Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազնուական Մարդը (Պրն. Կարպիս Թիւթիւնճեանի Յիշատակին)

Օգոստոս 23, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Քառասուն օր առաջ, լիբանանահայութիւնը կորսնցուց իր աւագ սերունդի ներկայացուցիչներէն պրն. Կարպիս Թիւթիւնճեանը: Ան կը պատկանի այն սերունդին, որ լիբանանահայ համայնքի հաւաքական կեանքի զարգացման ու աշխուժացման մէջ բերած է իր կարեւոր ներդրումը:

Աշխատասիրութեամբ, յարատեւութեամբ ու հաւատարմութեամբ նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ յաջողած Լիբանանի տնտեսական ու առեւտրական բնագաւառին մէջ ունենալ իր ուրոյն հեղինակութիւնը` արժանանալով նաեւ տեղացի բարեկամներու բարձր գնահատանքին եւ յարգանքին:

Լիբանանահայ կառոյցներու ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հանդէպ իր գուրգուրանքը եղած է յարատեւ: Իր կապը անմիջական եղած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր գահակալներուն հետ: Վարչական ու տնտեսական իր հմտութիւնները ի սպաս դրած է նաեւ համայնքային կեանքի զանազան բնագաւառներու աշխուժացման ու զարգացման մէջ:

Ներհամայնքային առումով, պրն. Կարպիս մշակած է բաց յարաբերութիւններ հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն հետ եւ իր նիւթաբարոյական աջակցութիւնը բերած է ամէնուրեք:

Առօրեայ դրութեամբ կը հետեւէր ազգային ու լիբանանեան բոլոր հիմնահարցերուն եւ իր կշռադատուած մօտեցումով կը փորձէր բոլոր հարցերուն արժեւորման մէջ իր իւրայատուկ տեսակէտը պարզել: Անշուշտ մի՛շտ` համայնքի ուժեղացումն ու անոր իրաւունքներու յարգումը իրեն համար կը մնային գերխնդիր:

Տագնապող մարդ էր ան, եւ հայ կեանքին մէջ արձանագրուած բոլոր նուաճումները կը լեցնէին զինք հպարտութեամբ, իսկ տեղատուութիւններն ու դժուարութիւնները խոր մտահոգութիւն կը ստեղծէին իր մէջ, եւ անոնց առաջքը առնելու համար իր ճիգը միշտ անսակարկօրէն ի սպաս կը դնէր:

Եզակի մարդ էր պարոն Կարպիս, որուն համար նիւթական հարստութիւնը պարզապէս միջոց էր եւ ոչ թէ նպատակ, իսկ այդ ճամբով ներդրած օգտակարութիւնը գերագոյն հաճոյք էր: Իր կողակիցին` հանգուցեալ տիկին Լիւսիի հետ իրենց բարի ժպիտով ու դրական ներկայութեամբ կը համակէին միջավայրը ու կը զարդարէին մեր կեանքը կենսունակութեամբ ու խանդավառութեամբ: Բարեսիրտ ու ազնուասիրտ տիկին Լիւսիի մշակութային ու բարեսիրական բոլոր նախաձեռնութիւնները կը հոգար մեծ սիրով ու պատրաստակամութեամբ:

Հայկական արուեստներուն, աւանդութիւններուն եւ արժէքներուն հանդէպ խոր ակնածանք ունեցող օրինակելի այս զոյգը երեւոյթ էր մեր կեանքին մէջ: Ի պատիւ իրենց, անոնք իրենց առաքինի ու մարդկային համոզումներն ու ըմբռնումները նաեւ փոխանցած են երեք զաւակներուն` Սիլվային, Ռուպինային եւ Աւոյին, տալով հայկական նահապետական ընտանիքի մը պատկառելի օրինակը:

Համազգայինի ընտանիքը իր կարգին, տասնամեակներ շարունակ վայելեց մշակութասէր այս զոյգին նեցուկը, եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի հիմնադրութիւնը մեծագոյն վկան է այս հաստատումին: Պարոն Կարպիսի եւ տիկին Լիւսիի համար բարերարութիւնը ազնիւ հոգիէ ու սրտէ բխող ինքնաբուխ արտայայտութիւն էր, եւ անկէ ետք ամէնօրեայ կերպով ցուցասրահը իրենց ուշադրութեան առանցքը դարձնելու իրողութիւնը արդէն տեսանելի փաստ է:  Այո՛, անոնք ցուցասրահը իրաւամբ վերածեցին իրենց երկրորդ ընտանեկան հարազատ օճախին եւ հոն համախմբուած արուեստագէտներն ու արուեստասէրները նկատեցին իրենց մեծ ընտանիքի անբաժան մասը:

Պարոն Կարպիսի եւ տիկին Լիւսիի յարաբերութեանց մէջ` մարդոց միջեւ երբեք խտրականութիւն չկար: Բոլորին հանդէպ համահաւասար արժէք եւ յարգանք կը տածէին: Աւանդութեան կարգ անցած տարեկան դրութեամբ իրենց ընտանեկան օճախին մէջ «Ազդակ»-ի եւ Համազգայինի հրատարակչատան անձնակազմերու հիւրընկալման ընթացքին, պրն. Կարպիս առաջին հերթին կը թելադրէր, որ կառոյցներու մաքրութեան պատասխանատու տիկինները անպայման պէտք է հաւաքին ներկայութիւն ըլլան, եւ ան իր անմիջական սեղանակից կ՛ընտրէր այդ անհատները ու կը դառնար անոնց հաճելի զրուցակիցը:

Իւրայատուկ էր նաեւ այն պարագան, որ կարիքաւորին օգտակար դառնալու իրենց բնազդային մօտեցումին մէջ, այս պատկառելի զոյգը չէր բաւարարուեր միայն օժանդակութեան իր մասնակցութեամբ, այլ կ՛ապրէր այդ տագնապներու ցաւն ու տառապանքը եւ յաճախ կը հետաքրքրուէր ենթականերու որպիսութեամբ ու կացութեամբ:

Կարելի է երկար գրել պարոն Կարպիսի բարեմասնութիւններուն մասին, սակայն այլ առիթով: Այդ բարեմասնութիւններուն հարուստ գանձարանը ներկայացնել միշտ կարեւոր է, ոչ թէ անհատը արժեւորելու իմաստով, որուն երբեք կարիքը չէ ունեցած ու իր նկարագիրին ալ այդ մէկը մնացած է անյարիր, այլ այն առումով, որ այդ բոլորը սերունդներու դաստիարակութեան եւ կազմաւորման համար խիստ կենսական նշանակութիւն ունին:

Մեր կեանքի նիւթականացած պայմաններուն եւ արժեչափերու խախտումի ժխորին մէջ, պրն. Կարպիսի տիպարը թելադրական խոր պատգամներ ունի բոլորիս: Ազնուականութեամբ իր բարեգործութիւնն ու բարերարութիւնը կատարելու մարդկային վեհ արժանիքը անհրաժեշտ է, որ ճառագայթէ մեր կեանքին մէջ մի՛շտ եւ ամէնուրեք:

Լիբանանահայ գաղութի պատմութեան մէջ իր ունեցած մեծ վաստակով, ապրած նշանակալից կեանքով ու բացառիկ նկարագիրով պրն. Կարպիս իր անջնջելի կնիքը դրաւ ամէն տեղ: Այս գաղութը շատ բան կը պարտի իրեն ու իր նմաններուն:

Մեծագոյն յիշատակի յարգումը պիտի դառնայ անոր առաքելութեան ու տիպարային ներկայութեան ամրագրումը մեր կեանքին մէջ:

Յարգա՛նք իր վաստակին:

 

 

Նախորդը

Թանկագին Բարեկամիս` Ժոզեֆ Ճապրայեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Յաջորդը

Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր Մատրան Հիմնադրութեան 85-Ամեակ

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Պայմանագիր». Հայաստանի Նուաստացուցիչ Յանձնուողականութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Պայմանագիր». Հայաստանի Նուաստացուցիչ Յանձնուողականութիւն

Օգոստոս 23, 2025
35 Տարի Առաջ.  Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը Անկախութեան Հռչակագիր Կ՛ընդունէր
Անդրադարձ

35 Տարի Առաջ. Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը Անկախութեան Հռչակագիր Կ՛ընդունէր

Օգոստոս 23, 2025
Թանկագին Բարեկամիս` Ժոզեֆ Ճապրայեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով
Անդրադարձ

Թանկագին Բարեկամիս` Ժոզեֆ Ճապրայեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Օգոստոս 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?