Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի հետեւեալ յայտարարութիւնը յատուկ դիտարկման եւ վերլուծման անհրաժեշտութեան առջեւ է. «Միանգամայն համոզուած եմ, որ եթէ Ռուսիան հարցով զբաղի ամենայն լրջութեամբ, գոյավիճակը կը փոխուի, տարածաշրջանին մէջ կը վերականգնի կայունութիւնը եւ կ՛ապահովուի Ազրպէյճանի «գրաւուած տարածք»-ներէն հայկական զօրքերու դուրս բերումը»:
Ասիկա պաշտօնական Պաքուի կողմէ մեղադրանք եւ ամբաստանութիւն է ուղղուած Մոսկուային, հետեւեալ պարզ տրամաբանութեամբ:
Նախ այն, որ Ռուսիան մինչ այժմ լրջութեամբ չէ զբաղած հակամարտութեան լուծում ապահովելու հարցով, թէ՛ իբրեւ համանախագահող երկիր եւ թէ՛ իբրեւ առնչուած կողմ, որ գերմիջնորդական առաքելութիւն կ՛իրականացնէ:
Ամենայն լրջութեամբ չվերաբերելու իբրեւ հետեւանք կը ստանանք այն, որ գոյավիճակը կը պահպանուի Մոսկուայի մեղքով. այսինքն` ասիկա կը նշանակէ, որ Մոսկուային վերագրուող պահուածքին համար է, որ Պաքուն հրադադար կը խախտէ, թափանցման գործողութիւն կ՛իրականացնէ, ապրիլեան յանկարծակի պատերազմ կը սանձազերծէ եւ անզէն բնակչութիւն կը հրթիռակոծէ:
Փորձենք ուրուագծել Մամետեարովի յայտարարութեան ընդհանուր պարունակը: Յայտարարութիւններու ընդհանուր շրջագիծը կը վերաբերի պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի հարցին, որուն մասին խօսած է Լաւրովը: Խնդիրը, ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին, «կը դիտարկուի իրաւական հարթութեան մէջ»: Ան, Մամետեարովի պնդումով, «ապօրինաբար հատած էր Ազրպէյճանի պետական սահմանը», եւ վերջինիս արտայանձնման նպատակով Պիելոռուսիոյ ներկայացուած են բոլոր համապատասխան փաստաթուղթերը: Պաքուն պաշտօնապէս կ՛առաջադրէ ռուս պլոկըրի արտայանձնումը: Հակառակ անոր որ խիստ հարցական է անոր ձերբակալութեան իրաւականութիւնը պիելոռուսական իրաւապահ մարմիններուն կողմէ:
Միանգամայն յստակացնենք, որ ան առաջին օտարերկրացի անձնաւորութիւնը չէ, որ կ՛այցելէ Արցախ. նման նախընթաց երեւոյթներու պարագային, անոնք կ՛արժանանային Պաքուի սեւ ցուցակը համալրելու կարգավիճակին: Այժմ ձերբակալութեան պահանջ, ձերբակալութիւն եւ արտայանձնման գործընթացի սկսման պահանջ:
Պաքուն կ՛աշխատի խստացնել Արցախի Հանրապետութիւն այցելողներու կարգավիճակը` քրէական հետապնդման ենթակայ նկատել տալով անոնք, որոնք ազրպէյճանական ընկալումով ապօրինաբար կը հատեն Ազրպէյճանի պետական սահմանը:
Իրաւամբ, պաղ ցնցուղի ազդեցութեամբ կ՛ընկալուի պաշտօնական Մոսկուայի պատասխանը ազրպէյճանական նկրտումներուն: Ռուս արտաքին գործոց նախարարը յստակացուցած է, որ Մոսկուան համաձայն չէ լրագրողի այս կամ այն տարածաշրջանի այս կամ այն տարածք այցելութիւնը քրէականացնելու մօտեցման: Աւելի՛ն. ան ըսած է, որ իրենք դէմ են որեւէ երկրի մէջ ձերբակալուած Ռուսիոյ քաղաքացիներուն երրորդ երկիր արտայանձնման:
Լաւրովի յայտարարութիւնը նաեւ զգուշացում է Մինսքին արտայանձնումը չիրականացնելու: Պաքուն երրորդ երկրի հետ գործարքներով արտայանձնում իրականացնելու վատ նախընթաց ունի եւ մարդասպանին ոչ թէ արտայանձնման ընթացակարգը կամ պատիժի շարունակականութիւնը ապահոված է, այլ զայն հերոսացուցած:
Լաւրովի յայտարարութիւնները եթէ մէկ կողմէ զգուշացում է Մինսքին նման քայլի չդիմելու, միւս կողմէ նաեւ անուղղակի մեղադրանք է Պաքուին շփման գիծերու վրայ վերահսկողական գործիքակազմեր չստեղծելու յանցանքով: Մամետեարովի յայտարարութիւնը միայն իբրեւ պատասխան արձագանգ կարելի է ընկալել Լաւրովի յայտարարութիւններուն:
Մամետեարովը կարեւոր քայլ մը առաջ գացած է պլոկըրի խնդիրը տեղափոխելով նաեւ գոյավիճակի պահպանման մէջ մեղադրելով Մոսկուան. այս պարագային հակամարտութեան լուծման գործընթացը սառեցուած պահելու առումով:
Մոսկուան մէկ կողմէ կը շարունակէ մերձեցման յարաբերութիւնները Անգարայի հետ, միւս կողմէ խիստ ուղերձներ կը փոխանցէ Պաքուին` պաղ ցնցուղի ազդեցութեամբ: Չէ բացառուած, որ Անգարան փորձէ կանխարգիլել Մոսկուա-Պաքու յայտարարութիւններուն մէջ երեւցող հակասութիւններու զարգացումը: Իսկ յատկապէս պլոկըրին խնդիրով, Լաւրովի այս բացայայտ դիրքորոշումէն ետք, դժուար թէ իրականանայ արտայանձնումը:
«Ա.»