Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Խոստումնադրուժ Նախագահ Մը Եւս Կ’աւարտէ Պաշտօնավարութիւնը

Յունուար 20, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Բնականաբար Միացեալ Նահանգներու 44-րդ նախագահ Պարաք Օպամա, գոնէ մեզի` հայերուս համար, պիտի մնայ խոստումնադրուժ այլ նախագահ մը , որ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին խոստացաւ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ ետք, իր նախորդներուն նման… շարունակութիւնը գիտէք:Սակայն ոմանք հաւանաբար չեն գիտեր, թէ նախընտրական այլ  խոստումներ ալ չէ գործադրած:Կը ներկայացնենք դրժուած խոստումներու տասնեակ մը, ինչպէս նաեւ` տուեալներ անոր մասին:

Ն.

 Հետաքրքրական Տեղեկութիւններ
Օպամայի Մասին

Ծնած է առանձնացած հրաբխային Արշեպեղագոսի մը մէջ:

ngar-1_12017

Oպամա միայն 2 տարեկան էր, երբ ծնողները ամուսնալուծուեցան: Իր մանկութիւնը մեծ մասամբ անցուցած է մօրը եւ խորթ հօրը, ապա մօրենական մեծ մօրը եւ մեծ հօրը հետ, Հաուայեան կղզիներու մէջ: Ութ կէս եղբայրներ եւ քոյրեր ունի` ծնողներուն չորս ամուսնութիւններէն կամ յարաբերութիւններէն:

 

Օպամայի յաճախած մանկապարտէզը

ngar-3_12017

Մանկապարտէզի օրերէն Օպամա նկատուած է իբրեւ ուշիմ աշակերտ եւ իր ամբողջ ուսումնառութեան շրջանին եղած է լաւ ուսանող մը:

 

Օպամայի նախկին աշխատանքները

Օպամա աշխատած է բազմաթիւ սեփական ընկերութիւններու` Պասքին-Ռոպինզէն մինչեւ Առեւտուրի միջազգային ընկերութեան մէջ: Աշխատած է Պասքին Ռոպինզի պաղպաղակի վաճառատան մէջ, երբ պատանի էր, այդ պատճառով ալ այժմ չի կրնար պաղպաղակ ուտել…

 

Ներշնչուած է մեծ անձնաւորութիւններէ

Օպամայի ներշնչման աղբիւրները եւ հերոսները եղած են` Մարթին Լութըր Քինկ, Մահաթմա Կանտի, Փապլօ Փիքասօ, Սեզար Չաւեզ:

 

Հռչակաւոր ընթերցող

ngar-7_12017

Զարմանալի ընթերցող մըն է եւ կը նախընտրէ այլատեսակ գիրքեր: Ամէնէն աւելի նախընտրած գիրքերն են` «Մոպի Տիքը», «Սողոմոնի երգը»: «Հերի Փոթըր» շարքի բոլոր գիրքերը ունի, եւ ատոնք իր դուստրերուն, մանաւանդ մեծին` Մալիային, ամէն գիշեր կը կարդայ:

 

Նախընտրած շարժապատկերները

Օպամայի նախընտրած շարժապատկերներու շարքին են` «Քազապլանքա», «Քուքուզ նեսթ», «Լորանս օֆ Արապիա», «Կատֆատըր»: Զուգադիպութի՞ւն, թէ՞ լաւ ճաշակ. անոր բոլոր նախընտրած շարժապատկերները  Օսքարի մրցանակներ նուաճած են: Օպամա իրենց առաջին ժամադրութեան Միշելը տարաւ դիտելու «Տու տը ռայթ թինկ» շարժապատկերը:

 

Գարեջուր մը իրեն ձօնուած է

ngar-8_12017

Քենիա, ուր Օպամայի հայրը ծնած է, իսկապէս հպարտ է Պարաք Օպամայով: Այդ պատճառով գարեջուր մը անուանած են`«Ծերակուտական Քեկ», որ Քենիոյ մէջ ամէնէն սիրուած գարեջուրն է:

 

Երգեր եւ խումբեր

Կը սիրէ ունկնդրել Ռոլինկ Սթոնզ, Ճէյ Զեթ, Սթիւի Ուոնտըր:

 

