Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Լեզուի Արթուն Պահակին` Տիրան Մ. Աղազարեանի Յիշատակին

January 21, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Լիբանանահայ մամուլի վաղուան պատմագիրը երախտագիտութեամբ պիտի յիշէ Տիրան Մ. Աղազարեանը, որ աւելի քան 35 տարի հայ մամուլը հարստացուց իր խաչբառներով, պահուած բառերով եւ ժամանցի այլազան խաղերով:

Պարոն Տիրանը, ինչպէս որ կը սիրէր կոչուիլ ան, եզակի երեւոյթ էր մեր կեանքին մէջ: Դժուար թէ գտնուի մէկը, որ այսօր հայ մամուլին հանդէպ այնքան երկիւղածութիւն եւ գուրգուրանք ունենայ, որքան որ ան ունեցաւ: Պարոն Տիրան արթուն պահակն էր հայ լեզուի մեր գանձարանին եւ անխնայ խարազանիչը բոլոր անոնց, որոնք անհրաժեշտ յարգանքն ու կարեւորութիւնը չէին տածեր անոր նկատմամբ: Խաչբառներու անկրկնելի վարպետն էր ան: Տասը վայրկեանէն կրնար կազմել խաչբառ մը, որուն լուծումը յաճախ քանի մը ժամ կրնար պահանջել միջին ընթերցողէ մը:

Քիչեր գիտեն, որ խաչբառներու պատրաստութիւնը ազատ ժամերու պարզ նախասիրութիւն մը եղած է ապահովագրական ընկերութիւններու աշխարհէն եկող այս մարդուն համար: «Ազդակ»-ի նախկին տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեանի քաջալերանքով ու մղումով ան մուտք գործած է մամլոյ ասպարէզ եւ ինքնաշխատութեամբ տեւաբար կատարելագործած է ինքզինք այնպէս մը, որ խաչբառ լուծելը հաճելի մոլութեան վերածած է իր ընթերցողներուն համար: Շատեր տարիներով թերթ գնած են… խաչբառի սիրոյն: Քանի մը սերունդ հայերէն սորված է իր խաչբառներով, իսկ շատեր բառարանի գործածութեան ընտելացած են դարձեա՛լ իր խաչբառներուն շնորհիւ: Ո՞վ պիտի իմանար կաշնբուռն, սինլքոր եւ հազուագիւտ այլ բառերու իմաստները, եթէ երբեք չըլլային միտք ու յիշողութիւն չարչրկող իր խաչբառները:

Ոսկեղնիկին հանդէպ ունեցած անհուն սէրը պարոն Տիրանը մղած է աշխատակցելու լիբանանահայ մամուլի գրեթէ բոլոր ներկայացուցիչներուն, առանց կուսակցական, դաւանական կամ որեւէ այլ խտրութեան: Իրեն համար կարեւորը հայ լեզուի պահպանումն ու տարածումն էր, ժողովուրդի բոլոր խաւերուն հասանելի դառնալու անհրաժեշտութիւնը: Այդ պատճառով ալ ան խտրութիւն չէր դներ միջոցներուն միջեւ. խաչբառ կը պատրաստէր բոլորին` քաղաքական օրաթերթին թէ մարզական ամսաթերթին, Ծերանոցի պարբերաթերթին թէ աշակերտական-միութենական տարբեր մրցանքներուն:

Հայ մամուլի պատմութեան մէջ դժուար թէ գտնուի մէկը, որ այսքան հետեւողական եւ տքնաջան կերպով ծառայած ըլլայ հայ տիպ ու տառին: Ամէնօրեայ ներկայութիւն էր ան մեր մամուլին մէջ: Տարիներ շարունակ, շաբաթը եօթը օր իր խաչբառները երեւցած են մեր մամուլին մէջ (կարգ մը թերթեր երկուշաբթի արձակուրդ առնելով` կիրակի լոյս կ՛ընծայէին իրենց թիւերն ու խաչբառները…), ինչ որ  կ՛ենթադրէր ահագին ճիգ ու աշխատանք: Պարոն Տիրան այդ բոլորէն խուսափողը կամ վախցողը չէր. ընդհակառա՛կն. ան տեւաբար առաջարկներ ունէր խաչբառներուն չափը մեծցնելու եւ թերթերուն ժամանցի սիւնակները աւելցնելու:

Պարոն Տիրան ունէր համայնագիտարանային ծանօթութիւններ: Տարիներու ընթացքին եղած էր անյագ ընթերցող եւ ամբարած էր շտեմարանային տեղեկութիւններ, զորս տեղին կ՛օգտագործէր իր խաչբառներուն մէջ: Թէեւ ան հայագիտութիւն չէր ուսանած, սակայն հայագիտական եւ հայրենագիտական իր ծանօթութիւնները, առանց չափազանցութեան, կրնային մրցիլ մերօրեայ լաւագոյն հայագէտներուն հետ: Գրաբարին լաւ ծանօթ էր, իսկ արեւմտահայերէնը գաղտնիք մը չունէր իրեն համար:

Նկարագիրով հեզ ու համեստ էր պարոն Տիրան: Գործին բերումով ան կը յարաբերէր տեսակաւոր  մարդոց հետ: Կը ճանչնար լաւն ու վատը, անշահախնդիրն ու շահամոլը, ազնիւն ու «առաւ-փախաւ»-ը, սակայն ինք միշտ կը մնար յարգալիր ու փափկանկատ բոլորին նկատմամբ: Ամէն ինչ կը փոխուէր սակայն, երբ հարցը վերաբերէր հայ լեզուին վերաբերող անփութութեան մը: Այդ պահուն պարոն Տիրան բոլորովին կ՛այլափոխուէր, անբացատրելի խռովք մը կ՛ապրէր ու կը բարկանար: Աններող ըլլալու չափ ան կ՛ընդվզէր, երբ մամլոյ աշխատակիցներ արեւելահայերէն դարձուածքներ եւ բառակապակցութիւններ կը խառնէին արեւմտահայերէն իրենց գրութիւններուն: Կը փոթորկէր մանաւա՛նդ, երբ վերնագիրներու մէջ կոպիտ սխալներու կը հանդիպէր: Մեր թերթերու խմբագիրները կրնան վկայել, թէ քանի՜-քանի՛ անգամներ պարոն Տիրանէն յանդիմանական շեշտով հեռաձայններ ստացած են յաճախ «մանրուք» նկատուող լեզուական վրիպումներու համար:

Պարոն Տիրանին հետ մեր ծանօթութիւնը ունի քառորդ դարու պատմութիւն: Նախ` «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի անդամակցութեան մեր օրերուն, իսկ 1995-էն ետք` «Մարզիկ»-ի գլխաւոր խմբագիրի հանգամանքով մեր հանդիպումները կը կատարուէին ամսական եւ երբեմն ալ երկշաբաթեայ դրութեամբ: Խօսակցութեան նիւթերը ընդհանրապէս նոյներն էին` մեր լեզուին եւ մամուլին ճակատագիրը, գրասէր նոր սերունդի մը բացակայութիւնը, լեզուական թափթփածութեան եւ անլրջութեան հարցեր, անճոռնի սխալներ ու… բանագողութիւններ: Իւրաքանչիւր հանդիպումին պարոն Տիրան սովորութիւն ունէր աշխատանքի իր նօթատետրին հետ ունենալու հայ մամուլէն տրցակ մը էջեր, որոնց վրայ կարմիրով կատարուած կ՛ըլլային սրբագրութիւններ: Ան վարժութիւն դարձուցած էր ձեռքը անցած գրութիւնը կարդալու… կարմիր գրիչով: Յաճախ կը խոստովանէր, որ կարմիրով լեցուն մամլոյ էջերը սկսած են դէզեր կազմել իր մօտ: Մինչեւ իսկ կը ծրագրէր օրին մէկը հրատարակել զանոնք` համապատասխան սրբագրութիւններով եւ ծանօթագրութիւններով:

Հիմա, որ չկայ այլեւս ան, ո՞վ պիտի հետեւի մեր մամուլին մէջ վխտացող լեզուական սխալներուն: Ո՞վ պիտի տագնապի անոնցմով եւ խմբագրատունէ խմբագրատուն դիմէ` անաղարտ հայերէնի մը գործածութեան կենսական պահանջով:

Պարոն Տիրան ապրեցաւ լուռ եւ անշուք: Իր մեկնումն ալ այս աշխարհէն եղաւ նոյնքան լուռ եւ անշուք: Հարազատներու եւ բարեկամներու շատ սեղմ շրջանակ մը միայն ներկայ գտնուեցաւ իր վերջին հրաժեշտին: Մեկնեցաւ` առանց խաչբառներու վերջին տրցակը մամուլին յանձնելու: Մեկնեցաւ` առանց երազը իրականացնելու, խաչբառներու գիրք մը հրատարակելու:

Մեկնեցաւ պարոն Տիրան, պարկեշտ մարդու եւ հաւատաւոր հայու քաղցր յիշատակներ ձգած իր ետին:

Հողը թեթեւ գայ վրան:

Զինք պիտի յիշենք ու պիտի փնտռենք շա՜տ երկար:

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Առյաւէտ Կորսնցուցինք Արեւմտահայերէնի Պահապաններէն Տիրան Աղազարեանը

Յաջորդը

Պատառիկներ Տիրան Աղազարեանի Մասին

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.