Եռաբլուրը Մեր Հաշուետուութիւնն Է, Թէ Մենք
Ի՛նչ Դրինք Զոհասեղանին Եւ Ի՛նչ Ստացանք: Սամուէլ Թադեւոսեան (Հայրենի Վաստակաւոր Բեմադրիչ Եւ Բեմագիր)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Երկու յիշարժան երեւոյթներ զիս մղեցին սեւով սպիտակին յանձնելու կարգ մը մտածումներ, որոնք առաջին հերթին կը վերաբերին հայ բեմադրիչին թէ բեմագիրին ցոյց տուած հայաշունչ զգայնութեանն ու խոր ապրումներու խայտանքին, եւ երկրորդ` հայ կեանքին մէջ ֆիլմարուեստի ներկայութեան ու կարեւորութեան:
Իրողութիւն է, որ ժամանակակից աշխարհին մէջ շարժապատկերի արուեստը իր եզակի դերն ու տեղը ունի` հասարակական կեանքի մէջ ընդհանրական կարծիք ձեւաւորելու, լայնածաւալ քարոզչութիւն կատարելու եւ, ըստ այդմ, ժողովուրդներու ներաշխարհին ու առօրեային վրայ ազդելու:
Այլ հարց, թէ տուեալ ազդեցութիւնը կրնայ ըլլալ դրական, ժխտական, արդար, անարդար, նպատակային, այլամերժ թէ խափանարար, այդուհանդերձ անիկա առկայ է եւ անշրջանցելի: Աւելցնենք, թէ նման նիւթի մը արծարծումը այս յօդուածի ծիրէն դուրս է եւ կը կարօտի աւելի ընդարձակ վերլուծութիւններու:
Գաղտնիք չէ, թէ արհեստագիտութեան սրընթաց զարգացումով` արուեստի այս մարզը իր կարգին, գէթ վերջին տասնամեակներուն արձանագրեց յառաջդիմութեան արագ ոստումներ, նուաճումներ եւ հասաւ ներկայի նախանձելի մակարդակին:
Պահ մը զանց առնելով հոլիվուտեան ֆիլմարուեստի կայսերական ու ազդեցիկ տարողութիւնը, գլխապտոյտ պատճառող նիւթական ներդրումներու հոսքը, բացայայտ թէ ընդյատակեայ գործառնութիւններու պատկերը, եւ առհասարակ զայն իբրեւ քարոզչամիջոց օգտագործելու զանազան տեսակի մտադրութիւնները, հարկ է իմանալ ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, թէ արդի ժամանակներու հայութեան մեծագոյն մարտահրաւէրներէն մէկն է ազգային ֆիլմարուեստի կայացումն ու անոր հզօր ազդեցութեան պետականօրէն առաւել ամրապնդումը:
Արդեօք յիշեցնե՞լ է պէտք, թէ տուեալ մարզի կայացումը բացառաբար կ՛ապահովուի նիւթական կարելիութիւններու ընծայումով, իսկ ամրապնդումը` ֆիլմարուեստի հզօր մշակոյթ ստեղծելու հեռանկարային առաջադրութեամբ:
Արդ, հայեացքները ուղղենք մեր ածուին եւ ընդգծենք, թէ Հայ դատի, ազգային ազատագրական պայքարի, պատմութեան, մշակոյթի ու հայու տեսակի ծանօթացման եւ տարածման հիմնական բացթողումներէն եղած է այս մարզի գրեթէ չգոյութիւնը (համաշխարհային առումով), այսինքն` հայ ֆիլմարուեստի գերազանց ներկայութեան եւ ազդեցութեան յամեցումը:
Իսկ պատճառը. ազգային ռազմավարական մտածողութենէն նման էական կողմնորոշիչներու վրիպումն է, պետական մակարդակի անտարբերութիւնն ու մտքի դալկութիւնը:
