Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած մամուլի խորհրդաժողովը երկու օրով փոխադրուեցաւ Արցախ: Լսեցինք հանրապետութեան նախագահը, ծանօթացանք նախարարներու: Անցանք գեղակերտ եւ աչքի խտիղ պատճառող Ստեփանակերտի փողոցներով, քաղաք, որ կը նմանի լեռներու գագաթին դրուած թանկագին քարի:
Գացինք մինչեւ Աղտամ, կանգ առինք Տիգրանակերտ, ուր պատմութիւնը կը խօսի քարերու լեզուով, տեսանք հայկական բանակի զինուորները, երիտասարդներ եւ երէցներ, որոնք մեր փոխարէն հայրենատիրութիւն կ’ընեն, իրենց համար հայրենի հողը, լեռը, դաշտը, քաղաքը, զբօսաշրջիկի լուսանկար չեն, ոչ ալ` տօնական օրերու ճառերու նիւթ:
Հայ զինուորը, այնքա՜ն երիտասարդ, այն տարիքին, երբ մայրական գուրգուրանքի կարիք ունի, հայ հրամանատարը, ընտանիքի հայր, զինք սպասող զաւակներ ունի, բայց անոնք դէմ դիմաց կը գտնուին քարընկէց մը հեռու գտնուող թշնամիին, որ հետեւելով իր պատմական փորձին եւ թրքական բնազդին` կ’ուզէ հայը զրկել իր հայրերու հողէն, ուր կան վկայութիւններ, ժամանակի խորքէն եկող բազմաբուրեան անուններով գիւղեր, վանքեր: Երբեմն ականջ պէտք է դնել հողին եւ լսել… ինչ որ չեն ըսեր գիրքերը, ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը:
Պիտի ուզէի երթալ մինչեւ Հայոց Ձոր կոչուած վայրը, ուր գացած է հաստատուելու Լիբանանէն երիտասարդ մը: Ան ըսաւ, որ բնաւ դպրոց չէր գացած, հետեւաբար ո՛չ ճառ լսած էր եւ ո՛չ ալ խօսած, համեստ բանուոր ըլլալով` բարեսիրական արշաւներու ալ չէր արձագանգած, բայց իր բառերով «հինգ տէօնիւմ» հող գնած էր եւ հոն պիտի ապրէր` մէկով աւելցնելով հայրենատէրերու զօրագունդը: Ան խորհրդաժողովներու պիտի չմասնակցէր, տպաւորիչ ընդունելութիւններու պիտի չհրաւիրուէր, անունը թերթերու մէջ պիտի չգրուէր:
Հայոց Ձորի նոր բնակիչը ներիմացումով, որուն մեկնաբանութիւնը չէր ըրած, յաճախուած էր, արցախցի Արտեմ Յարութիւնեան բանաստեղծի դեռ անտիպ գիրքի անուան համար բանաձեւած «Հայոց հողի ծածկագիր տեսիլքներ»-ով` առանց անցնելու բառերու հմայող հրավառութիւններէն: Տեղ մը «հինգ տէօնիւմ» հող գնած հայ երիտասարդը թափանցուած էր յիշուած այդ «Հայոց հողի ծածկագիր տեսիլքներով»: Այդպիսիները բեմի վրայ չեն խաղար, առհաւական անուն չունեցող ազգային իմաստութիւն ունին: Անոնց հայրենատիրութիւնը «իզմ»-երով եւ «իստ»-երով չի սահմանուիր:
Արցախը հայրենիքի ազատագրուած բեկոր է:
Ան պատերազմական վիճակի մէջ է:
Երբ կը լսէք լուրերը, սրտի ճմլում կ’ունենաք: Թշնամին կը կրակէ անդադար, այդ կացութեան տրուած է դիւանագիտական բացատրութիւն մը: Կ’ըսեն, թէ թշնամին «խախտած է զինադադարի պայմանները», այդ խօսքին կը հետեւի այն, որ երիտասարդ զինուոր մը վիրաւորուած կամ զոհուած է: Մէկը, երկուքը, երեքը, չորսօրեայ պատերազմի հարիւրը սոսկ թուանշաններ չեն, կեանքեր են, ընտանիքի յոյսեր: Եթէ այս տեսնէինք, քաղաքական կամ լրագրական շատախօսութիւնները գերանցելով` մեր հոգիի, միտքի եւ յանձնառութեան հորիզոնը կը փոխուէր: Կը դադրէինք հանդիսատես ըլլալէ:
Հայաստան եւ սփիւռքներ, եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը, հարուստ եւ համեստ, վարժապետ եւ տիրացու, ինքնիրեն հարց տար ամէն առաւօտ, երբ սուրճի բաժակին առջեւ կը նստի, թէ ինք ի՞նչ կ’ընէ ապրեցնելու համար «Հայոց հողի ծածկագիր տեսիլքներ»-ը, թշնամիին դէմ կանգնած հայ զինուորին համար, Հայոց Ձորի մէկ նոր քաղաքացին տասնով, հարիւրով, հազարներով բազմապատկելու համար: «Ի՞նչ կ’ընէ»-ի եւ «ի՞նչ կ’ընենք»-ի պատասխանը բարձրախօսներու գոռում-գոչիւնը չէ, երգերու տարափ եւ բառերու հրավառութիւն:
Հայոց յեղափոխութենէն կը յիշեմ դրուագ մը: Ֆետայի Գուրգէնի հայրը եղած է մեծահարուստ: Ան ըսած է իր որդիին` մի՛ երթար յեղափոխական գործի, քու ծանրութեամբդ ոսկի կու տամ: Եւ Գուրգէն պատասխանած է, թէ` տո՛ւր ոսկին, քանի որ յեղափոխութիւնը պէտք ունի անոր, բայց յեղափոխութիւնը պէտք ունի արեան: Եթէ լսուէր այսօր Գուրգէնի խօսքը, եւ Գուրգէններու հայրերը, փոխան պերճանքի գերի ըլլալու, եթէ իրենք իրենց հարց տային` «թէ ի՞նչ կ’ընեն Արցախի համար», Արցախի վաղը այսօրուընէ լաւ կ’ըլլար:
Եթէ շատեր, Լաս Վեկաս կամ Լաֆլին, Նիս կամ Մոնթէ Քարլօ, Անկիէն, բախտի անիւին առջեւ ապրուած փրփուր հաճոյքին տրուած գումարները ղրկէին Արցախ` զօրացնելու համար թիկունքը եւ ճակատը, մեր վաղը այսօրուընէ լաւ կ’ըլլար:
Արցախ, թշնամիի գիծին մօտ, փոքրիկ մատուռ մը կար: Խցիկ մը: Հայկական ճարտարապետութեամբ մատուռ չէր: Երբ կանգնած` կը մտածէի, թէ ի՛նչ կ’ընենք Արցախի համար, որպէսզի ան շնագայլերու ախորժակին զոհ չերթայ, որպէսզի զինուորը գիտնայ, թէ առանձին չէ, իրեն հետ են հեռուի եւ մօտի հայրենակիցները: Հայրենակից` իրենց պէս հայրենատէր:
Հայրենատիրութեան յաջողութեան համար երկինքէն մանանայ պիտի չտեղայ: Այդ մանանան մենք ունինք եւ մենք պէտք է տեղացնենք` թօթափելով սպառողական ընկերութեան զոհի մեր քուրջերը:
Մտածել հայ զինուորին մասին, որ մեզ զինուորական կառքով սահման տարաւ, եւ որ կը սպասէ իր առջինեկ զաւակի ծնունդը:
Մեր վաղը այսօրուընէ լաւ կ’ըլլար, եթէ մեր կռնակէն ձգէինք երգերով բաւարարուող «հայրենակից»-ի եւ զբօսաշրջիկի պատեանը:
Այս պարզ իրականութիւնը ըսելու քառասուն ձեւ չկայ:
27 հոկտեմբեր 2016, Երեւան