Սփիւռքի Ներուժի Ներգրաւումը
Հայաստանի Հանրապետութեան
Պետականաշինութեան Գործին Մէջ
ՏՕՆԻԿ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ
Սկսինք պետականաշինութեան մտայնութեան մէջ սփիւռքի ներգրաւուածութեան սխալ հասկացողութենէն, որ դժբախտաբար տարածուած մտայնութիւն է մեր իրականութեան մէջ: Այս մեկնակէտէն մատնանշենք, որ որեւէ պետութեան ստեղծման եւ անկէ ետք կայացման համար անհրաժեշտ է ժողովուրդի մը գոյութիւնը տուեալ տարածքի մը վրայ, եւ այդ ժողովուրդի կեանքի կազմակերպումը ստեղծուած պետութեան պարտականութիւնն է:
Այս պարագային սփիւռքը հայրենիքի մէջ ապրող ժողովուրդին մէկ կարեւոր մասնիկն է, ուրեմն անոր կազմակերպումը, ներուժի ներգրաւումը պետութեան պարտականութիւնն է (անշուշտ գործին յաջողութեան համար գործակցութիւնը անխուսափելի անհրաժեշտութիւն է):
Պարզ է. որպէսզի պետականաշինութեան գործը եւ անոր մէջ սփիւռքի ներուժի ներգրաւումը իսկապէս խարսխուի հաստատ հիմերու վրայ, պէտք է անցնիլ լոզունգային հայրենասիրութեան փուլէն դէպի գործնական փուլ, եւ լծուիլ հայութեան երկու հատուածներու տարբեր մշակոյթներու մերձեցման աշխատանքի: Այսպէս, երկրին շրջափակման եւ տարածաշրջանի անկայուն ու ծանր այս կացութեան մէջ սփիւռքի ներուժը «ելք»-ի մը դերակատարութիւնը պիտի ստանայ, որ օգտակար ըլլալու կողքին, գոյատեւելու եւ առօրեայ մակարդակի վրայ ապրելու հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ:
Անցնինք առաջին հիմնական հարցին`
– Պետական գործին մէջ ներգրաւում
Շատ քիչ եղած են պարագաները, ուր սփիւռքէն անհատներ ներգրաւուած են Հայաստանի պետական գործին մէջ, այդ ալ` միայն բարձր մակարդակի վրայ. պետական կամ պետական հովանաւորութիւն վայելող կառոյցներու մէջ սփիւռքահայ հայրենադարձ անհատներու ներգրաւումը կարճ տեւողութեան վրայ կրնայ իսկապէս օգտակար ըլլալ թէ՛ պետական կառոյցներու գործելաոճի փոփոխութեան` անոնց մէջ նոր որակ եւ փորձառութիւն մտցնելով, թէ՛ ալ սփիւռքեան այդ ներուժին, որ որոշած է հաստատուիլ Հայաստանի մէջ (նկատի ունիմ սուրիահայութիւնը) կայացման եւ հաստատման:
Երկրորդ`
Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ ներգրաւում
Նորաստեղծ պետութեան մը պաշտպանութեան ոլորտի կայունութիւնը, ամրութիւնը եւ զարգացումը, յատկապէս` Հայաստանի նորաստեղծ հանրապետութեան համար, կարեւոր ազդակ է: Այդ մարզին մէջ սփիւռքի երիտասարդութեան ներդրումը կրնայ որոշ զարգացում ապրիլ, եթէ ստեղծուին անհրաժեշտ պայմանները. հոս կայ երկու խնդիր.
- Զինուորական պարտադիր ծառայութիւնը
Գաղտնիք չէ, որ սփիւռքահայ երիտասարդութեան մէջ կայ յստակ խուսափում հայաստանեան քաղաքացիական իրաւունքին տիրանալու առիթէն, որուն մէկ ու միակ պատճառը զինուորական պարտադիր ծառայութիւնն է: Հարցադրումը ինքզինք կը պարտադրէ. կարելի չէ՞ արդեօք այս հարցին առնչութեամբ որոշ մեղմացուցիչ պայմաններ ստեղծել կամ նաեւ քաջալերական պայմաններ ճշդել` երիտասարդութիւնը մղելու համար, որ նուազագոյնը չխուսափի Հայաստանի քաղաքացիութեան տիրանալու իր իրաւունքէն (առաջին փուլին, մէկ սերունդի համար, հայրենադարձութիւնը հաստատելու միտումով): Օրինակ` Լիբանանի պարագային զինուորական պարտադիր ծառայութիւն գոյութիւն չունի, սակայն կան հայ երիտասարդներ, որոնք իբրեւ «պայմանագրային զինուոր» կը ծառայեն, կան երիտասարդներ, որոնք ջանք ու ճիգ չեն խնայեր մուտք գործելու համար սպայից վարժարան: Այս բոլորը` լաւ պայմաններ ունենալու հեռանկարով, ուրեմն հոս ալ` նոյնը, կարելի չէ՞ յատուկ պայմաններ ստեղծել այս ուղղութեամբ:
2-րդ հարցը. սփիւռքեան զանազան երկիրներու մէջ հայ զինուորականներու/պաշտպանութեան մարզին մէջ աշխատողներու ներուժէն չօգտուելու հարցն է, որ կը յառաջանայ առաջին խնդիրէն:
Տնտեսութեան գործօնը կը մնայ պետութեան մը կայացման հիմնաքարը.-
Սփիւռքեան ներուժի ներգրաւումը այս մարզին մէջ պէտք չէ ըլլայ միայն նիւթական/դրամական ներգրաւում, այլ իսկապէս Հայաստանի մէջ տնտեսական արդիւնաբերական (ինչո՞ւ չէ` նաեւ տնտեսական խորհրդատուական-տեսական) գործին մէջ լուրջ մասնակցութիւն, որուն արդիւնքը պիտի ըլլայ սակաւապետութեան դէմ պայքարին զուգահեռ, նաեւ նոր խաւի մը յառաջացումը, որ ընդհանրապէս բացակայ եղած է Հայաստանի 25-ամեայ կեանքէն, եւ անոր ստեղծումը (միջին դասակարգի) կարելի է ու հաւանական, երբ սփիւռքեան տնտեսական ներդրումը ըլլայ փոխշահաւէտ եւ իրարմէ օգտուելու միջոց:
Մարմնակրթական-մարզական
Փաստուած իրողութիւն է, որ միջազգային մարզախաղերու ծիրին մէջ երկրի մը արձանագրած յաղթանակները կը բարձրացնեն տուեալ ժողովուրդի մը հայրենասիրական ոգին, անկախ անկէ, որ այդ յաղթանակները քարոզչական առաւելութիւններ ունին տուեալ երկրին համար: Ուրեմն ազգային դաստիարակութեան, հայրենիքին հետ կապուածութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ երկրին յաջողութիւնները ապահովելու իմաստով հարկ է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել այս մարզին, եւ յատկապէս օգտուիլ սփիւռքեան երկիրներուն մէջ գործող մարզիկներէն` անոնց տալով յատուկ առաւելութիւններ եւ ստեղծել քաջալերական պայմաններ:
Խօսելով 4-րդ իշխանութեան մասին, ըսենք.
Բնական է, որ իրարմէ տարբեր երկիրներու մէջ գործող լրատուամիջոցներ պիտի ազդուին իրենց շրջապատէն, երկրին քաղաքական վարչակարգէն, գործելու տրուած ազատութենէն եւ այլն:
Ակնյայտ է նաեւ, որ 4-րդ իշխանութեան գործը, ազատութեամբ գործելու իմաստով, բաւական դիւրացած է համացանցային այսօրուան պայմաններուն բերումով. ուրեմն կը մնայ կարելիութիւնները օգտագործել այս մարզը պետականաշինութեան գործին ծառայեցնելու համար: Հոս նկատողութիւնները անթիւ են ու անհամար:
Հոս խոցելի է յատկապէս վերահսկող մարմինի մը չգոյութիւնը:
Զբօսաշրջութիւն
Զբօսաշրջութեան մարզին մէջ սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը կ՛իրականանայ, երբ հայրենասիրական զբօսաշրջութենէն անցում կատարենք մասնագիտական-արհեստավարժ զբօսաշրջութեան (եւ ունինք այդ կարելիութիւնը):
Հայրենասիրական զբօսաշրջութիւն ժամանակաւոր է, մինչդեռ երբ ստեղծուին մրցունակ (իրական) պայմաններ, Հայաստանի զբօսաշրջութեան մարզը կարելի է զարգացնել, ինչ որ չափազանց օգտակար է պետականութեան կայունացման գործին` թէ՛ քարոզչական իմաստով, թէ՛ տարածաշրջանին մէջ հաստատուած երկիր ըլլալու իմաստով: Այստեղ լուրջ ընելիքներ ունին նաեւ Հայաստանի իշխանութիւնները:
Վերջապէս կայ ու կը մնայ սփիւռքի ներուժի ներգրաւման հիմնական արգելքի վերացման հարցը, որ նոյն լեզուի ուղղագրութեան մէջ տարբերութիւններու առկայութեան խնդիրն է: Առանց այդ հարցի լուծման, որեւէ գործընթաց կրնայ խոչընդոտներու հանդիպիլ նշուած բոլոր մարզերուն մէջ, նոյնիսկ` մարմնակրթական-մարզական:
Ատիկա կը լուծուի մասնագէտներու երկուստեք խորհրդակցութիւններով, ոչ անպայման կողմի մը ամբողջական զիջումով (թերեւս փոխզիջումով), թէեւ, ըստ ինծի, այդ փշոտ հարցը 25-ամեայ պետութեան պատմութեան մէջ իր արժանի լուծման հասած պէտք էր ըլլար արդէն:
21 հոկտեմբեր 2016