Ի դէպ, հայ իրականութեան մէջ, վերանկախացած Հայաստանի հողին վրայ, հայրենի ֆիլմարուեստը թէեւ կ՛ապրի զարգացման փուլեր, կը յառաջդիմէ եւ ըստ արժանւոյն կը գնահատուի միջազգային փառատօներու, այդուհանդերձ պէտք ունի պետական լուրջ աջակցութեան եւ հովանաւոր կողմերու, որպէսզի հայութիւնը իր հաւաքական ըսելիքն ու տեսակէտը առանց վարանումի եւ բարձրագոռ արտայայտէ ի լուր աշխարհին:
Այս առումով հայ ֆիլմարուեստը տակաւին ունի կտրելիք ճանապարհ հասնելու հո՛ն, ուր, միջազգային արուեստի բազմերանգ բեմահարթակներու վրայ պիտի կարենայ պարտադրել իր ինքնուրոյն ոճն ու կշիռը, դրոշմն ու կեցուածքը:
Եւ, ապահովաբար այս ձեւով պիտի յաջողի հայ մարդուժի թէ ստեղծագործ աշխատանքի հրայրքն ու գեղեցկութիւնը աշխարհին ծանօթացնել, առհասարակ շեշտը դնելով ազգային, մարդկային, ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական իւրովի ընկալումներու, ըմբռնումներու, մօտեցումներու եւ տեսլականներու վրայ:
Եւ ահա այս հասկացողութենէ թելադրուած կը շեշտադրենք հայ բեմադրիչի ու բեմագիրի եւ ընդհանրապէս հայ ֆիլմարուեստի աշխարհով զբաղող հայորդիներու կատարած գործին շահեկանութիւնն ու նուիրական աշխատանքին մեծութիւնը:
Արդարեւ, յոյժ գնահատելի եւ քաջալերելի է ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի նախաձեռնութիւնը: Փաստօրէն կոմիտէն ո՛չ միայն կազմակերպեց «Կանչ» խաղարկային ժապաւէնի Լիբանանի մէջ ցուցադրութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 13 հոկտեմբեր 2016-ին, այլ նաեւ Լիբանան հրաւիրած էր ազգային շունչով եւ արուեստագէտի շնորհով յագեցած բեմադրիչ եւ բեմագիր Սամուէլ Թադեւոսեանը, ներկայ գտնուելու ներկայացումին եւ իր սրտի խօսքը փոխանցելու ներկայ հասարակութեան:
Այլապէս ալ, հայրենի վաստակաւոր արուեստագէտը Լիբանան իր կեցութեան ընթացքին` տուաւ հարցազրոյցներ (ձայնասփիւռ, պատկերասփիւռ), ունեցաւ հանդիպումներ (աշակերտութիւն եւ պատկան մարմիններ), կատարեց զանազան տեսակի այցելութիւններ (հայկական վարժարաններ եւ կառոյցներ), եւ այս ծիրին մէջ ալ յաջողեցաւ հայրենաշունչ եւ հոգեգրաւ պահեր ստեղծել, ինչպէս նաեւ բացատրել «Կանչ»-ին նպատակն ու պատգամը:
Յայտնենք, որ այս յօդուածով ոչ մէկ միտում ունինք ցուցադրուած ժապաւէնին մասնագիտական ու արհեստավարժի արժեւորումը կատարելու: Հաւատացողն ենք, որ նման վերլուծութիւններ վերապահուած են բոլոր անոնց, որոնք տուեալ մարզին եւ ընդհանրապէս ֆիլմարուեստի աշխարհին քաջածանօթ են, հմուտ, աննախապաշար քննադատի կոչումին հաւատաւոր, սուր մտքի ու յանդուգն տեսակէտի տէր անձինք են:
Միւս կողմէ, իբրեւ հանդիսատեսի վկայութիւն հարկ է արձանագրել, թէ «Կանչ» ժապաւէնի երիտասարդ բեմադրիչ Գուժ Թադեւոսեան արժանի է բոլորիս գնահատանքին եւ ջերմ աջակցութեան, որովհետեւ իր մասնագիտական ասպարէզին շաղախած է ազգային զգացումներու եւ մարդկային խոր ըմբռնումներու թթխմորը: Ան, իբրեւ հայրենի նորահաս սերունդի ներկայացուցիչի, լաւագոյնս կ՛արտայայտէ վերանկախ Հայաստանի երազանքն ու մեր դարաւոր պայքարին անժամանցելիութիւնը:
Փաստօրէն, հայր (բեմագիր) ու որդի (բեմադրիչ) Թադեւոսեանները շնորհիւ իրենց արուեստագէտի շնորհին եւ մասնագէտի նուիրական կոչումին, «Կանչ» խաղարկային ժապաւէնին ընդմէջէն ցոյց տուին հայոց պատմութեան ամէնէն դաժան եւ ողբերգական փուլերէն մէկուն մանրապատումը, երբ պատանի հայ որբեր կը քշուէին թրքացման ճամբարներ, այս անգամ զգետնելու եւ արմատախիլ ընելու անոնց հոգիներն ու ամբողջ յիշողութիւնը, եւ անոնցմէ ձեւաւորելու ոճրամիտ ու մարդակեր թրքացած զօրասիւներ:
Եւ այս խռովալից ու սարսափազդու վիճակէն ու կացութենէն ի յայտ կու գայ Քեսապ ծնած քաջ ու յանդուգն պատանի մը, որ թէեւ կորսնցուցած է ամէն ինչ, ապրած ու տեսած է իր գիւղին բնաջնջումն ու շրջապատին սպանդը, բայց եւ այնպէս, շնորհիւ իր ստացած դաստիարակութեան, հաւատքին ու կամքի զօրութեան, կը մերժէ ենթարկուիլ թուրքին բռնաճնշումներուն (թրքացման), եւ կ՛որոշէ օր մը փախուստ տալ ահ ու սարսափի ճամբարէն` զօրանոցէն եւ նետուիլ ազատութեան գիրկը:
Հայ որբուկը կը տոկայ, կը դիմադրէ եւ կը գոյատեւէ շնորհիւ իր կամքի զօրութեան եւ վրէժի զգացողութեան: Անոր լեռնցիի կամքը` պահպանելու իր ազգային դիմագիծն (մայրենի լեզուն) ու հաւատքը (եկեղեցին), խորքին մէջ ամբողջ ազգի մը դարաւոր հաւատամքին մարմնացումն է, «ո՛չ» ըսելու համարձակութիւնը:
Այո՛, եթէ երբեք Հայոց ցեղասպանութեան դժոխքը ապրած հայ որբուկներ կրցան վերապրիլ դէմ դնելով մարդակեր թուրքի անասելի ճնշումներուն (թրքացման), ապա ատիկա կրցան ընել շնորհիւ իրենց հոգիին մէջ արմատացած ազգային յիշողութիւնը վառ պահելու գիտակցութեան:
Ժապաւէնին դիպաշարը ունէր սկիզբ եւ վախճան, սակայն ըստ իս, այդ «աւարտը» պէտք էր ընդգրկէր ներկայ Հայաստանը, վերանկախ հայրենիքը, ազատագրուած Արցախի հնչեղութիւնն ու իսկական ազատութեան խորհուրդը:
Ճիշդ է, որ «Կանչ»-ը ինքն իր մէջ թաւալող դէպքերու հիւսուածք մը կը բովանդակէր, եւ ատոնց համար ստեղծուած էր համապատասխան միջավայր ու մթնոլորտ (գեղեցիկ ու արտայայտիչ), այդուհանդերձ այսպէս ըսած տիրապետող էր թատերականութեան շունչը, այսինքն` տիպարները (ոչ բոլորը), ձեւով մը հեռու էին կարծես շարժապատկերային թեքնիք մատուցողական երանգէն:
Այլ խօսքով, թէեւ իւրաքանչիւր տիպար շատ լաւ ձեւով իւրացուցած էր իր դերն ու կատարողական արուեստը, սակայն անոնց կը պակսէր շարժապատկերային զգացողութիւնը, այլ խօսքով, ֆիլմարուեստի արդի կեանքին ըմբռնողութիւնը շեշտուած ձեւով չէր արտացոլար:
Փաստօրէն, «Կանչ» ժապաւէնի հիմնական դերասանները պահած էին որոշակի ու հարազատ, անշպար ու թափանցիկ խաղարկութիւն, սակայն անոնց կը պակսէր շարժապատկերային հարազատութիւն մը, ուր տուեալ դերասանը զերծ պէտք է ըլլար թատրոնի տիպար ներկայացնելու փորձութենէ:
Այլապէս ալ ֆիլմարուեստի աշխարհին վերաբերող ձայնի, նկարչութեան, տարածքի, ժամանակի, տարազի եւ թեքնիք այլ մանրամասնութիւններու չափանիշեր գրեթէ յարգուած էին, իսկ ընդհանրապէս ժապաւէնին նիւթն ու պատգամը կլանեցին հանդիսատեսը:
Արդ, առանց վարանելու կրնանք ըսել, թէ «Կանչ»-ը եկաւ եւ խռովեց մեր հոգիները, մրճահարեց հաւաքական մեր յիշողութիւնն ու անտարբերութիւնը, ցոյց տուաւ, որ կարելի չէ մոռացութեան մատնել հայոց սրբութիւն սրբոցը` մայրենին, որուն շնորհիւ հայութիւնը պիտի կարենայ յաղթահարել ամէնէն թէժ պահերն ու անասելի դժուարութիւնները:
Այս առումով բեմադրիչ Գուժ Թադեւոսեանի ուշադրութենէն չէր վրիպած այն բացարձակ ճշմարտութիւնը, թէ երբ հայութիւնը ամրօրէն կառչած է իր ազգային արժէքներուն եւ ցեղային առանձնայատկութիւններուն, կրցած է գոյատեւել եւ ուժեղանալ, իսկ հակառակ պարագային` կորսնցուցած է ամէն ինչ:
Յայտնապէս, հայ որբուկը ի գին ամէն զոհողութեան ուզեց վերադարձնել իրմէ խլուած իր մեծ հօր տուած միակ ժառանգը` «այբուբենի կտաւը», եւ համր ձեւանալով ամբողջ օրեր ու ամիսներ մրմնջել «Հայր մեր»-ը, աւելի՛ն. երբեք ծունկի չեկաւ նամազի համար, ահա այս հոգեկան ամրութեան ու մտքի պայծառութեան մասին է ամբողջ ժապաւէնին հաւատոյ հանգանակը:
«Կանչ»-ը ունէր գրաւչութիւն մը եւս. անիկա զերծ էր առեւտրականութենէ, այն առումով, որ նիւթն ու ժամանակահատուածը, բայց մանաւանդ` ջարդի ընթացիկ տեսարաններէ հեռու մնալը, ձեւով մը «փրկած» էին ամբողջ պարունակը, եւ ատոր փոխարէն շեշտը դրուած էր ազգային շունչին եւ մտածողութեան վրայ:
Կը մտածենք յաճախ, եթէ երբեք հայ ֆիլմարուեստը ունենար նուազագոյն չափով նիւթաբարոյական աջակցութիւն եւ պետական հովանաւորութիւն, ապա անիկա պիտի նուաճէր արուեստի գագաթներ, պարզ այն պատճառով, որ այս մարզին սպասարկուները (բեմադրիչ, բեմագիր, դերասան) օժտուած են եզակի տաղանդով, ունին համակ նուիրում, անսահման եռանդ եւ երեւակայութիւն, հզօր գիտակցութիւն եւ ստեղծագործելու մեծ ներուժ: Յայտնապէս նշեալ փաղանգին կը պատկանին «Կանչ»-ի բեմադրիչն ու բեմագիրը, դերասաններն ու այս մարզի ծառայողները:
Աւարտին, հայ հանդիսատեսի խոր փափաքն է տեսնել նաեւ` նոր ժամանակներու հայութեան նուաճումները, մօտեցումները, տագնապներն ու հարցերը դիմագրաւելու հաւաքական ճիգն ու կամքը, այլապէս հզօր Հայաստանի մը տեսլականին ջատագովանքով եւ ակնկալութեամբ:
Բարի երթ: