Հայ Լեզուի Արթուն Պահակին` Տիրան Մ. Աղազարեանի Յիշատակին
Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Լիբանանահայ մամուլի վաղուան պատմագիրը երախտագիտութեամբ պիտի յիշէ Տիրան Մ. Աղազարեանը, որ աւելի քան 35 տարի հայ մամուլը հարստացուց իր խաչբառներով, պահուած բառերով եւ ժամանցի այլազան խաղերով: Պարոն Տիրանը, ինչպէս որ կը սիրէր կոչուիլ ան, եզակի երեւոյթ էր մեր կեանքին մէջ: Դժուար թէ գտնուի մէկը, որ այսօր հայ մամուլին հանդէպ այնքան երկիւղածութիւն եւ գուրգուրանք ունենայ, որքան որ ան ունեցաւ:...



















