Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Գիտենք, Թէ Ի՛նչ Կ՛ընենք Եւ Գիտենք Նաեւ, Թէ Ի՛նչ Պէտք Է Ընել Ապագային»

Յուլիս 27, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lisbon-shirim_72716

ԲԻՒԶԱՆԴ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Ո՛չ սիրելիներ, դուք սխալած էք երեւի, այն բաժինով, թէ ի՛նչ պիտի ընեն ապագային, որովհետեւ արդէն իսկ կ՛ապրինք վիճակի մը մէջ, որ ձեր կարծածէն եւ գիտցածէն բաւական հեռու ենք:

Այս օրերը փոխուած են, զէնքի օրեր չեն այլեւս, աշխարհը ահաբեկիչներու աշխարհ է եւ ոչ` ազատամարտիկներու, պետական շահերը ամէն ինչէ վեր են սիրելիներ` Սիմոն, Վաչէ, Սագօ, Արա, Սեդրակ: Մեր Դատը ուրիշներու ձեռքն է 100 տարիներ ետք, այսօր ցեղասպան թուրքը կը մնայ նոյն գոռոզի եւ ոճրագործի մտայնութեամբ` ունենալով մեծ պետութիւններու հովանաւորութիւն եւ երաշխիքներ, եւ անոր դիմաց տեսնելով թշնամիին ոչ միայն մասամբ անտարբերութիւն, այլ ընդհանրապէս գործակցելու կարգավիճակ, այս բոլորը թրքական պետութեան մնայուն ծրագիրը կը մնան տակաւին` հայն ու Հայաստանը ոչնչացնել:

Սիրելի՛ Սիմոն, կը կարդայի ձեր կտակները, եւ աչքիս զարկին այն տողերը, որոնց  մէջ խօսքդ ուղղած էիր երիտասարդութեան, այն օրերու անտարբեր երիտասարդութեան, եւ կարծես  թէ կը տեսնէիր ներկան իր ամբողջ իրականութեամբ:

Այո՛, սիրելի՛ Սիմոն, երիտասարդութիւնը անտարբեր է, անտարբեր է տարբեր մակարդակներու վրայ, անտարբեր է իր ինքնութեան հանդէպ, որուն իրերայաջորդ սերունդներու փոխանցումը կը նուազի օր ըստ օրէ, կը նուազի կամ կամաց կամաց կ՛անհետանայ: Ականատես կ՛ըլլանք նորակազմ «հայ» երիտասարդ ընտանիքներու դէպի Թուրքիա տրուած այցելութիւններուն` օդափոխութեան նպատակով, եւ աւելի՛ն, անոնք իրենց հետ կը տանին իրենց 4 կամ 5 տարիքը հազիւ ամբողջացուցած երեխան` անցընելու գեղեցիկ օրեր ա՛յն ժողովուրդին հետ, ա՛յն երկրին մէջ, որուն հպատակութիւնը կրող դեսպանը սպաննելու համար դուք զոհեցիք ձեր ամէնէն թանկագինը` ձեր կեանքը: Չեմ կրնար պատկերացնել, սիրելի՛ Սիմոն, թէ դպրոցական վերամուտին ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ մանուկին պատասխանը իր ուսուցչուհիին, երբ ան հարց տայ, թէ ինչպէ՞ս անցուցիք ձեր արձակուրդը: Չեմ կրնար հանդուրժել, սիրելի՛ Սիմոն, այս ծնողը, որ ինքնիր սխալը կրկնապատկելով` իր անչափահաս զաւակը կը դնէ մեղքի ճամբուն վրայ:

Թոյլ տուէք անտարբերութիւն բառը փոխարինել ամբարտաւանութեամբ:

Այո՛, սիրելինե՛ր, դուք զոհուեցաք ազատ ու անկախ Հայաստան մը տեսնելու իղձով: Մենք տեսանք` ի պատիւ ձեզի եւ ձեզի պէս տասնեակ մը խենթերու, սակայն մենք ապերախտ ժողովուրդ ենք, սիրելինե՛ր, մենք արժանի չենք ազատութեան, մենք դեռ շատ բաներ ունինք սորվելիք ձեզմէ կամ ձեր սերունդէն:

Ապերախտ ենք, սիրելինե՛ր, որովհետեւ չենք գիտեր այն հողին արժէքը, որուն համար զոհուեցան մեր ընկերները:

Ապերախտ ենք, որովհետեւ տակաւին ունինք թրքացած հայեր, որոնց համար հայութիւնը միայն ապրիլ 24-ի քայլարշաւի մասնակցութիւնն է (եթէ տակաւին կը մնայ):

Ապերախտ ենք, որովհետեւ տակաւին ունինք  «հայ» վաճառականներ, որոնք Թուրքիա կը ճամբորդեն վաճառականութեան:

Ապերախտ ենք, որովհետեւ տակաւին ունինք հայեր, որոնց համար հայ ըլլալ` կը նշանակէ ստոր ըլլալ:

Ապերախտ ենք, որովհետեւ տակաւին ունինք օտար ամուսնութիւն քաջալերող հայեր:

Այս բոլորին հակառակը տեսնելու համար զոհուեցաք դուք, իսկ այսօր մենք կը փորձենք ցաւով ընդունիլ իրականութիւնները, երբեմն մեր մատին ետին պահուըտելով կը փորձենք դիմադրել այս բոլորին` մեր միութիւններով եւ կուսակցութեամբ:

Վերջապէս, ԱԶԳԱՅՆԱՄՈԼՈՒԹԵԱՆ վերադառնալու վերնագիրին տակ կ’ուզեմ եզրափակել այս յօդուածը, սիրելինե՛ր: Ճիշդ է, որ ամէն տեսակի մոլութիւն ալ լաւ չէ, սակայն այս դարուս մեր ինքնութիւնը պահելու միակ ձեւը դաստիարակել  է սերունդներ, որոնք մոլի են իրենց ազգային նկարագիրին, մոլի են իրենց ինքնութեան, մոլի են իրենց սկզբունքներուն, կը հաւատան, որ իրենք օր մը պիտի հաստատուին Հայաստանի հողին վրայ, հոն պիտի կերտեն կեանքը այնտեղ, հոգ չէ թէ` դժուարութեամբ, որպէսզի մենք ալ, սիրելինե՛ր, մեր ուսերուն դրուած պարտքը վերադարձնենք այն սերունդին, որ իր կեանքը զոհեց տեսնելու համար այն, որ մեզի ընծայուեցաւ իբրեւ նուէր: Մենք շատ մեծ ընելիք ունինք Հայաստանի համար, որպէսզի կարենանք տեսնել այդ մեր երազային, բոլորիս ապաստան հանդիսացող հայրենիքը:

Քաջալերենք ՀՄԸՄ-ը, որուն դաստիարակութեան ընդմէջէն կը կերտուի հայ անհատին տիպարը:

Քաջալերենք ԼԵՄ-ը, որուն համեստ զինուորները հանդիսացան Լիզպոնի մեր 5 ընկերները:

Առիթը տանք առողջ ուսանողութեան` մտածելու, գրելու եւ արթնցնելու մեր ժողովուրդը:

Ապրի՛ն Լիզպոնը իրականացուցած այս 5 «խենթերը»:

Փա՛ռք ու պատիւ անոնց ընտանիքներուն:

Դուք ներշնչման աղբիւր էք իրերայաջորդ սերունդներու:

Դուք պատմութիւն կերտողներ էք, անկասկա՛ծ:

Ննջեցէք հպարտ, սիրելի՛ Սիմոն, Սեդրակ, Արա, Սագօ եւ Վաչէ:

«Հայրենիքը չի տրուիր, այլ դուն կ՛առնես զայն», Սարգիս Աբրահամեան:

 

 

 

 

Նախորդը

«Նուէրը Նուէր Չի Տրուիր»

Յաջորդը

Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?