Շարժուն գծանկարներու (քոմիքս) սիրահար`

2008 թուականին հարցազրոյցի մը մէջ Օպամա յայտնեց, որ շատ կը սիրէ շարժուն գծանկարներու գիրքեր եւ պարբերաթերթերու հաւաքածոյ կազմել: «Սփայտըր մեն»-ը եւ «Քոնան տը պարպարիըն»-ը իր նախասիրածներէն են:

 

Թմրանիւթերու փորձութիւն

ngar-12_12017

Oպամա խոստովանած է, որ պատանի եղած ատեն մարիխուանա եւ քոքային գործածելու փորձութիւնը ունեցած է: Ըստ տարաձայնութիւններու, նախագահական քարոզարշաւի ընթացքին Օպամա իր սիրելի կնոջ խոստացած է, որ պիտի դադրեցնէ ծխելը, բայց չէ կատարած խոստումը: Սակայն լաւ հայր ըլլալու նպատակով, ի վերջոյ 2010 թուականին դադրեցուցած է ծխելու սովորութիւնը:

 

Օպամայի ինտոնեզիական արկածախնդրութիւնը

Պարաք Օպամա շուրջ հինգ տարի(6-10 տարեկան) մնացած է Ինտոնեզիա, ուր ճաշակած է տեղական ուտելիքներ` շան միս, օձի միս, մարախ եւ նոյնիսկ տան մէջ ունեցած է ընտանի մարդակապիկ մը` Թաթա:

 

Նախագահին գրասեղանը

ngar-14_12017

Նախագահին գրասեղանին վրայ կայ փայտեայ արձանիկ մը` ձեռք մը, որ հաւկիթ մը բռնած է: Տարօրինակ կը թուի, բայց Քենիոյ մէջ տարօրինակ չէ: Խորքին մէջ քենիական խորհրդանիշ մըն է` կեանքի փխրուն ըլլլալուն:

 

Օպամա «ռոք» երգիչ

Զարմացա՞ք: Այո՛, Օպամա շահած է Կրեմի մրցանակներ` 2006-ին եւ 2008-ին:

 

Օպամա եւ Պրետ Փիթ
ազգականներ են

Անակնկա՞լ էր: Ծննդաբաններ պնդած են, որ նախագահ Պարաք Օպամա 9-րդ զարմիկն է դերասան Պրետ Փիթի, եւ 8-րդ զարմիկը` իր փոխ նախագահ Տիք Չէյնիի:

 

Պասքեթպոլի յատուկ ունակութիւններ

ngar-15_12017

Ան բուռն համակիր մըն է պասքեթպոլի: Արդարեւ, Օպաման ժամանակին անուանած են «Օ՛պոմպա»` պասքեթպոլի անոր ունակութիւններուն համար: Ննջարանին մէջ ունեցած է Տր.Ճէյ. այ. ի. Ճուլիըս Իրվինկի նկարները:

 

«Եթէ Թրամփ Ընտրուի,
Սպիտակ Տունը Պիտի Չլքեմ». Օպամա

President-Obama-Confirms-He-Will-Refuse-To-Leave-Office-If-T

Պարաք Օպամա նախագահական վերջին քարոզարշաւի ատեն չէր թաքցներ, որ Տոնալտ Թրամփի համակիր մը չէ, իսկ «Սի. Էն.Էն.»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ զգայացունց յայտարարութիւն մը ըրաւ` ըսելով, որ ինք պիտի չդատարկէ իր գրասենեակը (Օվըլ Օֆիս), եթէ Թրամփ ընտրուի Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահը:

Օպամա ըսաւ, որ ամբողջովին պատրաստուած է անտեսելու ժողովրդական քուէարկութիւնը, եթէ ատիկա կը նշանակէ Թրամփը ետ մղել` նշելով, որ ինք գտած է օրէնքին մէջ քիչ ծանօթ կէտ մը, որ կրնայ իրեն արտօնել մնալ ղեկին վրայ եւ կազմակերպել վերընտրութիւն:

«Իբրեւ նախագահ` ես պէտք է ընեմ այն, որ կը զգամ երկրին համար լաւագոյնն է: Եթէ ամերիկացիները ընտրեն Տոնալտը, ապա ես պիտի ստիպուիմ իմ հայեցողութեամբս առնելու անհրաժեշտ քայլերը», ըսաւ Օպամա:

Երբ «Սի. Էն.Էն.»-ի հաղորդավարը հարցուց, թէ ան պիտի մնայ՞ ղեկին վրայ, Օպամայի պատասխանը եղաւ վճռական.«Ես նախագահի պաշտօնը պիտի չլքեմ, եթէ Թրամփ ընտրուի», կտրականապէս ըսաւ Օպամա:

Obama-and-Trump_12017

Հարցումին, թէ մինչեւ ո՞ւր կրնայ երթալ արգիլելու համար Թրամփի 20 յունուար 2017-ի երդմնակալութիւնը, Օպամա պատասխանեց.«Ես պատրաստած եմ մեր քաղաքացիներուն ներկայացնելու «անվստահութեան» դիմումը` այդ ձեւով  խլելով անոնց քուէները», խոստովանեցաւ Օպամա:

«Դուք կը պատրաստուիք դատական հետապնդումի՞ ենթարկել ամերիկացիները, իբրեւ քուէարկողներ», հարցուց հաղորդավարը:

«Այո՛: Ես չեմ կրնար արտօնել անոր, որպէսզի բազմի այս աթոռին, մատը շատ մօտ` կոճակին: Իշխանութիւնը կրնայ անմիջապէս զարնել անոր գլխուն», պատասխանեց Օպամա: Ան նոյնիսկ նշեց, որ ընտանիքին հետ պիտի պատսպարուին Սպիտակ տունէն ներս, որպէսզի Թրամփ ընտանիքը հոն չբնակի:

«Ես հրահանգած եմ գաղտնի սպասարկութեան ցանցին` ամբողջական ուժ օգտագործելու, պաշտպանելու համար Սպիտակ տունը, Թրամփ ընտանիքէն: Ճօ արդէն պատրաստակամութիւն յայտնած է քանի մը անգամ մեռնելու` Թրամփ ընտանիքը հեռու պահելու համար այստեղէն», հաստատեց Օպամա:

Մինչ երբ Թրամփի հարցուցին Օպամայի այս յայտարարութիւններուն մասին, ան ըսաւ.«Մի՛ մտահոգուիք, ժողովուրդի իրաւունքի օրէնքով զինք շուտով դուրս կը հանենք»:

Դրժուած 10 Խոստումներ

– Oպամա մոռցաւ իր յանձնառութիւնը կառավարութեան գործունէութիւնը «աննախընթաց» թափանցիկ դարձնելու վերաբերեալ:- Oպամա դրժեց Կուանթանամօ խարիսխի բանտը փակելու իր խոստումը:

– Oպամա ձախողեցաւ վերջ դնել Իրաքի պատերազմին եւ աւարտել Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու աշխատանքը:

– Oպամա դրժեց իր խոստումը` հետապնդելու «անսասան, բանական եւ սկզբունքային ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւն»:

– Oպամա դրժեց իր խոստումը` միջին դասակարգի տուրքերը չբարձրացնելու:

– Oպամա ձախողեցաւ աւելցնել միջին դասակարգի եւ ընդհանրապէս ամերիկացիներուն եկամուտները:

– Oպամա դրժեց իր խոստումը` ամերիկացիներուն արտօնելու պահելու առողջապահութեան իրենց ապահովագրութիւնները եւ նուազեցնելու «Օպամաքեր»-ի ծախսերը:

– Oպամա ձախողեցաւ ներգաղթը առաջնահերթութիւն դարձնելու եւ այս առնչութեամբ բարեկարգում կատարելու:

– Oպամա ձախողեցաւ փակելու իր վարչակազմին մէջ լոպիիական գործունէութիւնը:

– Oպամա դրժեց իր խոստումը` երկու կուսակցութիւնները միաւորելով միացեալ օրակարգ մը հաստատելու:

 

Օգտագործուած աղբիւր՝ «Միրրըր Սի.Էն.Էն»

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Փայլան… Փայլք Եւ Պատիժ

Յաջորդը

«Ցեղասպանութիւն` Ցեղասպանութենէն Ետք» Խորագիրով Ցուցահանդէսը Եւրոպայի Շարք Մը Քաղաքներու Մէջ

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?