ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայաստանի մէջ 18 փետրուար 1921-ի ապստամբութեան շնորհիւ Երեւանի մէջ բոլշեւիկեան իշխանութիւնը տապալած էր: Նոյն օրերուն Արցախի մէջ Թեւան Ստեփանեանի գլխաւորած ուժերը զգալի յառաջխաղացք արձանագրած եւ շարք մը գիւղեր ազատագրած էին:
Տասնմէկերորդ կարմիր բանակի միաւորներ Վրաստանէն շարժեցան Հայաստան` ապստամբութիւնը ճնշելու եւ Երեւանը վերագրաւելու համար:

Նոյն օրերուն, 16 մարտ 1921-ին, Մոսկուայի մէջ, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուեցաւ բարեկամութեան եւ եղբայրութեան դաշինք, որուն հիմամբ Ռուսիա կը ճանչնար Թուրքիոյ ինքնիշխանութիւնը թրքական Ազգային մեծ ուխտին կողմէ ճանչցուած բոլոր տարածքներուն նկատմամբ: Իր կարգին Թուրքիա կը հրաժարէր Պաթումէն, փոխարէնը ստանալով Սուրմալու գաւառը: Այս դաշնագիրով հաստատուեցաւ ներկայ հայ-թրքական սահմանը: Նախիջեւանի մարզը անջատուեցաւ Հայաստանէն եւ յանձնուեցաւ Ազրպէյճանի խնամակալութեան:
Կարմիր բանակը 2 ապրիլ 1921-ին մտաւ Երեւան: Ապստամբները Բաշ Գառնիի ուղղութեամբ նահանջեցին դէպի Զանգեզուր, ուր ինքնապաշտպանական մարտերը կը շարունակուէին Գարեգին Նժդեհի գլխաւորութեամբ:
Կարմիր բանակը ապրիլ 15-ին գրաւեց Դարալագեազը (Վայոց Ձոր), որմէ ետք խորհրդային իշխանութիւնները որոշեցին դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ բանակցութիւններու միջոցով խորհրդայնացնել Զանգեզուրը:
* * *
Կարմիր բանակը նոյն ժամանակ լայնածաւալ յարձակման անցաւ Արցախի մէջ գործող Թեւան Ստեփանեանի ուժերուն դէմ:
Թեւանի սակաւաթիւ ուժերը անկարող էին դիմադրելու իրենցմէ բազմապատիկ ուժերուն: Զանգեզուրէն նոր օգնութիւն ակնկալել կարելի չէր, որովհետեւ արդէն կարմիր բանակը հասած էր Վայոց Ձոր:
Կարմիր բանակը շրջափակման մէջ առաւ Արցախը, փակեց Պարսկաստանի սահման տանող բոլոր ճանապարհները, հսկողութեան տակ առաւ Լաչինէն եւ Ղուբաթլիէն Զանգեզուր տանող ուղիները:
Անհաւասար բուռն կռիւներէ ետք արցախցի մարտիկները նահանջեցին:
Դիզակի համայնավարական ջոկատը Արշակ Բալասանովի գլխաւորութեամբ յարձակման անցաւ ապստամբ ուժերուն դէմ, բայց պարտութիւն կրելով նահանջեց:
Կարմիր բանակը ապրիլ 18-ին գրաւեց Դիզափայտ լեռը, ապա Աղջաբենդ եւ Հին Թաղլար գիւղերը:
Թեւանի ջոկատները հակառակորդի մեծաքանակ ուժերու ճնշման տակ լքեցին ռազմավարական վերջին կեդրոնը` Խծաբերդ գիւղը:
Դիզակի եւ Սիւնիքի միջեւ տարածուող գօտիի թաթարները, զինուած ջոկատներով հակակշիռի տակ առած էին լեռնային անցքերը:
Արցախի մարտիկներուն անվտանգ դէպի Զանգեզուր նահանջը ապահովելու համար, ապրիլ 18-ի գիշերը Գարեգին Նժդեհի զինակիցներէն Գարեգին Ամիրջանեանի ղեկավարութեամբ ջոկատ մը անցաւ Զաբուխի միջանցքը, ճեղքեց կարմիր բանակի եւ թաթարներու պաշարման գիծը եւ բացաւ նահանջի ճանապարհը:

Արցախցի մարտիկները, շուրջ 700 հոգի, Թեւան Ստեփանեանի գլխաւորութեամբ անցան Զանգեզուր եւ միացան Գարեգին Նժդեհի ուժերուն:
* * *
Խորհրդային Ազրպէյճանի ղեկավար Նարիման Նարիմանով Արցախի հարցով երկու նամակներ յղեց Մոսկուա` Լենինի:
Նարիմանով ռուսական կողմին կոչ կ՛ուղղէր թուրքերը սիրաշահելու եւ իրենց ճամբարին մէջ պահելու համար Հայկական հարցով զիջումներ կատարել եւ բաւարարել իրենց պահանջները. «Ես պէտք է զգուշացնեմ ձեզ, որ ընկեր Չիչերինը կը շփոթէ Արեւելեան հարցը. ան չափէն աւելի հրապուրուած է Հայկական հարցով եւ նկատի չառներ այն, որ կրնայ խզում յառաջացնել անգարացիներու հետ Հայկական հարցի պատճառով: Ես կտրականապէս կը յայտարարեմ Կովկասի մէջ ստեղծուած դրութեան մէջ, եթէ կ՛ուզէք մեր ձեռքին մէջ պահել Ազրպէյճանը, մենք պէտք է ամուր դաշինք կնքենք անգարացիներուն հետ, ինչ գնով ալ ըլլայ: Կը կրկնեմ` այդ դաշինքը մեզի կու տայ ամբողջ իսլամական արեւելքը»:
Նշենք, որ Ռուսաստանի արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսար Գէորգի Չիչերին լաւ հասկցած էր, որ թուրք-ազրպէյճանական մերձեցումը եւ ազրպէյճանցիներու պահանջներու բաւարարումը պատճառ պիտի դառնան Անդրկովկասի մէջ թրքական գործօնի ուժեղացման եւ ռուսական ազդեցութեան նուազման:
Սակայն Չիչերին որքան ալ փորձէր զսպել ազրպէյճանական նուաճողական կեցուածքը, չէր կրնար որեւէ երանգ հաղորդել խորհրդային քաղաքական դիրքորոշման մէջ: Բոլշեւիկներ տարուած էին Արեւելքի մէջ ընկերվարական յեղափոխութեան պատրանքներով եւ անոր մէջ տեսնելով թուրքերու դերակատարութիւնը յօգուտ համաընկերվարական ճամբար ստեղծելու նպատակի, տրամադրուած էին պաշտպանելու թրքական շահը, որ կ՛ենթադրէր նաեւ ազրպէյճանական շահի հետապնդումը, թուրք եւ ազրպէյճանական հետաքրքրութիւններու բաւարարումը:
* * *
Տաթեւի վանքին մէջ 26 ապրիլ 1921-ին կայացաւ համազանգեզուրեան երկրորդ համագումարը, որ Սիւնիքը վերանուանեց Լեռնահայաստան: Ստեղծուեցաւ Լեռնահայաստանի կառավարութիւն` Գարեգին Նժդեհի գլխաւորութեամբ: 95 հոգիէ բաղկացած համագումարին կազմը յայտարարուեցաւ Լեռնահայաստանի խորհրդարան:
Լեռնահայաստանի կառավարութիւնը համաձայնեցաւ Զանգեզուրի հետագայ ճակատագրի հարցով բանակցութիւններ վարել խորհրդային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:
Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Արտաշէս Կարինեանի եւ Վասիլի Մելնիկովի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն ուղարկուեցաւ` Լեռնահայաստանի իշխանութիւններուն հետ համաձայնութեան գալու համար:
Բանակցութիւնները տեղի ունեցան մայիս 12-էն 15, Ղալաջուր (ներկայիս` Սառնակունք) գիւղին մէջ, բայց որեւէ արդիւնք չտուին:

Լեռնահայաստան յունիս 1-ին վերանուանուեցաւ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն:
Ռուսաստանի բոլշեւիկեան կուսակցութեան Կովկասեան բիւրոն յունիս 3-ին որոշեց ռազմական ճանապարհով լուծել «հակայեղափոխական» Զանգեզուրի խնդիրը: Կովկասեան բիւրոն միաժամանակ Հայաստանի կառավարութեան յանձնարարեց հաղորդագրութիւն հրապարակել եւ յայտարարել որ Արցախ Խորհրդային Հայաստանի կը պատկանի:
Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէն յունիս 12-ին յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն միջեւ եղած համաձայնութեան հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղ Խորհրդային Հայաստանի անբաժան մասը կը կազմէ:
Խորհրդային Հայաստանի Ժողկոմխորհի նախագահ Ալեքսանդր Միասնիկեան նամակ-յայտարարութեամբ մը յունիս 13-ին դիմեց Լեռնահայաստանի իշխանութիւններուն:
Յայտարարութեան համաձայն երկրամասը Խորհրդային Հայաստանի մաս պիտի կազմէր եւ ներում կը շնորհուէր խորհրդային իշխանութիւններուն դէմ պայքարած գործիչներուն:
Լեռնահայաստանի զինուած ուժերը յունիս 15-ին Եապոնի գլխաւորութեամբ գրաւեցին Դարալագեազը:
Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը յունիս 18-ին երկրի աշխատաւորութեան ուղղուած կոչ մը հրապարակեց` ազատագրելու Զանգեզուրը:
* * *
Կարմիր բանակի զօրամասերը յունիս 20-ին յարձակման անցան Զանգեզուրի եւ Ղարաբաղի ուղղութիւններով:
Հայկական մարտական ուժերը, հակառակորդի գերազանց ուժին առջեւ սկսան նահանջել: Երեք օրուան կռիւներու ընթացքին կարմիր բանակի զօրամասերը գերի բռնեցին շուրջ երկու հազար կռուող եւ մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք:
Կարմիր բանակի զօրամասերը յունիս 26-ին գրաւեցին Դարալագեազը, յունիս 30-ին` Սիսիանը, յուլիս 2-ին` Գորիսը:
Գորիսի մէջ կազմակերպուած համայնավարական ջոկատը մարտական գործողութիւններ ձեռնարկեց Լեռնահայաստանի կռուող ուժերու թիկունքէն ներս` մեծ վնասներ պատճառելով դիմադրող ուժերու շարքերուն մէջ:
Կարմիր բանակը առաջադրանք ստացաւ շարունակել ռազմական գործողութիւնները` նպատակ ունենալով պարտութեան մատնել Զանգեզուրի մէջ կեդրոնացած «հակայեղափոխական» ուժերը եւ երկրամասը միաւորել Խորհրդային Հայաստանի:
Կարմիր բանակը յուլիս 7-ին գրաւեց Ղափանը: Յուլիս 9-ին Գարեգին Նժդեհ խումբ մը մարտիկներով անցաւ Արաքսը եւ մտաւ պարսկական սահմանը: Յուլիս 13-ին կարմիր բանակի ջոկատները մտան Մեղրի:
* * *
Թիֆլիսի մէջ 2-էն 7 յուլիս 1921-ին գումարուեցաւ Ռուսաստանի բոլշեւիկեան կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի Կովկասեան բիւրոյի խորհրդաժողովը, որուն բացի բիւրոյի անդամներէն, կը մասնակցէր նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Իոսիֆ Ստալին:
Յուլիս 4-ի նիստին, քուէարկութեամբ ընդունուեցաւ հետեւեալ որոշումը. «Լեռնային Ղարաբաղը մտցնել Խորհրդային Հայաստանի կազմին մէջ եւ հանրաքուէ կազմակերպել միայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»: Այլ, քուէարկութեամբ չընդունուած տարբերակով` հանրաքուէ պէտք է կազմակերպուէր ամբողջ Ղարաբաղի մէջ, որուն պիտի մասնակցէր նաեւ իսլամ բնակչութիւնը:
Խորհրդային Ազրպէյճանի յեղկոմի նախագահ Նարիման Նարիմանով, դէմ ըլլալով թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի Հայաստանի միաւորման եւ թէ հանրաքուէի կազմակերպման, հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ. «Մեկնելով այն կարեւորութենէն, որ ունի ղարաբաղեան հարցը Ազրպէյճանի համար, անհրաժեշտ կը նկատեմ անոր վերջնական որոշումը փոխադրել Ռուսաստանի բոլշեւիկեան կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէ»:

Յաջորդ օր, յուլիս 5-ին հրաւիրուեցաւ Կովկասեան Բիւրոյի արտահերթ նիստ: Իոսիֆ Ստալինի եւ Նարիման Նարիմանովի ճնշումով եւ առանց քննարկումի որոշում ընդունուեցաւ. «Մեկնելով իսլամներու եւ հայերու միջեւ ազգային խաղաղութեան եւ Վերին ու Ներքին Ղարաբաղներու տնտեսական կապի անհրաժեշտութենէն, Ազրպէյճանի հետ անոր մնայուն կապէն` Լեռնային Ղարաբաղը ձգել Խորհրդային Ազրպէյճանի սահմաններուն մէջ` անոր տրամադրելով մարզային լայն ինքնավարութիւն, վարչական կեդրոնը` ինքնավար մարզի կազմին մէջ գտնուող Շուշի քաղաքն է»:
Սակայն այս որոշումը օրինական չէր, որովհետեւ անիկա ընդունուած էր առանց Բիւրոյի անդամներու անհատական քուէարկութեան եւ պարտադրուած էր «կուսակցական կարգով»: Որոշումը կ՛ոտնահարէր Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը կազմող հայութեան իրաւունքները եւ կ՛անտեսէր նաեւ Խորհրդային Հայաստանի շահերը:
Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն յուլիս 16-ի նիստին Կովկասեան Բիւրոյի որոշումը համարեց հիմնովին սխալ եւ հաստատեց, որ Ղարաբաղի հարցի վերաբերեալ բիւրոյին բանաձեւը «զիրենք չի բաւարարեր»:
Արցախի բռնակցումը, այսպէսով, իրագործուեցաւ Եոսիֆ Ստալինի անձնական միջնորդութեամբ: