն ներս:

Այսօր, երկուքս ալ հեռու այդ միջավայրէն, մասնակից ենք «թատրերգութեան» մը, որուն դերակատարները մենք ենք, բոլորս: Ո՛ղջ հայութիւնը:

Առաջին արարին մէջ կը ներկայացուի Արցախի մեր արդար հողերու պաշտպանութիւնն ու յաղթանակը: Երկրորդ արարին կը հանդիպինք սփիւռքի հնագոյն գաղութին` Հալէպի ողբերգութեան: Մահ, աւեր եւ տեղահանութիւն: Ակամայ արտագաղթ, իսկ տարբեր արարի մը մէջ կը հանդիպինք Հայաստանէն կամովին արտագաղթին:

Վաչէն եւ ես, հեռու մեր ծննդավայրերէն` Հալէպէն ու Պէյրութէն, հաստատուած ենք վայր մը, ուր «հանգիստ» է կեանքը, սակայն կը պակսի կարեւորագոյնը` հայկական տաքուկ մթնոլորտը:

Ամիսներով իրարու երես չենք տեսներ: Քիչ կը լսենք իրարու ձայնը:

Իւրաքանչիւրս իրարու գրութիւնները կարդալով կը հրճուինք, կը յուզուինք եւ մեր կեանքը կը շարունակուի միօրինակ:

Ո՞վ ըսաւ, որ «Նուէրը նուէր չի տրուիր»:

Նուէրը նուէր կը տրուի, երբ այդ արժէքաւոր նուէրը ստացած ես անձէ մը, որ քեզմէ աւելի արժանի է այդ նուէրին:

Յուսամ` համեստ ընկերս սիրով կ՛ընդունի իրեն վերադարձուցած նուէրս:

Սրտաբուխ այս քանի մը անկեղծ տողերը:

Լոս Անճելըս, 2016

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Մենք Գիտենք, Թէ Ի՛նչ Կ՛ընենք Եւ Գիտենք Նաեւ, Թէ Ի՛նչ Պէտք Է Ընել Ապագային»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?