Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Փայլան… Փայլք Եւ Պատիժ

January 20, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

hayrenik_12017

Յունուար 12-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ նախագիծի քննարկումին ընթացքին, ականատես եղանք հրմշտուքի եւ թոհուբոհի` զանազան հոսանքներու պատկանող երեսփոխաններու միջեւ ծագած սուր վիճաբանութեան առթիւ:

Զարմանալին այն է որ, հազիւ 24 ժամ ետք, յաջորդ օրն իսկ, այդ միեւնոյն խնդրայարոյց տիպարներուն մեծ մասը այս անգամ միասնաբար կը բողոքէին ու կը «քարկոծէին» քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանը, որ ամենայն ինքնավստահութեամբ եւ առանց որեւէ կեղծիքի ու բարդոյթի, սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ նախագիծի քննարկումին ընթացքին, մանրամասնօրէն եւ փաստագրական տեղեկութիւններ տալով` անդրադարձած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին, նշելով, որ հայութիւնը քսան առ հարիւր համեմատութեամբ բնակչութիւն մը կը կազմէր, եւ այսօր այդ թիւը այնպիսի ահաւոր անկում մը կրած է որ հազիւ ջնջին թիւ մը մնացած է:

Համընդհանուր պատկերը ներկայացնելու համար Փայլան նշեց, որ հայերու կողքին, այլ փոքրամասնութիւններ ալ` յոյներ, հրեաներ եւ ասորիներ ենթարկուած են միեւնոյն ճակատագրին:

Բնականաբար սպասելի էր, որ իշխող եւ Էրտողանի հովանիին տակ գտնուող իսլամական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխանները միասնաբար միջամտէին: Սակայն դժբախտաբար այդ դժգոհ ազգայնամոլներուն միացան նաեւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ներկայացուցիչները եւ նոյնքան նախատինքով քննադատեցին Փայլանը: Նախատինք մը, որ կը կատարուէր Հրանդ Տինքի ահաբեկման տասնամեակի սեմին:

Ահաւասիկ` ուռճացման մակարդակի հասած ուրացման գործելաձեւ մը… ոճ մը, որ կը ներկայացնէ իսկական պատկերը Թուրքիոյ քաղաքական դաշտին մէջ:

Երբ խումբ մը երեսփոխաններ դահլիճէն կը պոռան, որ այս հողերուն վրայ ցեղասպանութիւն չէ եղած, եւ դեռ, աւելի՛ն, խորհրդարանի ամպիոնէն կարելի չէ քննադատել, իրականութիւնը յայտնել եւ արդարութիւնը պահանջել եւ նմանօրինակ արտայայտութիւններ ծանրօրէն կը հարուածեն թուրք ժողովուրդն ու Ապտիւլ Համիտի հետեւորդները, այդ ժամանակ յստակ է, թէ ո՛ւր հասած է ժողովրդավարութիւնը:

Յամառօրէն կառչած արդարութեան, Փայլան,  յարգելով կանոնները, դիմեց խորհրդարանի օրուան նախագահին, որպէսզի տէր դառնայ կացութեան եւ կատարէ տեղին միջամտութիւն: Սակայն հոս ալ, ձայն բարբառոյ յանապատի եւ,  ընդհակառակը, այլ առիթ մը` բարբարոսական արտայայտութիւններու:

Խորհրդարանի նախագահն ալ իր մեղսակցութիւնը դրոշմած էր` Փայլանը ազդարարելով, որ պէտք է ուշադիր դառնալ եւ չվիրաւորել թուրք ազգը…

Պատմութիւնը կը կրկնուէր… մանաւանդ որ Փայլան նշած էր, թէ Թուրքիոյ մէջ սահմանադրութեան անդրանիկ օրինակը կազմուած է հայերու կողմէ, սակայն օրին իշխանութիւնները սկսած էին կատարել անտեղի փոփոխութիւններ եւ բանաձեւել միայն թուրքերու շահերէն բխող սահմանադրութեան օրէնքներ:

Դեռ աւելի՛ն, եզրափակելու համար այս զաւեշտը` Ցեղասպանութիւն բառի գործածութեան համար,  Ազգային ժողովը պատժեց Փայլանը` զրկելով երեք նիստերու մասնակցութենէ, իսկ աւելի ահաւոր ու քստմնելի որոշումը այն է, որ որոշուած է ատենագրութիւններէն ջնջել Փայլանի բոլոր խօսքերը… Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Ուժերը Լարելու Եւ Վերանորոգուելու Յանձնառութեամբ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Խոստումնադրուժ Նախագահ Մը Եւս Կ’աւարտէ Պաշտօնավարութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.