Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրողի Անկիւն. Բարե՛ւ, Հայրենիք

Նոյեմբեր 3, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

yerevan-e1463314045926

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շատերու նման` ես ալ այս տարի Երեւան եկայ, սակայն այս անգամ` երկար շաբաթներու համրանքով մնալու: Պտոյտ, այցելութիւն: Հարց մը չէ: Ու ամէն անգամուան նման եւ աւելի` կարօտիս կողքին ունէի սքանչացում մը, որ մեծ վկան էր հիացմունքիս: Այսպէս, ամէն օր եւ ամէն առիթով կը ժպտէի Արարատին, արեւուն, ժամանակին, երիտասարդներուն եւ կեանքին: Երջանիկ էի: Հաստատապէս կեցած էի էութեանս շեմին ու` հոն կանգնած: Ամէն օր, օտար եւ կամ «չտես» զբօսաշրջիկի նման, առանց յոգնելու, ժամերով կը քալէի պատմական անուններ կրող փողոցներէն, պողոտաներէն, հրապարակներէն: Հսկայ ու փոքր շէնքերու ու թրքական ապրանքներով լեցուն խանութներու ու «մարքեթ»-ներու, ու մանաւանդ թատերասրահներու առջեւ երկար «կը սլքտայի» եւ ամէն քայլափոխիս հոգիս ալ իր կարգին թէ՛ կը պոռթկար եւ թէ՛ կը հրճուէր: Անկեղծօրէն ըսելով` առաջին անգամ չէր, որ հայրենիք կ՛այցելէի, սակայն ինծի այնպէս կը թուէր, թէ իրապէս նոր եկած էի այս երկիրը: Կարծես հայրենի ժողովուրդի կողքին, նաեւ անհուն կարօտը ունէի հայ աշակերտներու բերնէն լսելու մեր մայրենին: Գեղեցիկ ու թրթռուն: Խորհուրդ մը կար ասոնց մէջ կոմիտասեան երաժշտութեան համազօր եւ` հոգիները լուսաւորող: Կարծես նոր կը ճանչնայի այս հողը: Ուրախ էի, որովհետեւ պապերուս հողին վրայ էի, Արշակ թագաւորը յիշեցնող հպարտութեամբ: Կարծես նոյնինքն Արշակն ըլլայի, իսկ հոգիս ալ իր առաջին թռիչքը առնող թռչուն մը:

Բայց այս եւ նման հրճուանքի պահերու ետին  կար նաեւ կեանքին միւս երեսը: Երկրէն ներս օրէնքը եւ` օրէնք հակասող երեսը: Տեսանելի էր այս մէկը: Անոր համար էր, որ շատերու մօտ ատելութիւնը գողցած էր երկրին ու «մեծերուն» հանդէպ յարգանքն ու սէրը, նոյնիսկ` գիտակցութիւնը: Տակաւին, ուրիշներ իրենց կեանքը շփոթութիւններով լեցուցած էին: Մարդիկ, հազարաւորներ, կը ցանկային, բայց չէին կրնար ունենալ: Նոյն մարդիկ մայթերուն վրայէն կը քալէին, մտածկոտ, անանուն ցաւեր շալկած: Շատեր նոյնիսկ տառապանք հագած էին: Այս բոլորը շօշափելի եւ նոյնքան երեւելի ալ էին: Առաւել, այցելութեանս առաջին օրերուն մայրաքաղաքին կեդրոնը կային լուռ եւ նոյնքան ալ աղմկոտ բողոքներ, երեկոյեան ցոյցեր, ընդվզումի պոռչտուքներ: Բացայայտ էր, որ բոլորն ալ զոհերն էին աննպաստ պայմաններու: Շատերու երազները խորտակուած էին, ուրիշներու աչքերը` դէպի օտարութիւն նետուած:

Բայց եւ այնպէս, այս մեր հայրենիքն էր. բոլորիս հայրենիքը: Երկիր մը, որուն ներքին եւ արտաքին թշնամիները իրենց վիզերը երկարած` ամէն վայրկեան կը դիտէին ու կը փորձէին զայն ու անոր սահմանները արիւնով ներկել:

Հայաստան կ՛ըսեմ ու կը կրկնեմ` դուն մեր «Երկիր դրախտավայրն» ես, քու անցեալովդ, քու հզօր բանակովդ, քու վկայող պայծառութեամբդ, քու քաջարի մարտիկներովդ: Դուն թէեւ անկեղծ բարեկամ կամ մնայուն դաշնակից չունիս, իսկ հողերդ ալ հայ մարդոցմով ծարաւ են, սակայն եւ այնպէս տակաւին աշխարհի հայութեան միակ օթեւան երկիրն ես, որ քառորդ դար առաջ այս երկրագունդի քարտէսին վրայ հպարտանքով գծագրուած էր:

Աղուոր անկեղծութեամբ մը միշտ կը կրկնեմ, որ եկած էի Հայաստան երկարօրէն վայելելու անոր արեւն ու լոյսը, անոր ամառն ու աշունը: Միտքս հայրենի հողէն սնունդ սկսած էր առնել: Այդ մէկը ինծի համար զգալի էր: Հայրենասիրութեան չեմ կապած սեփական աշխարհս: Անոր համար կը փորձէի միշտ կիսել ամէն ուրախութիւն եւ տխրութիւն: Աշխարհի վրայ չկայ մեզի նման ժողովուրդ մը, որ հայրենիքէն հեռու ըլլալով հանդերձ, այնքան կապուած ըլլայ անոր:

Ու ինչ մեղքս պահեմ, իւրաքանչիւր առաւօտ, լուսաբացին կ՛ուզէի անպայման տեսնել բոլոր անցորդներուն աչքերուն մէջ իրենց երազներու իրականացումը: Աւելի՛ն. մանաւանդ` նոր սերունդին արթուն աչքերը, որպէսզի վերջ ի վերջոյ անոնք ունենային իրենց երազած իսկական նոր Հայաստան մը` խորունկ, հաստատ եւ հպարտ, բարգաւաճ, ներքին ու արտաքին խաղաղութեամբ, եւ` հայու հողին հաւատարմութեան յանձնառութեամբ: Կը կրկնեմ` ամէն օր եւ իւրաքանչիւր շրջապտոյտ-այցելութիւններուս այգիներու մէջ հանդիպած պատմական յուշարձաններուն մօտ ոչ միայն կը նկարուէի, այլեւ երկար ու համբերութեամբ անոնց հետ կը մենախօսէի` միաժամանակ զմայլելով եւ հիանալով անոնց հանճարին եւ զոհաբերութեան, մտքին ու հոգիի պայծառութեան:

Ու հակառակ տեսանելի բոլոր «սեւերուն», «սխալներուն», ամօթալի երեւոյթներուն, տխուր եւ ցաւալի մատնանշումներուն եւ «բացթողումներուն», մուրացիկներու շարանին, յայտնեմ, որ ընդհանրապէս հակամէտ եղած եմ առաւելութիւններ տեսնելու: Լաւատեղեակ էի, որ քաղաքական, ընկերային եւ մանաւանդ տնտեսական հարցերն էին, որոնք կը խռովէին զիս ու ինծի նման մտահոգ մարդոց հոգիները` ի տես ներկայիս երկրին մէջ տեսանելի դարձած անարդարութեան, յուսախաբութեան, անիրաւութեան, անգործութեան, աղքատութեան եւ հայ մտքի կրթուածութեան բացակայութեան եւ լեցուն պայուսակներով դէպի օդակայան հասնող արտագաղթողներու խումբերուն: Ճիշդ էր, որ թէեւ մեր հայրենիքի մէջ հերոսները հերոսներուն կը յաջորդէին, բայց մի՛ մոռնաք, որ հոն թշնամիներն ալ թշնամիներուն կը յաջորդէին: Կարդացէ՛ք պատմութեան էջերը:

Այս բոլորը կը տեսնէի, կը լսէի, նոյնիսկ հարազատներս կը մատնանշէին: Շատերու տառապանքին ու դժգոհանքին ականատես ըլլալով` յաճախ ես ալ կը տագնապէի, բայց միեւնոյն ժամանակ ինքզինքս կը մխիթարէի` համոզելով, թէ ամէն սկիզբ իր վերջը ունի եւ կամ ունենալու էր: Ուստի օր մը անպայման այս երկրի երկնակամարին վրայ, հեռուէն հովանաւորող Արարատի ներկայութեան, պիտի ծագէր նոր արշալոյսը` իրեն հետ բերելով նոր յոյսերով լի նոր շունչ եւ նոր կեանք:

Բացայայտ էր, որ թէեւ մեր երկիրը յղի էր բոլոր կարելիութիւններով, սակայն ներկայիս այնպէս կ՛երեւէր, թէ ան վտանգաւոր փուլ մը կ՛անցնի: Մեզմէ անկախ հասունցած էին դէպքերը:

Սակայն կարեւորն ու էականը ապագան սիրելն էր: Ահա այս մէկուն համոզուիլն էր դժուարագոյնը: Բան մը արդարացնելու ճիգ մը չէ այս մէկը: Բայց մինչեւ այդ բախտաւոր օրը մեր երկրին համար պէտք էին` կամք եւ սեփական ճիգերով տեղ մը հասնիլ, արդարութիւն եւ արդարամտութեան հաստատում, ներքին ու արտաքին կայունութիւն, ազգային գիտակցութեան հասկացողութիւն եւ պատկանելիութեան բարձր զգացում:

Մէկ խօսքով, խաղաղութիւն էր պէտք: Բայց պէտք է նաեւ գիտնալ, որ այդ խաղաղութիւնը միայն ու միայն գերագոյն զոհողութիւններով եւ մանաւանդ զէնքով կարելի էր ձեռք բերել: Յստակ եւ հասկնալի է նաեւ, որ մեր երկրի վերնախաւն ալ ունէր իր մեծ բաժինը` այս բոլոր կտտացող ցաւերուն, երազներու կորուստին եւ ներքին տագնապին մէջ: Բայց ինծի համար հաստատապէս համոզիչ էր, որ մեր նոր սերունդի ստեղծումի ոգիով զինուած ամէնօրեայ դրօշարշաւը, մեր երիտասարդներուն մտքի իրապաշտ պայծառութիւնը, անոնց ազգային եսի պաշտամունքը, յոյս կը ներշնչեն աւելի փայլուն ապագայի ձգտումի իրականացման: Անոր համար ամէն առաւօտ Իսահակեանի վրայ բացուող յարկաբաժինիս պատուհանէն մտովի կը պոռայի. «Բարե՛ւ,  Հայաստա՛ն, դուն ամբողջ հայութեան պայծառ հայրենիք, ե՞րբ համայն ազգդ քու հովանիիդ տակ պիտի առնես: Ե՜րբ…

bedig43@aol.com

 

Նախորդը

Հոգեհանգիստ` Սեբաստիոյ Հայկական Նորոգուած Գերեզմանատան Մէջ

Յաջորդը

Պատուաստ Եւ Պատուաստում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?