Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպացի Երեսփոխաններու Եւ Տարբեր Գործիչներու Դէպի Արցախ Այցելութիւնները Հետզհետէ Կ՛աշխուժանան

January 20, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Bedo-Demirdjian_12017

ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը Արցախի հարցին առնչութեամբ իր աշխատանքները պիտի շարունակէ տարբեր ուղղութիւններով: ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ աշխատանքները քանի մը մասի բաժնուած են: Նախ պիտի կազմակերպուին եւրոպացի խորհրդականներու եւ քաղաքական գործիչներու այցելութիւններ դէպի Հայաստան եւ Արցախ, ապա` Արցախէն խորհրդարանական, քաղաքական եւ հասարակական պատուիրակութիւններու այցելութիւնները դէպի Եւրոպա:

«Այդ տեսանկիւնէն, 2016 թուականը բաւական աշխուժ տարի մըն էր: Մեծ թիւով քաղաքական գործիչներ այցելեցին Արցախ, նոյնպէս Արցախէն դէպի Եւրոպա աշխուժ այցելութիւններ արձանագրուեցան: Պելճիքա այցելեց նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը: Մեր գործունէութիւնը այս նոյն թափով պիտի շարունակենք` անցեալ տարուան աշխատանքներուն վրայ հիմնուելով», ըսած է Պետօ Տեմիրճեան: Ան նկատել տուած է, որ Արցախի համար կատարած այցելութիւններէն ետք պատգամաւորներու տպաւորութիւնները փոխուած են, անոնք վերադարձած են աւելի լայն ու հաւաստի տեղեկութիւններով: Ըստ անոր, նման այցելութիւններու ընթացքին Արցախը իր կարգին կարելիութիւն կ’ունենայ եւրոպական տարբեր ծիրերու մէջ բարձրաձայնելու Ազրպէյճանի վայրագութեան եւ յարձակողական քաղաքականութեան վերաբերող հարցերն ու Արցախի ժողովուրդին ապրելու իրաւունքին եւ պետականաշինութեան առնչուող խնդիրներ:

Տեմիրճեան նշած է, որ զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէն եւս Արցախի համար լուրջ հեռանկարներ կան:

«Երկու ամիս առաջ Պելճիքայի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախին նուիրուած մեծ ցուցահանդէս, այդ ուղղութեամբ կապ հաստատած ենք տարբեր շրջանակներու եւ ճամբորդական կազմակերպութիւներու հետ: Աշխատանք կը տանինք, որ զբօսաշրջային կազմակերութիւնները իրենց ծրագիրներուն մէջ ներառեն նաեւ Հայաստանն ու Արցախը: Այդպիսով կը փորձենք խթանել Արցախի զբօսաշրջութիւնը», շեշտած է Պետօ Տեմիրճեան:

Այս բոլորին դիմաց Ազրպէյճանի հակադարձութիւններուն անդրադառնալով` Տեմիրճեան լուսարձակի տակ առած է այն փաստը, որ ատիկա մնայուն բնոյթ կը կրէ:

«Ազրպէյճանի հակադարձութիւնը, կարծէք, սովորական դարձած է, արդէն վարժուած ենք անոր: Կրնամ ըսել նաեւ, որ անոնք չեն կրնար խանգարել մեզ: Անոնք կ’աշխատին քարոզչական դաշտին մէջ, իրականութենէն հեռու տեղեկութիւններ կը տարածեն, սակայն կեղծ քարոզչութիւնը յաճախ կարճ կեանք կ’ունենայ», եզրափակած է Պետօ Տեմիրճեան:

Նախորդը

«Ցեղասպանութիւն` Ցեղասպանութենէն Ետք» Խորագիրով Ցուցահանդէսը Եւրոպայի Շարք Մը Քաղաքներու Մէջ

Յաջորդը

Պաքուի Հայկական Ջարդերը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.