Երեքշաբթի, 17 յունուար 2017-ի առաւօտեան, դպրեվանք իր անդրանիկ այցելութիւնը կատարեց, արեւմտահայ գրականութեան մասնագէտ, Հայաստանէն հիւրաբար եկած Սուրէն Դանիէլեան: Բացման խօսքէն եւ կենսագրականի ներկայացումէն ետք Արին սրկ. Աբրահամեան բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսը, որ ներկայացուց արեւմտահայ գրականութեան խորին գաղտնիքները, հեղինակներու պայքարը, նորանոր մտայնութիւններու խուժումը եւ հինի ու նորի բախումը գրականութեան հանրածանօթ կտորներուն ընդմէջէն:
Դասախօսութեան ներկայ էին դպրեվանքի տեսչութեան անդամները, ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը:
Աւարտին, դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Դանիէլեանին` իր տրամադրած ժամանակին, գրականութեան նոր ոլորտներ թափանցել տալուն եւ գրականութեան հանդէպ դպրեվանեցիին սէրը հրահրելուն համար:
Այս ուրախ առիթով հայր սուրբը դպրեվանքի տարեգիրք «Գլաձոր»-ի վերջին թիւն ու դպրեվանքի նկարը կրող յուշանուէր մը յանձնեց Ս. Դանիէլեանին:
Ապա, խմբանկարէ մը ետք ուսուցիչներուն եւ Սուրէն Դանիէլեանին զրոյցը շարունակուեցաւ ուսուցչարանէն ներս:
Սուրէն Դանիէլեան նաեւ առիթ ունեցաւ Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ գտնուող շէնքերուն, մատրան, յուշարձանին եւ յուշակոթողներուն մասին մանրամասն տեղեկանալու:
Շրջափակի ծանօթացում-պտոյտի աւարտին, Սուրէն Դանիէլեան դպրեվանքէն ներս հայ գրականութեան դասախօս` Ժիրայր Դանիէլեանին հետ միասին վարեցին Դ. Ընծայարան աւարտական դասարանի հայ գրականութեան դասապահը: